Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրը Տօնեց Իր Գործունէութեան 20-ամեակը

Սեպտեմբեր 18, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 օգոստոս 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրին, որ այս տարի բոլորեց իր գործունէութեան 20-րդ տարին: Այս ընթացքին «Ովասիս»-ը ունեցաւ աւելի քան 4000 մասնակից` Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներ եւ պատանիներ, անոնց համար ապահովելով ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր:

20-րդ «Ովասիս»-ը բացուեցաւ 3 յուլիսին, 237 մասնակիցներով: Ծրագիրը իրականացուցին թիւով մօտ 50 երիտասարդ եւ աշխուժ դաստիարակներ ու վերահսկիչներ` գլխաւորութեամբ Քարոլին Փուշեան-Թերզեանի: Ամբողջ 8 շաբաթներ 3-13 տարեկան  մանուկներ եւ պարման-պարմանուհիներ հետեւեցան  բազմակողմանի ծրագրի մը, որ բաժնուած էր զանազան խմբակներու` ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, ժապաւէնի ցուցադրութիւն, զանազան մարզաձեւեր (ֆութպոլ, պասքեթպոլ, մարտարուեստ եւ հեծանիւ), թատրոն, դաստիարակչական խաղեր, կրօն, համակարգիչի ուսուցում, խոհանոցային գիտելիքներ եւ կրօնագիտութիւն: Այս տարուան կարեւորագոյն նորութիւնը «ռոպոթիքս»-ի խմբակն էր` տեսական եւ գործնական բաժիններով: Առաւել խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցան շաբաթավերջի 7 պտոյտները: Նախքան այդ գործադրուած էր «Փոքրիկ ովասիս»-ը` առաւելագոյնս օգտուելու համար արձակուրդային օրերէն:

Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ 20 ջահակիրներու երթով. «Ովասիս»-ի իւրաքանչիւր տարուան մէկական մասնակից ջահ մը բարձրացուց բեմ` որպէս խորհրդանիշ «Ովասիս»-ի շարունակականութեան: Ովասիսականները ներկայացուցին բացառապէս հայկական շունչով տոգորուած գեղարուեստական յայտագիր մը` պարեր, խմբերգներ, թատերական պատկերներ եւ մարզական ցուցադրութիւններ, վերապրելով այն ամբողջ ուրախութիւնը, որ ունեցած էին ծրագրի ընթացքին: Հնչեցին «Ովասիս»-ի 20-ամեակին նուիրուած զոյգ երգեր` հեղինակութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Հանդիսավարն էր Վարդան Ազնաւուրեան:

Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ Քարոլին Թերզեանը գոհունակութիւն արտայայտեց այն մասին, որ կարելի եղաւ լիուլի գործադրել առաջադրուած ծրագիրը: Ան վերյիշեց «Ովասիս»-ի մէջ իր գործունէութեան 16 տարիներու դրուագներ` յատկապէս շեշտելով, որ ծրագիրը կրցաւ կանգուն մնալ ամենադժուարին պահերու իսկ` չընկրկելով պատերազմական պայմաններուն առջեւ անգամ:

Հանդիսութեան եզրափակիչ իր խօսքին մէջ  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ իրագործուած յաջողութիւնը արդիւնք էր լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքի, որուն համար ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց «Ովասիս»-ի կազմակերպիչ անձնակազմի անդամներուն եւ ուսուցիչներուն: Ան պարգեւատրեց Մանուէլ Քէշիշեանն ու Ստեփան Մեսճեանը` «Ովասիս»-ին իրենց 20 տարիներու ծառայութեան համար: Կ. Գալուստ վստահեցուց, որ «Ովասիս»-ը միշտ պիտի մնայ հայաշունչ միջավայր մը հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար, շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն` քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար:

Նախորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ուսուցչական Կազմի Վերամուտը

Յաջորդը

Մանուկը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?