Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Շղթայազերծուած Եռանդի Ուժով
Անցեալ ապրիլին անկախ Հայաստանի մէջ շղթայազերծուեցաւ ժողովրդային, յատկապէս երիտասարդական եռանդի այնպիսի՛ հզօր ալիք մը, որ կրնայ ուժականութիւն տալ երկիրը անյուսութեան ու բարոյալքման աքցաններէն ձերբազատելու եւ նորը, հրաշալի՛ն ստեղծելու ճիգերուն: Այդ ալիքի առաջին հարուածներէն շշմած յետադիմական, հակայեղափոխական ուժերը, փոխանակ գիտակցելու, որ` իրենց ժամանակը արդէն աւարտած է, որ` իրենք պէտք է ալ մէկ կողմ կանգնին ու վկայ ըլլան կորուսեալ հնարաւորութիւններու կենսագործման, սկսած...
















