Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տէ՛ր, Ողորմեա՛»-ն Ըրի՞ն…

January 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարձեալ կիրակի էր: Մէկը` ա՛յն կիրակիներէն, որուն տէրը չեմ կրցած ըլլալ: Ու այս անգամ հոգեհանգիստի մը «սիրոյն», այր եւ կին, մեր քաղաքէն քիչ մը հեռու, եկեղեցի մը կ՛երթայինք: Ու նկատի առնելով ճամբուն երկարութիւնն ու խճողումը` կանուխէն ճամբայ ինկանք եւ ժամանակէն առաջ հասանք եկեղեցի ու փորձեցինք արագ մը ներս մտնել: Փորձեցինք մտնել… Աստուա՜ծ իմ, ներսի խճողումը` մուտքի դռնէն կարելի էր կռահել: Ուստի, ստիպուած, հրելով ու հրմշտկելով, «կը ներէք»-ներով եւ «ներողութիւն»-ներ կրկնելով` մտանք ներս:

Այդպէս կ՛ըլլայ, եթէ հոգեհանգիստի եկողներուն թիւը բազմանայ, կարծես եկեղեցին աւելի կը կծկուի, շունչ առնելիք տեղ չի մնար, եւ որուն ստեղծած աղմուկին պատճառով, յատկապէս եկեղեցւոյ բանկալի մուտքին կեցողներուն, կամ ետեւի շարքերու նստարանները գրաւողներուն համար, արարողութիւնը կը դառնայ անլսելի ու մանաւանդ` անհասկնալի:

Իսկ հիմա արդէն եկեղեցիին մէջն ենք, ոտքի եւ քիչ-շատ` քրտնած: Ու ինչպէս միշտ, իբրեւ հաւատացեալ, իմ կարգիս, աղօթքս` մտովի «Հայր մեր»-ով մը կը սկսիմ: Բայց, այդ օր, նոյնիսկ այս պարզ աղօթքս, մարդկային ալիքէն ստեղծուած աղմուկէն քանի՜ քանի՛ անգամ ընդմիջուեցաւ: Ուստի, ուզեմ կամ ո՛չ, աղօթքս «կարճ» կը կապեմ: Ապա կը սկսիմ գլուխս աջ կամ ձախ պտտցնել: Պատարագին կանոնաւոր կերպով հետեւիլը, իրապէս որ սուր լսողութեան տէր մարդ պէտք էր ըլլար: Անկարելի էր…

Ձախիս կինս զարմանալի ձեւով ու ինծի համար նախանձելի երկիւղածութեամբ մը այդ աղմուկին մէջ պատարագին կը հետեւէր` նոյնիսկ առանց անդրադառնալու, որ ճիշդ իր քիթին տակ մոմերու տաք եւ անփոյթ բոցերը անաղմուկ ու լուսաւոր պար մը բռնած էին:

Սակայն, միւս կողմէ, ինծի այնպէս կը թուէր, թէ մենք` իրարու շատ մօտիկ եւ ոտքի կեցած «հաւատացեալ» քանի մը զոյգերս, ուս-ուսի փակած, մարդկային նեղ օղակ մը կազմած ըլլայինք: Ո՛չ ոք կրնար զայն ճեղքել, կամ` անոր մաս կազմել:

Ու համեստօրէն ըսեմ, որ իբրեւ քահանայի թոռ` ամէն առիթով եկեղեցիէն ներս, պաշտելու աստիճան սիրած ու լրջօրէն հետեւած եմ մեր շարականներուն եւ մեր բոլոր ծիսակատարութիւններուն: Բայց այսօր… ամէն բան խառնուած էր:

Յանկարծ, չա՛ր սատանայ, պատահեցաւ անսպասելին: Զգացի, որ մեր կազմած մարդկային «օղակը» նախ թեթեւ մը շարժեցաւ: Բոլորս ալ  սանկ ձեւով մը երերացինք, եւ ապա կրկին մեր օղակը ամրացաւ: Կարծես` անակնկալ հարուած մը արագ մը քանդած ըլլար մեր «օղակը» եւ` մեզ քիչ մըն ալ տեղաշարժի մատնած: Ու հիմա, այդ ալիքին հեղինակը, համարձակ կեցած, վիզը բարձրացուցած` կարծես բան մը կորսնցուցած ըլլար, կամ բան մը փնտռել կը ջանար… դիմացս, արձանացած էր:

Կարճ հասակով, հարուստի վայել գիրութեամբ, ձեռքերը գրպանը, 70-ականներու յատուկ սրճագոյն ապակիներով ակնոց մը աչքին` բոլորիս անծանօթ մէկն էր: Այո՛, իր այդ անիծեալ ձեռքերը գրպանը պահելով, անպիտանը, չես գիտեր` ինչպէ՞ս, կարողացած էր մեր օղակը ճեղքելով` ճիշդ դիմացս հասնիլ: Անակնկալի եկայ: Նախ վերէն վար զինք չափեցի: Ապա կնոջս կողմը դառնալով` փորձեցի աչքերովս ըսելիքս պարզել: Չեղաւ: Ստիպուած, գլուխս ծռելով, ցած ձայնով ըսի.

– Նայէ՛, ձեռքերը գրպանը…, կ՛ըլլա՞յ…, «փերիշան» ասպարի կը նմանի…

Եթէ ըսեն, որ կիներու մօտ նախազգացումի աստիճանը շատ սուր ու բարձր կ՛ըլլայ, ճիշդ են: Աստուած զիրենք այդպէս ստեղծած է: Միւս կողմէ, ընդհանրապէս կինս, նման անհամ եւ տգեղ պարագաներուն, լաւատեղեակ ըլլալով մտածումներուս եւ անկէ ծնունդ առնող շարժումներուս, ո՛չ միայն գալիք պատահարը կրնար կռահել, այլեւ` միտքս ալ յստակօրէն կարդալ: Է՜հ, վերջապէս «այսքան» տարուան կողակիցս էր… չէ՞… Ուստի շուտով գործի անցնելով` զիս սաստեց.-

– Բան մը չըսե՛ս, հա՜…  քեզի ի՞նչ… ամօ՛թ է…

Թէեւ կնոջս խրատականի տարազով ազդարարական այս խօսքերը քանի մը անգամներ շեշտաւորուած կրկնուեցան, բայց… անօգուտ… միտքս դրած էի… վերջ…

Ամօթը «ինքն» էր: Ա՛լ ինծի համար շեշտ-մեշտ արժէք չունէին: Շատ յստակ էր, որ ի գին ամէն անհամութեան` որոշած էի այդ մարդը «ցնցել» եւ զգաստութեան հրաւիրել. այն ալ` այս նեղ տեղը: Նոյնիսկ «կը ծրագրէի» երեսին պոռալով` ըսել.

«Հէ՜յ, բարեկա՛մ, ինքզինքդ հաւատացեալ կարծող մա՛րդ, դո՛ւն քեզ ո՞ւր կը կարծես… հո՛ս փողոց չէ՛, հո՛ս տունդ ալ չէ …հո՛ս Աստուծոյ տունն է…, հո՛ս, ե.-կե-ղե-ցի է, դո՛ւն իրաւունք չունի՛ս այսպէս անշնորհք կերպով… ձեռքերդ գրպանէդ հանէ՛…

Այս բոլորը աչքերովս փորձած էի կնոջս ալ «փոխանցել»: Խեղճ կողակիցս ո՛չ միայն զիս կրկին անգամ զգուշութեան հրաւիրած էր, այլ ժաքեթի պոչը բռնած` կանխելու համար ամէն անհամութիւն, զիս դէպի իրեն քաշած էր: Այլեւս մոռցած էի ամէն արարողութիւնն ու պատարագ: Ուստի աչքերս այս մարդուն վրայ կեդրոնացնելով ու կռնակս իբրեւ «պատ» շինած` այնպէս մը ինքզինքս դասաւորած էի, որ կինս չէր կրնար տեսնել ծրագրած մօտալուտ «մենամարտս»:

Հաւատքի եւ յարգանքի… պատշաճութեան եւ սրբութեան փնտռտուք…

– Է՜հ, վերջապէս այս եւ նման ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնէինք… մեղք գործած պիտի ըլլայինք… անվայել կեցուածք,- հարց կու տար հաւատացեալի իմ խիղճս: Իրապէս որ այդ վայրկեանին, խոհանոցին պատին տակ ծուարած, միսի կտոր մը փախցնելու նպատակով գաղտագողի սպասող կատուի կը նմանէի: Առիթ մը կը փնտռէի երկու խօսքով «յարձակելու» եւ ըսելիքս ըսելու, դիմացինս պախարակելու, լաւ «դաս» մը տալու, գէթ այս ձեւով խռոված հոգիս պիտի կարենայի զովացնել:

Երեւակայեցէ՛ք, ե՛ս, որուն մեծ հայրը քահանայ եղած էր, եւ որ` ինքզինք աւանդապաշտ ընտանիքէ մը սերած ըլլալու հպարտանքը շալկած կը պտտէր, Աստուծոյ այս տան մէջ փոխվրէժի մասին կը ծրագրէի: Այս արարքովս ես զիս կրնայի հակասել… բայց … հոգ չէ… կարեւորը այս մարդուն դաս մը տալս էր…

Նման մտածումներուս ընթացքը յանկարծ ընդհատուեցաւ, երբ մեր երկուքին աչքերը ակամայ իրարու հանդիպեցան: Իմս ու իր ձեռքերը գրպան դնող մարդուն սրճագոյն ապակիով ակնոցին տակէն փայլող աչքերը: Վայրկեանին նայուածքներու համազարկ մըն էր, որ տեղի ունեցաւ: Անկասկած, որ փնտռած մուկս ինկած էր թակարդը: Դէմքիս վրայ կասկածելի ու ինքնածին ժպիտ մը գծուեցաւ:

Մարդը զիս տեսնելուն պէս նախ շունչ մը քաշեց, ապա յօնքերուն անմեղ հարցումի մը գիծերը տալով, գլուխը ինծի մօտեցնելով` բարձրաձայն ըսաւ, շատ համարձակ.

– Նայէ՛, հելէ՜ ըսէ՛…, «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն ըրի՞ն մը…

Այս էր պակասը: Մարդուն միակ մտահոգութիւնը այս էր, եւ ան ալ` ինծի ուղղուած: Հետաքրքիր այս հարցումը դարձեալ սկսած էր խճողել ուղեղս: Խենթերու նման սկսած էի ես ինծի հետ մտովի խօսիլ:

Մարդը, «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ի համար եկեղեցի եկած էր: Անշուշտ ինքն ալ Աստուծոյ աչքին հաւատացեալ մըն էր, թէեւ` ձեռքերը գրպանը, ի՞նչ կ՛ըլլայ որ… ո՞վ զիս ոստիկան նշանակած էր… ա՛ն ալ իրաւունք ունէր… հոգ չէ, որ ձեռքերը ուրիշ տեղ էին, ինծի ի՜նչ, ես ո՞վ եմ որ… ո՛չ տէրտէր եմ եւ ո՛չ ալ` հոգաբարձու… ինծի ի՜նչ…

Բայց հակառակ այս մտածումներուս` ակնթարթի մը մէջ պատասխանեցի.

– Ո՛չ, տակաւին «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն չըրին.- ըսի՛ մէկ շունչով եւ շեշտաւորեալ, նոյն ոճով եւ նոյն առոգանութեամբ:

Անզգալաբար շուրջիններուս ուշադրութիւնը գրաւած էի: Ինծի համար շատ ալ կարեւոր չէր ու նոյնիսկ հոգս չէր, թէ ինչե՜ր պիտի ըսէին շուրջիններս: Բայց, միւս կողմէ, պատասխանովս չէի գոհացած: Անկեղծօրէն միտքս չարչրկող ուրիշ կէտ մըն ալ ունէի, անոր համար որոշած էի այս մարդը ուղղակի խօսքերովս «զգետնել», «նաք աութ» ընել:

Ու պատասխանելու պահը հասած նկատելով` «արձակեցի» առաջին հարուածս…

– Նայէ՛,- ըսի քիչ մը հեւքոտ, ջղային ու շրջապատիս լսելի ձայնով մը, եթէ հիմա ձեռքդ գրպանէդ հանե՛ս նէ, այդ «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-դ շուտով պիտի ընեն…

Ըսի ու շտկուեցայ: Զգացի, որ յաղթանակ մըն էր տարածս: Սիրտս պարպած էի: Մանուկի մը նման ուրախ էի ու կրնայի ապահով վերադառնալ մտովի աղօթքներուս: Կը կարծէի, որ ինծի նման Աստուած ալ «ուրախ» էր:

Յանկարծ շուրջս ինքնածին ժպիտներ, խնդուքի վերածուելով, անակնկալ նոր աղմուկի մը ծնունդը տուին: Անշուշտ առիթ տուողը ես եղած էի: Ամէն բան խանգարուած էր, աղօթք-մաղօթք չէր մնացած: Կը զգայի, որ արհեստական խորութիւն մը բացած էի իմ եւ զոհիս միջեւ ու հիմա կը դիտէի իր դէմքը:

– Կը ներես, պարո՛ն,- անմիջապէս ըսաւ նոյն ոճով, առանց ինքզինք խանգարելու,- ձեռքերս գրպանս մոռցած էի:

Ականջներուս չհաւատացի: Ի՞նչ կը նշանակէր «ձեռքերը գրպանը» մոռնալ: Լա՛ւ որ այս յիմարը իր ձեռքերը ուրիշի մը գրպանը չէր մոռցած… իր այս հասակովը, այս մարդը որո՞ւ վրայ կը փորձէր խնդալ… ու ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր … չհասկցայ:

Շուտով որոշեցի իր բառերուն խորք չտալ: Չէի ուզեր իրեն հաճելի խօսակիցի մը կերպարը հագցնել: Արդէն շրջապատիս խնդուքը զիս զգաստութեան հրաւիրած էր: Չեմ գիտեր` իր ամօթէն կամ ամչնալէն, մեր «մարդը» նախ արագ մը ձեռքերը հանեց իր գրպանէն, ծուռ-ծուռ ինծի նայելով ու գլուխը շարժելով` կորսուեցաւ խճողումին մէջ: Մինչ եկեղեցւոյ աղմուկը դադրած ըլլալով` հիմս լսելի կը դառնար սարկաւագին խորանէն հասնող «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն:

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Նիկոլ Աղբալեանը` Մարգարէացման Օրինակներէն*

Յաջորդը

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.