Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 19, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Իրականացուի Ժամանակակից Արուեստի Միջազգային Ցուցահանդէս

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, աշնան պիտի իրականացուի «ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 – ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագիրով: Սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ հոկտեմբեր 25 ինկած ժամանակահատուածին մէջ ցուցադրութիւնը Երեւանի 7 տարբեր վայրերու մէջ պիտի ներկայացնէ աւելի քան 50 միջազգային արուեստագէտներու աշխատանքները:

Ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ պիտի ըլլայ առաջինը, որ պիտի ներառէ ժամանակակից արուեստի տարբեր մարզեր` գեղանկարչութիւն, քանդակ, լուսանկարչութիւն, տեսերիզի նկարահանումի արուեստ` երկխօսութեան սկիզբ դառնալով աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած արուեստագէտներուն համար: Վերջիններս տեղւոյն վրայ պիտի ստեղծագործեն եւ տարբեր արուեստի հաստատութիւններու ուսանողներու համար վարժանիստեր պիտի իրականացնեն: Նախաձեռնութեան նպատակն է կարելի եղածին չափ ընդլայնիլ եւ ցոյց տալ անոր նշանակութիւնը մշակութային փոխանակման պարունակին մէջ: Այս իսկ պատճառով ներգրաւուած են քաղաքի ամէնէն կարեւոր մշակութային կեդրոնները, ինչպիսիք են` Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնը, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը, ՀայԱրթ մշակութային կեդրոնը, Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնն ու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի իրականացուի Հայաստանի նախագահի բարձր հովանաւորութեան տակ, ինչպէս նաեւ` Քանատայի կառավարութեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Իտալիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան «Vivere All’italiana» (ապրիլ իտալական ձեւով) մշակոյթի յառաջխաղացման նախագիծին եւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանութեան հովանիին տակ: Նախագիծին պիտի աջակցին նաեւ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը:

Հաղորդենք, որ նախագիծի կրթական բաղադրիչի ծիրին մէջ վարժանիստեր պիտի իրականացուին Հայաստանի առաջատար մշակութային կեդրոններուն մէջ, ինչպիսիք են` ԹՈՒՄՕ-ն Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճը, Հայաստանի գեղարուեստի ակադեմիան: Ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսին համար յատուկ երկու հատորէ բաղկացած անգլերէնով  պատկերագիրքեր պիտի տպուին:

Երեւանի Հիմնադրութեան 2800-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկները Տեղի Պիտի Ունենան Հոկտեմբեր 20-21-ին

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին նուիրուած «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները տեղի պիտի ունենան 20-21 հոկտեմբերին` 29-30 սեպտեմբերի փոխարէն:

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեանը նշեց, որ այս փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին գումարումով:

«Հարցը հետեւեալն է` Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 7-12 հոկտեմբերին, որմէ ետք պէտք է տեղի ունենային Երեւանին նուիրուած տօնակատարութիւնները, եւ նկատի առնելով ձեռնարկներու մեծ ցանկը եւ այն, որ անոր կազմակերպիչներէն մէկը կը հանդիսանայ Երեւանի քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ այն, որ անոր կը նախորդեն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները, ապա այդ ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման համար կ՛առաջարկուի կատարել այս փոփոխութիւնը», կառավարութեան հինգշաբթի օրուան նիստին ըսած է Պապիկեանը:

Երկրորդ Երեխային Ծննդեան Նպաստը Կ՛եռապատկուի

Աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան ոլորտները կ՛ընդգրկեն Հայաստանի բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը` 1 միլիոն 100 հազար հոգի, եւ գոյութիւն չունի մէկ բանաձեւ բոլորին հարցերուն լուծման համար:

Իր պաշտօնավարման 100 օրերը ամփոփող ասուլիսին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ  նախարար Մանէ Թանդիլեանը` նկատել տալով, որ իւրաքանչիւրին հարցերուն պէտք է առանձին մօտենալ:

«Մեր երկրի քաղաքացին պէտք է զգայ, որ ինքը պաշտպանուած է պետութեան կողմէ, եւ պետութիւնը կը կատարէ իր դերը: Մեր հիմնական նպատակը մարդն ու իր բարեկեցութիւնն են», ըսաւ Թանդիլեան:

Նախարարը յայտնեց, որ երկրորդ փոքրիկի ծննդեան միանուագ նպաստը, 50 հազար դրամի փոխարէն, 150 հազար դրամ սահմանելու առաջարկը ներկայացուած է Հայաստանի կառավարութեան հաստատման:

Նախարարը այս նախագիծը կարեւոր կը նկատէ, որովհետեւ Հայաստան այսօր լուրջ ժողովրդագրական հարց ունի: Նախարարը համոզուած է, որ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ոչ միայն 3-4 երեխայ ունենալուն վրայ, այլ նաեւ պէտք է կարեւոր նկատուի 2-րդ երեխան:

«Իբրեւ միջին` 1,7 երեխայ կը ծնի Հայաստանի մէջ, եթէ 2-րդ երեխան չծնի, ապա լուրջ յետընթաց պիտի ունենանք: Ի՛նչ կը վերաբերի հարցին, թէ ժողովրդագրական ինչ նպատակ կը հետապնդենք 2-րդ երեխայի համար 150 հազար դրամ նախատեսելով, ըսեմ, որ շատերը կրնան մտածել, որ այս մէկը չի խթաներ ծնելիութիւնը, սակայն ասիկա

պատգամ մըն է, որով մենք կ՛ըսենք, որ 2-րդ երեխան մեր պետութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Երբ մեր հայեացքը միայն դէպի 3-4-րդ երեխան կ՛ըլլայ, ապա կը նուազի առաջին եւ 2-րդ երեխայի նշանակութիւնը», ընդգծեց նախարարը:

Հայաստանը Կը Ներկայացուի Աշխարհի Մեծագոյն Թանգարաններէն Մէկուն` Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթենի Մէջ

Աշխարհի մեծագոյն թանգարաններէն մէկուն` Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթենին մէջ մէկ ամիսէն կը բացուի «Հայաստա՛ն» յատուկ ցուցահանդէսը:

«Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսի կազմակերպիչ Էլեն Էվանսի խօսքով, Մեթրոփոլիթենի աւելի քան 7 միլիոն այցելուներուն պիտի ներկայացուին Մատենադարանէն, Էջմիածնէն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսի նստավայրէն եւ Վենետիկէն ժամանակաւորապէս Միացեալ Նահանգներ բերուած շուրջ 150 նմուշներ:

«Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատման ժամանակաշրջանը: Մենք կ՛աւարտենք մեր պատմութիւնը Նոր Ջուղայի մէջ, երբ հայերը արդէն սկսան հայերէնով գիրքեր տպագրել»:

Այսպիսով, ցուցահանդէսին ներկայացուած պիտի ըլլայ Հայաստանի պատմութիւնը` 301-էն մինչեւ 1700-ականները:

«Ցուցահանդէսին նպատակն է այցելուներուն յիշեցնել, որ հայկական արուեստն ու մշակոյթը համաշխարհային արուեստի կարեւոր մասն են»:

Էլեն Էվանսի խօսքով, Մեթրոփոլիթենը պիտի փորձէ պատմել, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ պահպանել իր ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը:

«1700-ականներուն արդէն հայեր կան Վըիրճինիա նահանգի Ճէյմսթաունի, Մանիլայի մէջ, հայերը հասած են Ռուսիոյ հեռաւոր հիւսիսային շրջաններ, հայերը վերահսկած են կտորեղէնի վաճառքը Հնդկաստանի մէջ»:

Մեթրոփոլիթենէն «Ամերիկայի ձայն»-ին կը պատմեն, թէ յոյս ունին, որ ցուցահանդէսին կը ծանօթանան ոչ միայն միլիոնաւոր արտերկրացիներ, այլեւ` հայերը, որոնց դրական կարծիքը շատ կարեւոր է կազմակերպիչներուն համար:

Հայկական Գորգերու Արտադրութիւնը Առաջին Կիսամեակին 72,2 Տոկոսով Աճած Է

Հայկական գորգերու արտադրութիւնը այս տարի զգալիօրէն աճած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէէն:

Կոմիտէին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2018-ի առաջին կիսամեակին  հանրապետութեան մէջ արտադրուած են 12,4 թոն գորգ եւ գորգեղէն, որ 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աճած է 72,2 տոկոսով:

Նշենք, որ նախորդ տարուան յունուարէն յունիս ամիսներուն հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 7,2 թոն գորգ:

2018-ի Առաջին Կիսամեակին Արցախի Մէջ Ծնած Է 1057 Երեխայ

Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2018-ի առաջին կիսամեակին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներուն մէջ ծնած է 1057 երեխայ, որոնցմէ 552-ը` մանչ, 505-ը` աղջիկ:

Հաղորդենք, որ միայն 878 երեխայ ծնած է Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան» առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ: Մարտակերտի մէջ արձանագրուած է 89 ծնունդ, Մարտունիի մէջ` 56, Հադրութի մէջ` 13, Քաշաթաղի մէջ` 15 եւ Շահումեանի մէջ` 6:

Հայաստանի Հանրային Վայրերուն Մէջ Ծխելու Պարագային Տուգանք` 50 Հազար Դրամ

Հանրային վայրերու մէջ ծխելու պարագային հաւանական տուգանք կրնայ սահմանուիլ 50 հազար դրամ (105 տոլար), հանրային վայրերու մէջ ծխախոտի յայտարարութեան տուգանք` 800 հազար դրամ (1600 տոլար), յայտարարեց Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեանը:

Պետական պաշտօնեան կրնայ ստանալ 200 հազար դրամ (420 տոլար) տուգանք, եթէ իր տարածքին մէջ խախտէ ծխախոտի օրէնքը, մինչ ան անհրաժեշտ քայլեր չ՛առներ խախտումը կանխարգիլելու համար:

Նանուշեանը ըսաւ, որ ծխախոտի դէմ օրինագիծը տակաւին կը գտնուի մշակման փուլի մէջ:

 

Նախորդը

Զաւէն Խտըշեանի Մահուան Առիթով. Արժէքի Մը Կորուստը

Յաջորդը

«Կեանքը Ցոյց Տուած Է, Որ Թատրոնը, Շարժապատկերը, Օփերան Հզօր Կ՛ըլլան, Երբ Պետութիւնը Հզօր Կ՛ըլլայ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Դաւիթ Յակոբեան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?