ՃՈՐՃ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Աստուածաշունչը աշխարհի մէջ ամէնէն շատ տարածուած, տպագրուած ու թարգմանուած գիրքն է անկասկած: Ի՞նչը կրնայ ըլլալ այս իրողութեան պատճառը. պատմութիւններուն հետաքրքրական ըլլա՞լը, գեղարուեստական արժէ՞քը, բարոյական դասե՞րը: Գիրք մը, որուն վերջին բաժինը գրուած է շուրջ երկու հազար տարի առաջ, սակայն մնայուն կերպով կը մնայ արդիական:
Գիրքի մը յաջողութիւնը ինչի՞ կապուած է: Աշխարհի մէջ տարեկան տասնեակ, նոյնիսկ հարիւր հազարաւոր գիրքեր կը տպուին: Որեւէ գիրք, նոյնիսկ` ժամանակուան մը համար սիրուած ու տարածուած գիրք մը, կրնայ շուտով դառնալ ժամանակավրէպ, անոր ներկայացուցած նիւթերը կրնան ոչ հետաքրքրական դառնալ: Դասախօս մը ունէի, որ կ՛ըսէր, թէ մեր ամէնէն նշանաւոր գրողները մինչեւ 20-30 տարի պիտի դառնան ժամանակավրէպ:
Համեմատաբար երկար կը պահպանուի այն գիրքը, որ կրնայ ապագան գուշակել տրամաբանութեամբ եւ զգացումով, այն գիրքերը, որոնց ներկայացուցած նիւթերը անձնական յոյզերէն կը վերածուին համամարդկային ապրումներու: Իսկ ժողովուրդը կը սիրէ այն գիրքը, որ անմիջականօրէն կապուած է իր կեանքին:
Որքան ալ լաւ շարադրած ըլլաս միտքդ` գեղեցիկ բառերով ու հարուստ նկարագրութիւններով, եթէ անիկա կապուած չէ կեանքին, չի տարածուիր ու չ՛ընդունուիր մեծ լսարանին կողմէ:
Մենք` ուսուցիչներս, կը ջանանք մնայուն կերպով աշակերտին մատուցուող նիւթը կապել անոր կեանքին: Նոյնիսկ երբ կը քննենք մեր ժամանակներէն բաւական առաջ ապրած գրողի մը մէկ գիրքը, անպայմանօրէն կը ջանանք գտնել կապ մը, որ ներկայացուող նիւթը կը հասցնէ մեր ժամանակներուն:
Այս իմաստով մեծ է արժէքը Աստուածաշունչին: Աստուածաշունչը գեղեցիկ պատմութիւններ չի պատմեր միայն, այլ կը սորվեցնէ ճիշդ ապրիլ նաեւ. երբեմն պատմութիւններով, երբեմն առակներով, երբեմն փառաբանութիւններով, աղօթքներով, նամակներով ու խրատներով` Աստուածաշունչը կը դառնայ ճիշդ կենսակերպի աղբիւր:
Աստուածաշունչի մասին եղող կարծիքներն ու մեկնաբանութիւններ երբեմն կը ջանան մոլորեցնել մեզ: Աստուածաշունչը պիտի չկարդանք սոսկ տեղեկութիւն քաղելու, այլ` ամէն տողի մէջ նոր դաս մը առնելու, կեանքի այս կամ այն երեւոյթ ճիշդ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար: Ասոր պիտի օգնեն, բնականաբար, ճիշդ մեկնութիւնները, բացատրութիւնները, որոնցմով մարդը պէտք է սնանի մանուկ հասակէն: Փոքրիկները, մանաւանդ` կրօնական հարցերու շուրջ, կը սիրեն ամենատարբեր հարցումներով խճողել մեր միտքը: Անոնցմէ ոմանք կ՛ունենան յստակ պատասխաններ, իսկ ոմանք կ՛ենթադրեն լուրջ մտածում եւ յստակ մեկնութիւն: Յաճախ կը փորձենք պատասխաններ գտնել, սակայն աւելի յաճախ կը խուսափինք անոնցմէ, զանոնք` փոքրիկները, յուսախաբ ընելով: Քիչ մը առաջ անցնելով` ըսեմ, որ նոր հրատարակուած այս գիրքը` «Մանուկներու Աստուածաշունչը. միասին կարդանք եւ պատմենք», պիտի օգնէ լաւապէս պատասխանելու այդ հարցումներուն, եւ ոչ թէ միայն «անձրեւին տակէն չոր դուրս գալու»: Պէտք է յիշել, որ մեր պատասխաններէն կախեալ է կեանքին նոր բացուող փոքրիկին վերաբերմունքը` կենսական հարցերուն նկատմամբ: Ծնողքին, ուսուցիչին, դաստիարակին մէկ սխալ բառը կրնայ էականօրէն պղտորել փոքրիկին պատկերացումը` կեանքի տարբեր արժէքներուն նկատմամբ:
