Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական
Համաշխարհային Խորհուրդի

Ս. Ծննդեան մասին բազմաթիւ պատմութիւններ գրուած են, բայց անոնցմէ ոչ մէկը այնքան գեղեցիկ եւ նշանակալից է, որքան այն պատմութիւնը, զոր կը կարդանք Աւետարան ըստ Մատթէոսի եւ Ղուկասի առաջին գլուխներուն մէջ:

Այնտեղ  կայ պարագայ մը, որ գուցէ երբեմն մեր ուշադրութենէն կը վրիպի, բայց եւ այնպէս, սրտառուչ եւ այժմէական պատգամ մը կը հաղորդէ: Այն Յիսուս Մանուկին գոմի մը մէջ ծնած ըլլալու եղելութիւնն է:

Յիսուսի ծննդեան պատմութիւնը ծանօթ է: Օգոստոս կայսեր հրովարտակով, հռոմէական կայսրութեան ընդարձակ տարածքին մարդահամարի պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենային: Յովսէփ եւ Մարիամ Նազարէթ քաղաքէն Բեթղեհէմ եկած էին մարդահամարի արձանագրութեան համար: Մարիամ յղի էր, եւ իր ծննդաբերութեան օրերը մօտեցած էին: Երկար ճամբորդութենէ մը ետք Բեթղեհէմ հասած էին եւ իջեւանելու տեղ կը փնտռէին, բայց պանդոկին մէջ տեղ չկար: Անոնք ստիպուեցան ապաստան գտնել գոմի մը մէկ անկիւնը:

Գոմը, ընտանի անասուններու բնակարանն էր, եւ բնականաբար աղտոտ եւ անյարմար վայր մըն էր մարդոց կեցութեան համար: Կրնանք երեւակայել հոգեկան տագնապը եւ ֆիզիքական նեղութիւնը Մարիամի եւ Յովսէփի` այդ անբաղձալի կացութեան մէջ: Ահա այդ պայմաններու մէջ, աղտոտ ախոռի մը մէկ անկիւնը Մարիամ ծնունդ կու տար իր անդրանիկ զաւկին: Այսպէս, նորածին Յիսուս Մանուկը իր աչքերը առաջին անգամ կը բանար անհիւրընկալ եւ գարշահոտ գոմի մը մէջ:

Քիչեր գիտէին, որ գոմի մէջ ծնող այդ հրաշալի Մանուկը կոչուած էր մարդկութեան մեծագոյն բարերարն ու փրկիչը ըլլալու: Դժբախտ պարագաներու մէջ ծնող Բեթղեհէմի այդ աննման Մանկիկը, եթէ լեզու ունենար խօսելու, պիտի ըսէր. «Այս ի՜նչ անգութ եւ մեղաւոր աշխարհ մըն է… ճիշդ անոր համար Ես աշխարհ եկայ մեղաւոր մարդկութիւնը իր մեղսալից վիճակէն ազատելու»:

Գոմի մը մէջ ծնած Բեթղեհէմի Մանուկը մարդկութեան Փրկիչը պիտի ըլլար… Սրտառուչ, բայց նաեւ գօտեպնդիչ եւ մշտանորոգ պատգամ մը կայ առաջին Ս. Ծնունդի այս պատկերին մէջ: Յոյժ խորհրդանշական է, որ Աստուած աշխարհ կու գայ իր Միածին Որդիին միջոցով ամէնէն յետին եւ աղտոտ տեղ մը, ախոռի մը մէկ անկիւնը` մաքրելու զայն իր ապականութենէն: Ամէնէն անսպասելի վայրը իրեն ծննդավայր դարձնելով` խորիմաստ պատգամ մը կը հաղորդէ մարդկութեան. թէ` Աստուած կու գայ ազատելու մեղաւոր մարդը, մեղքի տիղմէն վերցնելու եւ իրեն նոր կեանք տալու:

Դժբախտաբար քսան դարեր յետոյ, երբ կը նայինք մեր ժամանակակից աշխարհին, Յիսուսի ծննդավայրէն սկսելով մինչեւ երկրագունդի հեռաւոր մասերը, կը տեսնենք նոյն տխուր պատկերը: Մեղաւոր մարդը դեռ կը շարունակէ մեղքի «ախոռ»-ին մէջ ապրիլ: Կը վրդովինք, երբ ականատես եւ ականջալուր կ՛ըլլանք մարդոց իրերամերժ յարաբերութիւններուն, անգթութիւններուն եւ թշնամութիւններուն, որոնք նուազ կեղտոտ ու գարշահոտ չեն, քան` Բեթղեհէմի գոմը: Երբ կ՛իմանանք Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ծայրագոյն արեւելք, Ափրիկէէն մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ պատահող մարդկային արժէքներու բռնաբարումին, հոգեւոր արժէքներու սրբապղծումին մասին, կը տարուինք մտածելու, թէ արդեօք ի՛նչ փոխուած է արդի մարդոց նկարագիրէն` բաղդատած հին ժամանակներու մարդոց նկարագիրին ու կենցաղին: Ճշմարտութիւնը այն է, որ առանց Աստուծոյ` մարդը նոյնն է եւ նոյնը պիտի մնայ ի սպառ: Այս պատճառով էր, որ Աստուած ղրկեց իր Միածին Որդին, որպէսզի զայն փրկէ իր մեղսալի վիճակէն: Մխիթարիչ իրականութիւնը այն է, որ Ան երբեք չէ լքած մարդ արարածը: Ան տակաւին կը շարունակէ մտնել ամէնէն կեղտոտ սրտերու մէջ` մաքրելով, սրբելով եւ նոր կեանք պարգեւելով անոնց: Ա՛յս է Ս. Ծնունդի գլխաւոր պատգամը:

Արդարեւ, Բեթղեհէմի գոմին մէջ ծնող Մանուկը մարդացեալ Աստուածորդին էր, որ աշխարհ եկաւ ցոյց տալու, որ ինք Էմմանուէլ է (որ կը նշանակէ` «Աստուած մեզի հետ է»), որ` ինք աշխարհի Փրկիչն է եւ կարող է մարդ արարածը ազատել իր մեղսալի եւ թշուառ վիճակէն, որ` ինք կարող է մաքրել ամէնէն աղտոտ սրտերը եւ զանոնք Աստուծոյ տաճար դարձնել:

Իցի՜ւ թէ Ս. Ծննդեան այս օրհնեալ եղանակին ամէն հայորդի երկնային իմաստութիւն ունենայ իր սիրտը բանալու եւ թոյլ տալու, որ Բեթղեհէմի նորածին Արքան իր կեանքին Տէրն ու Փրկիչը դառնայ:

Այն ատեն Ս. Ծննդեան հինաւուրց, բայց դասական յայտարարութիւնը նշանակալից պիտի դառնայ իրեն համար, եւ ինքն ալ լիիրաւ իմաստով պիտի յայտարարէ` «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս»:

 

 

 

 

Նախորդը

Լեւոն ԺԴ. Պապին Շնորհաւորագիրը` Ուղղուած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.