Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Շարժապատկերի «ԿԻՆ» փառատօնի 22-րդ տարուան ցուցադրութիւններուն ներառուած էին 21 երկիրներ` շուրջ 50 ժապաւէններով: Մրցութային բաժնի ժապաւէնները, ժանրային առումով, կը ներկայացնէին հետեւեալ պատկերը`  20 խաղարկային, 7 վաւերագրական  եւ 2 գծանկարային (animation): Իսկ պատկանելիութեան առումով, եւրոպական երկիրներ` 12,  Հայաստան` 7, Ռուսիա` 5 եւ  այլ` 5: Ժապաւէնները ընդհանուր առմամբ կարճամեթրաժ էին` 5-30 վայրկեան տեւողութեամբ: Միջին տեւողութիւն` 13 վ:

Նկատելի է աւարտաճառի աշխատանքներու մեծ թիւը: Հիմնադիր բեմադրիչ Մարիամ Օհանեանի շնորհակալ ծրագիրը կը հովանաւորեն շարք մը հաստատութիւններ եւ եւրոպական դեսպանատուներ: Առ այդ,  նկատելի է եւրոպական ժապաւէններու գերակշիռ ներկայութիւնը, եւ միւս կողմէ` ռուսական եւ իրանական ժապաւէններու տեղատուութիւնը, որ ցաւօք հասկնալի է ներկայ պայմաններու տակ: Դատական կազմի 4 անդամներէն երկուքը իտալացի են եւ երկուքը հայ. Ռուզաննա Բագրատունեան` հեղինակ, քննադատ, հիմնադիր «Կինօաշխարհ» մասնագիտական պարբերականին, եւ Քնարիկ Միրզոյեանը` հեղինակ, բեմագիր, Հայաստանի Գեղարուեստի ակադեմիայի դասախօս: Շնորհիւ փառատօնին հրատարակած մանրամասն ծանուցողական ծրագիր-գրքոյկին, իբրեւ աղաղակող տարբերութիւն այլ փառատօներու, որոնց ետին կանգնած են հսկայ հաստատութիւններ, կարելի էր կապ հաստատել ԲՈԼՈՐ բեմադրիչներուն հետ: Հասկնալի է սակայն, որ ոչ բոլորը շահագրգռուած են փոքրիկ Լիբանանի մէջ հրատարակուող լրագիրով մը: Տեղի սղութեան պատճառով կը ներկայացնեմ միայն հայ բեմադրիչներու եւ հայկական բներգ ունեցող ժապաւէնները: Կու տամ այբբենական շարքով, որպէսզի առաջնահերթութեան հարց չծագի:

Ա.- «Արեւի երկիր».- Ռուբի Մարտիրոսեան, 12 վ, խաղարկային: Շամշադին  (արեւոտ կամ արեւապաշտ) սահմանամերձ աւան մըն է,   որուն բնակարաններէն մաս մը Ազրպէյճանին անցած են պարտադրուած «սահմանազատում»-է ետք: Ժապաւէնը կը միտի ցոյց տալ, թէ` «Բնակիչները շարունակում են լինել լեռների պէս ամուր եւ արեւի պէս լուսաւոր»: Բացման տեսարանին մէջ տղամարդ մը իր բեռնատարով կը հեռանայ գիւղէն` առանց ետին նայելու, մինչ տղեկ մը (նոր սերունդ)  հանդարտ կը դիտէ զայն: Ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք գիւղի անվրդով առօրեան: Տղաք կը զբօսնեն ուրախ եւ պատի մը վրայ կը կազմեն խորհրդանշական ճառագայթող արեւ մը: Այդ բեմադրիչին գիտակցութեա՛ն ասքն է, շա՛տ բարի: Կը թուի սակայն, թէ անոր վրդով ենթագիտակցութիւնը յաճախ ստանձնած է ղեկը: Բազմաթիւ տեսարաններ զուգորդումով (մոնթաժ) զուգահեռներ կը գծեն գիւղացիներու եւ ընտանի անասուններու միջեւ: Կը տեսնենք ոչ թէ մարդաշունչ տղամարդիկ, այլ` լերան եզրին կանգնած մարդոց դէպի ձոր ինկող տարտամ, չքացող շուքերը: Տղոց նկարած խորհրդանշական արեւը կազմուած է դատարկ փամփուշտներով, եւ ոչ` դէպի դուրս ցցուող թշնամիին կողմէ  իրենց վրայ արձակուած փամփշտածայրերով:

Աւարտական տեսարանին մէջ մշուշը կը գրոհէ դէպի վեր եւ  կը ծածկէ լերան գագաթը, մինչ հեռուն (ապագայ)  կը տեսնենք արիւնոտ մայրամուտ թելադրող հորիզոն: Բեմադրիչին գիտակցութիւնը կը սրբագրէ եւ կ՛ըսէ, թէ այդ յուսատու լուսաբաց է: Հասկնալի է, բարի՛: Նկարահանումն ու երաժշտութիւնը շատ  գեղեցիկ են: Կ՛ակնկալեմ ապագային տեսնել աւելի խոհուն ժապաւէններ: Յաջողութի՛ւն:

Բ.- «Աքվարիւմ» (Aquarium-ձկնարան).- Սոնա Սարիբէկեան, 2025, 20 վ, խաղարկային:

Սովահար նկարիչ մը, որ անկարող է տան վարձքը վճարել, փակուած է իր սենեակին մէջ եւ չի պատասխաներ հեռաձայնին: Հեռատեսիլէն կ՛իմանայ մրցանքի մը մասին: Նախ կը փորձէ նկարել իր առիւծաձուկը, որուն անունը Սամսոն է (այդ տարօրինակ է, որովհետեւ նման հազուագիւտ ձկնիկներ կրնան 100 տոլար արժել), բայց արդիւնքէն գոհ չի մնար: Ապա կը նստի պատուհանի ետին եւ կը դիտէ իր բազմաթիւ դրացիները:  Այդ յիշել կու տայ  Հիչքոքի նշանաւոր Rear Window («Ետեւի պատուհան», 1954) ժապաւէնը, որուն հերոսը այլ պատճառով փակուած էր սենեակի մը մէջ եւ կը դիտէր դրացիները, եւ որ` ընդօրինակուած է այնքան յաճախ, որ կարելի է նկատել voyeur սեռի մը հիմնադրական նախատիպը: Եւ յանկարծ կը նկատէ ջութակահար գեղեցկուհի մը: Կը սկսի դռնէ դուռ փնտռել, բայց ոչ ոք ի հարկէ ծանօթ չէր կրնար ըլլալ տեսիլքի աղջկան:  Երիտասարդը կը նկարէ ձկնիկի ու աղջկան (ցաւօք` ոչ հանճարեղ, տես կողքի նկարը) համադրում մը եւ կը վաստակի անհրաժեշտ գումարը: Ցուցադրութեան ընթացքին իր մուսա տեսիլքը կը մարմնաւորուի իբրեւ իսկական կին: Մեկնաբանութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին:

Գ.- «Դեռ այն անապատներում».-  Է. Երկանեան, վաւերագրական, 17 վ:

Աւարտական աշխատանք, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած կնոջ մը շարունակուող խոցին մասին եւ ի տես ներկայ աղէտին` մտորումներ կ՛ընէ կրկնուող պատմութեան շուրջ: Ունի խիստ անհատական բնոյթ:

Դ.- «Կախարդական խնձորը.- Քրիստինա Նազարեան, 10 վ,  խաղարկային:

Խնձորը յատուկ տեղ գրաւած է հեքիաթներու եւ առասպելներու մէջ` սկսած Եւայէն: Ժապաւէնին մէջ խնձոր մը կը յայտնուի չորս կերպարներու առջեւ: Ծերունի մը, որ դատած իր շուրջ  ցրուած նախագիծներէն` միշտ երազած է թռչիլ: Բայց լոկ անոր հոգին է, որ կը թռչի: Խնձորը կը յայտնուի որմազդներ փակցնող երիտասարդի մը քով, որ հմայուած է գեղեցիկ երգչուհիով մը:  Խնձորը կը դնէ աղջկան պատուհանի քիւին: Աղջիկը, սակայն,  չի բանար պատուհանը: Տղան կ՛երեւակայէ որմազդին մէջ տեսնել աղջիկը` որպէս «տիվա»: Թշուառ թափառաշրջիկ մը կը գտնէ ծերունիին դիակը: Կ՛անտեսէ անոր գրպանէն ելած նախագիծը եւ կը փորձէ ուտել խնձորը: Այդ բացարձակապէս արգիլուած է: Խնձորը կ՛որդնոտի: Փոխան գանձի` օրինազանցը կը փորէ ծառի մը յատակը, բայց դուրս եկած արկղին մէջ, փոխան գանձի, կը գտնէ խնձորներ: Խորհրդածութեան շատ բան կայ գեղեցիկ պատկերներով եւ երաժշտութեամբ ժապաւէնին մէջ, որ նկարահանուած է… Չինաստանի մէջ:

Ե.- «Միայն թէ դոյլը ջուր թողնէր» (If only the bucket leaked).- Վանա Աքրապեան,  խաղարկային, 13 վ:

Պէյրութի մէջ հակաազրպէյճանական բողոք ցոյցի մը ընթացքին երկու քոյրեր կը ձերբակալուին եւ կը փակուին ոստիկանատան մէջ: Բայց անոնցմէ միայն մէկը այդտեղ էր` որպէս յանձնառու ցուցարար: Երկրորդը կը փորձէր քոյրը հեռացնել վտանգաւոր եւ անօգուտ արարքներէ: Ճաղերու ետին, ուր ներկայ է նաեւ ոչ հայ կին «վկայ» մը, դիրքորոշումները վերատեսութեան կ՛ենթարկուին: Ինչպէս կողքի նկարը ցոյց կու տայ, ճաղերու ետին է նաեւ կարմիր (աչքառու) դոյլ մը, որուն մէջ կ՛իյնան փտած առաստաղէն (իշխանութեան կամ տիրող իրավիճակի այլաբանութի՞ւն) կաթիլները: Այդ ժապաւէնի գեղեցիկ այլաբանութիւնն է: Եթէ «դոյլը ջուր չթողնէ» (այսինքն եթէ քաղաքացիք դրսեւորուելու միջոց չունենան), ապա ի վերջոյ պիտի յորդի, ինչպէս առածը կ՛ըսէ: Արգելարանին մէջ խոհեմ քրոջ «դոյլ»-ը եւս կը յորդի: Վերնագիրը կը թելադրէ, որ մեր հոգեկան դոյլերը թերեւս յորդած են իսկ:  Սահմանափակ միջոցներով եւ սիրողական դերակատարներով իրականացած համալսարանի աւարտական աշխատանքը յոյժ տպաւորիչ է: Նկատելի է, այսուամենայնիւ, որ պատկերաւոր լեզուն շատ աւելի գեղարուեստական եւ համոզիչ է, քան` երկխօսութիւնը, բեմայարդարումը (այո՛, նկատելի է թատերական մօտեցումը) եւ կատարումը: Ոչինչ, շա՛տ բարի:

Զ.- «Միսթըր Բենօ» (MR.BENO).- Անի Խամոյեան, 20 վ, ուսանողական աշխատանք:

Բենօ պատանի հասակի  դպրոցականներու թուաբանութեան ուսուցիչ է: Լաւագոյն պարագային` անշնորհակալ եւ տառապալից  աշխատանք: Բացման տեսարաններուն մէջ դասարանը չ՛ըմբռներ համակարգի (coordinate) գաղափարը` ի հեճուկս ուսուցիչին զուարճալի բեմականացումին: Այդ ճիւղը պարտադրած է մայրը: Բենօ միշտ երազած է ըլլալ կատակաբան (standup comedian): Իր իտէալը ամերիկացի ականաւոր դերասան Richard Pryor-ն է (1940-2005): Մայրն ու երկու զաւակները թէեւ սիրալիր, բայց թերահաւատ են իր կատարողական կարողութեան հանդէպ: Միայն կինը` Մանուշակն է (քնքոյշ ծաղիկ մը), որ խորհրդանշականօրէն իրեն նուիրած է Փրայըրի կարմիր զգեստի նմանակը:

Ճաշի սեղանի շուրջ ընտանիքը կ՛իմանայ մրցանքի մը մասին: Ի տես առարկութեան, թէ Բենօ կրնայ «կրկին խայտառակել» ընտանիքին ազգանունը, հերոսը կ՛ընտրէ «Միսթըր Բենօ» ծածկանունը, կը հագնի կարմիր զգեստը եւ կ՛ուղղուի դէպի գիշերային ակումբ: Ընտանիքը ահաբեկ կը հետեւի իրեն: Ելոյթը, որուն մէջ Բենօ կը սպրդեցնէ թուաբանական եզր մը` «Երեւակայական թիւ» (99), աւելի նման է ցաւոտ հաշուեփակի, քան` զուարճաբանութեան: Բենօ կը գրաւէ վերջին դիրքը, բայց կը շահի ընտանիքին զօրակցութիւնը: Համերաշխ ընտանիքին վերեւ կը տեսնենք փայլուն (խորհրդանշակա՞ն) լոյս: Յուզիչ պատկեր:

Է.- «Յաղթեցին ապրելով».- Վաւերագրական, 55 վ, ոչ մրցութային:

Հիմնուած` Անի Մանուկեանի նոյնանուն գիրքին վրայ, որ կը պատմէ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) որբանոցներու մէջ մեծացած 34 կիներու եւ անոնց ժառանգներուն մասին: Գիրքը եւ ժապաւէնը ուղղուած են տեղահանուածներու համար գումար հանգանակելու նպատակին:

Ը.- «Ռոբինսոն».- Մարիանա Մովսիսեան, խաղարկային, 20 վ:

Վարդան «50-ը անց» տղամարդ է, որ անփոփոխ օրակարգով կ՛ապրի իր խորհրդանշական անունով «Ռոպինսոն» ձկնիկին հետ: Կ՛աշխատի որպէս անվտանգութեան պաշտօնեայ: Իր դէմ ունի պաստառ (monitor), ուր կը տեսնուին քամերաներու անընդմէջ նկարումները, զորս, ինչպէս եւ իր առօրեան, Վարդան կը նկատէ տաղտկալի: Իր ուշադրութիւնը յանկարծ կը գրաւէ գրադարանապահ կարմրազգեստ կինը, որ ինքնամոռաց կը պարէ առանձին: Կ՛ուղղուի դէպի ծանօթ վայրը, ուր նոյն կինը  սպիտակազգեստ է եւ զգօն: Պատկերը կը դառնայ մտասեւեռում: Երազ-երեւակայութեան մէջ Վարդան դուրս կու գայ իր առանձնութենէն եւ կը պարէ ազատ ոչ միայն կարմրազգեստ կնոջ, այլ նաեւ զինք շրջապատող մարդոց հետ:

Որպէս աւարտական աշխատանք` ուշագրաւ է, կան սակայն հարցականներ. ինչո՞ւ աշխատավայրի պատուհանը թափանցիկ է դէպի փողոց, իսկ տան պատուհանը` անթափանց դէպի «հայաթ», որմէ եկող ձայները միայն կը լսենք: Ինչո՞ւ գրադարանապահուհին ունի երկփեղկուած նկարագիր: Ինչո՞ւ կը պարեն սեւամորթներու յատկանշական «Պլուզ» սեռի «Black Coffee and cigarettes» (Mighty Mo Rodgers 2011), որուն բներգը բոլորովին այլ է: Ռոպինսոն Քրուզօ սկզբնական գաղութարար դրամատիրութեան այլաբանական նախատիպն է: Ցաւօք այդ, ինչպէս Տոն Քիշոթ եւ ոչ միայն, Հայաստանի  մէջ յաճախ կը գործածուին դիւրաճանաչելի կարծրատիպեր:

Թ.- «Փնտռելով Գարիկին» (Finding Garik -Գտնել Գարիկը).- Ալեքսանտրա Քոնոնովա, 13 վ, խաղարկային:

