ՍԱՐԳԻՍ ՔԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Անուն –
Միայն մօրս ձայնին վայել:
Մականուն –
Անտես պորտալար, որ զիս կը կապէ հօրս հետ:
Հօր անուն –
Հեղում:
Մօր անուն –
Երկունք:
Ծննդեան թուական –
Երբ լոյսը քիչ էր, բայց տառապանքը` շատ:
Ծննդավայր –
Որտեղ մեռածներ ամէն բան կապոյտ կը տեսնեն:
Քաղաքացիութիւն –
Երկիր մը, որտեղ անձդ միշտ կասկածելի է:
Աչքերու գոյն –
Լուսամուտէն ներս մնացած երկինք:
Յատկանշուած նշաններ –
Ուս մը` միշտ բարձր,
պատրաստ բեռին,
որ չկրեց:
ՍԱՐԳԻՍ ՔԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ


