Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ: Անոր անունը պիտի կոչուի սքանչելի, խորհրդակից, հզօր Աստուած, յաւիտենականութեան հայր, խաղաղութեան իշխան: Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեան մեծնալուն ու խաղաղութեան սահման չկայ: Որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութեամբ հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա»:

Եսայեայ 9:6-7

Եսայի մարգարէին խօսքը կու գայ խաւարի ու ազգային տառապանքի մէջ ապրող իրականութեան մը փորձառութենէն: Իսրայէլի ժողովուրդը ճնշուած կեանք մը կ՛ապրէր` քաղաքական, հոգեւոր եւ բարոյական խաւարոտ իրավիճակներու մէջ: Այս խաւարին մէջ Աստուած կը յայտնէ լոյսի մը ծագումը` Մանուկը, որ պիտի բերէ փրկութիւն`  մարդուն, հաւաքականութեան ու ազգին, եւ որուն մէջէն պիտի դրսեւորուի նոր կեանքը: Քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ այս մարգարէութիւնը կը նկատուի Փրկիչին յայտնութիւնը:

Այս մանուկը միայն թագաւոր չէ, այլ նաեւ Աստուած, որ մարդացաւ: Ան` Աստուած, որ մարդացաւ եւ եղաւ մանուկ, որպէսզի լոյսը սփռէ աշխարհին: Այս իրականութենէն մեկնելով` Ան կը կոչուի «հզօր» եւ «Հայր յաւիտենական»: Այս անունները կը հաստատեն, որ փրկիչը` իմա Աստուած, որ մարդացաւ, կը գերազանցէ մարդուն  ստեղծած կեանքի բոլոր սահմանները եւ չափանիշերը. «Անոր իշխանութեան մեծնալուն ու խաղաղութեան սահման չկայ»: Այս պիտի նշանակէ, թէ մանուկին բերած փրկութիւնը անսահման է եւ կը շրջանցէ աշխարհի ստեղծած բոլոր պարագաներն ու խոչընդոտները:

Աստուծոյ այս իշխանութիւնը անսահման է եւ անծայրածիր, որովհետեւ Ան մարդուն եւ հաւաքականութեան մօտ ըլլալու համար եկաւ եւ ունէր մէկ գլխաւոր առաքելութիւն` փրկել մարդն ու աշխարհը եւ զանոնք առաջնորդել դէպի նոր կեանք, այսինքն` լոյս: Այս իմաստով, Աստուած անհասանելի չեղաւ մարդուն համար,  ասիկա ալ կը բացատրէ այն, որ Ան ինչո՛ւ մարդացաւ եւ ծնաւ մսուրին մէջ: Աստուած շատ մօտիկ եղաւ ու կը շարունակէ մօտիկ մնալ մարդուն, որպէսզի ան պէտք չունենայ երկար ճամբայ կտրելու կամ սպասելու ժամադրութեան մը, որպէսզի «Հզօր Աստուծոյ» ներկայանայ: Այս «Հզօր Աստուածը» մարդուն, բոլորիս հետ ու մեր կողքին  եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ:

Քրիստոսի իշխանութիւնը եւ շնորհած խաղաղութիւնը նոյնքան կեդրոնական են աստուածաբանութեան մէջ: Խաղաղութիւն հասկացողութիւնը չի նշանակեր պատերազմի բացակայութիւնը, այլ ամբողջական հաշտութիւն` Աստուծոյ, մարդուն եւ աշխարհին հետ: Այս խաղաղութիւնը կը հաստատուի արդարութեան եւ ճշմարտութեան վրայ: Այս խաղաղութեան բացայայտումն է, որ Եսայի մարգարէութիւնը կը դարձնէ ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ազգային յոյսի պատգամ` խաւարէն դէպի լոյս հասնելու յոյսի պատգամ: Այս իմաստով իւրաքանչիւր անհատ, հաւաքականութիւն եւ ազգ, որ անցած է կոտորածներու, գաղթի, կորստեան եւ անարդարութեան մէջէն, կրնայ իր պատմութեան` իմա խաւարի փորձառութիւնը տեսնել Եսայի մարգարէին նկարագրականին մէջէն: Եսայի մարգարէի նկարագրականը մարդուն եւ հաւաքականութեան խաւարի վիճակէն սթափելու կոչ է, երբ ան-անոնք ապրած են ու կ՛ապրին Աստուծմէ հեռու կեանք մը: Եսայի մարգարէն կու տայ յոյսը, թէ մարդուն եւ հաւաքականութեան ապրած խաւարի վիճակը ունի ելք: Իսկ ելքը «մանուկին» մէջ ու մէջէն է, որ մարդկութիւնը կը տանի լոյսի իրականութեան:

Հայ ժողովուրդին ապրած պատմութեան փորձը կու գայ հաւաստիացնելու, որ

Եսայի մարգարէի խաւարէն դէպի լոյսի հասցնող ճշմարտութեան յոյսը որքան իրական է: Հայ ժողովուրդը ունի ապրուած խաւարի կեանքէն դէպի լոյս տանող փորձը: Հայ ժողովուրդին համար այս խոստում-յոյսը դարեր շարունակ եղած է կեանքի եւ գոյատեւման յենարան: Ցեղասպանութիւն, բռնագաղթ, հայրենազրկում, բայց նաեւ յարութիւն: Յարութիւնը հայուն:

Մանուկը, որ ծնաւ, եւ որ շնորհեց լոյս, դարձած է ու կը շարունակէ դառնալ ազգային-հաւաքական (վեր)ապրող կեանքի հիմք եւ անոր շարունակականութեան խորհրդանիշ: Հայուն համար «Մեզի մանուկ մը ծնաւ»-ը դարձած է կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ: Եսայի մարգարէին այս հատուածը` հայուն ապրած պատմութեան հոլովոյթներու մէջէն, վերածուած է ազգային ապրող վկայութեան: Հայը, որ իր հաւաքական թէ ազգային կեանքի մէջէն անցած է խաւարի փորձառութիւնները, ինք ալ կրցած է դարձեալ ծնիլ եւ կերտել կեանքը նոյնինքն այս լոյսի բերած ու շնորհած ապահովութեան մէջէն:

Հայուն կեանքը այսօր դարձեալ  մշուշապատուած է խաւարով, որ ակնյայտ է իր կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ: Արտաքին իմաստով հայը շրջապատուած է աշխարհաքաղաքական իրավիճակներով, որոնք կը խաւարեն հայուն կեանքը: Բայց նոյնքան իրական են նաեւ հայուն ներհայկական իրականութիւնները, ուր տիրական դարձած են հայուն անմիաբանութիւնը, իրարու նկատմամբ ատելութիւնը, քէնը, անհանդուրժողականութիւնը եւ հայը հայուն դէմ լարումը. այս բոլորը հայուն կեանքը այսօր խաւարի վերածած է: Հայը այսօր կանչուած է կրկնելու իր պատմութեան փորձը եւ անոր հաւատամքը: Հայը պէտք է դառնայ «ծնած մանուկին» խոստացած ու բերած լոյսի յոյսին:

Այսօր իւրաքանչիւր հայ` ես, դուն, ընտանիք, հաւաքականութիւն եւ ազգ, պէտք է ընդառաջէ «ծնած մանուկին» լոյսի հրաւէրին: Այս լոյսը, որ կեանք կը կերտէ եւ խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն կ՛ապահովէ: Այսօր իւրաքանչիւր հայ իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական եւ ազգային կեանքերուն համար պարտի տեղ բանալ «ծնած մանուկին» նոր կեանքի իրականութեան:

Փրկիչը ծնաւ աշխարհին համար, բայց նաեւ հայո՛ւն համար: Այս փրկիչը հեռու տեղ մը չէ ծնած: Ան ծնած է իւրաքանչիւր անհատի` ներառեալ հայուն, մօտը եւ հայուն կողքին: Ան կրնայ մեզ տանիլ խաւարէն դէպի լոյս:

Եսայի մարգարէի այս մարգարէութիւնը ապրող իրականութիւն է: Այս իրականութիւնը ապրած է պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն մէջէն ու տակաւին կը շարունակէ ապրիլ: Մարգարէին այս յոյսը ուժ է, որ  կը հաստատէ կամուրջ` երկնային եւ երկրային իրականութիւններու միջեւ: Երբ երկրային իրականութիւնը խաւարի մէջ է, երկնայինը կ՛ապահովէ լոյսը, եւ մարդուն ու հաւաքականութեան կեանքը կ՛իմաստաւորուի եւ կը զօրանայ որքան ալ դժուար ըլլան երկրային պայմանները:

Հայը իր պատմութեան առանցքին հաւատաց այս «ծնած մանուկին» եւ կրցաւ խափանել խաւարը ու վերապրիլ: Այս մարգարէութիւնը այսօր հայուն համար զգաստութեան կոչ է: Կոչը` հայուն ներկայ օրերու խաւարի կեանքը դարձնելու լոյսի: Լոյսին հասնելու համար մենք նորէն պիտի կառչինք «մանուկին», որ «ծնաւ մսուրի» մէջ: Ան պիտի դարձնէ խաւարը լոյսի: Եւ հայը, եթէ կը փափաքի ապրիլ-վերապրիլ, պարտի ընդգրկել այս լոյսը:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզի եւ մեր բոլորին մեծ Աւետիս:

Իսկ Աւետի՞սը: Լոյսն է, որ խաւարը կը խափանէ եւ լոյսը կը ստեղծէ:

Եսայի մարգարէի խօսքը այսօր ուժեղ եւ ապրող իրականութիւն է` խաւարէն դէպի լոյս:

Կառչինք լոյսին, որպէսզի ապրինք:

 

 

 

Նախորդը

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

«Տէ՛ր, Ողորմեա՛»-ն Ըրի՞ն…

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.