Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիրաբուժ Սեւակ Պաստեանին Ծառայութիւնը Արցախի Ժողովուրդին

September 19, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին «Ազդակ» այցելեց մասնագիտութեամբ վիրաբուժ Սեւակ Պաստեանը, որուն մեծ հայրը Արմէն Գարոյի հօրեղբօրորդին է: Ան ներկայիս կ՛ապրի Լոս Անճելըս. ժամանած է Լիբանան, որմէ ետք պիտի անցնի Երեւան, ապա` Արցախ, որպէսզի անվճար վիրաբուժութիւններ կատարէ Ստեփանակերտի մէջ: Ան «Ազդակ»-ին ըսաւ, որ հօրը իսկական մականունը Պաստրմաճեան է: Հայրն ու մայրը Լիբանանէն են, պատերազմին` 1976-ին գաղթած են Ամերիկա: Ան ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ, 1985-ին: Վիրաբուժն ու եղբայրը յաճախած են տեղի միակ հայկական վարժարանը: Հայկական եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն ըրած են: ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբէն ալ խաղացած են: Ուսումը շարունակելու համար Լոս Անճելըս գացած է, ապա` Շիքակօ եւ Նիւ Եորք: Ներկայիս կ՛ապրի Լոս Անճելըս: Ան տասնհինգ տարի բժշկութիւն ուսանած է: Մասնագիտութիւնը ոսկրային վիրաբուժութիւն է: Երկու ամիսէն գործի պիտի սկսի, նախքան սկսիլը` ուզած է գալ Լիբանան եւ տեսնել ծնողքին ծննդավայրը, ուր անոնք մեծցած եւ ապրած են: Առաջին անգամն է, որ Լիբանան կու գայ: Հայաստան գտնուած է 12 տարի առաջ: Այն ատեն վիրաբուժ մօրաքրոջը ամուսինին հետ մասնակցած է վիրաբուժութեան մը: Մօրաքրոջը ամուսինը` Ֆրանսուա Անթունեան, որ դարձեալ Լիբանանէն է, ներկայիս Սան Ֆրանսիսքօ կ՛ապրի եւ երեսուն տարիէ ձրի գործողութիւններ կը կատարէ Երեւանի մէջ: Ան օգնած է նաեւ հիւանդանոցի մը բացման Երեւանի մէջ: Վիրաբուժը «Ազդակ»-ին ըսաւ. «Շատ սիրած եմ Երեւանը: Հիմա ես ալ պիտի երթամ Երեւան, ապա` Արցախ, ուր անվճար գործողութիւններ պիտի կատարեմ կարիքաւոր մարդոց: Կլենտէյլի հինգերորդ տարին է, որ «Ատվանթիստ» հիւանդանոցը Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ ձրի վիրաբուժութիւններ կը կատարէ: Ես ալ պիտի միանամ այդ խումբին, որպէսզի մասնակցիմ ծառայութեան: Հաճելի պարտք մըն է, զոր կ՛ուզեմ մատուցել իմ հայրենիքիս: Ուրախութիւն եւ մեծ հպարտութիւն կը զգամ` որպէս Արմէն Գարոյի շառաւիղը: Լսած եմ, որ Երեւանը փոխուած է եւ վերածուած` գեղեցիկ քաղաքի մը: Շատ ուրախ եմ, որ կրկին Երեւան պիտի երթամ եւ` Արցախ, որպէսզի օգնեմ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին: Շատ հպարտ եմ, որ հայութեան օգնելու առիթ ունիմ: Լիբանանն ալ գեղեցիկ երկիր է: Շատ հայեր կան Լիբանանէն եւ Հայաստանէն դուրս, որոնք հպարտ են, որ հայ են: Շատ հայեր կան, որոնք հայերէն չեն խօսիր, բայց իրենք հարիւր տոկոս հայ են: Հպարտ են, որ կ՛աշխատին եւ կը ծառայեն հայութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն»:

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ֆութպոլի Առաջին Մրցումը Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Կատարուած Իրողութիւն

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.