Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանդակագործ Զաւէն Հրաժեշտ Տուաւ Մեզի, Բայց Ստեղծագործող Զաւէնը Կը Մտնէ Անմահներու Աշխարհը

September 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ստեղծագործական Ակնթարթը,
Երբ Մեր Ճակտի Գիրը Եւ Երազը Կը Դառնան Քանդակ

Պէյրութէն ընկեր մը քիչ առաջ հեռախօսով հաղորդեց գոյժը. 1932-ին Պէյրութ ծնած Զաւէն այս աշխարհին հետ իր հաշիւը մաքրած էր եւ յաձնուած` մեծ խորհուրդին:

Խառնուածքով եւ ապրումներով զտարիւն արուեստագէտ մըն էր Զաւէն: Ուսանելէ ետք Լիբանանի Գեղարուեստից ակադեմիայի մէջ (ALBA), շարունակած էր իր ուսումը Փարիզի գեղարուեստից ազգային բարձրագոյն վարժարանին մէջ (Ecole nationale supérieure des beaux Arts: Դասաւանդած է Լիբանանի Գեղարուեստից ակադեմիային եւ Լիբանանեան համալսարանին մէջ: Ունեցած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ եւ մասնակցած` հաւաքական ցուցահանդէսներու: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ: Հայկական եւ լիբանանեան միջավայրէն դուրս ալ ճանաչում գտած էր: «L՛art et le Monde Moderne» Larousse հրատարակչութիւնը արդէն 1974-ին խօսած էր իր մասին:

Զաւէն կը սիրէր խօսիլ իր ուսանողական տարիներուն եւ ընկերներուն մասին, կը պատմէր վէպի պէս: Իր արմատներու քաղաք Թոմարզա այցելած էր եւ իր տպաւորութիւնները գրեց: Եղած է լիբանանեան քանդակագործութեան առաջին ուսուցիչը: Լոյս տեսաւ նաեւ իր բազմամեայ գործին մասին հատոր մը:

Զաւէն կը սիրէր խօսիլ իր ներշնչումներուն մասին: Կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս, ամրան, Լիբանանի օդափոխութեան գիւղին մէջ, Լեւոն Շանթի տան դիմաց, հեռուէն դասական երաժշտութիւն ունկնդրած է: Կը պատմէր զինք ներշնչած գրեթէ առասպելական կացութիւններու մասին:

Զաւէն ոչ միայն մեծ քանդակագործ էր, այլ` հմուտ արուեստագէտ, քաջատեղեակ` արուեստի պատմութեան եւ մեծ դէմքերու կեանքին:

Լաւ ընկեր էր Զաւէն, չարութիւն չունէր:

Իր արուեստին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին իր ընկերները եւ արուեստաբանները պիտի խօսին: Բայց մեր զրոյցներու ընթացքին կը զգայի, որ արուեստը ստեղծագործական հրաշք մըն է, ժամանակը յաղթելու եւ այդպէս ալ նուաճելու անմահութիւնը: Արդարեւ, Զաւէնի քանդակները կը խօսին, մարմարը կամ մետաղը կը դադրին բնութեան տարր ըլլալէ, մարդով կը բնակուին, այսինքն կը դառնան գաղափար, կը թելադրեն, կ՛անջատուին նիւթէն: Իր քանդակները կը յիշեցնեն բանաստեղծութիւնը, որուն բառերը կը գործածուին հասարակ մահկանացուներուն կողմէ, բայց բանաստեղծի խօսքին մէջ անոնք կը զգենուն երանգ, գոյն, կ՛ըլլան երազ եւ խորհուրդ: Այսինքն, ինչպէս` բոլոր իրաւ ստեղծագործողները, Զաւէն կեանք կու տայ նիւթին: Այդպէս եղած են իրաւ մեծերը:

Զաւէն կը հպատակէր իր ներշնչումներուն, բայց ինք միաժամանակ խստապահանջ էր իր գործին եւ իր անձին նկատմամբ: Այդ պաճառով ալ իր քանդակները բիւրեղացած թռիչքներ են: Սոսկ գեղօրներ չեն:

Ունէր մեծ ծրագիրներ: Լիբանանի ծովափին կանգնել մեծ եւ զանգուածեղ գործ մը, որ դարերուն պիտի խօսէր:

Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնումը խորհրդանշող իր ստեղծագործութիւնը, Պիքֆայայի հայոց վանքի բարձունքին, միշտ պիտի յուշէ, որ կար Զաւէնը:

Պէտք է յուսալ, որ համազգային ճիգով մը Զաւէնի գործերուն գէթ մէկ մասը կը հայրենադարձուին` որպէս վկայութիւն եւ գնահատանք մեծ քանդակագործին, որպէսզի հայ ժողովուրդը տէր ըլլայ սփիւռքածին արուեստագէտի հոգեմտաւոր ժառանգութեան:

Այս ալ կ՛ըլլայ տարբեր որակով իսկական քաղաքական գործ:

Բայց մէկ բան յստակ է. Լիբանանի հայ կեանքին եւ ընդհանրապէս արուեստի աշխարհին մէջ Զաւէնի բացակայութիւնը պիտի զգացուի, եւ այդ զգացումը լուռ գնահատանք է:

Բայց պիտի գան նորերը եւ արուեստի հրաշքը պիտի շարունակուի…

Այս արագ վկայութիւնը թող ըլլայ ընկերական սիրոյ եւ սիրտի տուրք մը Զաւէնին…

13 սեպտեմբեր 2018, Երեւան

 

 

 

Նախորդը

Անդրէաս Արծրունի (1847-1898) Հայ Մեծ Գիտնականը. Երկրաբան, Հանքագէտ Եւ Մետաղագէտ

Յաջորդը

Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Պատուած Է Նորա Արիսեանի Գործերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.