Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Դասախօսական Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 13 օգոստոսին Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական հարցը եւ դաւադրական դաշնագիրները. 1878-1923» խորագիրով դասախօսական երեկոյ մը:
Վարչութեան անդամ Շողիկ Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան բանախօս դոկտ.Սարգիս Պուրունսուզեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք վարչութեան խօսքը արտասանեց Վարանդ Մելքոնեան:
Դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան համապարփակ գիծերու մէջ ամփոփեց հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն եւ փոթորկալից ժամանակաշրջանը` սկսելով Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրէն հասնելով Լոզանի դաշնագիր, որուն պատճառով հայ ժողովուրդը մեծ պետութիւններու քաղաքական եւ դիւանագիտական շահերուն յաճախակի զոհը դարձաւ, սակայն Սեւրի դաշնագիրով հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային եւ իրաւական ճանաչումը: Բանախօսը շեշտեց, որ Սեւրը միջազգային միակ փաստաթուղթն է, որուն մէջ մանրամասնօրէն ճշդուած եւ քարտէսագրուած է հայեւթրքական միջպետական սահմանագծումը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ: Ըստ այդ դաշնագիրին, Օսմանեան Թուրքիան կը յայտարարէր, որ կը ճանչնայ Հայաստանը` իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն, որուն սահմանները պիտի անցնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի տարածքներով, դէպի Սեւ ծով ելք ունենալով, սակայն Լոզանի դաշնագիրին ստորագրումով դարձեալ քաղաքական եւ դիւանագիտական շահերը գերիշխեցին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն` հայ եւ թրքական իրաւական սահմանագծումը խախտելով ու կտրատելով Սեւրով ամրագրուած սահմանները Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձգեցին այսօրուան իր ներկայ տարածքով:
Աւարտին, բանախօսը պատասխանեց հայրենիքի մերօրեայ քաղաքական իրադարձութիւններուն վերաբերող ներկաներուն հարցումներուն:
Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Սէրուժ Ղազարեան եւ Սերժ Պոյաճեան:
Դասախօսական երեկոն վերջ գտաւ Պսակ քհնյ.Պէրպէրեանի «Պահպանիչ»-ով:
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգային Պատսպարանի Սաներուն` Քեսապի ՍՕԽ-ի Կազդուրման Կայանէն Ներս
16 օգոստոսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, հովուական այցելութեամբ Քեսապ գտնուած շրջանին այցելեց ՍՕԽ-ի Կազդուրման կայան, ուր ժամանած էին Ազգային պատսպարանի մանուկները` ամառնային արձակուրդով:
Սրբազանը դիմաւորուեցաւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Ազգային պատսպարանի յանձնախումբին կողմէ: Ան գնահատեց ՍՕԽ-ի Ազգային պատսպարանի յանձնախումբի անդամուհիները, որոնք մայրական գուրգուրանք կը ցուցաբերեն մանուկներուն նկատմամբ եւ անհրաժեշտ սնունդն ու դաստիարակութիւնը կ՛ապահովեն անոնց առողջ աճման համար:
Փոքրիկները սրբազան հօր պատմեցին, թէ որքա՛ն հանգիստ եւ ուրախ են Կազդուրման կայանէն ներս: Օրուան ընթացքին անոնք կը ստանան անհրաժեշտ սնունդ, հաճելի ժամեր կ՛անցընեն միասին եւ Քեսապի տեսարժան վայրերուն մէջ կը հիւրընկալուին:
Սրբազան հայրը փոքրիկներուն լսելէ ետք իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ անգամ մը եւս գնահատեց յանձնախումբին մայրական սէրն ու գուրգուրանքը` հանդէպ մանուկներուն:
