Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոչ Ոք Անփոխարինելի Է, Բայց Բոլորս Կարեւոր Ենք». Արմանտոյին, անմոռանալի

August 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արմանտոն չկայ այլեւս:

Բժիշկներուն առաջին եզրակացութիւնը այն էր, որ ուղեղին հասած վնասը անդարմանելի է:

Յետոյ եկան հրաշքի մը, «երկու հրաշքի», սպասելու քանի մը օրերը:

Հրաշք չեղաւ:

Յիշեցիր Jacques Brel-ին.

«Moi si j’étais l’Bon Dieu / Je crois qu’j’aurais des remords…»
«Ես եթէ Բարի Աստուածն ըլլայի / կարծեմ խղճի խայթ կ’ունենայի»

***

«Et puis si j’étais l’Bon Dieu / Je crois que je ne serais pas fier / Je sais on fait ce qu’on peut / Mais il y a la manière»
«Եւ յետոյ եթէ ես Բարի Աստուածն ըլլայի / կարծեմ (ըրածովս) հպարտ չէի ըլլար / Գիտեմ, մեր ձեռքէն եկածը կ’ընենք / բայց ընելու ձեւն ալ է կարեւոր»

***

«Et maintenant bon Dieu / Tu as bien rigolé / Et maintenant bon Dieu / Et maintenant j’vais pleurer»
«Եւ հիմա բարի Աստուած / լաւ ծիծաղեցար / եւ հիմա բարի Աստուած / եւ հիմա ես պիտի լամ»

Անիմաստ հարցում՝ ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Պատճառահետեւանքային բացատրութիւններու փորձ մը վարկածի կարգով, որ միայն գիտութեան սահմանափակումը կը վերահաստատէ: «Բժշկագիտութիւնը ըրաւ ամէն ինչ որ կարելի է ընել», ըսած էր բժիշկը: Արկածը զբօսանքի ժամանակ, Փատըլ, մարզախաղ մը, հաճելի ժամանց քանի մը ընկերներու հետ, ընթացիկ էր, ըսին, ամիսը անգամ մը կը հանդիպին քանի մը սէթ խաղալու ապա միասին ընթրելու, զրուցելու համար: Գոյի անհեթեթը աւելի բացայայտ չի՛ կրնար ըլլալ:

Այդ գոյը, կեանքը, անհատական թէ հաւաքական, հիմա պիտի շարունակուի առանց Արմանտոյին:

Առաջինը, անհատական կեանքի շարունակումը, ընդհանրապէս այլընտրանք չունի: Ատեն ատեն կը յիշես Ճոնին, Նորիկը, Արմանտոն… Ինչպէս ուրիշներ, թերեւս, կը յիշեն այսպէս, յանկարծակի, անհեթեթ բացակայութիւնները ուրիշներու: Յետոյ կ’ընես/ն/նք ամէն ինչ որ պատճառահետեւանքային բացատրութիւն ունի, սկսած շնչելու ամենապարզ, ամենաշուտ մոռցուող արարքէն: Քանի որ կաս/ն/նք գոյին մէջ: Երբ, ատեն-ատեն, յիշես Ճոնիին, Նորիկին, Արմանտոյին, կամ ուրիշներ՝ այն միւսներուն, որոնց անուն մականունը, կամ անծանօթութիւնը, իրենք միայն գիտեն, մի՛ մոռնար լուռ ժպտալու: Սիզիֆին նման, որ բարձունքէն կ’իջնէ հսկայ ժայռը կրկին բարձրացնելու համար, գիտնալով որ այն կրկին պիտի գլորուի: Միայն այդ ժպիտը ունիս՝ Աստուածներու պատիժին, «Աստծոյ ծաղր»ին, մարդկային ճակատագրին:

Միւսը, հաւաքականը, գոյութիւն ունենալու ազատ որոշում է, որուն հասարակագիտական բացատրութիւնը տակաւին կը փորձենք բանականացնել Սփիւռքի մէջ, առանց որ ոչ մէկ տեսութիւն ինքզինք փաստէ որպէս ամբողջականօրէն համոզիչ: Չունինք ոչ իսկ ուսումնասիրական հարցումը, մեթոտը՝ փոփոխակները ճշդելու, սկզբունքային վարկածը… Բայց նաեւ գիտենք, որ ոչ մէկ ուսումնասիրական հարցում, ոչ մէկ մեթոտ՝ փոփոխակները ճշդելու, ոչ մէկ սկզբունքային վարկած պիտի ըլլան այնքան համոզիչ որքան անանձնական նուիրումի կենդանի օրինակները, ինչպիսին էր Արմանտոն:

Եւ եթէ բոլոր անոնք որոնք զինք ճանչցան ժողովներու, բանակումներու, դասախօսութիւններու, դաստիարակչական հանդիպումներու թէ պարզ  ընկերական զրոյցի մը ընթացքին, եւ իրմէ անպայման պահեցին իր ջերմութեան յիշատակը, ժպիտին հարազատութիւնը, անզուգընթաց համեստութիւնը, իրմէ քանի մը բառ, քանի մը հնչիւն, պատգամ մը որ արձանագրուած է տեղ մը, իր անսակարկ համոզումը որ մեր հաւաքական գոյութիւնը կամք է, բայց մանաւանդ ամենօրեայ աշխատանք, հասնիլ ամէն տեղ, ամէնուն, անխտիր… եթէ զինք ճանչցողէն իւրաքանչիւրը կարենայ իր մէջ յայտնաբերել բեկոր մը Արմանտօ որ ինք անպայմա՛ն ձգած կ’ըլլար, այն ատեն թերեւս թէկուզ եւ չհասկնանք թէ ինչպէս բայց արդէն հաւաքականօրէն ըլլալու ազատ որոշումը առած կ’ըլլանք:

«Մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր կազմակերպութիւններուն անհատապէս տալիք ունի: Բայց մեր ուժը մեր հաւաքականութեան մէջն է:»

 

Նախորդը

Սթանիսլաւ Պուչնեւ Միացաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 28 Օգոստոս 2021)

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.