Արցախեան պատերազմի առաջնագիծին վրայ 3 ամիս մնալէ ետք մասնագիտութեամբ դերասան Գարիկ (Գարիկ Յովհաննիսեան, որ «Տունը սահմանին» թատերգութեան գլխաւոր կերպարն էր) խորապէս տագնապած է, ուղեկորոյս: Կը լքէ իր կինն ու զինք սիրող երկու զաւակները եւ առանձին կը փորձէ բազմաթիւ ձեւերով, ինչպէս` քանդակագործութիւն եւ ատաղձագործութիւն, կեանքին իմաստ տալ: Աւարտական տեսարաններուն մէջ այլ կնոջմէ մը խորհրդանշական նորածին մը կ՛ունենայ: Յոյժ խրթին եւ ցնցող ժապաւէն մը, որ կը յենի խորհրդանշական պատկերներու զուգորդումին, ինչպէս` կիսատ կենդանական կմախք եւ խաւաքարտէ խառնիխուռն խաղաքարերով ճատրակ: Պարզ է, որ ժապաւէնը կը ներկայացնէ ոչ թէ անհատի մը, այլ ամբողջ սերունդի մը խոցը: Շա՛տ բարի:

Ժ.- «Օջախ».- Դիանա Մկրտչեան,  95 վ:

Լուսանկարիչ Էրհան-Արըք (քաջ առաջնորդ ղեկավար-«Ակօս») ծնած է 1984-ին, սահմանամերձ Արտահան, զաւթուած տան մը մէջ: Շուրջ 10 տարի առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յարուցած «ցունամիին» ընթացքին,  հաղորդակցութեան միջոցներու, շարժապատկերի եւ իր բնակած Պոլսոյ փողոցին մէջ Արըք կ՛ըսէ, որ (ինչպէս` սուրբգրային շարք մը կերպարներ եւ ոչ միայն) սթափեցնող երազ մը տեսած է, ուր ձայն մը հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ իր տան հացատունը (օճախը) ախոռի վերածած են:  Արըք նախ կը պատրաստէ «Հորովել» շրջուն ցուցահանդէսը, որ կը խօսի հայ եւ թուրք գիւղացիներու համերաշխ կեանքին մասին, եւ թէ ինչպէս Արաքսի երկու ափերուն հերկողներ հորովելով կը ձայնակցին: Թէ Կարսի (այժմ բարենորոգուող) երկաթուղակայանի հայ աշխատաւոր մը իր որդին տուած է ուսուցիչի մը եւ տարագրուելէ ետք` Հայաստանի մէջ երկար սպասած զայն: Արըք շրջան մը «Ակօս»-ի աշխատակցած է իբրեւ լուսանկարիչ-լրագրող: Ժապաւէնի պատրաստութիւնը տեւած է շուրջ տասը տարի, որուն ընթացքին Արըք գտնուած է Հայաստանի, Ախալքալաքի եւ շարք մը հայկական գաղութներու մէջ: Եղեռնի եւ տարագրութեան շուրջ ոչ բացայայտօրէն ազգայնամոլ կեցուածք ցուցաբերելը շրջան մը բարոյական բարենիշ դարձած էր Թուրքիոյ մտաւորականութեան կարգ մը շրջանակներու մէջ: Ներկայիս, ցաւօք, կրնայ ծառայել Հայաստանի իշխանութեան եւ Թուրքիոյ պետութեան մերձեցումի գործընթացին:

Հուսկ բանք.- Առաջին մրցանակը ստացած է իրանական «Քամու ժառանգութիւնը» վաւերագրական ժապաւէնը: Կը խօսի ծերունիի մը մասին, որ կը շարունակէ կառուցել եւ նորոգել աւանդական «աս-պատ» (շրջուած աղացող-հողմ) ցորենի հողմաղացները: «Արեւի» երկիրը ստացած է վկայագիր: Դատական կազմը ունի շարք մը նկատառումներ եւ առաջնահերթութիւններ: Կը մաղթեմ, որ փառատօնը  շարունակէ իր շնորհակալ երթը:

 

 

 

 

Նախորդը

Երբ Կը Խօսինք Արժէքներու Մասին

Յաջորդը

Բարութեա՞մբ, Վայրագութեա՞մբ, Թէ՞ Մասամբ Նորին…

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը Ապաստան (Ա.)

November 4, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

October 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.