Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի 2025 թուականի աւարտին առիթով յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով անցնող տարուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, նշեց, որ մեծ պետութիւնները իրենց ծրագրաւորումը կը կատարեն տասնեակ տարիներ առաջ, ընդգծելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ պարզուած այսօրուան պատկերը պատահական չէ, այլ նախապատրաստուած է` երեք իրականութիւններու վրայ հիմնուած. այդ իրականութիւններն են` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հենրի Քիսինճըրի պատրաստած Միջին Արեւելքի բաժանման ծրագիրը, երկրորդը` Քոնտոլիզա Ռայսի մշակած Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը, իսկ երրորդը` թրքական ծրագրումը, որն է օսմանեան կայսրութեան իրենց երազին վերադարձը` գէթ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կը փափաքին պարտադրել քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական հովանաւորութիւն:

Համբերող ու յոյսով պէտք է ըլլանք, որ որոշ դրական բարեփոխումներ կրնան կատարուիլ զէնքի լեզուի կիրարկումէն հեռու, եւ ասիկա շատ կարեւոր է: Մենք միշտ ըսած ենք, որ Լիբանանի մէջ հարցերը երկխօսութեամբ պէտք է լուծել, եւ տակաւին այդ մէկը կը պնդենք:

Ան յայտնեց. «Այս բոլորին կը միանայ իսրայէլեան սիոնական գաղափարաբանութիւնը: Այսօր փաստօրէն Իսրայէլ միահեծան կերպով եւ առանց որեւէ արգելքի կը շարունակէ իր օրակարգերը կիրարկել, Կազայի շրջանը ամբողջութեամբ քանդուած է, երկու պետութիւն գաղափարի իրագործումը ոչ միայն մօտալուտ չէ, այլ գրեթէ ոչնչացած է, որովհետեւ կարելի չէ երկու պետութիւն ստեղծել, երբ անոնցմէ մէկը քարուքանդ է, եւ անոր ժողովուրդը հեռացած` իր հողամասէն: Ընդհակառակն, Իսրայէլի ղեկավարները կ՛ըսեն, որ այդ ծրագիրը իրենց համար փակուած է, ուստի եւ կ՛առաջադրեն նոր ծրագիրներ` Սուրիոյ մասնատում եւ Լիբանանի բռնագրաւում, հասնելով մինչեւ Իրաք:

«Բնականաբար Իսրայէլի ձգտումները միայն Միջին Արեւելքի համար չեն, այլ նաեւ կը ներառեն Կովկասը: Որքան ալ Թուրքիան փորձէ ուրանալ այդ իրողութիւնը, սակայն Իսրայէլ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ կը գործակցի եւ կը շարունակէ պահել անոնց հետ ունեցած իր ռազմավարական դաշինքները»:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս իրականութեան զուգահեռ, Միջին Արեւելքի մէջ վկայեցինք Կազայի պատերազմը, Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը` կայծակնային արագութեամբ եւ անսպասելի կերպով, «այս կը նշանակէ, թէ ծրագրաւորումը կատարուած էր բաւական առաջ, մանաւանդ երբ իշխանութիւնը ստանձնեցին միջազգային ընտանիքին կողմէ նախապէս մերժուած դէմքեր, որոնց նկատմամբ, սակայն, միջազգային կեցուածքը փոխուեցաւ, եւ անոնք ընդունելի դարձան ամբողջ աշխարհին կողմէ», յայտնեց ան:

Նահատակութիւնը ձգտում չէ: Նահատակութիւնը ինքնապաշտպանութիւն է, ինքնութեան ու լինելիութեան պաշտպանութիւն է, երբ վտանգը կը սպառնայ: Ինքնապաշտպանութիւն չկատարելը ինքնին պարտութիւն է:

Բագրատունի ընդգծեց, որ ամէնէն աւելի տառապեցաւ Լիբանանը, պատերազմը դադրելով հանդերձ, Լիբանանի դէմ յարձակումները շարունակուեցան եւ կը շարունակուին օրական դրութեամբ: «Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ անոր գործադրութեան մասին զինադուլի համաձայնութիւնը փաստօրէն չի գործադրուիր Իսրայէլի կողմէ, որուն ղեկավարութիւնը բացայայտ կերպով այդ համաձայնութիւնը կ՛որակէ անարժէք թուղթ մը: Իսրայէլի ղեկավարութիւնը կը յայտարարէ, որ իր նպատակը ոչ միայն Դիմադրութիւնը զինաթափ ընելն է, այլ` ապազինել որեւէ ուժ, որ վտանգ կը սպառնայ Իսրայէլին, նոյնիսկ եթէ անիկա լիբանանեան բանակն է: Նոյն քայլերը որդեգրուեցան Սուրիոյ մէջ, երբ իշխանափոխութիւն կատարուեցաւ, Իսրայէլը անմիջապէս ցամաքային ներխուժում կատարեց եւ հարուածեց սուրիական բանակի զինուորական կեդրոններն ու զինամթերքը` ապագային հաւանական որեւէ յարձակում կատարելու կարողութիւն քանդելու նպատակով: Մեծապետական քաղաքականութեան «լաւագոյն» դրսեւորումն է այս իրավիճակը, որուն վրայ կ՛աւելնան նաեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահին քաղաքականութիւնը եւ հետապնդած տնտեսական շահերը: «Այն խաղաղութիւնը, որուն մասին կը խօսի Միացեալ Նահանգներու նախագահը, արեամբ իրականացած խաղաղութիւն մըն է, եթէ զայն խաղաղութիւն պիտի կոչենք», աւելցուց ան:

«Հայաստանի իշխանութիւնները ստապատիր կերպով կը փորձեն խաբել ժողովուրդը` զայն դնելով երկընտրանքի դիմաց. կա՛մ ձեր զաւակները կը նահատակուին, եւ կա՛մ խաղաղութիւն կ՛ունենաք»:

Պատասխանելով «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի «Նոր Լիբանան»-ի ծնունդին մասին հարցումին` Բագրատունի նշեց. «Նախագահական աթոռի երկարատեւ թափուր մնալէն ետք, Լիբանանի խորհրդարանը 9 յունուարին նախագահ ընտրեց բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն նաեւ զօրակցեցան ՀՅԴ-ն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որմէ ետք վարչապետ նշանակուեցաւ Նաուաֆ Սալամը, որուն զօրակցեցանք նաեւ մենք, եւ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն, որ այնպէս կազմուեցաւ, որ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ հեռու ըլլայ»:

«Այո՛, մենք այսօր կանգնած ենք կերտումին առջեւ նոր Լիբանանի, որ սակայն պէտք է հիմնուի Լիբանանի բաղկացուցիչ համայնքներու եւ քաղաքական ուժերու ներկայ կացութեան վրայ», ըսաւ ան` ընդգծելով սակայն, որ Լիբանանը կղզի մը չէ, ուր նոր պետութիւն պիտի կազմուի, այլ անիկա իր խոր արմատները ունեցող երկիր մըն է, ուր բոլորովին նոր հասկացողութեամբ պետութիւն կերտելը այնքան ալ դիւրին աշխատանք մը կրնայ չըլլալ:

«Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, բնականոնացում չէ, այլ պարտադրուած ընդունում` Հայաստանի այլասերման, որ կը կատարուի նաեւ դէպի թրքացում առաջնորդելով: Այսպէս մնալը անձնասպանութիւն է»:

«Միշտ ալ, երբ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրուած է եւ` նոր կառավարութիւն կազմուած,  ակնկալութիւնները բարձր եղած են, եւ գործակցութեան կամեցողութիւնը` առկայ, սակայն երկու իշխանութիւններն ալ անպայմանօրէն ներքաշուած են լիբանանեան ներքին հարցերու մէջ, որոնք բազմազան են: Այս փուլին հիմնական հարցը Դիմադրութեան զինաթափումն է, որ կը պարտադրուի Լիբանանէն շահեր եւ միաժամանակ Լիբանանի վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներուն կողմէ: Այդ պետութիւնները,  սակայն, կը մոռնան, որ կարեւորագոյնը կը մնայ լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան անդորրութիւնը, ինչպէս նաեւ` լիբանանցի ժողովուրդին բարօրութիւնը, բարեկարգումներու գործադրութիւնը եւ առօրեայ տագնապներու լուծումը», շեշտեց ան:

«Համբերող ու յոյսով պէտք է ըլլանք, որ որոշ դրական բարեփոխումներ կրնան կատարուիլ զէնքի լեզուի կիրարկումէն հեռու, եւ ասիկա շատ կարեւոր է: Մենք միշտ ըսած ենք, որ Լիբանանի մէջ հարցերը երկխօսութեամբ պէտք է լուծել, եւ տակաւին այդ մէկը կը պնդենք, հակառակ անոր որ քաղաքական կարգ մը այլ ուժեր անհրաժեշտ կը գտնեն այդ երկխօսութիւնը կատարել նոր խորհրդարանի մը կազմութենէն ետք` հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ: Սակայն այսօր երկիրը կը գտնուի գերիշխանութեան լուրջ խնդիրի առջեւ», նշեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը:

«Հարուածել եկեղեցին, մշակոյթը, լեզուն, գրականութիւնը, հեղինակութիւնները` յանուն արդիականութեան, թափանցիկութեան եւ արտառոց ու այլանդակ գաղափարներու տարածման: Դժբախտաբար այս է, որ կը կատարուի»:

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այսօր Լիբանան  այդ փուլին մէջ չի գտնուիր, առաւելագոյնը, որուն կարելի է յանգիլ, զինուորական գործողութիւններու դադրեցումն է, եւ զինուորական շրջագիծին մէջ գործակցութիւնն է, որ պէտք է կատարուի միջազգային ուժերու երաշխաւորութեամբ: Դժբախտաբար այդ երաշխաւորութիւնը Իսրայէլի համար ոչինչ կը նշանակէ, որովհետեւ անոր արարքներով ոտնակոխ եղած են ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան բոլոր սկզբունքներ: Մենք դէպի նոր աշխարհ երթալու փուլին մէջ ենք, եւ հոն տնտեսական առաջնահերթութիւնները կը ստեղծեն այնպիսի խաղաղութիւն մը, որ շատ աւելի վայրագ պատերազմ է, յատկապէս` փոքր պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար»:

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարելու մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին` նկատել տալով, որ այդ ընտրութիւնները քանի մը ամսուան թեքնիք յետաձգումէ ետք կրնան կատարուիլ: «Կայ այն մտավախութիւնը, որ ընտրութիւնները մէկ կամ երկու տարիով յետաձգուին, սակայն կարեւոր է, որ Լիբանան կարենայ ժողովրդավարական եւ սահմանադրական իր սկզբունքները գործադրել, եւ ընտրութիւնները կատարուին», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան` Բագրատունի յայտնեց. «Խոստացուած խաղաղութիւնը, անհեռանկար խաղաղութիւնը եթէ 115 տարի առաջ ընդունէինք, փաստօրէն Ցեղասպանութիւնը կրնար կատարուած չըլլալ, իսկ մենք թրքացած կ՛ըլլայինք: Ոչ ոք դէմ է խաղաղութեան, ոչ ոք կը փափաքի արիւնահոսութիւն տեսնել, կամ` իր եղբայրը, հայրը, զաւակը պատերազմի դաշտ ղրկել նահատակուելու համար: Նահատակութիւնը զբաղում չէ, նահատակութիւնը ձգտում չէ: Նահատակութիւնը ինքնապաշտպանութիւն է, ինքնութեան ու լինելիութեան պաշտպանութիւն է, երբ վտանգը կը սպառնայ: Ինքնապաշտպանութիւն չկատարելը ինքնին պարտութիւն է:

«Այսօր Հայաստանի իշխող խումբը խաղաղութեան օրակարգը հրապարակ կը նետէ պարզապէս իր ձախողութիւնները քողարկելու համար: Հայաստանի իշխանութիւնները ստապատիր կերպով կը փորձեն խաբել ժողովուրդը` զայն դնելով երկընտրանքի դիմաց. կա՛մ ձեր զաւակները կը նահատակուին, եւ կա՛մ խաղաղութիւն կ՛ունենաք», նշեց Բագրատունի:

«Այսօրուան իրականութիւնը թերեւս Ցեղասպանութենէն ետք մեր ամէնէն դժբախտ ու վտանգալից ժամանակաշրջանն է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ ենթակայ է թրքական ու ազրպէյճանական որոշումներու», ըսաւ ան:

«Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, բնականոնացում չէ, այլ պարտադրուած ընդունում` Հայաստանի այլասերման, որ կը կատարուի նաեւ դէպի թրքացում առաջնորդելով: Այսպէս մնալը անձնասպանութիւն է», շեշտեց Բագրատունի:

Ան նշեց, որ Արցախը յանձնուեցաւ թշնամիին, Արցախի ժողովուրդը բռնագաղթի ենթարկուեցաւ, անոնց ապագային մասին ի՞նչ կը խոստացուի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ, անյստակ է: «Պաքուի մէջ կալանաւորուած եւ անարդար դատավարութիւններու ենթարկուող ռազմագերիներուն մասին Հայաստանի իշխանութիւնները ոչինչ կը կատարեն: Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ կ՛առնեն, Արարատէն սկսեալ` մեր բոլոր սրբութիւնները եւ ժողովուրդին կողմէ պահպանուած բոլոր խորհրդանիշները ծաղրանքի կ՛ենթարկուին, Հայոց պատմութիւնը կը վերածուի Հայաստանի պատմութեան, հայոց բանակը կը վերածուի ԱԱԾ-ին կողքին գործող պաշտպանութեան ուժերու` ի սպաս ներկայ իշխանութիւններու ծառայութեան: Հայ եկեղեցին ահաւոր հարուած կը ստանայ, հայկական արժէքները կը քանդուին, օտարին այլանդակութիւնները կ՛որդեգրենք յանուն խաղաղութեան: Նման խաղաղութիւն հայուն համար ընդունելի չի կրնար ըլլալ, սուտն ու կեղծիքը չափ ու սահման ունին, ժողովրդահաճոյ բառամթերքով եւ անհեթեթ, անիմաստ ու անմակարդակ կեցուածքներ են, որոնք կը խաբեն ժողովուրդին մէկ մասը` իրենք զիրենք վերարտադրելու նպատակով», ըսաւ ան:

Պաքուի մէջ կալանաւորուած լիբանանահայ քաղաքացի Վիգէն Էօլճէքեանի եւ անոր ազատ արձակման հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ դժբախտաբար չկայ հաւանականութիւն, որ ան ազատ արձակուի:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր ոգի ի բռին լծուած է Էջմիածինի կաթողիկոսութեան պաշտպանութեան, այնպէս` ինչպէս պատմականօրէն ՀՅԴ-ն լծուած էր եւ կը շարունակէ մնալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողքին:

«Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին հետ ունեցած վերջին հանդիպումիս Վիգէնի հարցը քննարկեցինք. ան հաստատեց, որ Լիբանանի իշխանութիւնները ամէն ինչ կը կատարեն անոր ազատ արձակման ի խնդիր, սակայն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ այդ հարցը Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հետապնդեն: Մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքը, սակայն Հայաստանի պետութիւնը պէտք է հետապնդէ այս հարցը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած արշաւին` ան ըսաւ. «ՀՅԴ-ի համար, ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, եկեղեցին եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական պաշտպանը, պետութիւն եղած է պետութեան բացակայութեան, մշակոյթ եղած է մշակութային կառոյցներու բացակայութեան: Մեր ազգի պահպանումի ողնայարը եղած է: Ուստի ինչպէ՞ս կարելի է մտածել, որ այսօր մենք կրնանք վայրկեան մը իսկ տատամսիլ եկեղեցւոյ պաշտպան չկանգնելու: Խնդիրը Էջմիածինի աթոռը, Կիլիկիոյ աթոռը, Երուսաղէմի կամ Պոլսոյ պատրիարքութիւնները չեն, այլ ազգային մեր արժէքային համակարգն է»:

«Ինչո՞ւ Դաշնակցութեան դէմ այս հալածանքը: Եթէ ՀՅԴ ուժ չէ, կամք չէ եւ գաղափար չէ, ինչո՞ւ այս բոլոր քայլերուն ձեռնարկել: Ձգեցէ՛ք զայն, թող անձնասպան ըլլայ: Եթէ ոչնչութիւն է ՀՅԴ-ն, եթէ սփիւռքի մէջ արժէք չի ներկայացներ, ձգեցէ՛ք զայն: Ինչո՞ւ հալածել, ի՞նչ է այս համատարած հալածանքը»:

Ան ըսաւ, որ ազգի մը ինքնուրոյնութիւնը եւ կամքը հարուածելու, անոր ազգային ջիղը տկարացնելու, անոր ազգային պատկանելիութեան զգացումը քանդելու առաջին միջոցը արժէքները հարուածելն է: «Հարուածել եկեղեցին, մշակոյթը, լեզուն, գրականութիւնը, հեղինակութիւնները` յանուն արդիականութեան, թափանցիկութեան եւ արտառոց ու այլանդակ գաղափարներու տարածման: Դժբախտաբար այս է, որ կը կատարուի», աւելցուց ան:

«Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները համահայկական արժէքներ են: Մեզի համար Էջմիածինը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները կը ներկայացնեն Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, այսինքն` հայ ազգային եկեղեցին: Անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդը հասկնայ, թէ հարուածը Գարեգին Բ. վեհափառին դէմ չէ, այլ` Հայ եկեղեցւոյ: Այդ պատճառով է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր ոգի ի բռին լծուած է Էջմիածինի կաթողիկոսութեան պաշտպանութեան, այնպէս` ինչպէս պատմականօրէն ՀՅԴ-ն լծուած էր եւ կը շարունակէ մնալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողքին:

1956-ի կաթողիկոսական տագնապը համայնավարութեան կողմէ սփիւռքը գրաւելու միջոցառում էր, որուն դէմ օրին ծառացան ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը, այլ` ազգային բոլոր կառոյցները, ոչ թէ պահպանելու համար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռը, այլ` պահպանելու համար Հայ եկեղեցին: Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները հարուածել` կը նշանակէ հարուածել հայ ժողովուրդի հաւատքը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Եթէ անիկա նաեւ քաղաքական դրսեւորում պիտի նկատենք, այո՛, անիկա կը նպատակադրէ գրաւել սփիւռքը: Հայաստանի իշխանութիւնները այսօր կը կատարեն Էրտողանի կամքը: Էրտողանն է, որ կը թելադրէ հայկական սփիւռքը հարուածել, որովհետեւ սփիւռքն է պահանջատէրը Հայ դատի:

Մեզի համար Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. վեհափառը Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն են, որոնց նկատմամբ որեւէ հարուած, որեւէ հալածանք մերժելի է, եւ պարտաւոր ենք զանոնք պաշտպանել մեր կուրծքով` հայութեան լինելիութեան եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար», ընդգծեց Բագրատունի:

Եկեղեցին հարուածելու տագնապալի այս իրականութեան լուծման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը բաժնած է պետութիւնը Եկեղեցիէն: Պետութիւնը եւ Եկեղեցին ունին իրենց ուրոյն կանոնագրութիւնները, հետեւաբար Հայաստանի պետութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու Եկեղեցւոյ հարցերուն:

Ճիշդ է, որ Եկեղեցին բարեկարգումի կարիք ունի, ինչպէս` իւրաքանչիւր կառոյց, «Սակայն մայր Հայաստանի սահմաններէն ներս հողեր բռնագրաւած Ազրպէյճանը, եւ օրական դրութեամբ Հայաստանի սպառնացող Թուրքիան, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը ձգել ու Եկեղեցին հալածել, անընդունելի է:

«Անհրաժեշտ է, որ Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ համահայկական զօրակցութիւն ցուցաբերուի: Կարեւոր է պատահածը յստակ կերպով տեսնել, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է, որ գրեթէ օրական դրութեամբ խորհրդակցող Գարեգին Բ. ու Արամ Ա. վեհափառներուն զօրակցիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայ ազգին սպառնացող այս աղէտը դիմակայել:

Այս տագնապը լուծելու միջամտութիւններ կատարուած են, երկխօսութեան ձեւեր փնտռուած են, սակայն փաշինեանական վարչակազմը կը մնայ նոյն ընթացքին մէջ եւ պիտի շարունակէ մնալ` մինչեւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Հայաստանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայաստանի կառոյցը կազմակերպուած է եւ իր աշխատանքը կը կատարէ դժուար պայմաններու մէջ, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները օրական դրութեամբ կը հալածեն ՀՅԴ ուսանողները, Գերագոյն մարմինի ընկերները, Ազգային ժողովի պատգամաւորները, անտեղի եւ անհիմն ձերբակալութիւններ, կալանաւորում եւ բնակարաններու խուզարկում կը կատարեն` բարոյալքելու համար դաշնակցականները:

«Ինչո՞ւ Դաշնակցութեան դէմ այս հալածանքը: Եթէ ՀՅԴ ուժ չէ, կամք չէ եւ գաղափար չէ, ինչո՞ւ այս բոլոր քայլերուն ձեռնարկել: Ձգեցէ՛ք զայն, թող անձնասպան ըլլայ: Եթէ ոչնչութիւն է ՀՅԴ-ն, եթէ սփիւռքի մէջ արժէք չի ներկայացներ, ձգեցէ՛ք զայն: Ինչո՞ւ հալածել, ի՞նչ է այս համատարած հալածանքը: Ինչո՞ւ դեսպանատան խողովակներով եւ յանձնակատարի կերպարով սփիւռքի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նաեւ պատգամներ հասցնել: Վա՞տ բան ըրած ենք, եթէ մեր ժողովուրդը պաշտպանած ենք, վա՞տ բան ըրած ենք` 1918-ին Հայաստանի անկախութեան հռչակման մէջ մեր նպաստը բերելով, վա՞տ բան ըրած ենք, եթէ Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի նուաճումները գնահատած ենք, սակայն վարչակարգը` քննադատած: Վա՞տ բան ըրած ենք Արցախի ազատագրութեան մասնակցելով, անկախութեան հռչակումին մասնակցած ենք եւ 30 տարի Արցախը անկախ պահած ենք: Վա՞տ բան ըրած ենք, եթէ Արցախի այս վերջին ամօթալի յանձնումին ընթացքին նաեւ նահատակներ տուած ենք: Վա՞տ բան ըրած ենք, եթէ մեր Բիւրոյի անդամ ընկերը ձերբակալուած է եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած, որովհետեւ մերժեց ժողովուրդը առանձին ձգել եւ ըսաւ` վերջին ելլողը կ՛ըլլամ Արցախէն: Վա՞տ բան կ՛ընենք, եթէ այսօր կը քննադատենք իշխանութիւնները եւ կը հաստատենք, որ Եկեղեցին պէտք է պաշտպանել` ժողովուրդն ու ազգը պահպանելու համար», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կարելի է ստապատիր լուրերով, պատմութեան նենգափոխումով, վարձկան գրիչներով, գնուած մտաւորականներով, պատմական այս կամ այն փաստաթուղթերու սխալ տեղադրումով եւ սխալ թուականներու բաղդատումով մթնոլորտ ստեղծել, բայց այս բոլորը հայրենիքի եւ ազգի քանդումին կ՛առաջնորդեն:

Յառաջիկայ տարուան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատունի ըսաւ. «Կը յուսամ, որ 2026-ը նուազ վատ ըլլայ 2025-էն: Բայց նուազ վատ ըլլալու համար պէտք է` նախ դուրս գալ հիասթափութենէն, մեր դիմադրողականութիւնը զօրացնել, համազգային դիմադրութեան գաղափարը զարգացնել եւ, ամէնէն կարեւորը,  վերադառնալ մեր արմատներուն, աճեցնել զանոնք եւ 2026-ին արարել այնպէս, որ մերը` հայկականը, առաջնահերթը ըլլայ, ճիշդը նկատուի, եւ հայկական էութիւնը պահպանուի. այսպիսով, յառաջիկայ տարիները նուազ վատ տարիներ պիտի ըլլան, եւ կարելի պիտի ըլլայ նորահաս սերունդներուն ժառանգել ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստան»:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

Յաջորդը

Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր
Հարցազրոյց

Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր

November 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.