Սուրբ Գրոց ընկերութեան հրատարակութիւնները միշտ ալ եկած են գունագեղ դարձնելու Աստուածաշունչի պատմութիւններն ու բարոյագիտական դասերը:
Աստուածաշունչը, երբ հայերէնի թարգմանուած է, գրուած է գրաբար հայերէնով: Այնքան ճոխ ու հարուստ եղած է գրաբարի թարգմանութիւնը, որ զայն «Թագուհի թարգմանութեանց» կոչած են: Գեղեցկութեան, ճոխութեան, հարստութեան հետ մէկտեղ մեր Եկեղեցւոյ հայրերը կարեւոր համարած են նաեւ Աստուածաշունչը ժողովուրդին հասցնելու գաղափարը: Այդ պատճառով ալ երբեմն գեղարուեստական եղանակով, երբեմն մեկնութեանց ճամբով Աստուածաշունչը մօտեցուցած են ժողովուրդին:
Սուրբ Գրոց ընկերութիւնը, իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալով, անգամ մը եւս լոյսին կը բերէ գեղեցիկ հրատարակութիւն մը, ուր Աստուածաշունչէն քաղուած դէպքեր կը ներկայացուին այսօրուան մանուկին: Սա ձեւով մը նախկին հրատարակութեան շարունակութիւնն է` ճոխացած նոր մտածումներով: Նախորդ գիրքին մէջ աստուածաշնչեան դէպքերը կեանքին կը կապուէին ամփոփ կերպով, իսկ հոս` գործնական վարժութիւններով:
Աստուածաշունչի ընկերութիւնը միշտ ալ նպատակային ուղղութիւն մը որդեգրած է դէպի մանուկները:
Գիրքը արեւմտահայերէնի թարգմանած է դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, խմբագրած` Նորա Բարսեղեան: Թարգմանիչն ու խմբագիրը բծախնդրօրէն աշխատած են, որ գիրքը ըլլայ սահուն ընթեռնլի: Նմանօրինակ գիրք մը, անկասկած, այսօրուան մարտահրաւէրներուն դէմ մեծ ու շնորհակալ աշխատանք մըն է` ցոյց տալու, որ արեւմտահայերէնը դեռ չի բարձրացներ իր «Ճերմակ դրօշակը»:
Ինչպէս վերը նշեցինք, սոյն գիրքին հիմնական նպատակը գործնական վարժութիւններով Աստուածաշունչը փոքրիկի կեանքին կապելն է: Այս գիրքը ցոյց կու տայ, թէ այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ, ուր կան ընկերային ու բարոյական մեծ խնդիրներ ու տագնապներ, ինչպէ՛ս կրնայ Աստուածաշունչը օգնել յաղթահարելու զանոնք:
Այս գիրքին մէջ մեր մանուկները, ինչո՞ւ չէ, շատ աւելի մեծ մարդիկ, պիտի գտնեն զիրենք մտահոգող բազմաթիւ հարցումներու պատասխաններ: Այս գիրքը պիտի սորվեցնէ մեր մանուկներուն` սիրել իրենց միջավայրը, իրենց բարեկամն ու չզգալ մինակ:
«Մանուկներու Աստուածաշունչը
Միասին կարդանք եւ պատմենք
Աստուածաշունչը ընկալենք պատմութիւններու եւ վարժութիւններու ճամբով»:
Գիրքին ճակատին այս տողերը կը կարդանք: Սա կը նշանակէ, որ ներկայացուող գիրքը ոչ միայն պիտի օգնէ հասկնալ Աստուածաշունչը կեանքէն առնուած օրինակներով, այլ` հասկցածը վերապատմել: 144 էջերու մէջ ամփոփուած են 24 պատմութիւններ, որոնք պիտի օգնեն կեանքը ընկալելու Աստուածաշունչի կողմէ տրուող կեանքի դասերով:
Ծնողներ մշտապէս իրենց զաւակներու ուշադրութեան առարկաներն են: Մեր զաւակները մեզի կը նային, սիրելի՛ ծնողներ: Անոնք մեզմէ կ՛առնեն, մեզի ալ թող տան: Երբեմն պէտք է մանկանալ կեանքին նոր բացուող մեր մանուկներուն հետ, որոնք մանաւանդ ընկերային հարցերու շուրջ միշտ ալ պատասխաններ պիտի սպասեն մեզմէ: Աստուածաշունչը թող ըլլայ միշտ ներկայ` որպէս կեանքի ուղեցոյց, իսկ զայն կարդալը` կենսակերպ:


