Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1900 թուականին Ասֆուրիէի հիւանդանոցի հիմնադրութենէն մինչեւ նորագոյն զարգացումները, այս գիրքը կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ հոգեբուժութեան հետաքրքրական զարգացումը: Ասֆուրիէի, Տէյր Սալիպի, Տար Աժազայի եւ Ֆանարի մեծ հոգեբուժական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ այնպիսի ականաւոր անհատներու միջոցով, ինչպէս` Թէոֆիլ Վալտմայերը եւ Հենրի Այուպը, այս գիրքը կը խորանայ Մերձաւոր Արեւելքի եզակի բժշկական եւ մարդկային ժառանգութեան մէջ: Պատմական նիւթերու, ռահվիրաներու կենսագրութիւններու եւ հասարակական մարտահրաւէրներու ներկայացումով «Հոգեբուժութեան պատմութիւնը Լիբանանի մէջ» լուսարձակի տակ կ՛առնէ բժշկական նորարարութիւնները եւ ընկերային խնդիրները, որոնք ձեւաւորած են տարածաշրջանին մէջ հոգեբուժական խնամքը: Այս գիրքը կարեւոր աշխատանք կը նկատուի` հասկնալու համար Լիբանանի հիմնական դերը հոգեկան բժշկութեան պատմութեան մէջ եւ անոր երկարատեւ ազդեցութիւնը ժամանակակից կիրարկումներու վրայ:

Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հոգեբուժութեան բաժինի ղեկավար փրոֆ. Սամի Ռիշա լոյս ընծայած է «Հոգեբուժութեան պատմութիւնը Լիբանանի մէջ» ֆրանսերէն գիրքը, ուր ան ներկայացուցած է նաեւ Լիբանանի մէջ գործած հայ հոգեբուժներ` Անդրանիկ Մանուկեանը, Վահէ Բիւզանդեանը, Ժոզեֆ Կիտանեանը եւ Զաւէն Լուռեանը:

Փրոֆ. Սամի Ռիշա Լիբանանի ամէնէն հմուտ հոգեբուժներէն է, հիմնադիրն է Ֆրանսայի Օթել Տիէօ հոգեբուժարանին եւ հեղինակ է հոգեբուժութեան վերաբերեալ շարք մը աշխատութիւններու:

Լիբանանի մէջ առաջին հոգեբուժարանը հիմնուեցաւ 1900-ին, Ասֆուրիէի մէջ: Հետագային հիմնուեցան Տէյր Սալիպի, Տէյր Աժազայի եւ Ֆանարի հոգեբուժարանները:

Գիրքը հարուստ է հոգեբուժութեան վերաբերեալ հետաքրքրական տուեալներով եւ կենսագրականներով: Հեղինակը յատուկ կարեւորութեամբ եւ մանրամասն տուեալներով ներկայացուցած է հոգեբուժութեան զարգացման ընթացքը Լիբանանի մէջ:

Փրոֆ. Սամի Ռիշա կ՛ըսէ, որ Ցեղասպանութենէն ետք հայեր հաստատուեցան Լիբանանի մէջ: Հայ բժիշկներ` Անդրանիկ Մանուկեան, Վահէ Բիւզանդեան, Կարապետ Այվազեան, Ժոզեֆ Կիտանեան, Զաւէն Լուռեան եւ այլք, եղան անուանի հոգեբուժներ եւ կարեւոր ներդրում ունեցան հոգեբուժութեան զարգացման մարզէն ներս:

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ծնած է 1910-ին, Խարբերդ եւ 1921-ին բնակութիւն հաստատած Է Լիբանան: 1935-ին աւարտած է  Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժանմունքը: Երկար տարիներ վարած է մտային եւ ջղային հիւանդութիւններու պետական հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը եւ բժշկական տնօրէնութիւնը: Մահացած է 2003-ին:

Բժիշկ Ժոզեֆ Կիտանեան ծնած է Հալէպ, 1943-ին եւ բժշկութեան վկայական ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն: Մասնագիտացած է Էտինպուրկի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններուն մէջ: Ան երկար տարիներ ծառայած է Ասֆուրիէի հոգեբուժարանին մէջ` իբրեւ գլխաւոր բժիշկ եւ միաժամանակ ունեցած է անձնական բուժարաններ: Մահացած է 2020-ին:

Բժիշկ Զաւէն Լուռեան ծնած է Հալէպ, 1930-ին: Բժշկական կրթութիւնը ստացած է Պելճիքայի մէջ: Բնակութիւն հաստատած է Պէյրութ եւ երկար տարիներ ծառայած է Ասֆուրիէի հոգեբուժարանին մէջ: Մահացած է 2018-ին:

Լիբանանեան բժշկական պատմութեան համար իր կարեւորութիւնը ունեցող այս գիրքը նաեւ հպարտութիւն կը ներշնչէ լիբանանահայութեան, որովհետեւ վերոյիշեալ բժիշկները իրենց ներդրումը ունեցած են լիբանանեան առողջապահական բնագաւառին մէջ եւ իրենց արժանի տեղը գրաւած են այս հատորով:

«Հոգեբուժութեան պատմութիւնը Լիբանանի մէջ» խորագրեալ այս գիրքը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան հասած հայութիւնը իր գիտութեամբ ու կարողութեամբ գործեց Լիբանանի մէջ եւ ծառայեց այս հիւրընկալ երկրին:

 

Նախորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը

Յաջորդը

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.