Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելած Քալիֆորնիոյ քաղաքական եւ գործարար բարձրաստիճան պատուիրակութեան անդամներէն մաս մը, սեպտեմբեր 13-ին այցելեց նաեւ Արցախի Հանրապետութիւն:
Այս այցի ծիրին մէջ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը եւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը:
Ընթացքին, քննարկուած են Արցախի եւ Քալիֆորնիոյ յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Քալիֆորնիոյ հետ կապերու խորացումն ու ընդլայնումը յատուկ տեղ կը գրաւեն Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ` գոհունակութեամբ նշելով շարք մը ոլորտներու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը եւ այլ պաշտօնատարներ:
Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան եւս ընդունած է նոյն պատուիրակութեան այցելութիւնը: Ողջունելով հիւրերը` ան ըսած է, որ ուրախ է արձանագրելու, թէ Արցախի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ աշխուժօրէն կը քննարկուին գործարար կապեր ստեղծելու եւ զարգացնելու հարցերը:
«Քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, կարծում եմ, պէտք է ամրապնդուեն տնտեսական կապերով: Այս առումով, մենք ունենք լուրջ ներուժ ինչպէս մասնագէտների շարունակական վերապատրաստման, ամերիկեան առաջատար փորձի ուսումնասիրութեան, այնպէս էլ արցախեան ապրանքները Քալիֆորնիայի բազմամիլիոնանոց շուկայ արտահանելու հնարաւորութիւնների առումով», ըսած է պետական նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Փորթանթինօ իր կարգին ըսած է, որ կան լուրջ նախադրեալներ` Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները գործնական քայլերու վերածելու համար: Իր կարգին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Սինանեանը ըսած է, որ Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացման համար լաւ հիմք կրնան հանդիսանալ Ամերիկայի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին կապերը: Ան նշած է նաեւ, որ արցախեան շարժումին առիթով եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով հոկտեմբեր 2-ին տեղի պիտի ունենայ քաղաքին մէջ Արցախ փողոցի պաշտօնական բացումը:
Սոյն հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանը:
Նոյն օրը Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը եւս ընդունած է պատուիրակութիւնը` դրուատելով Արցախի անկախութեան սատարելու ուղղուած Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ բանաձեւի վաւերացումը` համոզում յայտնելով, որ անիկա ամուր հիմքեր ապահոված է Արցախի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:
Քննարկուած են ընթացիկ նախագիծները եւ Արցախի ու Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան ու առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ գործնական ծրագիրներու իրականացման հեռանկարները: Կողմերը նաեւ կարծիքներ փոխանակած են Քալիֆորնիոյ մէջ Արցախի ճանաչման խթանման ուղղուած քայլերու մասին:
Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը եւս ընդունած է այս պատուիրակութեան անդամներուն այցը: Ողջունելով հիւրերը` խորհրդարանին ղեկավարը կարեւոր համարած է Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններուն հետ կապերը եւ բարձր գնահատած` Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին եւ ծերակոյտին համատեղ որոշումը` ի պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
«Համոզուած եմ, որ այդ հռչակագիրն ամրապնդելու լաւագոյն միջոցը նմանատիպ փոխադարձ այցելութիւններն ու իրար հետ համագործակցելու նոր ուղիների որոնումն է», ընդգծած է Ղուլեանը:
Իր կարգին, Փորթանթինօ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ համագործակցութեան շուրջ իրենց նախանշած ուղղութիւնները: Ան ըսած է, որ մինչ Հայաստանի մէջ աշխատանքները կեդրոնացած պիտի ըլլան արդի արհեստագիտութեան ոլորտին վրայ, Արցախի մէջ շեշտը պիտի դրուի գիւղատնտեսութեան զարգացման վրայ:
Կողմերը նաեւ քննարկած են արտաքին քաղաքական իրավիճակն ու միջխորհրդարանական համագործակցութեան վերաբերող նիւթեր: Հանդիպման մասնակցած են խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեանը եւ այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ` Ռոբերտ Աւետիսեանը:
Մէկ օր առաջ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանը եւս ընդունած էր աշխատանքային այցով Արցախ ժամանած նշեալ պատուիրակութիւնը: Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեանը ըսած է, որ հանդիպման ընթացքին Գրիգորեանը ներկայացուցած է մայրաքաղաքի առօրեան, բնակչութեան խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները: Ան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդած է պատերազմի արհաւիրքներու վերացման ուղղութեամբ համայն հայութեան կողմէ ցուցաբերուած հսկայական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ երկրի իշխանութիւններուն միջամտութեամբ` քանդուած քաղաքի վերականգման ու բարեկարգման մեծածաւալ աշխատանքներուն վերաբերեալ:
«Մենք հիւրերին ասել ենք, որ Ստեփանակերտն օրէցօր գեղեցկանում, բարգաւաճում եւ զարգանում է: Արցախ ժամանած հիւրերը երկրի մասին առաջին տպաւորութիւնը ստանում են Ստեփանակերտից», ըսած է փոխքաղաքապետը:
Իր կարգին, Զարեհ Սինանեանը պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ վստահեցուցած է, որ ներկայ այցով արդէն իսկ կ՛ուրուագծուին հետագայ համագործակցութեան ուղիները:
«Սինանեանը կարեւորել է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք շփումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնել որեւէ օգտակար գործ ձեռնարկել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի համար: Ինքն առաջին անգամ Արցախում եղել է պատերազմի ծանր տարիներին, երբ ռմբակոծւում, հրետակոծւում էին Շուշին, Ստեփանակերտը, հայկական միւս բնակավայրերը: Այժմ զարմացել է` տեսնելով Ստեփանակերտն այսքա՛ն շէն ու ծաղկուն, իսկ բնակիչները` ուրախ», աւելցուցած է Յակոբեանը: