Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճգնաժամ

January 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկիր, ցաւդ
պղտորած է ներաշխարհս,
թոյլ չի տար որ կեդրոնանամ կամ մտածեմ
ձգտումներուս կամ հարցերուս
մասին բազում:
Կը կասկածիմ քաղաքական
ամէն քայլի մասին առկայ,
ամէն կնքուած, բայց անորոշ հռչակագրի …
Կը սողոսկի պատուհանէն
գիշերը մութ` պարուրելու
զիս մեղմօրէն:
Կը կորսուի կարծես անդարձ
ամէն պայծառ նշոյլ յոյսի,
եւ անձկութեամբ կը տուայտիմ:
Կարծես վերը,
տարածութեան մէջ անհունի
Ծիր Կաթինը կը քայքայուի,
Սեւ խոռոչ մը կը ներքաշէ
փայլուն աստղեր, մոլորակները կենդանի.
երազներս կը վերածուին մղձաւանջի:

Երկիր անտէր,
քու ստացած
հարուածներուդ դէմ կարեվէր`
տխրութիւն մը համատարած
կը սողոսկի ջիղերուս, եւ
կը տագնապիմ,
որ ցաւէս զատ, տառապանքէս,
այս չարաղէտ ճգնաժամին`
ոչինչ ունիմ մատուցելու,
միայն բառեր կու տամ քեզի,
մինչ շարժումը, հաւաքական
պայքարն անդուլ,
թերեւս քեզ կրնան փրկել
այս հողմերէն ամենակուլ,
կորուստներէն անդառնալի:

Մեծ Աղէտէն, ցեղասպանի
մահասարսուռ քայլէն առաջ,
սեւ ու կարմիր վարագոյրը դեռ չփակուած,
Սիամանթոն, պատռած տաղերը անձնական
արհաւիրքդ կ՛երգէր անդուլ:
Վարուժանը ուժը կ՛երգէր,
գեղեցկութիւնը հեթանոս,
կը հաւատար
վարդահեղեղ արշալոյսիդ,
իսկ ես ահա`
համեստ վկան ժամանակիդ,
քեզ հարուածող
արնահեղեղ օրերէն ետք
մայրամուտէն
նոր աղէտը կ՛աղաղակեմ
թմբիրի մէջ ընկողմանած,
արուեստագէտ Յակոբեանի
մէկ պաստառէն դուրս սպրդած,
տարազ հագին, սակայն արդէն
առանց դէմքի կամ մարմինի խլեակներուն,
որոնց քուէն, ծափերը սին
կը վտանգեն հողը անգին:

Անոնք այնքան արագօրէն
կ՛ուզեն մոռնալ
թշնամիին հարուածները անագորոյն,
մինչ անցեալը` կոտտացող վէրք
դեռ չէ փակուած ու կ՛արիւնի,

եւ խօսքերս կը վերածուին
ձայն բարբառոյ յանապատի:

Օգոստոս,  2025 

 

 

Նախորդը

Անձնագիր

Յաջորդը

2026 Թուականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.