ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ
Տարուան չորս եղանակները
Ունին իրենց լեզուները,
Ամէն մի բոյս իր բոյրն ունի,
Ամէն մի սառ իր գոյնն ունի:
Գարնան ամէն ծիլ ու ծաղիկ,
Դուրս կը ցատկեն իրենց բունէն
Բուրումնաւէտ իրենց հոտով
Հարբեցնեն անտառները:
Ահաւասիկ մեղմ զեփիւռը
Կամաց կամաց կը շոգիանայ,
Ծառերն իրենց պտուղներով
Ծանրաբեռնուած կ՛ուրախանան:
Աշնան հովէն ազդուելով,
Ծառերն իրար կը փսփսան,
Արուն իր գլգլան ձայնով,
Անոնց երգով կը միանայ:
Սառնամանիքը չսկսած
Սուլելով քամին լուր կու տայ,
Շուտով ճերմակ սաւաններով
Անտառները կը քնանան: