Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլորս` Սխալ Աստղի Տակ

Օգոստոս 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈՏԿ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ծագումնաբանական.– Նախապատմական շրջաններէն ի վեր մարդիկ իրենց աչքերը դէպի երկինք ուղղած են` նշաններ ակնկալելով: Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ երկնային մարմիններ, ինչպէս` արեւ, Լուսին, Արուսեակ , Շնաստղ (Sirius) ներկայացուցած են աստուածութիւններ: Կարելի չէ աներկբայ հաստատել, թէ արհեստավարժ աստղագուշակութիւնը (astrology) ճիշդ ե՛րբ սկսած է: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ ամենահին ծանօթ աղթարքը, որ շումերական սալիկ մըն (23-րդ դար ՆՔ): Նկատել առիւծ եւ կարիճ կենդանակերպերը: Սալիկի բարձրակէտին վրայ կը տեսնենք Արուսեակը, լուսինը եւ արեւը: Ամենահին արձանագրութիւնը բաբելոնական սալիկներ են (1875 ՆՔ): Բաբելոն աստղագիտութիւնը ժառանգած է շումերական մշակոյթէն (Դ.Բ. հազարամեակ ՆՔ): Ի դէպ աստղագիտութիւնը եւ թուաբանութեան կարգ մը մարզեր իրենց հրաշալի զարգացումը կը պարտին աստղագուշակութեան(1): Քուրմեր հարկ է որ կարենային ճշգրտօրէն հաշուարկել, թէ երկնային մարմիններու որոշ դասաւորում մը (համատեղ, հակադիր, հաւասարակողմ եռանկիւն եւ այլն) եւ կամ երեւոյթ մը (ինչպէս` արեւու կամ լուսնի խաւարում) ե՛րբ պիտի պատահէին: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (2): Ցաւօք աստղագիտական գործիքներու շուրջ ոչ մէկ տեղեկութիւն ձեռք բերուած է (3): Բաբելոնական աստղա-գիտա-գուշակութիւնը անցաւ պարսկականին եւ ապա, Մակեդոնացիի արշաւանքներէն ետք, հելենիստական մշակոյթին, յատկապէս` պտղոմէական Եգիպտոսի մէջ: Միջագետքի եւ Եգիպտոսի միջեւ վաճառականական կապերը սկսած են շատ վաղուց: Այդ կը նշանակէ նաեւ մշակութային կապեր:

Ներկայ, մեզի ծանօթ արեւմտեան աղթարքը ՔԵ 140 թուականին բաբելոնականին հետեւութեամբ կազմած է  գերհեղինակաւոր աստղագէտ Քլոտիոս Պտղոմէոս (4,5): Զոտիաք անուանումը ինքնին ցոյց կու տայ աղթարքի հելենական ծագումը: Կրճատումն է յունարէն «Զոտիաքոս քիքլոս»-ի, որ կը նշանակէ «Փոքրիկ կենդանիներու շրջանակ»: Պտղոմէոսի երկրակեդրոն (geocentric) տիեզերաբանութիւնը, որ համահունչ էր միջին դարերու միաստուածական աշխարհահայեացքներու հետ, տիրեց ամբողջ 14 դար, մինչեւ Կոպեռնիկոսի (1473-1543) յեղափոխութիւնը: Պտղոմէական աստղաբաշխութեան մէջ Երկիրը անշարժ է, արեւը կամ լուսինն են, որ առերեւոյթ կը շրջին կենդանակերպերու ընդմէջէն:

Լուսի՞ն, թէ՞ Արեգակ .-  Ինչպէս բազմաթիւ այլ մշակոյթներ, շումերները եւ Բաբելոնը կը գործածէին լուսնային օրացոյց: Լուսնային աղթարքի հետեւիլը շատ աւելի դիւրին է, որովհետեւ կարելի է պարզ աչքով ուղղակի տեսնել, թէ լուսինը ո՛ր համաստեղութեան մէջ կը գտնուի: Մինչդեռ  հարկ է աստղագիտութիւն իմանալ ենթադրելու համար տուեալ պահուն, թէ Երկրէն դիտած, արեւը ո՛ր համաստեղութեան մէջ է: Արեւու լոյսը թոյլ չի տար, որ մենք աստղերը տեսնենք պարզ աչքով:  Կողքի գծանկարին մէջ արեւը կը գտնուի (սլաքով ցոյց տրուած) կշիռք համաստեղութեան մէջ:

Լուսնային տարին 12 հաւասար ամիսներ ունէր, սակայն 12 կենդանակերպերու տեւողութիւնները հաւասար չէին եւ անկախ էին ամիսներէ (6): Գծանկարը ցոյց կու տայ, որ աղեղնաւորը, օրինակ, կենդանակերպերու շրջանակին վրայ շատ աւելի լայն տարածք (աղեղ, arch) կը գրաւէ, քան` կարիճը: Ներկայ աղթարքի սահմանները որոշուած են աստղագիտութեան միջազգային համագումարի մը կողմէ, 1930-ին (7,8): Սահմանները պայմանական են: Ինչպէս գծանկարը ցոյց կու տայ, համաստեղութիւններու տարածքները կը միախառնուին (overlap):  Գծանկարը ցոյց կու տայ 13-րդ համաստեղութիւն մը` «Օձակիր»-ը (Ophiuchus), որ զետեղուած է Նոր տարուան սկզբնաւորութեան, եւ որ թերեւս կը ծառայէր լուսնային տարուան վրայ օրեր յաւելելու, որպէսզի հաւասարի արեգակնային տարուան:

Աստղագիտական.-  Այս օրուան դրութեամբ կենդանակերպերը չեն համապատասխաներ տուեալ թուականներուն: Երկրի` ինքնիր շուրջ պտոյտի առանցքը, արեւու շուրջ պտոյտի առանձին բաղդատած, կը շեղի շուրջ 23,5 աստիճան: Այդ կը նշանակէ, որ հասարակածի եւ աղթարքի հարթակները (plane) զիրար կը հատեն նոյն անկիւնով: Հատման կէտերը կը համապատասխանեն գարնանային եւ աշնանային գիշերահաւասարներուն (equinox)(9): Հարցը այն է, որ Երկրի առանցքի ուղղութիւնը փոփոխական է երկու ձեւով: Անկիւնի արժէքը որոշ չափով կը փոխուի 22,1-էն 24,5 միջեւ` 41 հազար տարի պարբերութեամբ (13): Այդ հատման կէտերու փոփոխութիւն չի բերեր, ինչպէս կարելի է համոզուիլ զննելով նկարը: Կարելի չէ, սակայն, անտեսել առանցքի շուրջ 25,8 հազար տարի պարբերութիւն ունեցող պտոյտը, որ կը կոչուի կանխում (precession): Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (2,10):

Ներկայ աղթարքը ձեւաւորուած է շուրջ 2,6 հազարամեակ առաջ: Այդ միջոցին հատման կէտերը փոխուած են 36,6 աստիճանով(11): Իւրաքանչիւր աղթարք կը գրաւէ մօտ 30 աստիճան (360/12): Ուրեմն մեր աղթարքները սխալ են առնուազն մէկ կենդանակերպով:

Սպասեցէ՛ք, այդ չէ միակ սխալը: Ինչպէս վերը նշած էի, կենդանակերպերը հաւասար աղեղներ (arch) չեն գրաւեր աղթարքի շրջանակին վրայ: Բացի այդ, որովհետեւ Երկրի ծիրը հաւկթաձեւ (elliptical) է, արեւու առերեւոյթ «արագութիւնը»  փոփոխական է շուրջ 3 տոկոսով (12):

«Կանխում»-ի յայտնաբերումը կը վերագրուի յոյն աստղագէտ Հիպպարքոսի, ՆՔ 130 թուականին: Հաւանաբար աստղագէտներուն ծանօթ էր շատ աւելի առաջ: «Երկնային» ուղղուածութիւններ ունեցող կառոյցներու մէջ, ինչպէս` եգիպտական բուրգերը, ժամանակի ընթացքին կը նկատուին փոքր շեղումներ (13): ՔԵ երկրորդ դարուն Պտղոմէոսի նման հեղինակութիւն մը վստահաբար ծանօթ էր այս երեւոյթին: Պտղոմէոսի գործերուն բնագիրները չեն պահպանուած(14): Կան պատառիկներ եւ թարգմանութիւններ, որոնք միշտ չէ որ հարազատ կը մնան բնագիրին: Պտղոմէոսի յաջորդները անտեսեցին կանխումը եւ աղթարքը ամրացուցին արեգակնային տարուան:

Հուսկ բանք.– Կողքի տախտակը կու տայ աստղագիտականօրէն ճշգրիտ աղթարքը:  Անոնք, որոնք երկար տարիներ հաւատացած են, որ իրենք ահեղ առիւծներ են եւ կամ հզօր ցուլեր, խոր հիասթափութիւն կրնան ունենալ: Առիւծները այժմ պիտի իմանան, որ հաւանաբար խեցգետիններ են, իսկ ցուլերը` հաւանաբար ոչխարներ: «Եթերային»-ները կրնան վերածուիլ հողայինի եւ նման բաներ: Միով բանիւ, մենք բոլորս ծնած ենք ա՛յլ աստղի տակ:

Սկզբնական շրջանին աստղաբաշխութիւնը կը զբաղէր տիրակալի եւ պետութեան հարցերով: Մոգպետը յաճախ տիրակալին արիւնակից անձ էր: Պարզ է, որ մոգերու ազդեցիկ դասակարգը տիրակալին հետ խորհրդակցաբար երկնային երեւոյթներուն կը վերագրէր այն, ինչ կը փափաքէր վերագրել:

Ինչպէս հանրայայտ տեսաբան Քարլ Եունկ (1875-1961) դիտել տուած էր, բախտագուշակութիւնը աւելի առնչութիւն ունի հաւաքական հոգեբանութեան, քան աստղագիտութեան հետ: Այս մասին կայ ընդարձակ գրականութիւն: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ 2017-ին լոյս տեսած յօդուածներու հաւաքածոյ մը: Անձնապէս ունիմ գուշակութեան երեք դասագիրքեր, որոնք ուշադրութեամբ կարդացած եմ:

 

 

14 մայիս 2020

 

  1. Գրահաշիւ, վերլուծական երկրաչափութիւն, անկիւնագիտութիւն եւ այլն:
  2. Աստղա-Հնագիտական վարկածներ զօրաց քարերուն շուրջ, 16 եւ 17 Յնր. 2018
  3. Հաւանաբար կը գործածէին անկիւնաչափ, տրամալար, քանակ եւ հաւանաբար ջուրի ժամացոյց, որպէսզի չափեն տեղափոխումներու արագութիւնը: Կողքի (իմ համադրած) գծանկարը կու տայ իմ պատկերացումս: Տրամալարը եւ անկիւնաչափը վաղուց ծանօթ գործիքներ էին: Երկրորդ անկիւնաչափի մը միջոցով կարելի էր չափել տուեալ աստղի հորիզոնական հարթակի մէջ ուղղութիւնը բաղդատած հիւսիսային աստղին: Երկակամարի համակարգումի հեռաւորութիւնները (coordinates) արձանագրուած են մատնաչափով եւ արմկաչափով:
  4. Craig Crosse, «Zodiac History», Sky and Telescope, Յունուար 2018
  5. Գուրզադեան Վահէ, «Աստղագիտութիւն եւ Բաբելոնի անկումը» (անգլերէն), Sky & Telescope, յուլիս 2000
  6. Ի գիտութիւն անգիտաց, օրուայ 2×12=24 ժամերը եւս բաբելոնական են: Բաբելոնացիք կը գործածէին ոչ թէ 10-ի, այլ 12x 5 = 60 -ի վրայ, հիմնուած թուանշային համակարգ:
  7. Delaporte E., «Scientifi Demarcation of the Constellations», 1930
  8. Համագումարը որոշեց 88 համաստեղութիւններու սահմանները:
  9. Արեւը կը գտնուի աղթարքի հարթակին (plane) մէջ: Երկիրը կը գտնուի աղթարքի հարթակի եւ հասարակածի հարթահի հատման (interection) գծի կեդրոնը: Այդ գիծը կը պարունակէ երկրի տրամագիծը ուրեմն ուղղահայեաց է հասարակածին: Ուրեմն երբ Արեւը գտնուի հատման գծին վրայ, ճառագայթները ուղղահայեաց (perpendicular) կ՛ըլլան հասարակածին: Այդ կը նշանակէ գիշերահաւասար: Ճառագայթներու անկիւնը փոքրագոյն կամ մեծագոյն են արեւադարձային կէտերու վրայ:
  10. Սառցէ դար:
  11. Եթէ 25,8 հազարամեակը կը համապատասխանէ 360 աստիճանի, ապա 2.62 հազարամեակը կը համապատասխանէ 2.62 x 360/25.8 = 36.6 աստիճանի
  12. Տես www.solarsystemscope.com/spacepedia/earth/orbital-and-rotational-characteristics-of-earth
  13. Rawlins D & Pickering K, «Astronomical orientation of the pyramids», Nature, 16 օգ. 2001
  14. Steele J. M., «Celestial Measurement in Babylonian Astronomy», Annals of Science, July 2007
Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ձօն Իմ Հրաշք Հօրս` Վահէ-Վահեանի Մեհեանին (Մահուան 23-րդ Տարելիցին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?