Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

«Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ
բնակեաց ի մեզ» – «Եւ Բանը
մարմին եղաւ եւ մեր մէջ
բնակեցաւ» (Յովհ. Ա, 14):

Ուոլթերս պատկերասրահ, Աւետարան, թ. 539, 208բ, ծաղկող` Թորոս Ռոսլին, վայր` Հռոմկլա(՞), 1262 թ.

Հայ մամուլի յարգարժան ներկայացուցիչներ, սիրելի՛ հարազատներ եւ բարեկամներ,

Աստուած կը մարդանայ, իր աչքերը լոյսին կը բանայ գոմի մը անհիւրընկալ կիսամութին մէջ, կը փաթթուի խանձարուրով ու կը դրուի յարդէ խշտիքի` մսուրի մը տրտում խոնարհութեան մէջ: Աստուած կը դառնայ պարզ ու սովորական անձ մը` քեզի եւ ինծի պէս: Անըմբռնելի եւ շատերու համար` նոյնիսկ անընդունելի յայտարարութիւն մը: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ… Տիեզերքի եւ միլիառաւոր համաստեղութիւններու, տեւողութեան ու տարածութեան, կեանքի եւ սիրոյ Արարիչը մեր մոլորակին վրայ կը դառնայ պարզ մարդ, կ՛ըլլայ զաւակը խոնարհ ընտանիքի մը, ու կը մտնէ մեր ժամանակի եւ պատմութեան մէջ: Յիսուս Քրիստոս` Աստուած կատարեալ եւ միաժամանակ մարդ կատարեալ:

Ուղղակի ապշած ենք Մարդեղութեան անիմանալի խորհուրդին առջեւ, իսկ ուրիշներ իրենց գլուխը կը շարժեն` գուցէ իրաւացի թերահաւատութեամբ: Արդեօ՞ք մենք` մարդիկս, արարիչ Աստուծոյ տնօրինումներուն ընդամէնը մէկ մասը կը կազմենք: Ի՞նչ ծրագրեր ունինք մենք, եւ ի՞նչ ծրագրեր ունի Աստուած մեզի համար:

Երեմիա մարգարէ աւելի քան 2500 տարի առաջ կը պատգամէ այն, որ լսած է Աստուծմէ.

«Քանզի ձեզի համար միայն ես գիտեմ իմ ծրագրերը, կ՛ըսէ Տէրը, ծրագիր մը` փրկութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ եւ յոյս մը տալու» (Եր. ԻԹ, 11):

Աստուած յոյս կը շնորհէ մեզի, փրկութեան երաշխիք` զայն աւետելու նաեւ մեր հարազատ շրջապատին եւ ուրիշներուն: Յոյս, որ կ՛առաջնորդէ մեզ մեր անորոշութեան, փորձութիւններուն եւ անկումներուն ընդմէջէն: Ան կ՛ամրապնդէ մեր վստահութիւնը, կը զօրացնէ հաւատքը եւ մեր աչքերը կը բանայ ապագայի լոյսին դիմաց:

Սուրբծննդեան տօնը յոյսի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անընդմիջելի մերձակայութեան երաշխիքն է: Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով երաշխաւորուած այս պարգեւը մի՛շտ կը շնորհուի մեզի, նաեւ` այս նոր տարիին եւ հետագայ բոլոր ժամանակներուն:

Ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն սրտանց կը մաղթեմ լոյսով եւ տիրախնամ օրհնութեամբ օծուն Ս. Ծնունդ, նաեւ` շնորհաբեր Նոր տարի մը, որ ձեզ առաջնորդէ` խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ եւ առլցուն ստեղծագործ ձեռքբերումներով:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յատնութիւնն Քրիստոսի:

Մնամ ձերդ սիրալիր եւ ջերմ ողջունիւ`

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ժընեւ, 24 դեկտեմբեր 2025
Սրբոցն Դաւթի Մարգարէին

եւ Յակովբայ Տեառնեղբայր առաքելոյն

 

 

Նախորդը

«Տէ՛ր, Ողորմեա՛»-ն Ըրի՞ն…

Յաջորդը

Խաւարէն Դէպի Լոյս

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

«Տէ՛ր, Ողորմեա՛»-ն Ըրի՞ն…

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.