Յօդուածներ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

Երէկ ծննդեան տարեդարձն էր հայկական կերպարուեստին մէջ ճարտարապետական բնանկարի հիմնադիր, ջրաներկի մեծագոյն վարպետներէն` Արշակ Ֆեթվաճեանի: Ֆեթվաճեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը բազմաբնոյթ է` դիմանկարներ, կրօնական եւ կենցաղային ստեղծագործութիւններ, ազգային տարազներով տիպարներ, ինչպէս նաեւ` Հայոց պատմութեան եւ դիցաբանութեան նուիրուած գործեր: Կոստանդնուպոլսոյ Գեղարուեստի կայսերական վարժարանին մէջ (1882-1887) եւ Հռոմի Սան Լուկա ակադեմիային մէջ (1887-1891) մասնագիտական կրթութիւն ստացած արուեստագէտը հետագային ընտրուած է Փարիզի Ջրաներկի միջազգային ընկերութեան...

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ` Նեհմաթ Աունի, 2025 թուականի հոկտեմբերին հոյակապ ծրագիր մը ի գործ դրուեցաւ` «Քաղաքացիութեան դպրոց» անունով, որուն նպատակն էր նոր երիտասարդ սերունդներու ձեւաւորումը` յաջող քաղաքացիներու պատրաստութեան ծիրին մէջ: Այս ծրագիրը մեծապէս գնահատուեցաւ տեղական, կառավարական շրջանակներու կողմէ, ուր ներառուած է նաեւ կրթութեան դերը`  Լիբանանի մէջ լաւ քաղաքացիներ պատրաստելու առումով: Ա. տիկնոջ...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

Միջազգային իրադարձութիւններու եւ աշխարհի քաղաքականութեան մէջ որոշիչ դէմքերու յայտարարութիւններուն հետեւելով`  յաճախ կ՛անդրադառնաս, թէ ո՛վ է, ի՛նչ կրնայ ընել, ի՛նչ ըրած է եւ ինչո՛ւ հասած է այդ դիրքին: Պայման չէ, որ կարողութեան տէր ըլլան: Ոչ ալ պայման է նախապէս ի՛նչ գործ ստանձնած ըլլալը, ինչ պայմաններով այսօր ո՛ւր հասցուցած է իր ստանձնած պարտականութիւնները: Կարեւորը այն է, որ նախագահական կամ վարչապետական պաշտօններու վրայ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Երեւանի Մէջ Կայացած Միջազգային Համաժողովին Փաշինեան Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 17 սեպտեմբեր 2026-ին Երեւանի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմադրողականութիւն» խորագիրով միջազգային համաժողովին, զոր կազմակերպած էր «Կիներ եւ համաշխարհային ապահովութեան ճարտարապետութիւնը» ուղեղային կեդրոնը: Ներկաներու շարքին էին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆինլանտայի դեսպանները: Իր ծաւալուն խօսքին մէջ Փաշինեան հանդէս եկաւ շարք մը յայտարարութիւններով, որոնք կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն` խոստովանելով, որ բազմաթիւ զիջումներու դիմած է` ակնկալելով...

Հայուն Խաչքարը

Շահէին Պատմութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Կեանքում ամէն ինչ կորցնէք` նշանակում է գոյութիւն ունենալուց դադարել, յատկապէս երբ կորցնում ես այն ամէն ինչը, որով դու կազմաւորուել եւ արժէքաւորուել ես (յատկապէս` հոգեկան եւ մտային աշխարհում)» ՇԱՀԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Հայերէն գիրք մը ստացայ: Հայերէն գիրքերը ինծի համար ընդհանրապէս նշանակալից են, բայց այս մէկը յատկապէս շատ հարազատ է, քանի որ Շահէ Տէր Գէորգեանի պատմութիւնն է: Պատմութիւնը` կեանքի...

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները

Նոր Պատերազմի՞, Թէ՞ Նոր Իրականութեան Շեմին

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Շրջանակային համաձայնութիւնը, Հըզպալլայի դիմադրութիւնը, իսրայէլեան անվտանգային գօտին եւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան պատերազմը Լիբանանը կը դնեն տարածաշրջանային վտանգաւոր հանգոյցի մը առջեւ: Լիբանանի հարաւը դարձած է այն կէտը, ուր կը խաչաձեւուին ոչ միայն լիբանանեան եւ իսրայէլեան հակասութիւնները, այլ նաեւ` տարածաշրջանային աւելի լայն մրցակցութիւնները: Շրջանակային համաձայնութիւնը կը նախատեսէ լիբանանեան բանակին կողմէ պետական գերիշխանութեան ընդլայնում, ոչ պետական զինեալ ուժերու զինաթափում եւ, այդ գործընթացին...

Սթափելու Ժամանակը

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Սեպտեմբերի վերջին շաբթուան հայաստանեան իրադարձութիւնները ճոխ են. Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի զեկոյցը եւ քննարկումները Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեան մասին, Հայ եկեղեցւոյ ճգնաժամին մասին կառավարական զեկոյցի հրապարակումը, Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը: Բոլորին մասին մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ: Կ՛ընտրեմ, պարագայաբար, Հայ եկեղեցւոյ «ճգնաժամը»: Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ իր պահանջով ու իրեն ենթակայ հիմնարկի մը կողմէ պատրաստուող զեկոյցին նախագիծը...

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ Մանկավարժ, սփիւռքագէտ Հայաստանի Ազգային ժողովում սեպտեմբերի 15-ի բանավէճը առաջին հայեացքից կարող էր թուալ հերթական կոշտ քաղաքական հակադրութիւն, սակայն իշխանական պատգամաւոր Արման Եղոյեանի ձեւակերպումները հարցը տեղափոխեցին աւելի լայն հարթութիւն` ինչպիսի՞ սահմաններ պէտք է ունենայ քաղաքական պայքարը ժողովրդավարական պետութիւնում: Եղոյեանը յայտարարեց, որ` «Դաշնակցականութիւնը պէտք է մինչեւ արմատները արմատախիլ արուի հայ քաղաքական մտքից», իսկ ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը...

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Մտքիս մէջ չկար հայ ինքնութիւնն ու Հայաստանը իրարմէ անջատել կամ տարբերել: Սակայն ներկան իր սուր պահանջները կը բերէ սեղանին` մեր կամքէն անկախ: Եւ կը հաւատամ, որ բոլորս անկեղծութիւնն ու մանաւանդ բարոյական բարձրութիւնը պարտաւոր ենք ունենալ` շղարշները վերցնելու, աչքերը բանալու եւ լուրջ գնահատականի ենթարկելու մեր առջեւ բացուած իրողութիւնները: Կայ երկու ճանապարհ` խաչմերուկ, ջրբաժան թէ անդունդ: Եթէ ջրբաժան է կամ...

Հաղորդագրութիւն

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

Արարատ լեռը Հայկական Լեռնաշխարհի եւ հայ ազգի հզօրագոյն խորհրդանիշներէն մէկն է: Անիկա իր էութեամբ մաս կը կազմէ հայկական ինքնութեան: Դարերու ընթացքին հանդիսանալով մեր մշակոյթի, գրականութեան եւ հաւատքի անքակտելի մէկ մասը` դարձած է Հայոց պատմութեան վկան: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը հաստատէ, որ Արարատը սոսկ լեռ մը չէ, այլ Հայկական Լեռնաշխարհի հսկան է, որ սահմանէն անդին կանգնած է իբրեւ վկայ` սերունդներուն...

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց միութեան վարչութեան անդամ Սագօ Եագուպեանին հետ, որ պատմեց Արարատ բարձրանալու իր փորձառութեան մասին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արարատ բարձրանալու գաղափարը ինչպէ՞ս ծնաւ, եւ ի՞նչը քեզ մղեց այդ ճամբան բռնելու: ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ.-  Նախ նշեմ, որ այս տարուանը Արարատի գագաթ իմ առաջին բարձրանալս չէր, այլ` երկրորդ: Առաջին անգամ, երբ Արարատ լեռ բարձրացայ,...

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

ՎԱՐԱԳ ՊՈՐՈՅԵԱՆ Փոքր տարիքէս Արարատը ինծի համար եղած է լեռ մը, որ իր սովորական իմաստէն շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցած է: Բազմաթիւ անգամներ լսած եմ տարբեր մարդոցմէ Արարատ բարձրանալու իրենց փորձառութիւններուն եւ յուշերուն մասին: Անոնց պատմութիւններուն մէջ կային դժուարութիւններ, յաղթանակներ, յոգնութիւն, ուրախութիւն եւ զգացումներ, որոնք միշտ հետաքրքրած ու խոր տպաւորութիւն ձգած են վրաս: Այդ պատմութիւնները լսելով` կամաց-կամաց մէջս ալ ձեւաւորուեցաւ...

«… Մեզ Սպասող Լեռներ»

«… Մեզ Սպասող Լեռներ»

ՎԱՀԱԳՆ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ Կեանքի մէջ կան որոշ փորձառութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր իրենց նպատակով: Դէպի Արարատ ուղղուած իմ ճամբաս այդպիսին էր: Անիկա ինծի համար ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան ուղեւորութիւն մըն էր: Արարատին առաջին անգամ մօտենալու պահուն զգացի, որ իմ առջեւս պարզապէս լեռ մը չէր: Կարծես իմ ժողովուրդիս պատմութիւնը կանգնած էր դիմացս: Այնքան ծանօթ էր, հարազատ, բայց միեւնոյն ատեն միշտ անհասանելի եղած էր մինչեւ...

Ապրուած Օրեր.  Ե. Տանիքէ Տանիք

Ապրուած Օրեր. Ե. Տանիքէ Տանիք

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ընթերցողին: «Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր: Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը`...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Նամականի

Յարգելի խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Թերթիդ 12 սեպտեմբեր 2026 թիւին մէջ հաճոյքով կարդացի ՀՅԴ Բիւրոյի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագիր Արտաշէս Շահբազեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը: Վրէժ Արմէն, որ մտաւորականի պատկառելի արժանիքով վարած էր հարցազրոյցը, սապէս, կրցեր է ըստ արժանւոյն լոյսին բերել դաշնակցական մամուլի գաղափարական հանգանակն ու երկար տարիներու անոր ունեցած ներդրումը կուսակցական կեանքի առաւել բիւրեղացման ու գաղափարական աշխարհի աշտարակումին մէջ: Վրէժ Արմէն իր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 35-Ամեակին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Տնօրինութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 20 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ  պատարագին, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արցախի Մէջ Վառելանիւթի Պահեստանոցի Պայթումէն Երեք Տարիներ Ետք Տակաւին Կան Անյայտ Ճակատագիրներ 25 սեպտեմբերին` երեք տարի առաջ, Արցախի վառելանիւթի պահեստանոցին մէջ ողբերգական պայթում տեղի ունեցաւ` պատճառելով 219 զոհեր, 22 անյայտ ճակատագիրներ, բազմաթիւ վիրաւորներ: Արդարեւ, 25 սեպտեմբեր 2023-ին Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից տարածքին մէջ գտնուող վառելանիւթի պահեստի պայթում տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի ռազմական յարձակման եւ Արցախի հայաթափման` ցեղային զտման օրերուն:...

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ֆրանսական կառավարութեան որոշումով կոմս Տամիէն տը Մարթէլ 1933 հոկտեմբերին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Բարձր կոմիսար նշանակուեցաւ, փոխարինելով Հենրի Փոնսոն: Սուրիոյ ներքին քաղաքական լարուած իրավիճակի պայմաններուն տակ վարչապետ Հաքքի Ազմ 16 մարտ 1934-ին հրաժարեցաւ եւ զայն փոխարինեց շէյխ Թաճէտտին Հասանի: Այնթապ նահանգի վալի Ալի Աքիֆ Էյիտողան  27 ապրիլ 1934-ին Հալէպ այցելեց, սահմանային հարցերու շուրջ բանակցութիւններու համար: Բարձր կոմիսարի փոխ...

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ), որ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին (ECOSOC) մէջ խորհրդատուական կարգավիճակ ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, Հայկական իրաւական կեդրոնին (ALC) հետ համագործակցաբար, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որուն կիզակէտը եղան գաղթականներու արդարութիւնը եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան` իրաւունքներու վրայ հիմնուած կայուն լուծման ապահովումը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով արցախահայ կիներու...

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Դիտելով դար մը եւ երեսունվեց տարիներու ժամանակ ընդգրկող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան փառաւոր անցեալը` նոր տեսիլքներով, նոր յանձնառութիւններով եւ անսասան հաւատքով կը դիմաւորենք նաեւ ապագան: Հայ ժողովուրդի հայրենատենչ երկունքէն ծնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր գոյութեան աւելի քան մէկ դարու ընթացքին եղած է ոչ միայն քաղաքական կազմակերպութիւն մը, այլ նաեւ` ազգային-գաղափարական հզօր կառոյց մը, որ իր կազմակերպուած ուժով, հայրենանուէր ու...

Page 5 of 1110 1 … 4 5 6 … 1,110

Արխիւներ