Յաճախ կը յիշեմ լուսարձակներէ եւ խօսափողներէ հեռու հայրենասէր հայ «Հայաստաններ»-ու ժառանգութեան տիրոջ գիտակցութեամբ ապրող եւ գործող ՀԱՅ ակադեմիկոսի մը երկտողին մէջ արձանագրուած այն միտքը, որ` «Մենք ալ մեր մեղքի բաժինը ունենք»: «Մեղք»` ինչ կը վերաբերի մեր պարտութիւններուն, նահանջներուն, ձախողութիւններուն, լքումներուն:
Այս «ինքնաքննադատական «բիրտ վճիռ»-ին մասին շատ կը մտածեմ, յաճախ կը յիշեմ, ամէն առիթով կը յիշեցնեմ եւ կը կրկնեմ: Բայց հին ախտերը չեն բուժուիր, եւ կ՛ընենք այնպէս, որ մեր նահանջներու եւ պարտութիւններու պատճառներուն մէջ շարունակենք մենք մեր բաժինը ունենալ:
«Մե՞նք»-ը` ես, դուն, ան: Մտածել` առանց ինքնարդարացման ճապկումներու:
«Մենք ալ մեր մեղքի բաժինը ունենք»… Այս հասկնալու իրատեսական յանդգնութիւնը երբեմն կ՛ունենա՞նք` հրաժարելով մեր ամենագէտի ժառանգուած եւ ինքնաշնորհուած իրաւունքներէն:
Եթէ դադրէինք ըսելէ` «միւսը», «միւսներ»-ը, մօտաւորը կամ հեռաւորը, օտարը, թշնամին, թշնամիէն չտարբերող բարեկամները, փորձէինք «ես»-ական փոխմեղադրանքներէ հրաժարիլ եւ իրատեսութեամբ տեսնել նախ «մեր մեղքեր»-ը, զայն ախտորոշել եւ իմաստութեամբ վերացնել հոգեբարոյական վարակները, այդ կ՛ըլլար հայուն իրաւ հոգեբարոյական յեղափոխութիւնը: Ի հարկէ եթէ այդ ընելու իրաւ հայրենասիրական եւ ազգասիրական առաքինութիւն ունենայինք:
Հայ ակադեմիկոսին խօսքը ազգի, նահանջներու, պայքարներու եւ պարտութիւններու մէջ մեր ունեցած պատասխանատուութեան, դերի եւ թերացումներու մասին է: Ի հարկէ Հայաստան, նաեւ` սփիւռք(ներ): Պարզին վսեմութեամբ, ան ըսած է` «Մեր մեղքի բաժինը ունենք»: Եթէ կարենայինք, առանց ինքնահաճոյակատարական խօսքի ճապկումներու, տեսնել «մեր «մեղքի բաժին»-ները եւ ըստ այնմ գործել, ազգին խնայած կ՛ըլլայինք անփառունակ պարտութիւններ եւ նահանջներ, կը դադրէինք զանոնք խօսափողի աղմուկով եւ մամուլի մելանով շպարելէ, ազգի ճշմարիտին կը ծառայէինք:
Զանազան բնոյթի մեծ ու պզտիկ անհամար ժողովներ կը գումարենք, կը վերսկսինք, օրակարգ, օդանաւ եւ վայր կը փոխենք: Լրատուամիջոցները կը գրեն անոնց մասին: Թեր ու դէմ: Անկասկած աւազախրումէ դուրս գալու ցանկութիւններ կան, կ՛ենթադրեմ, որ կան, բայց անոնք կը յանգին ներազգային բազմաբնոյթ եւ կրկնուող պատնէշներու մէկ կողմէն միւսին ուղղուած քննադատութիւններու: Այնքա՜ն բազմաթիւ են այդ «կողմ»-երը, իւրաքանչիւրը նաեւ բազմապատիկ` ինքնիր մէջ, հիներ եւ նորեր: Ամէնքն ալ իրաւունք ունին, կը յաւակնին ճիշդ ըլլալ, ճիշդ դատել, մի՛շտ միւսը դատապարտելով, այնպէս, որ ո՛չ իրաւունք եւ ո՛չ ալ իրատեսութիւն կը մնան մեր տեսադաշտին եւ գործին մէջ:
Հրաշք պահու մը պիտի ունենա՞նք իմաստուններու «սաւառնող եւ լսուող» խորհուրդ մը, որ ըսէ, թէ ինչո՞ւ կը գումարենք պարտութիւնները, ճշդէ պատճառները` առանց զանց առնելու «մեր մեղքի բաժինը», «մեր»-ը հասկնալ իւրաքանչիւրի ըմբռնումով, յոգնակի, այն ատեն թերեւս կարելի կ՛ըլլայ քայլ մը նետել դէպի վերանորոգում, թերեւս` վերականգնիլ: Ինչո՞ւ չսկսիլ մեր «յոգնակի մեղքեր»-ու անսեթեւեթ ախտորոշումով եւ քննութեամբ` առանց ինքնարդարացման համար մեզմէ դուրս քաւութեան նոխազներ փնտռելու: Այս կ՛ըլլայ յառաջդիմութեան սկիզբ:
Ընկերային, քաղաքական, մշակութային, լեզուական եւ այլ մարզերու մէջ պարտութիւններու եւ նահանջներու մէջ «մեր մեղքի բաժին»-ները մէկ առ մէկ պէտք է առանձնացնել` մարգարէական լուծումներու մասին թեր ու դէմ կարծիքներ տալէ եւ թաղէն անդին չլսուող աղմուկ ստեղծելէ առաջ: Կրնա՞նք: Ունի՞նք կեղծէ, կիրքէ եւ «եսեր»-է սրբուած այդ իմաստութիւնը եւ անխարդախ ազգային որակը:
Բնականը եւ ողջմտութիւնը չեն թելադրած ներհայկական թեր ու դէմ առատաբանութիւնները, այլ` ԵՍ-ը, որ կը յայտնուի անվիճելի ճշմարտութեան եւ կողմնապաշտութիւններու գլխարկներու տակ, այսօր, ինչպէս երէկ, հոս եւ այլուր:
Ինչո՞ւ կը պարտուինք, ինչո՞ւ հող, երկիր, անկախութիւն կորսնցուցած ենք եւ կը շարունակենք ընթանալ նոյն քարքարուտ ճանապարհներով:
Յաւակնութիւնը չունիմ թուելու այն ինչ որ կայ «մեր մեղքի բաժին»-ին մէջ, քանի որ այդ խիստ ենթակայական կրնայ ըլլալ: Իսկ «մեր» «ենթակայական»-ը բազմաշերտ եւ բազմագոյն է, որուն հետեւանքը եղած է այն, որ առարկայականը ինքզինք բացասականութիւններով աճեցուցած է եւ դարձած է շահախնդրական ենթակայականի խրձիկ: Իսկ շահախնդրականները, անոնք ըլլան մեծ թէ պզտիկ, ընկերութեան բուրգին ստորոտէն մինչեւ կարծեցեալ գագաթը, բազմաթիւ են, զանոնք կը տեսնենք կամ չենք տեսներ, ըստ պատնէշի այս կամ այն կողմը մեր «զբաղեցուցած» դիրքին:
Անցեալի եւ ներկայի մեր մեծ ու պզտիկ սխալները եւ «մեղք»-երը իրաւ իրատեսութեամբ չենք քննած եւ չենք քննադատած, որպէսզի զանոնք վերացնելու նախաձեռնենք: «Հեղինակութիւններ» ծնունդ առած են շահախնդրութիւններու եւ փառասիրութիւններու աղբիւրին վրայ: Մի ոմն, յայտնի անձէ մը սերած ըլլալու իրաւունքով, յայտարարած էր, որ` «Ղեկավար ըլլալու համար ղեկավար ընտանիքի մէջ պէտք է ծնած ըլլալ», այս (չ)իմաստութեամբ առաջնորդուողներ եղած են եւ կան մեր ժողովուրդին մէջ, երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս, ուր ազգ ըլլալ կը փորձենք «համայնք» խաղալով: Ուրիշ մը կարեւոր անձ ըլլալու համար բեմ բարձրացած է` եւ ուրիշին գրած «ճառը» կարդացած», կարեւորութիւնը ժառանգական դարձնելու համար իր զաւակն ալ բեմ հանած է «լատինատառ հայերէն» գրուած ճառով, միամտացած ամբոխը հաւատացած է եւ երբեմն ալ` այսինչին կամ այնինչին ըսած, որ «դուն քեզ գերեզանցեցիր»… Նպատակ, կարողութիւն, անկեղծութիւն, ինչպէս հանրածանօթ մը ըսաւ, որ ամէն տեսակի մանրուք ծալած եւ վրան նստած է: Հասկնալ` «որ ես եմ իրաւունք եւ ճշմարտութիւն, ինչպէս «աստուածային իրաւունքով», de droit divin, իշխող ժառանգական թագաւորները, իրենց աւատապետական հպատակներով:
Նորարար բանաստեղծ մը ըսած է` «Կարմիր գլխարկ մը դրի հին բառարանին» (Վիքթոր Հիւկօ): Փակուղիէն դուրս գալու համար պիտի ունենա՞նք իրաւ յայտնատեսութիւն` մեր խօսքին եւ գործին «կարմիր գլխարկ» դնելու, փոխանակ անհրապոյր բառերով պճնուելու:
«Մեր մեղքի բաժինը» գիտնալ` մեր ժողովուրդի ներկային մէջ, կ՛ըլլայ ինքնամաքրման յեղափոխութիւն: Յոյն փիլիսոփաները կ՛ըսէին` catharsis…
Պէտք է գիտակցիլ, որ վաղը ուշ պիտի ըլլայ այդ ընելու համար:
Ինչո՞ւ չխօսիլ անմիջական ներկային մէջ մեր ունեցած եւ կրկնուող «մեր մեղքի բաժին»-ներուն մասին` Վիքթոր Հիւկոյի «Կարմիր գլխարկ»-ը դնելով մեր լսուող եւ չլսուող ինքնաբաւութեան եւ թշնամին մեր մէջ փնտռող հին-նոր խօսքերու ախտին վրայ: Ի հարկէ` ամէնուրեք, ուր հայեր կան, անոնք ըլլան «երեւելի»-ներ թէ ժողովուրդ:
Մեր վերականգնումի յեղափոխութիւնը կը յաջողի, երբ հաւաքական իմաստութեամբ մեր ունեցած յանցանքի բաժին ախտէն բուժուինք: Օտարը եւ թշնամին պիտի չբուժեն մեզ: Պիտի չբուժուինք, եթէ մենք մեզ չբուժենք: Կը հրաժարի՞նք յաւելեալ իրաւունքի դատարկ փառասիրութիւններէ, կ՛ունենա՞նք յաւելեալ պարտքի գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն` ընելով այնպէս, որ պատմութեան օղակ փոխելու պահուն հայը` որպէս իրաւատէր ազգ, բացակայ չըլլայ: Ինչպէ՞ս բացակայ պիտի չըլլանք, երբ կը խլանանք մեզ զիրար չլսելու դատապարտող աղմուկին մէջ, խաղ, որ դուռ, պատուհան եւ սահման չունի:
Բացակայ չըլլալու պայքարը հայուն քաղաքական-գաղափարական միտքի հորիզոնը եթէ չէ, եթէ չըլլայ, հայ եւ հայութիւն կ՛ըլլան անցեալ: Եւ վե՛րջ: Ոմանք պիտի պահեն յուշեր եւ յիշատակներ, ինչպէս որ են Անիի համր եւ անտէր մեծղի պարիսպները, ինչպէս` ինքնարդարացումներու մեծ ու պզտիկ ճապկումները:
«Մեր մեղքի բաժինը»…
Կը պատահի՞, որ մենք մեզի եւ իրարու հարց տանք, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեղք կը գործենք, գործած ենք, եւ պատասխանել առանց հաճոյակատարութեան: Իմաստասէր Կարլ Եասբերզ ըսած է, որ` «Հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները»:
Նախ հետեւելով ակադեմիկոսի խօսքին` կրկնենք, որ մենք «Մենք մեր մեղքի բաժինը ունենք»… Եւ փորձենք սահմանել, թէ ո՞ր մեղքի, ո՞ր մեղքերու, առանց բարձի թողի ընելու ՄԵՆՔ-ը, կրկնելով ան ես է, դուն է, ան է…
Բազում ամպագոռգոռ անուններով խորհրդաժողովներէն-սեմինարներէն մէկն ալ ինչո՞ւ չգումարել այս հարցով… Կը վախնա՞նք, որ եթէ այդ ընենք, աթոռ-աթոռակ, խօսափող եւ «եթերի ազատութիւն» կը կորսնցնենք:
«Մեր մեղքի բաժին»-ին մասին կը խօսէի անտիտղոս հայ աշխատաւոր մարդու հետ, ան ըսաւ, որ` «Մեր մեղքը այն է, որ մենք կ՛ըսենք փող, երբ թուրքը ըսած է եւ կ՛ըսէ հող»… որ հողը չի տրուիր, կ՛առնուի, եւ թրքերէնով աւելցուց` «թոփրաք վերիլմէզ, ալընըր» (հողը չի տրուիր, կ՛առնուի)… Խօսակիցս կիլիկեցի հայ մըն էր:
Մտածե՛լ «ՓՈՂԻ եւ ՀՈՂ»-ի մասին…
Կ՛երգենք, կը պարենք, խօսափողի առջեւ կը շորորանք, բայց մոռցած ենք Խրիմեան Հայրիկի մեծ պատգամը` Թոռնիկին, որ` «Հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, անհող չմնաս»… Խրիմեան չէ պատգամած անփող չմնաս, պատգամած է անհող չմնաս… Ի դէպ, ո՞վ է այդ Խրիմեանը, որ ըսած է հող, չէ ըսած` փող…
31 դեկտեմբեր 2025, Փարիզ



