Յօդուածներ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Առաջնայինն ու Սովորութիւնը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստան-Արցախ ճակատներուն վրայ օգոստոսի երկրորդ կէսը բացուեցաւ նախընթաց` արդէն իսկ սովորութիւն դարձած իրադարձութիւններու կրկնութեամբ (անմիջապէս ըսենք, որ «ա՛լ վարժուեցէք»-ը չի քալեր): Ազերիական արձակազինութիւն, կրակոցներ, յարձակում եւ թափանցման փորձեր` Երասխի, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի շրջաններուն մէջ: Ունինք երկու նոր զոհ, վիրաւորներ: Դրականը այն է, որ մեր պաշտպանական ուժերը հակադարձած են (արդէն քանի՛երորդ անգամն ըլլալով) եւ ետ մղած` թշնամին, պատճառելով զոհ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Թուրքիա Արգիլած Է Հայկական Թռիչքները. Հայասատան Ինչո՞ւ Չի Փոխադարձեր

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Վերջերս տեղեկացայ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարիէ մը ի վեր արգիլած է հայկական օդանաւերուն մուտքը իր օդային տարածք: Այս մասին օգոստոսի սկիզբը բացայայտեց «Հետք» (Hetq.am) կայքի հետաքննող լրագրող Վահէ Սարուխանեանը: Զարմացայ` լսելով այս լուրը: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ թրքական կառավարութիւնը արգիլած է հայկական արձանագրութիւն ունեցող օդանաւերուն` իր օդային տարածքով թռչիլ, եւ ոեւէ հայ...

Սթափելու Ժամանակը

Հինի ու Նոր Հինի Բախումը Կը Շարունակուի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը աւարտեցաւ ինչպէս սկսած էր: Առաջին հերթին ընտրուեցան Ազգային ժողովի նախագահը, երեք փոխնախագահները եւ տասներկու մնայուն յանձնաժողովներու նախագահները: Այս ձեւով ձեւաւորուեցաւ Ազգային ժողովի խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն նախագահը, փոխ նախագահները, մնայուն յանձնաժողովներու նախագահները եւ մէկական ներկայացուցիչ խորհրդարանական երեք խմբակցութիւններէն: Ընդհանուր` 19 հոգի: Խորհուրդը կը պատրաստէ Ազգային ժողովի նստաշրջաններու ու արտակարգ ժողովներու...

Ինչո՞ւ.  Երեք Պատմութիւն, Մէկ Հարց

Յախուռն ու Անմիջական Հայը. Սերօ Խանզադեան – Բ.

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, Իրմէ առաջ, մուսալեռցի իմ լաւ ընկերներէն` Պետրոսի միջոցով ծանօթացած էի իր ուստրին` գեղանկարիչ Արարատ Խանզադեանի հետ, երբ ան դեռ նոր բաժնուած էր իր նախկին կնոջմէն, որ, թէեւ սկսնակ, սակայն գեղեցիկ ու տաղանդաւոր դերասանուհի մըն էր: Մեր բարեկամութիւնը շատ կարճ տեւեց պարզ այն պատճառով, որ ես ի վիճակի չէի հաւասարէ հաւասար խմելու հետը: Նոյնիսկ երբ օր մը...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Մեր Պայքարը Միշտ Եղել Եւ Մնում Է Թուրքերի Դէմ Այսօր Ինչպէ՞ս Ենք Հանդուրժում Թրքամէտներին

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Մի քանի օր է մխրճուել եմ 1988 թուականին սկսած արցախեան շարժման եւ դրան հետեւած պատերազմի, յաղթանակի մանրամասների` տեսագրութիւնների, թղթակցութիւնների, յուշագրութիւնների մէջ, հասկանալու համար ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս պատահեց, ո՞ւր սխալուեցինք, որ կորցրինք ամէն ինչ, որ` ձեռնունայն ու գլխիկոր ենք այսօր ե՛ւ ինքներս մեզ, եւ պատմութեան առջեւ: Խորհրդային բռունցքի տակ, ամենածանր պայմաններում, յանպատրաստից արթնացած, առանց բանակի, զէնքի չգոյութեամբ, կամաւորական...

«Ոչ Ոք Անփոխարինելի Է, Բայց Բոլորս Կարեւոր Ենք». Արմանտոյին, անմոռանալի

«Ոչ Ոք Անփոխարինելի Է, Բայց Բոլորս Կարեւոր Ենք». Արմանտոյին, անմոռանալի

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արմանտոն չկայ այլեւս: Բժիշկներուն առաջին եզրակացութիւնը այն էր, որ ուղեղին հասած վնասը անդարմանելի է: Յետոյ եկան հրաշքի մը, «երկու հրաշքի», սպասելու քանի մը օրերը: Հրաշք չեղաւ: Յիշեցիր Jacques Brel-ին. «Moi si j’étais l’Bon Dieu / Je crois qu’j’aurais des remords…» «Ես եթէ Բարի Աստուածն ըլլայի / կարծեմ խղճի խայթ կ’ունենայի» *** «Et puis si j’étais l’Bon Dieu...

ՀՅ Դաշնակցութեան Ակումբները Եւ Ժողովրդային Տուները

ՀՅ Դաշնակցութեան Ակումբները Եւ Ժողովրդային Տուները

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Լիբանանի մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ակումբներու եւ ժողովրդային տուներու գործունէութիւնը պատմութեան ընթացքին ունեցած է յատուկ նշանակութիւն, եւ  մեր հաւաքական կեանքին մէջ անոնց ներկայութիւնը` ժամանակի հոլովոյթին հետ իր ծաւալած աշխատանքով ու ստեղծած մթնոլորտով, դարձած է կենսական ու նշանակալից: Սովորական ընկերային հաւաքավայրեր եւ ժողովավայրեր չեն եղած ու չեն տակաւին մեր ակումբներն ու  ժողովրդային տուները: Անոնք ընդհանրապէս նաեւ չեն օժտուած արդիական...

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Կեանքը տարբեր էր Իրաքի մէջ: Շատ բարգաւաճ գաղութ էր, եւ լաւ կեանք ունէինք»: Անդօ եւ Շաքէ Արամեաները Ալմելօ, Հոլանտա հասած են Իրաքէն` 2012 թուականին: Անոնք կու գան Պաղտատէն: Անդոն ինքնաշարժներու մասնագէտ-վարպետ եղած է: Յստակ է, թէ անոնք ինչո՛ւ այդ «տարբեր կեանքը» ձգելով եկած են Ալմելօ` նոր կեանք մը սկսելու: Իրաքը եւ հաւանաբար միջինարեւելեան մնացեալ բոլոր երկիրները իրենց...

Մինչեւ Ե՞րբ

Գործի Ժամն Է

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայաստանի նոր կառավարութեան առջեւ բազմատեսակ մարտահրաւէրներ կան: Հայաստանի նոր Ազգային ժողովին մէջ բաւական կնճռոտ հարցեր կան: Պատերազմէն ետք բաւական աշխատանքի մարզեր նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին: Սակայն այս բոլորին զուգահեռ պէտք է նկատի առնուի նաեւ այն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անմասն չմնայ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններէն: Խօսքի ժամանակը շատոնց անցած է: Գործի ժամն է արդէն: Լիբանանահայութեան օրակարգը ո՛չ իրաքահայ,...

«Հորիզոն» Հրատարակեց Արեւմտահայերէնի Վերածուած Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» Ուսումնասիրութիւնը

«Հորիզոն» Հրատարակեց Արեւմտահայերէնի Վերածուած Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» Ուսումնասիրութիւնը

Մոնրէալի TLC Global հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ պատմաբան Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» ուսումնասիրութիւնը` արեւմտահայերէնի վերածուած: Պատմաբան Թադէոս Յակոբեանի այս աշխատութիւնը կը հանդիսանայ այն միակ հազուագիւտ աղբիւրը, ուր մէկ հրատարակութեան մէջ համախմբուած կրնանք գտնել պատմական Հայաստանի, Արեւմտահայաստանի 72 հայկական բնակավայրերու տեղագրութիւնը: Գիրքին մէջ ներառուած են Հայկական Բարձրաւանդակի այն բնակավայրերը, որոնք մաս կը կազմեն Մեծ Հայքին եւ կարգ մը բնակավայրեր` Փոքր...

Մեծարենցեան Երեկոներ – Մուսա Լեռ Այնճար.  Ուիլիըմ Սարոյեան Գրագէտը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Մուսա Լեռ Այնճար. Ուիլիըմ Սարոյեան Գրագէտը

Զ. Գ. Ղ. Մուսա լեռ-Այնճարի մէջ «Մեծարենցեան երեկոներ»-ու այս տարուան երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 օգոստոս 2021-ին եւ նուիրուած էր գրական աշխարհին մէջ ամերիկահայ հանրածանօթ Ուիլիըմ Սարոյեանին, անգլերէն լեզուով բազմաթիւ գրական հատորներու հեղինակին, որ ունի պատմուածքներ, վէպեր, թատրերգութիւններ, երեքը` հայերէնի. Ա.- «My Heart's in the Highland» 1939 - «Իմ սիրտը լեռներումն է» Բ.- «My Name is Aram» 1940 -...

Եթէ Կ՛ուզէք Երջանիկ Ըլլալ, Փորձեցէք Երջանկացնել Այլ Անձ Մը

Եթէ Կ՛ուզէք Երջանիկ Ըլլալ, Փորձեցէք Երջանկացնել Այլ Անձ Մը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդիկ արդարօրէն եւ հասկնալիօրէն կը ձգտին երջանկութեան: Զանազան բաներու եւ ձեւերու մէջ կը փնտռեն երջանկութիւնը, բայց կը գտնե՞ն... կը հասնի՞ն անոր: Իւրաքանչիւր անձ միայն ինք կրնայ այդ պատասխանը տալ: Երբեմն ալ չի կրնար տալ: Նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ուրիշներու համար լաւ բան մը ընելը կարեւոր ճամբայ մըն է դէպի երջանկութիւն: «Ինչ որ ըլլայ, կը թուի, թէ...

Իսկապէս, Ո՞ւր Կ՛երթանք

Իսկապէս, Ո՞ւր Կ՛երթանք

  ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Այս գրութեամբ արտայայտուած կարգ մը մտածումներուն մեր անհամաձայնութիւնը արձանագրելով` տեղ կու տանք Անի Աստուրեանի «Իսկապէս, ո՞ւր կ՛երթանք» յօդուածին: Մեր վերապահութիւնները յատկապէս կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վերագրուած մեղադրանքները խնդրոյ առարկայ դարձնելու մօտեցումին: «Ա.» «Հայրենիք»-ի օգոստոս 11-ին մէջ գրագիտուհի Վեհանոյշ Թեքեանէն գրութիւն մը դրուած է. վերնագիրը` «Ո՞ւր կ՛երթանք»: Յստակ չէ, թէ յօդուածագիրը «Հայրենիք»-ի՞ն ղրկած է իր գրութիւնը, թէ՞...

Լուսահոգի Գարեգին Հայրապետի Ծննդեան 89-րդ Տարեդարձի Առիթով

Լուսահոգի Գարեգին Հայրապետի Ծննդեան 89-րդ Տարեդարձի Առիթով

ԱՇՈՏ ՇԱՐՈՒՐԵԱՆ Երջանկայիշատակ Գարեգին կաթողիկոսն իր ամբողջ կեանքն ապրեց անմնացորդ նուիրումով` հանդէպ իր ազգն ու հայրենիքը: Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` նա ծաղկեցրեց սփիւռքահայութեան հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքը, դժուարին ժամանակներում մեծապէս սատար կանգնեց լիբանանահայութեանն ու մայր հայրենիքին: Որպէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, ի թիւս այլ կարեւոր գործերի, նա կարողացաւ ոտքի հանել հոգեւորականութեանը` Յիսուսի օրինակով գնալու դէպի մարդիկ եւ ծառայելու նրանց:...

Հաշտութիւն

Հաշտութիւն

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Կ՛անցնին օրե՜րը, Ժամանակները կը փոխուին, Իսկ մենք, սիրելի՛ս, Կը սորվինք համակերպիլ: Կլիման կը փոխուի, կը հաշտուի՛նք, Կը կեղեքեն մեզ, լո՜ւռ կը համակերպինք, Տագնապ ու վիշտ կը կրծեն, կը յօշոտեն մեզ, Կ՛ընդունինք որպէս մեզի վիճակուած Անհեթեթ խաղը մեր չար բախտին, Ժամանակի` մեր դէմ ունեցած Հակակրանքն ու վրէժը պարզապէս. Վարժուեցա՜նք ակամայ, կուլ տալ Մեր օրերուն ձախորդութիւնները բոլոր, Մեղքի բաժինը ընծայել...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Տարուան չորս եղանակները Ունին իրենց լեզուները, Ամէն մի բոյս իր բոյրն ունի, Ամէն մի սառ իր գոյնն ունի: Գարնան ամէն ծիլ ու ծաղիկ, Դուրս կը ցատկեն իրենց բունէն Բուրումնաւէտ իրենց հոտով Հարբեցնեն անտառները: Ահաւասիկ մեղմ զեփիւռը Կամաց կամաց կը շոգիանայ, Ծառերն իրենց պտուղներով Ծանրաբեռնուած կ՛ուրախանան: Աշնան հովէն ազդուելով, Ծառերն իրար կը փսփսան, Արուն իր գլգլան ձայնով, Անոնց երգով...

Ձօն Իմ Հրաշք Հօրս` Վահէ-Վահեանի Մեհեանին (Մահուան 23-րդ Տարելիցին Առիթով)

Ձօն Իմ Հրաշք Հօրս` Վահէ-Վահեանի Մեհեանին (Մահուան 23-րդ Տարելիցին Առիթով)

ՇԷՅԼԱ ԱՊՏԱԼԵԱՆ Շատեր ճանչցեր էին զինք` իբրեւ բանաստեղծ, քննադատ, գրական ու հասարակական գործիչ, Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկի տնօրէն, ուսուցիչ, աշխատակից, բարեկամ եւ կամ ազգական: Սակայն ես բախտաւորուած էի ունենալ զինք իբրեւ հայր, որ եղաւ նաեւ ինծի համար մարդ արարածի ամենափայլուն տիպարը: Կարգ մը անձերու մօտ հսկայական տարբերութիւններ կը նկատուին իրենց դուրսի աշխարհի եւ մտերմիկ` ընտանեկան կեանքին միջեւ: Հայրս նոյն փափկասուն, համբերատար,...

Սպասում

Բոլորս` Սխալ Աստղի Տակ

ԴՈՏԿ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծագումնաբանական.- Նախապատմական շրջաններէն ի վեր մարդիկ իրենց աչքերը դէպի երկինք ուղղած են` նշաններ ակնկալելով: Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ երկնային մարմիններ, ինչպէս` արեւ, Լուսին, Արուսեակ , Շնաստղ (Sirius) ներկայացուցած են աստուածութիւններ: Կարելի չէ աներկբայ հաստատել, թէ արհեստավարժ աստղագուշակութիւնը (astrology) ճիշդ ե՛րբ սկսած է: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ ամենահին ծանօթ աղթարքը, որ շումերական սալիկ մըն (23-րդ դար ՆՔ): Նկատել...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դասախօսական Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 13 օգոստոսին Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական հարցը եւ դաւադրական դաշնագիրները. 1878-1923» խորագիրով դասախօսական երեկոյ մը: Վարչութեան անդամ Շողիկ Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան բանախօս դոկտ.Սարգիս Պուրունսուզեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք վարչութեան խօսքը արտասանեց Վարանդ Մելքոնեան: Դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան համապարփակ գիծերու մէջ ամփոփեց հայ ժողովուրդի...

«Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Լիբանանը  Կը Նկատեն Կտոր Մը Հող` Նպատակադրելով  Բաժնուիլ Անոր Բարիքները»  Յայտնեց Յակոբ Բագրատունի

«Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Լիբանանը Կը Նկատեն Կտոր Մը Հող` Նպատակադրելով Բաժնուիլ Անոր Բարիքները» Յայտնեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ասաս Միտիա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջերս իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան կը գտնուի միջազգային հոգատարութեան մը սեմին, հաւանաբար շատ անկեղծ էր: «Լիբանան իր պատմութեան ընթացքին չէ կրցած արտաքին հոգատարութիւններէ դուրս գալ, սկսելով` օսմանեան իշխանութենէն, անցնելով` 1943-ի անկախութենէն, ցայսօր: Լիբանանեան ներքին հարցերը ձեւով մը արտաքին միջամտութիւններով...

Page 403 of 1112 1 … 402 403 404 … 1,112

Արխիւներ