Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Ա.- Սուրիոյ Հայ Համայնքը` Ազդեցիկ Ուժ

Սեպտեմբեր 18, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հայ համայնքը դարերու վրայ երկարող պատմութիւն ունի այս երկրին մէջ: Համայնքը յատկանշուած է տնտեսական, մշակութային, քաղաքակրթական, գիտական, քաղաքական, ընկերային ազդու ներկայութեամբ: Մերթ ընդ մերթ այդ ազդեցութիւնը, քաղաքական կացութիւններու փոփոխութեան լոյսին տակ, սահմանափակումներու ենթարկման վտանգին դէմ յանդիման գտնուած է, բայց պահպանելով իր ուժականութիւնը` վերստին զօրացած եւ դրական ներգործութեան վերածուած է Սուրիոյ ողջ տարածքին, յատկապէս երբ իշխանութիւնները ունեցած են հայկական  գործօնը ճշգրիտ կերպով գնահատելու, արժեւորելու կարողութիւն եւ հեռատեսութիւն` բնականաբար միշտ մեկնելով երկրին ու անոր բազմերանգ ընկերութեան շահերէն:

Ունենալով ընդհանրական դիմագիծ, ընդհանրական մարտահրաւէրներ ու շահեր` Սուրիոյ իւրաքանչիւր շրջանի հայութիւն իր ինքնուրոյն պայմաններն ու գործելաոճը ունեցած է, բնականաբար: Հիւսիսային շրջանի` Ճեզիրէի մէջ գտնուող հայութիւնը, օրինակ, քաջածանօթ է տեղւոյն ընկերային կեանքի դրուածքին, գիտէ յարմարիլ փոփոխական կացութիւններուն ու կը փորձէ օղակ հանդիսանալ շրջանի ընկերութեան զանազան մասնիկներուն միջեւ` սրումներ մեղմացնելու, անլուծելի թուող հարցերուն լուծում առաջարկելու, իր ինքնութեան պահպանման խարիսխները ամրապնդելու, այնքան ատեն որ առողջ կը մտածէ, զերծ կը մնայ փոխադարձ ատելութիւն հրահրող կողմերու ազդեցութենէն, յաճախ գործակցութեան` համերաշխութեան օրինակ իսկ ծառայելով, հարցերու լուծման տարբերակներ իսկ առաջարկելով:

Նոյնն է պարագան հալէպահայութեան, ծովափնեայ շրջանի եւ Դամասկոսի հայութեան: Հայկական ներկայութիւնը իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ծառայած է փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ համերաշխ գոյակցութեան պահպանման, եւ սուրիահայութիւնը վստահելի տարր դարձած է իր գործունէութեամբ եւ դիւանագիտական ճկունութեամբ:

Եթէ այս բոլորին աւելցնենք հայկական դեսպանատան եւ հիւպատոսութեան ներկայութիւնը, որո՛նք միայն, որպէս դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, շարունակեցին հաւատարմաբար գործել պատերազմի տարիներուն եւ մնացեալ դիւանագիտական գրասենեակներուն նման չփակեցին իրենց դռները, առաւել ընդարձակ պատկերացում մը կրնանք կազմել Սուրիոյ մէջ հայկական գործօնին մասին:

Սուրիոյ մէջ վերջնական խաղաղութիւն չէ հաստատուած տակաւին, որոշ շրջաններ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ: Այսուհանդերձ, խաղաղութեան հաստատման, հանդուրժողական մթնոլորտի պահպանման, Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու աշխուժացման մէջ նկատառելի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հայկական գործօնը, եթէ անոր ներուժը լիիրաւ օգտագործուի:

Յետպատերազմեան շրջանը կը պարտաւորեցնէ նախաձեռնող ըլլալ, չբաւարարուիլ ցարդ տարուած աշխատանքներով, երեւելի դարձնել Սուրիոյ վերականգնումին մէջ հայկական գոյնը, կարենալ օգտագործել մեր ամբողջ ներուժը:

Սա իրագործելու համար անհրաժեշտ է` նախ ինքնակազմակերպուիլ, բաց ըլլալ նորութիւններու դիմաց ու այդ նորութիւնները բերել, ներմուծել համայնք, անոնցմով նոր շունչ ու որակ տալ հետագայ մեր աշխատանքներուն, չսահմանափակուիլ եղածով, փրկուածով: Այլ խօսքով, ժամանակն է անցեալին մէջ ձգելու պատերազմը եւ անոր ամբողջ բեռն ու ցաւը, ու մէկ առ մէկ զարգացնելու, վերաորակաւորելու մեր բոլոր հաստատութիւններն ու կառոյցները` գործով, ծրագիրներուն կեանք տալով, նոր միտք, նոր գործելաոճ որդեգրելով, բայց մանաւանդ` բարեփոխումներ կատարելու յանդգնութիւն եւ նպատակաուղղուածութիւն ունենալով ու այս ոլորտին եւս նիւթական հայթայթելով:

Եղածով բաւարարուիլն ու ինքնագովութիւնը անընդունելի են,  մարդիկ եւ ընկերութիւններ պէտք է ձգտին նորին, իսկ թերութիւնները միայն պատերազմին վերագրելը կառուցողական քննարկումներէ զերծ կը պահեն մեզ:

Ինքնակազմակերպումին չափ ալ կարեւոր է հաշուետուութեան մեքանիզմի վերակենդանացումը բոլոր ոլորտներէն ներս, աշխատանքի հրաւիրուած տարրը պատասխանատուութեան հրաւիրելու եւ թափ տալու անոր արդիւնաւէտ գործունէութեան, այլապէս ամէնէն ամբողջական ծրագիրն իսկ կեանքի կոչելու դժուարութեան պիտի հանդիպինք:

Ինքնակազմակերպման այս ընթացքով պիտի շեշտադրուի նաեւ հայկական գործօնին ազդեցութիւնը, որ նպատակաուղղուած ըլլալու պարագային ե՛ւ հայ համայնքին, ե՛ւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն նոր որակ ու կշռոյթ կրնայ հաղորդել:

«Գ.»

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Պատուիրակութեան Մէկ Մասին Շփումները` Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Մենատիրութեան Էրտողանեան Նորագոյն Դրսեւորումը Մեծ Հարցականներ Կը Գծէ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?