ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Քրիստոնէական ընկալումով, Ս. Ծնունդը յոյսի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անընդմիջելի մերձակայութեան տօնն է: Աւետարանի այս պատգամը, սակայն, բազմիցս կտրուկ կը հակադրուի պատմական եղելութիւններուն, պետութիւններու որդեգրած քաղաքական իրականութեան ու անկէ թելադրուած դիւանագիտական գործողութիւններուն: Այս հակասութիւնը յատկապէս ակնյայտ կը դառնայ այն պարագային, երբ քրիստոնէական կրօնին ու մշակոյթին պատկանող ազգեր ուղղակի կը դառնան բռնութեան, տեղահանութեան, իրաւազրկութեան, ընդհուպ մինչեւ իսկ ցեղասպանութեան զոհ, երբ միաժամանակ դիտումնաւոր կը լքուին նոյն հաւատքը դաւանող, այսպէս կոչուած, քրիստոնեայ ազգերու եւ պետութիւններու կողմէ: Այս փաստը առաւել եւս հիասթափութիւն կը պատճառէ, երբ անոնք ունին բոլոր հնարաւորութիւնները օժանդակելու իրենց հաւատակից քոյրերուն ու եղբայրներուն` առնուազն կանխարգիլելու անոնց սպառնացող օրհասական վտանգը:
Արցախի Հանրապետութեան շուրջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները լուրջ հարցադրումի կ’ենթարկեն համատես աւետարաններուն հաղորդած սուրբծննդեան ուղերձը: Ժողովուրդ մը, որ թրքացեղ ժողովուրդներով գերակշռուած աշխարհագրական միջավայրի մը մէջ դարեր շարունակ բարձր պահած է քրիստոնէական հաւատքին ջահը, կառուցած է վանքեր ու եկեղեցիներ, մշակած եւ զարգացուցած է քրիստոնէական մշակոյթի մասին վկայող եզակի արժէքներ, կարճատեւ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին զրկուեցաւ իր հազարամեակներու օրրանէն` դառնալով վտարանդի եւ հայրենազուրկ: Քաղաքական եւ ռազմական պարտութիւնը յանգեցուց ոչ միայն տարածքային կորուստի, այլեւ` Արցախի պետական այրերու բանտարկութեան, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ ամբողջ բնակչութեան պարտադիր արտագաղթին: Այն փաստը, որ այս իրավիճակը մեծաւ մասամբ հեշտութեամբ ընդունուեցաւ աշխարհի քրիստոնեայ համարուող պետութիւններու կողմէ, կը յառաջացնէ աստուածաբանական լուրջ հարց մը. ի՞նչ հաւաստիութիւն ունի այսօր Աւետարանի սուրբծննդեան պատգամը, երբ զայն կրողները կը պահպանեն դաւաճան լռութիւն մը, այլապէս հանդէս կու գան ընդամէնը դատարկ լոզունգներով կամ կը նահանջեն վճռորոշ պահերուն, երբ իրենց հաւատակից քոյրերն ու եղբայրները Քրիստոսի սիրոյն կը նահատակուին, կը կորսնցնեն քրիստոնէական հաւատքի վկայութիւններով կնքուած ամբողջ տարածաշրջան մը` տեղի տալով համաթրքութեան հեղեղին:
Գուցէ կարելի է առարկել, թէ հարցը ամենեւին չունի կրօնական բնոյթ, այլ տեղի ունեցած ամբողջ ողբերգութիւնը կը կրէ բիրտ քաղաքականութեան մը օրակարգը: Սակայն, միեւնոյն է, խորապատկերը ունի նաեւ կրօնական կնիք` նկատի ունենալով այն փաստը, որ տարածաշրջանը անուանափոխուելով` այսօր նուաճող պետութիւնը զայն կը կոչէ Qarabağ iqtisadi rayonu, որ իր մէջ կը ներառէ Ağcabədi, Ağdam, Ağdərə, Bərdə, Füzuli, Xocalı, Xocavənd, Şuşa və Tərtər inzibati rayonları, həmçinin Xankəndi şəhəri քաղաքներն ու շրջանները: Տարակոյսէ վեր է, որ այս ամբողջ տարածաշրջանը հետզհետէ պիտի վերաբնակեցուի թուրք-ազերի կամ ընդհանրապէս մահմետական ազգաբնակչութեամբ, որ կը նշանաւորուի մահիկով եւ ոչ թէ խաչի խորհրդանշանով: Արդեօ՞ք սոյնը կորուստ մը չէ քրիստոնեայ աշխարհին համար: Սակայն ի՜նչ փոյթ, վաղուց արդէն վկայուած իրողութիւն է, որ պետութիւններ կ’առաջնորդուին իրենց գերագոյն շահերով եւ ոչ թէ հաւատքի այն զգացողութեամբ, զոր կը թելադրէ Աւետարանը: Սուրբծննդեան տօնը, որ կը միաւորէ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը Բեթղեհէմի մսուրի խորհուրդին շուրջ, տեղ մը կը դառնայ անհասկնալի, միանգամայն ձեւական եւ նոյնիսկ անընդունելի, երբ նոյն հաւատակից ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ կը պակսին սէրն ու միութիւնը, իսկ վճռորոշ պահերուն` նաեւ զօրակցութիւնը:
Այսօր ի՞նչ սրտով պիտի տօնէ արցախցի հայը Քրիստոսի սուրբծննդեան տօնը, երբ ան դարձած է փաստօրէն հայրենազուրկ եւ վտարանդի իր պապենական հողերէն, հեռու` իր պատմական սրբավայրերէն, անցեալին կաթողիկոսութիւն դարձած Գանձասարէն, Դադիվանքէն, Ամարասէն, Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարէն ու հայոց այն բազմաթիւ սրբավայրերէն, որոնց ապագան անորոշ է եւ ենթակայ` հետզհետէ թշնամիին բարբարոս ձեռքերով իրագործուող ոչնչացումին: Նշուած սրբավայրերը դարեր շարունակ եղած են ոչ միայն մշակութային կամ կրօնական կեդրոններ, այլեւ` հաւաքական յիշողութեան եւ հոգեւոր ինքնութեան կրողներ:
Եթէ իրաւ է տառապանքը, ապա անոր ամենածանր դրսեւորումներէն մէկն ալ ոչ թէ տունն ու տեղը, սեփական այգին կորսնցնելն է, այլ զրկուիլը սգալու իրաւունքէն` ստիպողաբար լքել իր ընտանիքի սիրելի անդամներուն եւ հարազատներուն գերեզմանները, չկարենալ այցելել արցունք թափելու անոնց շիրիմներուն վրայ, թէկուզ վառելու մոմ մը կամ խունկ ծխելու անոնց հոգիի խաղաղութեան եւ լուսաւորութեան համար: Եւ սոյնը տակաւին առաւել եւս ծանր է, երբ արցախցի հայը ակամայ դարձած է անձնատուր` դատապարտուած ըլլալով առայժմ ընելու ոչինչ, այլ` յանձնուելու ունայնութեան, իրավիճակ, որ թերեւս հոգեկան շատ աւելի խոր տանջանք է, քան` սեփական ունեցուածքին կորուստը:
Վերոնշեալ սրբավայրերէն ստիպողական բաժանումը հոգիին վրայ չսպիացող վէրք մըն է, քանզի հայ մարդու ընկալած քրիստոնէութեան մէջ հաւատքը անբաժանելիօրէն կապուած է պաշտամունքային որոշակի վայրերու հետ, ուր կը միահիւսուին` աւանդութիւնները, հոգեւոր-եկեղեցական արարողութիւնները, պաշտամունքը, սուրբ պատարագը, պատմութիւնն ու յիշողութիւնը: Հետեւաբար հոգեւոր-մշակութային այս ժառանգութեան սպառնալիքին տակ գտնուելու, պղծուելու եւ ոչնչացման ենթարկուելու վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը ոչ միայն մշակութային, այլեւ ինքնին կը ներկայացնէ աստուածաբանական խնդիր: Արդարեւ, աստուածարդարացում (Théodicée) մը, որ կը վերաբերի աստուածաբանական այն փորձին` արդարացնելու համար բարի եւ ամենակարող Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքը` աշխարհի մէջ տիրող տառապանքին, չարիքին եւ անարդարութեան հանդէպ: Ինչո՞ւ արդարը կը տառապի այս աշխարհի մէջ, երբ Աստուած արարիչն է բարիին, ողորմած է ու արդար: Սուրբգրային աւանդոյթը կը հրաժարի պարզ պատասխաններ առաջարկելէ այս հիմնարար հարցումին եւ չի լուծեր առկայ խնդիրը: Աստուածաշունչ մատեանը, բնականաբար, արդարին տառապանքը չի ներկայացներ իբրեւ Աստուծոյ ողորմածութեան հակափաստարկ, այլ կը մատնանշէ աշխարհ մը, ուր գերազանցապէս առկայ են ու կը գործեն ազատութիւնը, մեղքը եւ բռնութիւնը, եւ ուր Տիրոջ խոստացած արդարադատութիւնը լիովին ակնյայտ կը դառնայ միայն իր վախճանաբանական իրականացումին մէջ: Սոյնը, անշուշտ, կը հանդիսանայ միաժամանակ հաւատքին ուղղուած լուրջ մարտահրաւէր մը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընկալել Աստուծոյ մերձակայութիւնը, երբ Անոր անմիջական ներկայութեան տեսանելի նշանները ոչնչացած կամ ստոյգ ոչնչացուելու սպառնալիքի տակ կը գտնուին:
Այստեղ կրկին հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կենսունակութիւն կրնայ ունենալ հաւատքը, ի՞նչն է սուրբծննդեան պատգամը, երբ քրիստոնեայ պետութիւններ կը ձախողին, կը բացակայի արդարութիւնը, իսկ անոնց ուժային-քաղաքական շահերը դուրս կը մղեն միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները:
Այս հարցը բնականաբար տեսական հետաքննութիւն մը չէ, այլ` գոյաբանական փորձառութիւն: Ան կը յառաջանայ այն պարագային, երբ մարդիկ փաստօրէն կը գիտակցին, թէ Քրիստոսի անունը չի պաշտպաներ զիրենք, եւ քրիստոնէական պատկանելիութիւնը արդարութիւնը չ’երաշխաւորեր: Արդարեւ, այս լարուածութիւնը յատկապէս զգալի կը դառնայ սուրբծննդեան տօնին, որովհետեւ ան կը բացայայտէ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ փրկարար մերձակայութիւնը` աւետելով. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկ. Բ., 14): Արդեօ՞ք սոյնը անկատար խոստում մըն է, թէ` յաւիտենապէս սպասողական վիճակ: Սակայն Մարդեղութեան խորհուրդին աւետած այս պատգամը աշխարհի սկիզբէն ի վեր ուղղակի կը հակադրուի տիրող բռնութեան, ձախողութեան եւ անարդարութեան իրականութեան հետ, որ առաւել եւս տեսանելի կը դարձնէ աստուածային տնօրինումին եւ մարդկային արարքներուն միջեւ առկայ անջրպետը:
Այնուհանդերձ, Նոր կտակարանը չի խուսափիր պատասխանելէ այս հարցին: Ընդհակառակը, զայն ուղղակի կը դնէ քրիստոնէական պատմութեան սկիզբը: Սուրբ Ծնունդը յաղթողներուն տօնը չէ, այլ` հիասթափածներուն, տեղահանուածներուն եւ անզօրներուն: Սուրբծննդեան աւետիսը առաջին հերթին աղքատներուն կ’ուղղուի եւ զանոնք մխիթարելու կու գայ: Քաղաքէն դուրս, մարդոց հիւրընկալութենէն մերժուած` գոմի վերածուած այր մը, իր կիսամութին մէջ կը դիմաւորէ լոյսին Արարիչը: Աղքատիկ մայր մը, որ խանձարուրով կը փաթթէ իր նորածինը եւ զայն կը դնէ յարդէ խշտիքի` մսուրի մը տրտում խոնարհութեան մէջ: Մարդուն հանդէպ խանդաղատանքը խեղճութիւնն է, որ կը նուիրագործուի, եւ ոչ թէ` իշխողներուն ու բռնաւորներուն փառքը, հարուստին պալատն ու ապարանքը, ոսկին ու արծաթը: Յիսուսի ծնունդը որեւէ քաղաքական իշխանութեան պաշտպանութեան տակ չի կատարուիր, այլ` աշխարհի պատմութեան անշուք մէկ ծայրամասին մէջ: Արդէն սուրբծննդեան նախընթաց պարագաները եւս զուրկ են բարեբաստիկ ըլլալու բոլոր կարելիութիւններէն, որովհետեւ հռոմէացիներէ պարտադրուած մարդահամարին բերումով Յիսուսի ծնողքը հեռու են իրենց բնակավայր Նազարէթ գիւղաւանէն, ուր կարելի ըլլար թէկուզ ընտանեկան օճախին մէջ լսել նորածին մանկան առաջին ճիչը: Բայց այդպէս չեղաւ, ո՛չ հարազատներէ, ո՛չ մանկաբարձի մը կամ դուռ-դրացիներու օժանդակող ներկայութենէ, այլ անասուններով շրջապատուած` տեսակ մը օտարութեան եւ լքուած պայմաններու մէջ կ’իրականանայ Աստուածորդւոյն ծնունդը: Աղքատներն են Յիսուս մանկան առաջին այցելուները` բաց երկինքի տակ իրենց հօտերուն պահպանութիւնը ընող հովիւներ, որոնք կու գան գուրգուրանքով խոնարհելու Փրկիչ մանուկին առջեւ: Ապա, այս խեղճերէն ետք, իմաստուններն ու մեծերն են, որ պիտի գան` Արեւելքի մոգերը` սրտաբուխ տալու իրենց նուէրները եւ ծնրադրելու աստուածային մարմնացած սիրոյն առջեւ:
Պատմական իրադարձութեան այս խորապատկերին վրայ` ուղղակի ապշեցուցիչ է կրօնական վերնախաւին լռութիւնը: Քահանաները, օրէնքի ուսուցիչները, դպիրներն ու փարիսեցիները, որոնք քաջ գիտէին մարգարէութիւնները խոստացուած մեսիային մասին, միեւնոյն է, կը պահպանեն քար լռութիւն մը: Նոյնքան զարմանալի է քաղաքական հեղինակութիւններու ցուցաբերած արհամարհոտ վարքագիծը, մարդիկ, որոնց համար մարդկային կեանքը հետաքրքրական է միայն այն պարագաներուն, երբ զայն կարելի է ծառայեցնել իրենց իշխանութեան կայունացման եւ քաղաքական առաւելութիւններուն: Ահաւասիկ այս պայմաններուն մէջ կը ծնի Յիսուս: Ոչ թէ որպէս գործող համակարգի մը ուղղիչ, այլ որպէս հակադրութեան խորհրդանիշ` աշխարհի մը դէմ, ուր ճշմարտութիւնը կը բացակայի, յոյսը կը դալկանայ, իսկ հաւատքը կը բռնաճնշուի:
Սուրբծննդեան պատմութիւնը ռոմանթիկ իտէալականացում մը չէ: Հազիւ ծնած` երեխան արդէն սպառնալիքի տակ է: Հերովդէս Մեծ` Յուդայի թագաւորը, անպաշտպան մանուկի մը անձին մէջ նոյնիսկ վտանգ կը տեսնէ իր իշխանութեան հանդէպ: Հին կտակարանի մարգարէութիւններէն նորածին Յիսուսին տրուած «Թագաւոր հրէից» պատուանունն իսկ բաւական է, որ ան իր իշխանութիւնը կորսնցնելու հիւանդագին մոլուցքէն մղուած` դիմէ քաղաքական սարսափելի ոճիրի` կոտորել տալով Բեթղեհէմի մէջ մինչեւ երկու տարեկան բոլոր մանուկները: Արդարեւ, սուրբծննդեան պատմութիւնը կը սկսի ոչ թէ գրկաբաց ընդունելութեամբ, այլ` փախուստով: Ոչ թէ նորածինին պարգեւած ուրախութեամբ, այլ վախով կը համակուի սուրբ ընտանիքը: Եգիպտոս` աքսորի եւ պանդխտութեան վայրը, կը դառնայ մարմնացած Աստուածորդւոյն առաջին ապաստանարանը:
Ահաւասիկ ճիշդ այս է սուրբծննդեան յաւիտենական ուղերձը: Հաւատքը հիմնուած չէ քրիստոնէական քաղաքականութեան յաջողութեան, կրօնական հաստատութիւններու բարոյական ամբողջականութեան եւ հզօրներու արդարադատութեան վրայ: Ան հիմնուած է աստուածային մարմնացած Սիրոյն վրայ, որ գիտակցաբար կը մտնէ մեր պատմութենէն եւ ժամանակի սահմաններէն ներս, ուր կը բացակայի արդարութիւնը, եւ երաշխաւորուած չէ ճշմարտութեան պաշտպանութիւնը:
Սուրբ Ծնունդը չի պատգամեր, որ այս աշխարհը արդար է, կամ թէ անկէ վերացած են տառապանքն ու անարդարութիւնը: Սակայն կ’աւետէ, որ Աստուած զայն չի լքեր: Ս. Ծնունդով կը բացայայտուի մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անվերապահ սէրը, որ ենթակայ չէ պայմաններու, եւ` հաւատարմութիւն, որ կը յարատեւէ նոյնիսկ մարդկային կեանքի ու պատմութեան ձախողութիւններուն մէջ:
Ս. Ծնունդով սկիզբ առած Փրկագործութեան խորհուրդը կը կայանայ ոչ թէ մեր վարած աշխարհակարգի արդարացումին, այլ` խաչին խորհուրդով կնքուած մարդկութեան փրկութեան մէջ: Այս փրկութիւնը քաղաքական յաղթանակ չի պահանջեր մեզմէ, այլ հաւատք եւ համակ ինքնանուիրում` վստահելու մեր անձը աստուածային հաւատարմութեան, նոյնիսկ հոն, ուր խորտակուած է մարդկային յոյսը:
Ի վերջոյ, հաւատքէն ի՞նչ կը մնայ… Ամենեւին ոչ այն պատրանքը, թէ քրիստոնէական գերհզօր պետութիւնները ամբողջապէս վստահելի են: Ոչ ալ այն ակնկալիքը, թէ հաւատքը մեզ կը պաշտպանէ տառապանքէն: Այլ` այն վստահութիւնը, որ Աստուած ներկայ է այնտեղ, ուր մարդիկ զրկուած են իրենց իրաւունքէն, հալածուած, տեղահանուած եւ լռութեան մատնուած են: Սուրբծննդեան պատգամը յաղթանակի մը հռչակումը չէ, այլ, բառին բուն իմաստով, աւետիս մը, աստուածային խորախորհուրդ խոստում մըն է: Եւ թերեւս ճիշդ այս է պատճառը, որ հաւատքը կը գոյատեւէ այնտեղ, ուր մնացած ամէն ինչ խորտակուած է:
Քրիստոնէական հաւատքի հորիզոնին վրայ պատմութիւնը պարզապէս կորուստներու յաջորդականութիւն չէ, այլ` անաւարտ գործընթաց, որ միշտ բաց է փոփոխութիւններու եւ նոր սկիզբներու համար: Ոչինչ անշրջելիօրէն կը մատնուի մոռացութեան, քանի որ Աստուծոյ ներգործութիւնը չի սահմանափակուիր միայն պահի մը մէջ, այլ կը գերազանցէ ժամանակի վերաբերեալ մեր բոլոր ընկալումները: Այն, ինչ կորած կը թուի ներկայիս, տակաւին ենթակայ է վերափոխուելու հնարաւորութեան, քանի որ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կապուած չէ մարդկային ուժի տրամաբանութեան կամ պատմական որոշումներու արդիւնքին հետ: Այս իմաստով, յոյս ունենալ` չի նշանակեր մխիթարուիլ` մտահանելով կորուստը, ոչ ալ վաղաժամ յուսադրուիլ` զայն վերստին նուաճելու պատրանքով, այլ` համբերատար հաստատակամութեամբ յարատեւել կորսնցուցածի ու դեռ չիրականացած ապագայի յարաբերութեան միջեւ: Այստեղ կարեւոր նշանակութիւն ունի հաւաքական յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կրաւորական յետադարձ հայեացքով անցեալին նայիլը չէ, այլ գիտակցուած մերժումն է անցեալը անցած եւ զայն անդառնալի իրավիճակ մը համարելու իրավիճակին: Անոնք, որոնք կը յիշեն, կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնը: Անոնք, որոնք կը յիշեն ու կը մերժեն մոռնալ անցեալը, բաց կը պահեն վերադարձի, վերականգնումի եւ վերանորոգումի բոլոր հնարաւորութիւնները: Հետեւաբար Քրիստոսի միջոցով փրկութեան հանդէպ հաւատքը միշտ կը ներառէ այն համոզումը, որ տունդարձն ու կորսուածը վերստին ձեռք բերելը ամենեւին բացառուած չեն: Այսպիսով, յոյսը կը դառնայ հոգեւոր դիրքորոշում, հաւատքը` գոյաբանական կենսաձեւ, որ կը դիմակայէ ժամանակի մաշումին, իսկ սէրը` կեանք պարգեւող զօրութիւն, որ չի լքեր կորսուածը, այլ զայն կը վստահի Աստուծոյ հաւատարմութեան:
Սուրբծննդեան պատգամը միայն կորուստի փորձառութիւն չի ներառեր, այլ նաեւ` վերադարձի եւ նոր սկիզբի մը խոստումը: Յիսուսի ծնունդի հրեշտակաձայն աւետիսին հետեւեցաւ բռնութիւնը` Բեթղեհէմի մանուկներու կոտորածին տխուր իրադարձութիւնը եւ սուրբ ընտանիքին պարտադրուած պանդխտութիւնը: Սակայն այս եղելութիւնը չաւարտեցաւ օտարութեան մէջ, այլ աքսորավայր Եգիպտոսէն տունդարձը եւ հայրենի օճախին մէջ կեանքի հետագայ զարգացումը կը կազմեն Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրի կատարումին սկիզբը: Այս լոյսին տակ Ս. Ծնունդը, անմիջական ցաւէն անդին, կը մատնանշէ վերակառուցման եւ հայրենադարձութեան հնարաւորութիւնը` ոչ որպէս անցեալի պարզ վերականգնումը, այլ` իբրեւ նորոգուած կեանք, որ կը ծնի անձնուէր հաւատարմութենէ, աննահանջ համբերութենէ եւ անսպառ յոյսէ:
Ժընեւ, 5 յունուար 2026
Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի


