Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էջեր Նիկոլ Աղբալեանի Գրական Գործունէութենէն…*

January 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Կեանքը պատմութեան յուշարարն է, ցայտուն` դրօշի պէս, բարձունքին կը յանձնէ իր յաղթապանծ թռիչքը, եւ իբրեւ փարոս` կը համախմբէ բոլորս ամէն անգամ, երբ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի անհունին, գտնելու համար անցեալ մը բեղուն, հո՛ն, ուրկէ մեր մեծերը կը հսկեն մեզ, մեր իւրաքանչիւր շարժումին, եւ, իբրեւ թելադրանք, կը յղեն` իրենց կոչն ու հրամայականը, պահանջը, յորդորը, հայու վեհութիւնը ամրագրող ճակատագրակա՛ն պայքարը:

Մեր մեծերն են այնտեղ` հանգիստի իրենց յաւիտենականութեան մէջ, որ իրենց քրտինքի մէջ թաթխուած գրիչը` իբրեւ կտակ, յանձնած են մեզի` տէրն ու ստեղծագործ մշակը դառնալու գրական անդաստանի ցորեաններուն:

Հայ գրականութեան հարուստ ժառանգութիւնը կը վկայէ, թէ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք, կը հետեւինք «Լուսաւորչի կանթեղին, որ կախուած է երկինքէն», կ՛ունկնդրենք «անլռելի զանգերուն» խոր արձագանգը, որքան ալ փորձէ թշնամին արմատախիլ ընել մեզ մեր էութենէն, ոչնչացումի դառնութեամբ սպառնայ, սակայն վերապրող գիտակի՛ց հայն է, որ ինչպէս Նիկոլ Աղբալեան կը յուշէ` «Վճռած ու ճակատ յարդարած է եւ կռիւ կ՛ընդունի ոսոխին դէմ»:

Յար եւ նման օրինակներ` քաղուած այն սերունդի զաւակներէն, որոնք մատղաշ տարիքին հասան մինչեւ Եւրոպա, ստացան բարձր կրթութիւն, զրահաւորուեցան գիտելիքներու շտեմարանով, վերադարձան իրենց ծննդավայրը, բաշխեցին իրենց ստացած մտաւոր սնունդը, դարձան երախտապարտ մտաւորականներ` ամէնօրեայ տանջանքի մէջ դիավարելու հոսանքն ի վեր:

Աւելի՛ն. անոնք ծանօթացան օտար գրականութեան, սակայն մի՛շտ փայփայեցին ու գերադասեցին հայ գրականութիւնը…

Մտաւորականներու շարքին մէջ, 20-րդ դարու սկիզբին, Նիկոլ Աղբալեան անունը կը տարածուի, երբ ան հազիւ 25 տարեկան էր, սկսնակի քայլերէն հետզհետէ դառնալու` գրական-քննադատական ու մշակոյթի առաքեալ, հայ ժողովուրդի դաստիարակ, մանկավարժ ու հասարակական-գաղափարական գործիչ:

Աղքատ ընտանիքի մէջ հասակ առած Նիկոլ Աղբալեան իր մանկութեան ու պատանեկան տարիներէն իսկ յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ գրականութեան նկատմամբ, երբ դասերէն դուրս, իր ժամանակին մեծագոյն մասը կը յատկացնէ ընթերցանութեան: Գրական իր առաջին փորձերը լոյս կը տեսնեն Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագիրին մէջ, նիւթը` ԺԹ. դարու արեւելահայ գրականութեան զարգացման փուլերն ու այդ ժամանակաշրջանի նոր հեղինակները:

Ապա քննադատական յօդուածներ կը ստորագրէ Լեւոն Շանթի «Երազ օրեր» գիրքին, Աւետիք Իսահակեանի քերթուածներու շարքին, Վահան Տէրեանի «Մթնշաղի անուրջներ»-ուն, աւելի ուշ` Ստեփան Զօրեանի գործերուն, Րաֆֆիի «Տեղեկագիրք»-ի բովանդակութեան, մի՛շտ իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով ու արդար վերլուծութեամբ:

Ճանչնալ ու հաղորդակից ըլլալ գրականութեան` Աղբալեանի համար կը նշանակէ լաւապէս սերտած ըլլալ գրական գործունէութիւնը, որուն հեղինակները գրական հանդիպումներով յաճախ շէնցուցած են Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն»-ը: Անոնք, ժողովուրդին տուած են միայն մատչելին` զայն առաջնորդելով դէպի զարգացման ուղիներ: Դերակատար եղած են, որ գիրն ու գրականութիւնը առօրեայ միտքի պահանջ դառնան իւրաքանչիւր անհատի:

