Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ուսուցչական Կազմի Վերամուտը

Սեպտեմբեր 18, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական կազմի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած եպիսկոպոս Եղիա Եղիայեանը` մաղթելով անոր քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ, լաւագոյնս հովուելու իր թեմը, ապա ողջունեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի մայր Արուսեակ Սաճոնեանը, որ կը հովանաւորէր այս ժողովը եւ անոր կը մասնակցէր իր թելադրութիւններն ու յորդորները փոխանցելու:

Եղիա եպս. Եղիայեանը ժողովի հանգամանաւոր բացումը կատարեց աղօթքով, ապա Աւետարանի պատգամով ներկաները հրաւիրեց առաւել նուիրումով արժեցնելու իրենց կոչումը, որպէս երկրորդ ծնողք յանձնառու եւ ծառայական ոգիով դաստիարակելու, իրենց վստահուած սերունդներուն միտքը լուսաւորելու եւ հոգիները կրթելու:

Ապա մայր Արուսեակ Սաճոնեան վեր առաւ հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը, շեշտելով, որ ան յանձնառու է հայ աշակերտը հայ պահելու եւ հայկական արժէքներով դաստիարակելու:

Մեծաւորուհի մայրը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց ուսուցիչին դերը` երկու հիմնական առաջադրութեամբ. «առաջինը` կ՛ուսուցանենք ինչ որ ենք, իսկ երկրորդը` դպրոցին վերելքը կախեալ է ուսուցիչէն»:

Ան ուսուցիչներու ուշադրութեան յանձնեց, որ կրթական ծրագիրներու իրագործման եւ գործադրութեան զուգահեռ, հարկ է աշակերտներու մօտ զարգացնել ինքնավստահութիւնն ու ձիրքերու յայտնաբերումը, ինչպէս նաեւ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որ անոնք սիրելով սորվին իրենց դասերը:

Կարճ դադարէ յետոյ, խօսքը տրուեցաւ վարժարանի ուսումնապետ դոկտ. Դալար Աթէշեանին, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ուսումնական ծրագիրներու գործադրութեան եղանակը, որ կը հիմնուի արդի միջոցներով ուսուցանել, ինչպէս նաեւ փորձարկումներու ու կիրառական մեթոտներով իրագործել կրթական ծրագիրներու գիտելիքները. ան ներկայացուց իր կաճառական գրասենեակի գործընթացը, որ առաւելաբար պիտի աշխատի դասանիւթեր համադրող ուսուցիչներու եւ բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին տեղի պիտի ունենան ուսուցիչներու վերաորակաւորման աշխատանքային ժողովներ:

Տնօրէնութիւնը իր զեկոյցով յայտնեց, որ բոլոր դասարանները արդէն օժտուած են ճերմակ գրատախտակով եւ իւրաքանչիւր բաժանմունքի մէջ կայ դասարան մը` լսողատեսողական արդի կազմածներով, ուր աշակերտները ներգործուն մասնակցութեամբ պիտի իւրացնեն իրենց դասերը:

Յառաջիկայ ամիսներուն վարժարանի բնալուծարանը պիտի օժտուի նոր սարքերով, իսկ գրադարանը, վերանորոգուելով, պիտի ստանայ նոր դիմագիծ:

Ժողովը եզրափակուեցաւ համագործակցութեան սերտ աջակցութեամբ` յաջողցնելու մշակուած կրթական ծրագիրներու տեսութիւնները, ի խնդիր հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի անխափան վերելքին:

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2018 – 2019 Տարեշրջանի Աւանդական Ընդհանուր Հանդիպումը

Յաջորդը

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրը Տօնեց Իր Գործունէութեան 20-ամեակը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?