Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2018 – 2019 Տարեշրջանի Աւանդական Ընդհանուր Հանդիպումը

September 18, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը 2018 – 2019 տարեշրջանի սեմին եւ վերամուտի նախօրեակին ունեցան իրենց աւանդական ընդհանուր հանդիպումը` ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Երկուշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ իր օրհնութիւնը տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ տարեշրջանին համար: Հանդիպումը շարունակուեցաւ վարժարանի ժողովասրահին մէջ: Գերապայծառ Մուրատեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց վարժարանի նորանշանակ տնօրէն Գրիգոր վրդ. Պատիշահը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին տնօրէն Եղիա Եղիայեանին` անոր ունեցած վաստակին եւ գետնի վրայ տարած անխոնջ աշխատանքին` վարժարանի բարօրութեան համար: Գնահատեց վարժարանի ակադեմական մեծաւորուհի Նելլի Տէր Ղազարեանի եւ վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանի 2017-2018 տարեշրջանի տքնաջան աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմի բոլոր անդամներուն, որոնք մեծ վաստակ ունեցած էին դպրոցի յառաջդիմութեան: Ի վերջոյ, շնորհաւորեց նաեւ տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը, որոնք բոլորանուէր աշխատանքով կրցան շրջանցել ամէն տեսակի դժուարութիւն, մաղթելով բոլորին յաջող ու հեզասահ տարեշրջան մը:

Իր կարգին, Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, բարի գալուստի խօսքէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ իրեն տրուած վստահութեան եւ այս տարեշրջանի ընթացքին  խոստացաւ մօտէն հետեւիլ դպրոցի հոգեւոր եւ կարգապահական դաստիարակութեան: Ան շեշտը դրաւ յարատեւ շարունակական աշխատանքին վրայ, որուն շնորհիւ է,  որ կը գոյատեւէ դպրոցը:

Յաջորդաբար խօսք առին Նելլի Տէր Ղազարեանը եւ Արամ Գարատաղլեանը, իւրաքանչիւրը իր կարգին պաստառի վրայ զեկուցեց նախորդ տարեշրջանի յաջողութիւններուն եւ աշխատանքներուն մասին: Անոնք մեծ հպարտութեամբ անդրադարձան պետական քննութեանց վարժարանին արձանագրած հարիւր տոկոս յաջողութեան, գնահատեցին բոլոր ուսուցիչները եւ պարգեւատրեցին զանոնք, որոնց շնորհիւ ապահովուած էին այդ պատուաբեր արդիւնքները: Անոնք նաեւ ներկայացուցին իրենց նոր տարեշրջանի ծրագիրները, որոնք արդէն ի գործ դրուած են, ինչպէս, օրինակ, կրթական նոր  եւ արդիական ծրագիրներ, շինարարական եւ բարեփոխման աշխատանքներ…

Աւարտին հիւր դասախօս դոկտ. Ժուհայնա Մուշարրաֆիէ զեկուցեց 21-րդ դարու դասաւանդութեան մասին: Ան աշխատանք թելադրեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, տեղեկացաւ  անոնց դժուարութիւններուն մասին եւ խոստացաւ յաջորդական հանդիպումներով ու գործնական աշխատանքներով ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն մարզել` 21-րդ դարու գրաւիչ եւ արդիական դասաւանդութեան ձեւեր իւրացնելու:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Սեպտեմբեր 2018)

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ուսուցչական Կազմի Վերամուտը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.