Քուէյթի Մարդասիրական բարեկամութեան միութիւնը (KHF) չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին «Սենթ Ռեժիս» պանդոկին մէջ կազմակերպեց իր տարեկան բարեսիրական ընթրիքը՝ ներկայութեամբ միութեան անդամներուն եւ հանրային տեղացի ու օտար անձնաւորութիւններու:
Հիւրերու շարքին էր Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արսէն Առաքելեան:
Քուէյթի Մարդասիրական բարեկամութեան միութիւնը հիմնուած է 2018-ին, նպատակն է՝ աջակցիլ ուսանողներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերել անոնց։
Իւրաքանչիւր տարի միութիւնը իր բարեսիրական ընթրիքին կը պարգեւատրէ 10 անձերու, որոնք օժանդակած են Քուէյթի բարգաւաճման եւ նեցուկ կանգնած են միութեան:
Այս տարի, իբրեւ հայ-քուէյթեան յարաբերութիւններուն մեծապէս նպաստող եւ օժանդակող անձնաւորութիւն, պարգեւատրուեցաւ քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ հիմնադիրն է «Ներսէս Շնորհալի» տարեկան ուսանողական մրցանակին Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ:
Հանդիսութեան ընթացին միութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Ահմատ Սարրաֆ անդրադարձաւ միութեան առանձնայատուկ կողմերուն եւ ըսաւ. «Մեր ջանքերը կեդրոնացուցինք մարդասիրական հարցերուն վրայ եւ գտանք, որ հիւանդ ու կարիքաւոր օտար բնակիչը պէտք է առաջնահերթութիւն ստանայ, յատկապէս անոնք, որոնք աւելի խոցելի են։ Մենք խտրութիւն չենք դրած սեռի, գոյնի կամ կրօնքի միջեւ»:
Ան ընդգծեց. «Մենք կը հպարտանանք բարեսիրական միութիւններու հարցերով զբաղող նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ներկայութեամբ, մեր մաքուր արձանագրութեամբ եւ որեւէ խախտումէ զերծ ըլլալով»։
Իր հերթին, միութեան գործադիր տնօրէն Խալէտ Պըն Սեպթ ներկայացուց միութեան շարք մը ձեռքբերումներ, որոնց մէջ էր նիւթական դժուարութեան մէջ գտնուող հիւանդներու՝ ինչպէս քաղցկեղով եւ երիկամային անբաւարարութեամբ տառապող հիւանդներու աջակցութիւնը՝ ապահովելով անոնց անհրաժեշտ բուժումը, դեղերը, բժշկական օժանդակութիւնը եւ երիկամի լուացում։
Այս առիթով «Ազդակ» կը շնորհաւորէ հրապարակագիր, գիրքերու հեղինակ, հայկական թէ արաբական մամուլին մէջ իր յօդուածներով ծանօթ, հայ վարժարանին ու հայ աշակերտին գործնապէս քաջալերող Կիրակոս Գույումճեանը։


