Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկը

Սեպտեմբեր 18, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

– Մա՛մ, ասո՞նք են շատրուանները, որոնց մասին յաճախ կը պատմէիր ինծի:

– Այո՛, տղա՛ս: Քիչ ետք բոլորը կը ցայտեն ու, պատմածիս պէս, կը տեսնես անոնց երաժշտութեան համեմատ գունաւոր պարը:

– Ի՜նչ լաւ:

– Եկո՛ւր` հոս նստինք, որ կարենաս մօտէն դիտել ու վայելել գեղեցկութիւնը:

Այսպէս մայրն ու իր հնգամեայ մանչուկը կը նստին ու կը հետեւին Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններու երգահանդէսին: Համերգի մը ներկայ են անոնք կարծես, ձագուկը աչքերը չի թարթեր պահ մը չկորսնցնելու համար: Երաժշտական ականջը նկատելի է այս տարիքէն: Է՜, ինչպէ՞ս չունենայ այդ ունակութիւնը. ծնունդէն ի վեր մօրը ջութակին հնչիւնները կ՛ունկնդրէ ձագուկը, արդէն իսկ գիտէ, թէ ո՛ր երաժշտութիւը ո՛ր երգահանին կը պատկանի` հայ թէ օտար:

Մայրը իսկոյն կը յիշէ իր ուսման տարիները հայրենիքի մէջ, երաժշտական գիտելիքներուն մի առ մի տիրապետումը: Տարինե՜ր անցած են, իսկ այս մեղեդիները որքա՜ն սրտամօտ են, որքա՜ն հարազատ է այս վայրը: Արդեօք պիտի կարենա՞ն օր մը ընտանեօք հոս հաստատուիլ ու ձագուկը հեռացնել օտար միջավայրերէն, օտար ազդեցութիւններէն…

Օտար… տեղ մը, երկիր մը, ուր միայն քանի մը հայ կը բնակի, քանի մը հայ միայն` ամբողջ երկրի տարածքին: Կարողացած են անոնք ձագուկը հայ պահել. տան մէջ միայն հայերէն լսած է ան, բայց ահա այս տարի սկսաւ անոր հաղորդակցութիւնը խրուաթ տարեկիցներու հետ, սկսած է լսել ու երբեմն արտաբերել հնչիւններ խրուաթերէն, որոնք խորթ թուացած են առաջին քանի մը ամիսը, սակայն… կու գայ ընտելացումը, համակերպումը, տարիներու հոսանքով լեզուին հետ կ՛ընտելանայ նաեւ ամէն ինչի, որ օտար է. արդեօք որքա՞ն կարելի է ձագուկը հայ պահել այդ միջավայրին մէջ: Այսպիսի խորհրդածութեան մէջ խորասուզուած մայրը կ՛ապրի այս ակնթարթները ու… կը սթափի.

– Մա՛մ, նայէ, հոս բոլորը հայերէն կը խօսին, հոս բոլորը զիս կը հասկնա՞ն,- փայլուն աչուկներով կը խօսի ձագուկը, երբ ուշադրութիւնը շեղած է երաժշտութենէն` քիչ մը հեռուն փուչիկ մը բռնելու համար վազող մանուկ մը նկատելով:

Մօր վէրքը կը բորբոքեն կարծես ձագուկին այս խօսքերը, մինչ ձագուկը մերթ կը ծափէ, մերթ խորասուզում մը կ՛ապրի եղանակներուն ազդեցութենէն, մերթ ձեռքերը կը շարժէ, մերթ գլուխը` ցայտող շատրուանին հետ քալեցնելով… ու ահա երաժշտութեան աշխուժ ելեւէջներուն հետ մօրը ձեռքը բռնած` կը ցատկոտէ, կը պարէ, այնպէս` ինչպէս կ՛ընէ տան մէջ, երբ խանդավառ եղանակի մը հնչիւնները լսէ. կը պարէ` առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, որ իր այս ձեւերով կը հրահրէ յուզումը մօր, որ քիչ առաջ խրած էր մէջը, մայրն ու զաւակը կապող թելը չէ՞ այս միթէ, որ կ՛աճի, կ՛ամրանայ զաւկին հասակին հետ:

– Մա՛մ, այս մայթին վրայ նստող վաճառող կի՞նն ալ հայ է:

Կը հարցնէ ձագուկը վերադարձի ճամբուն… Ու կը դիտէ չորս դին, վաճառատուներուն վրայի հայերէն բառերը կը փորձէ կարդալ, հանրակառքերուն, թաքսիներուն վրայի գրութիւնները` նոյնպէս: Տունը միայն հեքիաթի գիրքերուն ու այբբենարանին մէջ տեսածը կարդալու փորձեր ըրած տառերն ու բառերը հոս ամէնուր կը տեսնէ ու մանաւանդ կը լսէ, կը հաղորդակցի, կը խաղայ իրեն պէս խօսողներու հետ…

Մայրը գոհունակութեամբ կը հետեւի ձագուկին շարժումներուն, հասած է իր նպատակին` ձագուկին շօշափելի բան մը ցոյց տալով: Այս այցելութեամբ բան մը փորձած էր ցանել անոր մէջ, իր արմատներէն խլուած հունտ մը` թերեւս, ու գոհ է, որ ձագուկը ընդունած է խինդով ու ծիծաղով. այսպիսով, հեռաւոր ապագայի մութ պաստառին վրայ լուսաւոր գիծ մը գծած ըլլայ թերեւս, ու`

– Մա՛մ, ես երբ մեծնամ, պապային չափ ըլլամ, հոս պիտի գամ, ամուսնանամ հայ աղջկան մը հետ: – Կ՛ըսէ ձագուկը ի տես հանդիպակաց մայթէն անցնող սիրահար պատանիներու գիրկընդխառնումին:

Հնչիւններ են ըսուածները, բայց զարմանք կը պատճառեն մօր, որ չի գիտեր` ի՛նչ ընէ: Հնչիւններ, որոնց մասին երբեք ակնարկ չէ եղած տան մէջ: Զարմանք, այո՛, բայց` ծիծաղով շաղախուած, որ հեռաւոր ապագայի մութ պաստառին լուսաւոր գիծէն շողեր կ՛արձակէ:

 

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրը Տօնեց Իր Գործունէութեան 20-ամեակը

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Պատուիրակութեան Մէկ Մասին Շփումները` Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?