Ապա Ազգային պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ Զեփիւռ Րէիսեան ներկայացուց ՍՕԽ-ի Կազդուրման կայանի ամփոփ պատմականը, որմէ ետք սրբազան հայրը շրջելով կազդուրման կայանի բաժիններէն ներս` մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ տարուած աշխատանքին եւ բարձր գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնն ու ազգանուէր ծառայութիւնը:
Առաջնորդը Ընդունեց Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ
18 օգոստոսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, ազգային պաշտպանութեան հրամանատար Ֆարես Ճնէյտայի` ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի:
Հանդիպումին արծարծուեցան զանազան հարցեր, յատկապէս Սուրիոյ ապահովական ներկայ իրավիճակը եւ տնտեսական տագնապը: Սրբազան հայրը մօտէն ծանօթացաւ անոնց գործունէութիւններուն եւ գնահատեց անոնց տարած աշխատանքը:
Եգիպտոս
Գահիրէի Մէջ Հայաստանի Ընթացաւարտ Դեսպան Կարէն Գրիգորեանի Պարգեւատրում
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան պարգեւատրուած է Եգիպտոսի Արտասահմանեան հարցերու նախարարութեան կողմէ` «Մենք եգիպտահայեր ենք» նախաձեռնութեան գործունէութեան ծիրին մէջ անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Նշենք, որ այս պարգեւատրումը տեղի ունեցած է դեսպանի պաշտօնավարման աւարտին առընթեր, եւ դեսպան Գրիգորեան ընդունուած է Եգիպտոսի Արտասահմանեան հարցերու պետական նախարար Նապիլէ Մաքրամին կողմէ, որ շատ բարձր գնահատած է դեսպանին գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած վերջինիս` անոր ունեցած կարեւոր դերին համար:
Նախարար Նապիլէ Մաքրամ մատնանշած է, թէ հայերը որքան մեծ ներդրում ունեցած են արդի Եգիպտոսի կերտման մէջ, եւ թէ մինչեւ այսօր կը նպաստեն հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու զարգացման: Ան ըսած է, հայերու մասնակցութիւնը կարեւոր եղած է «Արժանապատիւ կեանք» նախագիծին, որ տեղի ունեցած էր յուլիսի կէսերուն Գահիրէի մարզադաշտին մէջ ներկայութեամբ երկրի նախագահ` Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի: Նախարարը մասնաւորապէս նշած է. «Եգիպտահայերը Եգիպտոսի հասարակութեան անբաժանելի մասնիկն են: Անոնց բերած մասնակցութիւնը «Արժանապատիւ կեանք»-ի տօնակատարութեան արդիւնաւէտ էր ու զգալի»:
Նախարար Մաքրամ նաեւ գնահատած է հայերու ջանքերը ի նպաստ Եգիպտոսին` անդրադառնալով անոնց նուիրատուութիւններուն ի հաշիւ «Ապրի Եգիպտոսը» ֆոնտին, որուն նպատակն է օժանդակել «Քորոնա» համաճարակին իբրեւ հետեւանք անգործ մնացողներուն:
Իր հերթին դեսպան Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին եւ ըսած. «Եգիպտոսը իմ երկրորդ երկիրս է եւ պիտի շարունակեմ կապի մէջ մնալ ու ամրապնդել յարաբերութիւններս Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ», ապա հրաւիրած է զինք Հայաստան:
Հանդիպման աւարտին նախարար Նապիլա Մաքրամ պարգեւատրած է դեսպան Գրիգորեանը` առ ի գնահատանք Գահիրէի մէջ պաշտօնավարման շրջանին անոր տարած աշխատանքներուն:
Քանատա
31 Նորագիրներ Համալրեցին ՀՅԴ Քանատայի Կառոյցի Շարքերը
Յուլիս եւ օգոստոս ամիսներու ընթացքին, ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակին առիթով, Քանատայի մէջ կազմակերպուեցան նորագիրներու երդման արարողութիւններ: Արարողութեանց ընթացքին Քանատայի տարբեր շրջաններէ 31 նորագիրներ համալրեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը:
Երիտասարդները երդուեցան միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրին, կանոնագիրին եւ որոշումներուն` եւ ծառայել Հայաստանի ու հայութեան արդար դատին:
Նորագիրները հետեւած էին դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի, որ կ’ընդգրկէր կուսակցութեան պատմութեան, գաղափարախօսութեան եւ քաղաքական ուղեծիրի բնագաւառները:
Արարողութեանց առաջինը կայացաւ 25 յուլիսին, Խանասորի արշաւանքի օրը: Օրուան խորհուրդով, 31 նորագիրներու այս փաղանգը կոչուեցաւ «Խանասորի սերունդ»:
Վագըֆ
Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Նշուեցաւ Վագըֆի Մէջ
Հայ առաքելական եկեղեցին 15 օգոստոսին տօնեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Տօնը նշուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղին` Վագըֆի մէջ, կը հաղորդէ sondakika.com-ը:
Բազմաթիւ հաւատացեալներ տօնին մասնակցելու նպատակով հաւաքուեցան Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ հիւրերուն համար հսկայ կաթսաներու մէջ հերիսայ եփուեցաւ:
Արարողութեան ներկայ եղան ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն պատգամաւոր Թուլայ Հաթիմօղլուլլար եւ շարք մը այլ քաղաքական գործիչներ ու պաշտօնեաներ:
Ատրպատական
Թաւրիզի Եկեղեցիներու Կանանց Խնամակալ Մարմինի Նոր Վարչութեան Ընտրութիւն
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին, 11 օգոստոսին Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թաւրիզի Եկեղեցիներու կանանց խնամակալ մարմինի ընտրական ժողովը:
Սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք խօսք առաւ վարչութեան անդամ եւ վերջին երկու տարիներու ընթացքին մարմինի գործերու համակարգող Էմմա Յարութիւնեանը: Ան անդրադարձաւ այն դժուար ժամանակաշրջանին, որուն ընթացքին գործած էր Թաւրիզի Եկեղեցիներու կանանց խնամակալ մարմինը, յոյս յայտնելով, որ հետզհետէ կը նուազի համավարակի ազդեցութիւն, եւ մարմինը վերստին կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` ի սպաս եկեղեցւոյ պայծառութեան:
Թեմական խորհուրդին անունով Քաթրին Տիլանեանը ողջունեց Խնամակալ միութեան իւրաքանչիւր անդամի ներկայութիւնը, որոնց իւրաքանչիւրին նուիրուածութեանը ծանօթ ըլլալով հանդերձ, Թեմական խորհուրդին զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց:
Սրբազան հայրը խրախուսիչ խօսքերով դիմեց խնամակալ մարմինի անդամներուն` միշտ շեշտելով եկեղեցւոյ կողքին ըլլալու եւ անոր գործունէութեան զօրավիգ կանգնելու առանձանշնորհները: Ան իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր այն կիներուն, որոնք հերթաբար իրենց ծառայութիւնը մատուցած էին թեմի եկեղեցիներուն մէջ:
Այնուհետեւ Էմմա Յարութիւնեանը կարդաց խնամակալ մարմինի աշխատանքային զեկոյցը, նաեւ` նիւթական հաշուեկշիռը: Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց մարմինի տարած աշխատանքներուն համար` օրինակելի համարելով իւրաքանչիւր անդամի նուիրեալ ծառայութիւնը: Յառաջիկայ շրջանի հաշուեքննիչ մարմինի անդամ ընտրուեցան` Կարինէ Կարապետեան, Ժենիկ Աբրահամեան եւ Քաթրին Մեջլումեան:
Ապա յառաջիկայ երկու տարիներու վարչական կազմի անդամ ընտրուեցան` Էմմա Յարութիւնեան (ատենապետ), Էլենա Աբրահամեան (փոխատենապետ), Սիլվա Բաբայեան (ատենադպիր), Արմինէ Մնացականեան (հաշուապահ), Ռեբեկա Սարգիսեան (գոյքապահ):
Սրբազան հայրը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ իր օրհնութիւնը տուաւ նորընտիր վարչութեան: