Յօդուածներ

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. Հայութիւնը Բեւեռացումին Արժանի Չէ՛

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 2020-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Էզրա Քլայն լոյս ընծայեց «Ինչո՞ւ բեւեռացած ենք» գիրքը: Քլայնի գիրքը կը կեդրոնանար Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի` 2016-ին նախագահ ընտրուելէն ետք ամերիկեան քաղաքական դաշտի բեւեռացման վրայ: Այս յօդուածով չենք ուզեր անդրադառնալ Քլայնի «Ինչո՞ւ բեւեռացած ենք» գիրքին վրայ, քանի որ յանկարծ կրնայ ըսուիլ. «Մեզի ի՞նչ` ամերիկեան...

Տոհմականչի Ղօղանջներ

«Հնչող Ձայներ»

ՆՈՒԱՐԴ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ Երկիւղածութեամբ եմ ընթերցել «Հնչող  ձայներ» ժողովածուն` մտովի հայցելով տղաների  թոյլտուութիւնը հաղորդակցուելու օրագրային  գրառումներ յիշեցնող մտքերին, որոնք այնքան  նուիրական էին իրենց համար: Արցախեան պատերազմի 11 նահատակների  ստեղծագործութիւնները հրատարակել է  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային  միութիւնը/«Արմաւ», Երեւան, 2021/: Տղաները դեռ չէին պատրաստւում այլոց աչքից  հեռու պահուածը հրապարակ հանել, դա պէտք էր լինէր այլ ժամանակում... եւ, անշուշտ, իրենց  ներկայութեամբ... Եւ հիմա մեզ ներկայացուած «Հնչող ձայներ»-ը  իր հեղինակների` երիտասարդ, շէնշող, հազար  ու մի երազանի շնչով` քնքշութեամբ  խրոխտ, առաջին սիրոյ արձագանգը պահած խոհերով տարրալուծուել է մեր շնչառութեանը: Ամէն բացուող օրուայ հետ մեր գոյապայքարի  նուիրեալների ձայներով է լցւում ողջ տիեզերքը` ի հեճուկս...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Հոս Ապրիլը Յանցանք Է Դառն

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոյնիսկ Նպաստը Տոլարով Կ՛ուզուի (Խաժակին)

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Տոլա՛ր, ա՜խ տոլար, օրուան նիւթն ես մեր, Շուկան գնումի ծախսերու ատեն: Գրպաններու մէջ կամ բարձերու տակ, Ապահով տեղեր քեզ կը պահեն գաղտ: Դրամատուներու մէջէն փախցուցին, Քեզ տարին երկիրներ անմերձենալի: Բոլորին համար դուն եղար հերոս, Միջնորդ, դաւաճան, յոյսերու փարոս: Վաճառականը, աշխուժ պաշտօնեան, Սրիլանքացի հնազանդ ծառան Միայն քեզ կ՛ուզեն գանձել, շօշափել, Բիւր շոյանքներով սիրել, ճանչնալ քեզ, Բայց չէի գիտեր նոյնիսկ...

Հայաստանի Ներկան Երբ Դիտենք,  Կրնա՞նք Չմտահոգուիլ Անոր Ապագայով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայաստանի Ապահովութեան Սպառնացող Նշաձողեր

Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու միջեւ երթեւեկութեան ճամբաներու ապաշրջափակման հարցը ծայր առաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, 9 նոյեմբերին, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ ստորագրուած զինադադարի միացեալ յայտարարութեան յաջորդող օրերուն: Համաձայնագիրին կէտերէն մէկը տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ճամբաներու ապաշրջափակումն էր: Ճամբաներ,  որոնք 30 տարիէ ի վեր փակ էին արցախեան հակամարտութեան պատճառով: Յայտարարութեան եւ անոր պատճառով հետագային յառաջանալիք հարցերուն մասին երկրի իշխանութիւնները թափանցիկ քննարկումներ չկատարեցին...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմարներ. Ինչո՞ւ Չէք Տեսներ «Դրական Նշաններ»-ը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կատակի պէս բան մը. Հայաստանի մէջ շշուկներ շրջան կ՛ընեն (եղեր), որ Արարատ Միրզոյեանը պիտի ըլլայ ամէնէն կարճատեւ արտաքին գործոց նախարարը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ան երկուշաբթի, 30 օգոստոսին յականէ-անուանէ եւ հրապարակաւ հերքեց վարչապետին այն հաւաստիքը, թէ` «Թուրքիայէն դրական նշաններ կան», եւ թէ` «Հայաստան պատրաստ է դրական քայլերով փոխադարձելու»: Ա. Միրզոյեան, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի դէմ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Մտորումներ. Մեր Ապրումներուն «Արքան» Գահընկէց Եղաւ (2 Սեպտեմբեր 1991)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ամէն տարի այս օրը հայու սրտակեղեք գրիչը կը բոցկլտար, կը բորբոքէր եւ սեւով սպիտակին կը յանձնէր իր ապրումներուն ամէնէն հարազատը, անկեղծը, իրա՛ւն ու անխառնը` յիշելով եւ յիշատակելով հայ ժողովուրդի պարծանքը` Արցախի ազատագրութիւնն ու անկախութեան հռչակումը: Եւ ահա, երեք տասնամեակէ ի վեր իրերայաջորդ սերունդներ ականատես կը դառնային հայրենի այս հողին առաւել հայացման, պետականութեան հիմքերու ամրակայման եւ ազգային տենչերու իրականացման:...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի Լաթաքիոյ Պարախումբը Կը Մասնակցի «Հայրենիքին Վիրաւորը» Մարզական Մրցաշարքի Բացման Հանդիսութեան Ներկայութեամբ Սուրիոյ Առաջին տիկին Ասմա Ասատի, 20 օգոստոսին Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքին վիրաւորը» մարզական միջսուրիական խաղերու բացման հանդիսութիւնը: Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ բացման գեղարուեստական յայտագիրին` արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն: Յունաստան եւ Կիպրոս Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզի Հանդիպումները «Յունաստան...

Մենենտեզ Կիպրոսի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Կիպրահայութեան  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մենենտեզ Կիպրոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրահայութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Երկուշաբթի, 30 օգոստոս 2021-ին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հրաւէրին հիման վրայ ներկայ գտնուեցաւ նախագահական պալատի արարողութեան եւ պաշտօնական ընթրիքին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտեզ պարգեւատրուեցաւ «Մակարիոս Գ.-ի մեծ խաչ»-ի բարձրագոյն շքանշանով: Նոյն օրը յետմիջօրէին, Ռոպըրթ Մենենտեզ` ընկերակցութեամբ Վարդգէս Մահտեսեանի, հանդիպում մը ունեցաւ կիպրահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Խաղաղութեան Դրական Ազդակներ Թուրքիայի՞ց…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Երէկ Հայաստանի կառավարութեան նիստում Ն. Փաշինեանը, վերահաստատելով հէնց օրերս խորհրդարանում ներկայացրած իր հնգամեայ ծրագրում մատնանշած «Խաղաղութեան դարաշրջան սկսելու» ականջահաճոյ թեզը, առանց որեւիցէ պատմական ու աշխարհագրաքաղաքական ժամանակակից-անմիջական իրողութիւնների մեկնաբանման, յայտարարեց, որ` «Տարածաշրջանային խաղաղութեան թեմայով որոշակի հրապարակային դրական ազդակներ կան Թուրքիայի կողմից...» ու յաւելեց. «Մենք այդ ազդակները կը գնահատենք եւ դրական ազդակներին դրական ազդակներով կը պատասխանենք»......

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Հաւատանք Կամ Ոչ… Պատմութիւնը Ինքզինք Կը Կրկնէ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Երիտասարդութեանս հետաքրքիր եւ պահանջկոտ ակնարկներովս սորված էի, որ իր անկախութենէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահներու ամբողջ ցանկին մէջէն պատմաբանները երեւան հանած էին երկու նախագահներու անուն, որոնք ոչ միայն ունեցած էին միեւնոյն ճակատագիրը, այլ նաեւ` իրենց պաշտօնին եւ կեանքին հետ առնչուող զանազան նոյնանման մանրամասնութիւններ եւ երեւոյթներ: Այդ երկու նախագահներն էին. Աբրահամ Լինքըլնը եւ Ճոն Քենետին: Աւելի յստակ` Աբրահամ Լինքըլն...

Մէկ Սեղան, Չորս Աթոռ

Մէկ Սեղան, Չորս Աթոռ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Երկրի սեղաններուն շուրջ որքան ալ մարդիկ տարբեր ըլլան, սեղանին վրայ նիւթ մը կայ, որ միշտ ներկայ է. իրավիճակը իր ճիւղաւորումներով` տարրական կարիքներ ապահովելու առօրեայ անհեթեթ զբաղումը, նիւթական ելքի եւ մուտքի հսկայ տարբերութիւնը եւ «արդար աշխատավարձ»-ը օրերուս: Երկխօսութիւն էր: Երկու հոգի. մէկը ամուսնացած, միւսը` ամուրի: Առաջինը հոգերով լեցուն, երկրորդն ալ անոնցմէ ոչ աւելի պակաս, բայց` տարբեր տեսակի ու աստիճանի:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբին Երգահանդէսը Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ 25 օգոստոսին կայացաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին` «Ղօղանջ յիշատակի, երախտիքի եւ վերապրումի» խորագիրով երգահանդէսը: Երգահանդէսին ներկայ էին` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ԱԺԿ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը, հոգեւոր հայրեր, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ: Երգահանդէսին սկիզբը շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ երգչախումբի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Մատրասի Խմբակին Հայաստանի Ազատագրութեան Ծրագիրը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մատրասի Խմբակին Հայաստանի Ազատագրութեան Ծրագիրը

Արցախ Հիմք Եւ Յենարան Հայկական Պետականութեան Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսին Քաղաքական Դիրքորոշումը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Յովսէփ Էմին, Հնդկաստան վերադառնալէն ետք, 1770-ին, անգլիական բանակին մէջ ծառայութեան մտաւ սպայի աստիճանով:  Այդ ժամանակ ալ ան իմացաւ, որ ռուս-թրքական պատերազմը սկսած է եւ վճռեց ռուսական բանակին մէջ մտնել ու աշխատիլ հայութեան համար: Խրիմի թաթարները 1769-ին ներխուժած էին Ռուսական կայսրութեան սահմանը: Հակայարձակողականի անցնելով, ռուսեր հատած էին...

Ակնարկ.    Կարգաւորման Նախապայմաններ

Ակնարկ. Կարգաւորման Նախապայմաններ

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, որ իր պետութիւնը պատրաստ է  Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, նոր անկիւնադարձային նշանակութիւն չունի անպայման: Նորութիւն չէ ասիկա: Յատկապէս պատերազմէն ետք Թուրքիան եւ իր կրտսեր եղբայրը նման պայմանական յայտարարութիւններով հանդէս եկան. եթէ Երեւանը ողջմիտ քայլեր առնէ, ապա երկու պետութիւնները պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ամբողջ պայմանականութիւն մը կամ նախապայմանային քաղաքականութիւն մը ամփոփուած է այս բանաձեւին մէջ: «Եթէ»-ն ամրագրուած է...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Մուրճին Դէմ Ահազանգեր…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան ծրագիրին քննարկման Ազգային ժողովի (կրկէսային) նիստը տակաւին չէր աւարտած, երբ Սիւնիքէն հնչեց ահազանգ մը եւս. ազերիական ուժերը նոր թափանցում մը կատարած են շրջանէն ներս, գրաւած եւ փակած են Կապան-Գորիս մայր ճամբուն մէկ հատուածը` Շուռնուխի մօտ (տեսնել քարտէսը), շրջանի կարգ մը գիւղերուն բնակիչները ինկած են պաշարման մէջ: Ինքնարդարացման ազերիներուն բացատրութիւնը, թէ` հայեր ազերի բանակային մը դաշունահարած...

Նոր Գիրք` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գրիչէն  Turning To God (Դարձ Առ Աստուած)

Տիեզերականը Հաւատք Է, Կամ` Իմաստութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Դարձ դէպի Աստուած` կ’ենթադրէ դարձ դէպի մեր դրացին` սիրով եւ գութով» ԱՐԱՄ Ա., Turning to God, 193 Իմ ընթերցումս Արամ Ա. կաթողիկոսի անգլերէն գրուած գիրքին` Turning to God («Դարձ դէպի Աստուած»), 198 էջ, լոյս տեսած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն, 2020: Ցանցուած ենք ժամանակակից կեանքի, պատմութեան, պատերազմներու, քաղաքակրթութեան, գայթակղութիւններու, սպառողական եւ զբօսի տենդի մէջ: Գումարուեցաւ սահման եւ մեր...

Գարոլ Հաճեան. «Նրբութիւնները Յարգելու Մէջ Է Գաղտնիքն Ու Գեղեցկութիւնը»

Գարոլ Հաճեան. «Նրբութիւնները Յարգելու Մէջ Է Գաղտնիքն Ու Գեղեցկութիւնը»

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Յորդանանի ծնունդ, Այնճար բնակող 25-ամեայ Գարոլ Հաճեան Այնճարի Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջանաւարտ է: Երկրորդականը աւարտելէ ետք անցած է Պէյրութ, ուր Էն. Տի. Եու. համալսարանին մէջ հետեւած է ժապաւէնի ու տեսալսողական հաղորդակցութեան ճիւղին: Փոքր տարիքէն կենսունակ պարմանուհի մը եղած է եւ ուզած է դառնալ դերասանուհի մը` արուեստի աշխարհին մէջ, առ այդ, ընտրած է ուսման իր սրտին...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Համազգայինի Լիբանանի «Նանօր» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Կազմութիւնը Եւ Երգահանդէսները 1980-ին

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն հետամուտ եղած է սատարելու հայ մշակոյթի տարածման` այլազան մարզերուն մէջ` երաժշտութիւն, թատրոն, գրականութիւն, նկարչութիւն, պարարուեստ եւ այլն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն վերոյիշեալ աշխատանքները դանդաղած էին, եւ հրապարակը գրաւուած էր ոչ հայաշունչ ու անորակ արուեստի եւ մշակոյթի այլազան երեւոյթներով, յատկապէս` երաժշտական օտարաշունչ արտադրութիւններով, որոնք հայեցի դրոշմ չունէին եւ...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Թալեպանները Կրկին Մեր (Մտքին) Մէջ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Թալեպանները առիթ չտուին Միացեալ Նահանգներու եւ այլ պետութիւններու, որոնք կը փորձէին միջնորդել` իշխանութեան հանգրուանային եւ խաղաղ փոխանցման համար: Հակառակ որ բանակցողներ ուղարկած էին Տոհա, անտեսեցին նախ Թրամփի, ապա Պայտընի կառավարութեան առաջարկած ժամանակացոյցը եւ Քապուլ մտան օգոստոս 15-ին: Պատգամը ի լուր աշխարհի յստակ էր. Աֆղանիստանի ճակատագիրը իրենք պիտի որոշեն: Մինչ այդ կը շարունակեն բանակցիլ, եւ թող աշխարհը քննարկէ,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Աֆղանիստան. Տարօրինակ Յեղաշրջում Մը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Աֆղանիստան. Տարօրինակ Յեղաշրջում Մը

Զարմանալի պատմութիւն, աղիողորմ ճակատագիր, կամ արդեօք` բա՞խտ: Եթէ արագ աչք մը նետենք եւ քննարկենք այս երկրի մօտիկ անցեալը, հաւանաբար համակարգիչն իսկ իր «տրամաբանութիւն»-ն ու «հաւասարակշռութիւն»-ը կորսնցնէ եւ դադրի գործելէ: Ինչ որ պատահեցաւ շաբաթասկիզբին, Քապուլի եւ յատկապէս անոր միջազգային օդակայանին մէջ, բաւական նման էր 30 ապրիլ 1975-ին, Սայկոնի (Վիեթնամ) մէջ պատահածին: Ուղղաթիռի փոխարէն, վիթխարի օդանաւ մը ժամանած էր` փոխադրելու ամերիկեան դեսպանատան...

Page 402 of 1112 1 … 401 402 403 … 1,112

Արխիւներ