Յօդուածներ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 23 օգոստոսին, ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, Հայաստան, ընթացք առաւ Արցախի վերականգնած մասնաճիւղին առաջին բանակումը` մասնակցութեամբ 89 նորագիր սկաուտներու: Հնգօրեայ այս բանակումին Արցախէն եկած նորագիր պատանի-պարմանուհիները առիթը կ’ունենան ծանօթանալու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, սկաուտութեան ընդհանուր սկզբունքներուն եւ ազգային այն բոլոր արժէքներուն, որոնց դրօշին տակ գործած է 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ը: Բանակումը կը յատկանշուի դաստիարակչական հարուստ...

Հայրենի Յուշեր (15)

Հայրենի Յուշեր (15)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մանկութիւնս յիշելիս սիրտս դառնում է գինով, Ես մի ընկեր ունէի Լիպօ անունով... ՉԱՐԵՆՑ Սփիւռքի մէջ կար եւ տակաւին կայ սերունդ մը, որ, երբ գիրքի մասին կը խօսուի, անպայման պիտի յիշէ, չի կրնար չյիշել, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, որովհետեւ ամէն գրասէր ու մանաւանդ անձնական գրադարան  հաստատող   այս կամ այն ձեւով ու չափով առնչուած է  անոր անձին  ու գիրքերուն  եւ  դիմած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  «Պաքուէն Սկսեալ` Ներկայի Ազրպէյճանի Բոլոր Տարածքները Եղած Են Հայանուն, Հայաբնակ Ու Հայկական». Ակադեմիկոսը` Ալիեւին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները` Հայաստանի տարածքներուն վերաբերող, բացայայտ կեղծիք են եւ ձեռնավարութիւն` տարածաշրջանը թրքական-ազրպէյճանական ներկայացնելու նպատակով, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը` մեկնաբանելով Քարվաճառի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Յովսէփ Էմինի Թափառումները Եւ Վերադարձը Հնդկաստան

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմինի Թափառումները Եւ Վերադարձը Հնդկաստան

Սիմէոն Ա.ի Շինարարական Աշխատանքները Եւ Մայր Աթոռին Իրաւասութիւնները ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի եւ Մելիք Բեգլարեաններու իրենց հայրենի բնօրրան վերադառնալէն ետք անոնց մօտ հիւր կը մնար Յովսէփ Էմին: Ամբողջ ձմեռն ու ամառը անոնք անցուցին Իպրահիմ Խալիլ խանի ուղարկած պաշարներով: Տասը ամիս ետք` 1767-ի աշնան, մելիք Յովսէփ իր հիւրին` Էմինի առաջարկեց հեռանալ Գիւլիստանի սահմաններէն: Մելիք Յովսէփ իր հիւրին կը տեղեկացնէր, որ...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Ո՞ւր Կ՛Երթայ Հայաստանը Եւ Ի՞նչ Է Մեր Դերը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Առաջին հերթին, անկրկնելի Վահանին բառերով, «կասեցնել մայրամուտը»: Որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանը կ՛ընթանայ դէպի «մայրամուտ», ու ա՛յդ է, որ կ՛ուզէ կասեցնել ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Քիչ Մը Ետեւ Բողոքի ալիքը, որ ծայր առաւ Հայաստանի մէջ նոյեմբեր 9-ի յանձնուողական-պարտուողական յայտարարութենէն ետք, շատերու մօտ (այսօրուան դրութեամբ) ստեղծած է այն տպաւորութիւնը, որ կարծէք ամէն ինչ «տանելի», «բնականոն», «հասկնալի» ու «ընթացիկ» էր երկրին մէջ`...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

44-Օրեայ Պատերազմի Պարտութիւնը Արցախեան Ազատագրական Պայքարին Աւա՞րտն Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հող ունենք` խլած, կեանք ունենք` մեռած, Ա՜խ, ջրի, կրակի մենք եսիր դառած, Ո՛չ երկինքն տեսնի մեր սուգն ու լացը, Ո՛չ երկիրը պատռուի մեզ տանի ցածը: «Վաթան», ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ 2020-ի մեզի հոգեխոց դարձած պարտութիւնը հասկնալ Խաչատուր Աբովեանի քառեակով, բայց` զայն չկրկնել: Պէտք է վերադառնալ պատմութեան եւ քաղաքական իրադարձութեանց ակունքները: Ճիշդ հասկնալու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար էական են յստակ հարցումները:...

«Մեր Նպատակը Աշխարհի Հայութիւնը Հայաստան Տեղափոխել Չէ, Այլ` Ստեղծել Այն Հարթակը, Որ Ցոյց Կու Տայ Իւրաքանչիւր Անձին Կարելիութիւնները» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սեւան Գապաքեան

«Մեր Նպատակը Աշխարհի Հայութիւնը Հայաստան Տեղափոխել Չէ, Այլ` Ստեղծել Այն Հարթակը, Որ Ցոյց Կու Տայ Իւրաքանչիւր Անձին Կարելիութիւնները» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սեւան Գապաքեան

Կամաւորական աշխատանքը մեծ կարեւորութիւն ունի մարդու կեանքին մէջ, որովհետեւ անոր ընդմէջէն մարդ ոչ միայն տարբեր ձեւերով ու տարողութեամբ դրական ներդրում կ՛ունենայ ուրիշի մը կեանքին մէջ, այլ նաեւ իր իսկ էութեան մէջ շատ բան կը փոխուի, գոհունակութեան զգացումը աւելի կը զօրացնէ զինք: Երիտասարդներուն մէջ այս զգացումը ամրապնդելու եւ հայրենիքի հետ կապը աշխուժացնելու կարեւոր նախաձեռնութիւններէն է «Դէպի Հայք»-ը, որ մարդուժ պատրաստելու, կամաւոր...

Մեր Խաղը

Մեր Խաղը

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Հոգ չէ` Լիբանանէն ես կամ Սուրիայէն, տարիքով մեծ ես կամ պզտիկ, ուսեալ ես կամ անուս, կարեւորը կեանքէդ բաժին մը (քանի մը տարի) անցուցած ըլլաս աս երկուքէն մէկուն հողին վրայ, որ կարենաս մաս կազմել մեր խաղին: Օրէնքները պարզ են, ու թերեւս գիտես, թերեւս խաղին մէջն ես ու լուր չունիս, որ կը խաղաս, թերեւս կը խաղաս, բայց լուր չունիս, որ...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Օդանաւի Քնեֆէն

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ «Երանի թէ Լիբանանի մէջ ամէն բան այս քնեֆէին նմանէր»: Այսպէս շնորհակալութիւն յայտնեցի սպասարկող մանկամարդուհիին, որ նախաճաշ կը մատուցէր Պէյրութէն դէպի Ժընեւ լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան ճանապարհորդութեանս ընթացքին: Այսքանը` որպէս դրական պատկեր: Անկէ անդին ... Թերեւս ափրիկեան ափերէն ստրուկները դէպի նաւ փոխադրող ծովահէնները կամ պատերազմական գերիներ առաջնորդող յաղթական զինուորներու վերաբերմունքը աւելի ազնիւ եւ մարդկային պիտի ըլլար, քան` Պէյրութի միջազգային օդակայանի...

Սթափելու Ժամանակը

Լիբանանահայութիւնը Պատնէշի Վրայ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ յարաբերական անդորր կը տիրէ: Կառավարութեան կազմը ամբողջացաւ արտաքին գործոց նախարարի նշանակումով: Կառավարութիւնը վաւերացուց իր գործունէութեան ծրագիրը եւ կը պատրաստուի անոր քննարկման Ազգային ժողովին մէջ: Առիթը կ՛ունենանք անդրադառնալու մասամբ հրապարակուած ծրագիրին, անոր ներկայացման ու Ազգային ժողովին մէջ անոր քննարկման: Յարաբերական այս դադարէն օգտուելով, դառնանք բազմաչարչար Լիբանանին ու անոր հայ համայնքին ոդիսականին: Տնտեսական կացութիւնը կը շարունակէ...

«Պուրճ Համուտը Պէտք Է Կանգուն Մնայ Իր Համահայկական Արժէքին Եւ Կարեւորութեան Համար» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մարտիկ Պօղոսեան

«Պուրճ Համուտը Պէտք Է Կանգուն Մնայ Իր Համահայկական Արժէքին Եւ Կարեւորութեան Համար» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մարտիկ Պօղոսեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 11 օգոստոս 2021-ին այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտ եւ Ազգային առաջնորդարանի «Ե. Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայութեան եւ Պուրճ Համուտի կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկումի նիւթ դարձան լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու այս առնչութեամբ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ այս տագնապին վերաբերող յառաջիկայի ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի նախաձեռնած «Սեն...

movses-&-elo-herguelian_82321

«Տէր Ըլլանք Մեր Արուեստին Ու Հայ Մշակոյթին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մովսէս Ծիրանի

Տրուած ըլլալով, որ աղէտները (ըլլան անոնք  համաշխարհային թէ շրջանային)  իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան արուեստագէտներու ստեղծագործական կեանքին վրայ, եւ տրուած ըլլալով, որ արուեստաբան Մովսէս Ծիրանին իր գործի բերումով կ՛առնչուի  միջազգային թէ ազգային  բազմատեսակ մշակութային ոլորտներու հետ, այս առումով հետաքրքրական ու շահեկան զրոյց մը ունեցանք անոր հետ, զոր ստորեւ կու տանք ամբողջութեամբ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս օրերուն աշխարհը կը շարունակէ կախեալ մնալ վտանգաւոր համաճարակի մը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. Գիրքերու Կորուստ, Հողի Կորուստ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յուլիսի կէսերուն Գերմանիոյ արեւմտեան գօտին եւ դրացի երկիրներ, յետոյ նաեւ Զուիցերիա եւ եւրոպական այլ շրջաններ ծանր տագնապի մատնուեցան սաստիկ տեղատարափներէ գոյառած հեղեղներու պատճառով: (Չինաստան, Հնդկաստան եւ այլ երկիրներ եւս համտեսեցին նման աղէտներու դառն պատառիկները): Քանի մը օր մասնաւորաբար եւրոպական լրատու աղբիւրներ իրենց հաղորդումները սկսան այդ աղէտին մասին տեղեկութիւններով: Ջրամոյն քաղաքներ, ողողուած ու աւերուած, քշուած-տարուած  բնակարաններ, ինքնաշարժներ, քանդուած կամուրջներ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Ես, Այս Գիշեր 3» (Հեղինակ` Վարուժան Արք. Հերկելեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Անկեղծ ըսած, ինծի կը թուի, թէ հեղինակը` Աղեղնաւոր, կարողութիւնը ունի բնութեան ընծայած գիշերներու հոսքը այնպէս խտացնել եւ կամ միաւորել, որ իր գրիչէն արտաբերուող հոգիին ու մտքին արգասիքը, կարծես, լոյսին եկած ըլլան լոկ գիշերուան մը ընթացքին: Ահա երկու ապացոյց, առաջին` վերջերս հրատարակուած «Ես, այս գիշեր»-ներու (թիւով 2) շարքն է, երկրորդ`յափշտակութեամբ կարդացուելու անոնց գեղարուեստական ու խոհական արժանիքը: Եւ իրօք, հայ...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Ընթացք Առած Են Եւ Կը Շարունակուին Մշակութական-Կրօնական Պատերազմները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ երրորդ  համաշխարհային պատերազմը, բայց գիտեմ,  որ շատ մարդ մնացած պիտի չըլլայ տեսնելու համար չորրորդը: ԱԼՊԵՐ ԱՅՆՇԹԱՅՆ (1870-1955), գիտնական Պատմութիւնը եւ քաղաքականութիւնը պէտք չէ դիտել հեռադիտակի հակառակ կողմէն, որ կը փոքրացնէ պատկերները: Հայաստանը տաշեղ մըն է սկսած եւ ծաւալելու կոչուած Մեծ Պատերազմի մը մէջ: Մարդկութիւնը ո՞ւր կրնայ հասնիլ այս ընթացքով, ի՞նչ վաղորդայններ կը...

Մինչեւ Ե՞րբ

Դաս Տուողը Դաս Ստացաւ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Քսան տարի շարունակ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին միլիառներու ներդրումը փաստօրէն ապարդիւն դուրս եկաւ: Միացեալ Նահանգներ` աշխարհին փտածութեան եւ ժողովրդավարութեան դաս տուողը: Միացեալ Նահանգներ` աշխարհի ամէն մէկ անկիւն կատարուածին մասին ըսելիք եւ ընելիք ունեցողը: Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւնները վստահեցուցած էին, որ աֆղան բանակը 90 օր կրնայ դիմադրել թալեպաններուն: Ի՞նչ պատահեցաւ: Ինչո՞ւ պատահեցաւ: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Փտածութեան արդիւնք չէ՞ այս...

Կեդրոնականցին` Ծիրանի Միջուկի  Եւ Ճենթըլմեններու Մասին

Կեդրոնականցին` Ծիրանի Միջուկի Եւ Ճենթըլմեններու Մասին

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Օգոստոսի կէսն ենք, եւ կարծէք աշուն է. ամպ, անձրեւ: Տիւ ու գիշեր հոլովուող լուրերը թագաժահրի հիւանդներու, մեռեալներու, պատուաստուողներու եւ պատուաստը մերժողներու մասին են: Այլ բաներ չենք լսեր: Երկիրը դարձած է տարբեր մոլորակ, եւ յայտնի չէ, թէ արեւը ո՛ր կողմէն կը ծագի: Բարեբախտաբար կայ Կեդրոնականցի Արմենակը` յիշեցնելու, որ այսօր ալ կան երէկուան մարդիկը եւ անոնց հարցերը, կայ նաեւ...

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Մնայուն Ներկան. Ուսուցիչիս` Գէորգ Գանտահարեանի Յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Արդէն 15 տարի անցած է իր «մեկնումէն», եւ չեմ գիտեր ու նաեւ չեմ յիշեր, իբրեւ յարգանքի տուրք,  ինչո՛ւ օրին չէի անդրադարձած իր մասին: Իսկապէս, կը ցաւիմ: Գոնէ յետմահու յարգանքի եւ ցաւի տողերովս վշտակցութիւնս յայտնէի անոր ազնիւ տիկնոջ` իմ նախկին ուսուցչուհիիս ու նաեւ հանգուցեալի զաւակներուն եւ յատկապէս Շահանին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն, դպրեվանքին եւ սփիւռքահայութեան: Բայց` «աւելի լաւ է...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ողբալի Լռութիւն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ողբալի Լռութիւն

Արդեօք չէ՞ք լսեր ձեր շուրջը բարձրացող այս սոսկալի ճիչը, որ մարդիկ սովորաբար լռութիւն կ՛անուանեն: ՎԵՐՆԸՐ ՀԵՐՑՈԿ (գերմանացի հանրածանօթ բեմադրիչ, ծնած` 1942-ին) Շատեր կը հետեւին օգոստոս 2-ին սկիզբ առած նորընտիր Ազգային ժողովի նիստերուն: Պէտք է ընդունիլ, որ հետեւողը անսպառ համբերութեան կը կարօտի դիմանալու եւ «մարսելու» համար կարգ մը պատահարներ եւ ելոյթներ, յատկապէս երբ բազմիցս կը կատարուին անտեղի միջամտութիւններ, արտայայտութիւններ, եւ կ՛արձանագրուին...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմարներ. Հայաստան-Արցախ Խճանկարը (Կամ` «Ամէն Գլուխէ Մէկ Ձայն»)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին առաջին երկու շաբաթներու աշխատանքին դիմաց, կառավարութեան, նաեւ արցախեան բեմերուն վրայ տեղի ունեցող եւ զիրար խաչաձեւող զարգացումները, մինչեւ իսկ եթէ տեղ-տեղ բարեյոյս նշաններ ի յայտ կը բերեն, ընդհանրութեան մէջ կը ստեղծեն խառնաշփոթ պատկեր մը, որմէ դուրս գալու, ծանրակշիռ հարցերը բաց աչքերով տեսնելու եւ զանոնք ճակատէն դիմագրաւելու կամքը գլուխ չի կրնար բարձրացնել: Անիմաստ է կանգ առնել քայլափոխ...

Page 404 of 1112 1 … 403 404 405 … 1,112

Արխիւներ