Թումանեանի կողքին, Աղբալեանի անունը կը յիշատակուի նոյնպէս հաւլաբարցի` Սայաթ Նովայի մասին կատարուած երկարաշունչ գրախօսականին համար: Սայաթ Նովան վերակենդանացնող ու ժողովրդականացնող Աղբալեանի աշխատասիրութիւնը մտերմութեան խանդ կը ստեղծէ նորահաս սերունդին մօտ. աշուղին կեանքին ու տաղերուն մասին Նիկոլ Աղբալեան մանրամասն ու բծախնդիր կերպով վերլուծումներ ու մեկնաբանութիւններ կը կատարէ, նաեւ հայերէն տաղերուն համար ամբողջական բառարան կը հրապարակէ:

Իր ուսանողներէն Մուշեղ Իշխան հետեւեալը կը վկայէ. «Նիկոլ Աղբալեանի ձայնին ու կերպարանքին մէջ արքայական աշուղը կը վերայայտնուէր դարերու մշուշին ընդմէջէն, կախարդական քամանչան ձեռքին»: Աղբալեան, իր կարգին, կը հաստատէ. «Ես ուրեմն մի մնացորդն եմ այն հին օրերի, որ դեռ կարող եմ լաւ հասկանալ այն լեզուն ու բարքը, որ երեւում է Սայաթ Նովայի գործին մէջ»:

Թերեւս այլ մտաւորականներու կողմէ կատարուած վերլուծական մեկնութիւնները աւելի ուշագրաւ տեսք ունենային, աւելի ընթերցուած ըլլային, սակայն Աղբալեանի համար առաջին հերթին ընթերցումը ինքնին մարտահրաւէր մըն է, որ մարդ անհատը կը քաղէ ընթերցուած տողերուն ընդմէջէն` մղում ունենալով ճշգրիտ իմաստին թափանցելու, խորանալու` կշռադատուած արուեստագէտի արդար չափանիշով: Այս լոյսին տակ, Աղբալեան իր զեկոյցներուն ընթացքին մտերմաբար կը յայտնէր, որ իր գրախօսականը աւելի շատ կը նմանէր անկեղծ արտայայտութեան, սրտբաց նախաձեռնութեան, դիւրին ու ըմբռնելի` ամբողջ ժողովուրդին համար եւ ոչ թէ ուղղուած յատուկ հատուածի: Սակայն իր ելոյթներուն մէջ ուշագրաւ էր տեղեկութիւններու ու վերլուծումներու հարստութիւնը, ինչպէս դիտել տուած էր, թէ «Հայկական վէպը ուրարտական ստեղծագործութիւն է», բան մը, որուն ծանօթ կրնային ըլլալ հայ ազգն ու հայոց աշխարհը ուսումնասիրած հետաքրքրասէրները:

Մէկ այլ օրինակ, որ կը վերաբերի Ե. դարաշրջանի Սուրբ Գիրքի տարածման, իշխանական տուներն ու հարուստ հոգեւորներն էին գրականութիւն սպառողները` իրենց ունեցած հարստութեամբ ձեռք ձգած ընդօրինակուած մատեանները: (Ենթադրութիւնը Նիկոլ Աղբալեանին է):

Աղբալեան լոյսին կը բերէ այն տեղեկութիւնը, որ կ՛անդրադառնայ հայ լեզուի հետազօտութեան եւրոպացի գիտնականներու կողմէ, որոնց եզրակացութեամբ, թէ հայ լեզուն ուրոյն ու անկախ ճիւղ է հնդեւրոպական նախալեզուի մէջ:

Այսպէս, լեզուն, գրականութիւնը, արուեստն ու մշակութային բոլոր ճիւղաւորումները մնայուն ուշադրութեան կ՛արժանանան Աղբալեանի կողմէ, զիրար ամբողջացնող հարուստ գանձարան, ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Մեծ ազգերու համեմատութեամբ փոքր, բայց ուրիշներու բաղդատութեամբ վե՛հ է հայ ազգը»:

Ասոնց կողքին, իւրայատուկ կապուածութիւն կը ցուցաբերէ Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ, անգիր կը սորվի Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւններն ու աղօթքները, շարականները, նաեւ` Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-ը: Իր մտերիմը` Լեւոն Շանթ, կը վկայէ, որ 1921-ին, երբ Աղբալեան պոլշեւիկներու կողմէ բանտարկուած էր Երեւանի բանտին մէջ, եւ գրեթէ յոյս չկար ազատման, փորձառու քահանայի նման պատարագ կը մատուցէ իր ու մնացեալ բանտարկեալներու փրկութեան համար:

Հետեւեալ իրավիճակը կը պարզէ, որ իր շուրջ համախմբելու, զրուցելու ու նորութիւն փոխանցելու վարպետութեամբ համակուած էր Աղբալեան, երբ դասախօսութիւնները, հանդիպումները կը տեւէին 2-3 ժամ` առանց ձանձրոյթ պատճառելու զինք լսողներուն:

Իր ուսանողները նոյնպէս նման կարծիքի էին, որ Հայոց պատմութեան իրենց դասատուն դասագիրքի օգտագործումով չէր, որ կ՛ուսուցանէր, ոչ ալ` աշխարհագրութիւնը, իրագիտութիւնն ու թուաբանութիւնը, այլ ընդհակառակն, այնպիսի հաղորդական շեշտով ու պայծառութեամբ` խօսքի անսպառ ներշնչումով կը փոխանցէր գիտելիքը, որ իր միտքին մէջ տեղադրուածները յաջորդաբար դուրս կու գային եզակի կատարումով: «Ինչ որ գրիչով չէր կրնար տալ, կը փորձէր տալ խօսքով, որ հատու զէնք մըն էր իր ձեռքին մէջ», կը գրէ Գառնիկ Բանեան:

Բնաւ չէ ամչցած «չեմ գիտեր» ըսելու. նախընտրած է «չեմ գիտեր» ըսել, եւ պրպտումներու անցնիլ, փոխանակ դառնալ պոռոտախօս մը կամ հետեւակ գրող մը եւ կամ ալ` ուրիշները կապկող բանագող մը: Բնա՛ւ: Իր արտայայտութիւնը չէր նուաստացներ իր մեծութիւնը: Իր նախընտրութիւնն էր անկեղծանալ, որ ինքնին յարգանքի արտայայտութեան ձեւ մըն էր: Դարձեալ շեշտենք, որ մոլի ընթերցանութեան ճամբով ինքնազարգացման ուղիներ գտած էր եւ նուիրուած էր աշխատանքի:

Մամուլի մէջ լոյս տեսնող իր յօդուածներուն զուգահեռ, 1914-ին` Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, Նիկոլ Աղբալեան մաս կը կազմէ Ազգային Բիւրոյի ու Հայ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմինին, ուր իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ` կռուող զօրքին հետ ճակատ մեկնելով: Հայ զօրքին հետ կը մտնէ Վան, Պիթլիս. նաեւ առիթ կը գտնէ հետաքրքրուելու ու կորուստէ փրկելու բազմահազար թանկարժէք գիրքեր, ձեռագիրներ` կիսափուլ վանքերու, տուներու փլատակներու մէջէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումով, Աղբալեան կ՛ընտրուի խորհրդարանի անդամ եւ իբրեւ լուսաւորութեան նախարար 1919 մայիս 16-ին, Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի համաձայնութեամբ, հիմը կը դրուի Երեւանի պետական համալսարանին: Նաեւ կը կատարէ համալսարանի բացում` 1920 յունուար 31-ին, Գիւմրիի մէջ, եւ յաջորդ օրն իսկ համալսարանը կը սկսի գործելու:

Աղբալեան, կրթական ծրագիրի պատրաստութեան կողքին, նաեւ կը ստեղծէ հայ գրողներու միութիւնը, որ կը կոչուի «Հայաստանի գրական ընկերութիւն»:

Իր բազմաբեղուն գործունէութեան ժամանակ աչքին կը զարնէ սկսնակ բանաստեղծ մը, որ ուսուցիչ էր Կարսի մէջ եւ հրատարակած էր քերթուածներու երկու շարք` «Երեք երգ տխրադալուկ աղջկան» ու «Դանթէական առասպել»: Աղբալեան խորհրդարանի դահլիճին մէջ ելոյթի ընթացքին կը ներկայացնէ այս քերթուածները, որոնց հեղինակը փայլուն ապագայ կը խոստանայ. անունը` Եղիշէ Չարենց: Շուտով Նիկոլ Աղբալեան կը հրաւիրէ Չարենցը Երեւան` նախարարական իր գրասենեակին կից մէկ անկիւն մը տրամադրելով այս բանաստեղծին, որպէսզի ստեղծագործէ եւ հեռու մնայ նիւթական մտահոգութիւններէ: Մինչեւ վերջ ալ Չարենց երախտապարտ կը մնայ Աղբալեանի նկատմամբ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան աւելի շատ կը նուիրուի ուսուցչական գործունէութեան` միշտ շարունակելով հրապարակային ու գրական-քննադատական իր մշակումները: Ատեն մը Պարսկաստան, ապա Եգիպտոս, ուր 1928-ին, Լեւոն Շանթի ու այլ մտաւորականներու հետ կը հիմնէ Հայ կրթական եւ հրատարակչական Համազգային ընկերութիւնը, որուն մշակութային ծրագիրի պատրաստութեան մէջ կը դառնայ դերակատար: Կը շարունակէ իր շրջագայութիւնը` Ֆրանսա, Սուրիա, Լիբանան:

1930 մարտ 3-ին Նիկոլ Աղբալեան եւ Լեւոն Շանթ Լիբանանի մէջ կը հիմնեն Հայ ճեմարանը, եւ մինչեւ մահ կը դառնայ անոր տնօրէն խորհուրդի անդամ եւ նոյն հաստատութեան բարձրագոյն կարգերուն մէջ կարճ ժամանակ կը դասաւանդէ գրաբար եւ հայ գրականութեան պատմութիւն: 1931-ին Ճեմարանի մէջ կը բացուի նաեւ Համազգայինի տպարանը եւ անմիջապէս կը գործէ. Նիկոլ Աղբալեանի կտակով տպարանը կը դառնայ Համազգայինի սեփականութիւնը:

Հաւաքական կեանքի ու իրերօգնութեան պատկերը ներկայացնող Լիբանանի երբեմնի հայկական փոքրիկ գաղութներէն Շթորան` Պեքայի հովիտի գիւղաքաղաքներէն մին, հանգստավայրն ու բնակութեան վայրը եղած էր Նիկոլ Աղբալեանի, որուն ջանքերով հիմը դրուեցաւ բարեսիրական ու մշակութային կեդրոնին, որ հետագային կոչուեցաւ «Աղբալեան» կեդրոն. անոր սրահը երկար ժամանակ ծառայեց ԼՕԽ-ի ամառնային Կազդուրման կայանի բարենպաստ աշխատանքին:

Լիբանանը կը դառնայ Աղբալեանի կեանքին վերջին կանգառը: Բեղուն գործունէութիւն կը կատարէ Լիբանանի մէջ, սակայն իր ընտանիքին կարօտը կը տանի իրեն հետը մինչեւ գերեզման, որովհետեւ կնոջն ու երեք երեխաներուն չէին արտօնած հեռանալ Հայաստանէն, կարծէք` անոնք պատանդ մնացած էին խորհրդային իշխանութեանց մօտ:

1930-1947. տասնեօթը տարի Նիկոլ Աղբալեան կ՛ապրի Պէյրութի մէջ` ժողովուրդին փոխանցելով ջանասիրութեան այն կրակը, որ գիտելիքի ձեռքբերումով կը բոցավառի, իր ամբողջ ժամանակն ու ուժը կը տրամադրէ մշակութային լայնածաւալ գործունէութեան: Իր գրաւոր թէ բանաւոր ելոյթներուն մէջ իր անձնական կնիքը կար, իր տեսակէտը, ինքնուրոյն ու ինքնատիպ ըլլալու իր ջանքը. ժողովուրդին մէջ սերմանելու, որ մեր արժէքները կը յարատեւեն մեր յառաջացած մտածելակերպով ու ստեղծագործութեամբ. հայ գրիչը կը չորնայ, երբ զայն գործածութենէ դադրեցնենք:

Նիկոլ Աղբալեան կ՛ըսէ. «Նպատակս է` իմ ունեցած քիչով գոհացնել բնաւ չունեցողին: Իմ ընթերցողին սիրել տալ մեր հին ու նոր գրականութիւնը, իր հաւատքը մնա՛ անսասան, զգացումը` զօրեղ, միտքը` կտրուկ ու գործնական, ոճը` պարզ ու պայծառ: Գրականութիւնը վարակիչ է, որովհետեւ ազգի մը հոգեկան որոշ վիճակի հայելին է…»:

* Բանախօսութիւն` տրուած Նիկոլ Աղբալեանի 135-ամեակի ձեռնարկին, 3 դեկտեմբեր 2025

Նախորդը

Մանուկներու Աստուածաշունչը. Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեանը` Մարգարէացման Օրինակներէն*

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.