ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
Սեպտեմբեր ամիսը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ ազգային կամքի ամիսն է: 1991-ի սեպտեմբեր 2-ին Արցախի ժողովուրդը` քաղաքական եւ իրաւական միջոցներով, յայտարարեց իր ազգային կամքն ու ինքնորոշման ձգտումը: Հանրաքուէի ճամբով եւ սեփական պետականութիւն կառուցելու քայլերով ան հրապարակաւ արձանագրեց իր որոշումը, իսկ օրուան հռչակագիրը այդ որոշումին իրաւական հիմքը դարձաւ` վկայելով, որ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը կարելի չէ խլել իրմէ: Երեք շաբաթ ետք`...




















