ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող,
Իրմէ առաջ, մուսալեռցի իմ լաւ ընկերներէն` Պետրոսի միջոցով ծանօթացած էի իր ուստրին` գեղանկարիչ Արարատ Խանզադեանի հետ, երբ ան դեռ նոր բաժնուած էր իր նախկին կնոջմէն, որ, թէեւ սկսնակ, սակայն գեղեցիկ ու տաղանդաւոր դերասանուհի մըն էր: Մեր բարեկամութիւնը շատ կարճ տեւեց պարզ այն պատճառով, որ ես ի վիճակի չէի հաւասարէ հաւասար խմելու հետը: Նոյնիսկ երբ օր մը խնդրեցի, որ ծանօթացնէ զիս իր հօրը, ան մերժեց` պատճառաբանելով, որ իր հայրը չի սիրեր չխմող մարդիկ: Տարիներ ետք Սերօ Խանզադեանին հետ մեր ծանօթութիւնը տեղի ունեցաւ բոլորովին պատահաբար, այսպէս:
Այն ատեն Գրողներու միութեան շէնքին մէջ կար յարմարաւէտ ու համեմատաբար աւելի որակեալ սրճարան-ճաշարան մը, ուր կը յաճախէինք տարբեր պատճառներով: Նախ` հրաշալի մթլոլորտ կը տիրէր հոն: Բացի ասկէ, երկու կարեւոր առաւելութիւն ունէր: Առաջինը այն էր, որ հոն կարելի էր հանդիպիլ ոչ միայն ծանօթ ու անծանօթ գրողներու, այլ նաեւ` այլ տեսակի արուեստագէտներու ու մտաւորականներու, երկրորդը` այստեղէն կարելի էր ապահովել որակեալ ու հազուագիւտ սննդեղէն… «տակից», որ այդ օրերու համար կարեւոր էր: Այդ օր դերասանուհի Թամար Յովհաննիսեանը հետս էր. անոր մասին պէտք է որ յատուկ գրեմ, որովհետեւ իր մասին յուշերս թէ՛ շատ են, թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ մանաւանդ շահեկան` թատերական կեանքին համար: Ան ընթացքին նկատել տուաւ, որ`
— Տե՛ս «տակից» ձու են տալիս:
Դարձայ եւ տեսայ, որ իսկապէս մէկը տուփ մը հաւկիթ վերցուց ու գոհունակութեամբ մեկնեցաւ: Ես մօտեցայ վաճառողին ու խնդրեցի, որ տուփ մըն ալ ինծի տայ: Ան առարկեց` ըսելով.
— Տղա՛յ ջան, չի կարելի, միայն գրողներին ենք տալիս:
Ես պնդեցի եւ ըսի.
— Աւելի կը վճարեմ:
Ան թէեւ աւելի վճարելու առաջարկս բնական եւ նոյնիսկ, կրնամ ըսել, արդար համարեց, սակայն մերժեց: Երբ յուսահատ` սեղան պիտի վերադառնայի, Թամարը օգնութեան հասաւ ու ձայնը բարձրացնելով` ըսաւ.
— Այդպիսի օրէնք չկայ, ապրանք ես ստացել, պիտի վաճառես, դու պարտաւոր ես տալու, ես էլ եմ ուզում…
Վաճառողը յամառեցաւ ու փորձեց հանդարտեցնել մեզ, բացատրութիւններ տալ ու ճամբու դնել: Երբ Թամարը ձայնը աւելի բարձրացուց, յանկարծ Խանզադեանը մօտեցաւ եւ ուղղակի յանդիմանեց ու հրամայեց վաճառողին, որ գոհացում տայ մեր պահանջին: Ապա դառնալով Թամարին` հարցուց.
— Դու Հրաչեայի աղջիկը չե՞ս…
— Այո՛, Թամարը:
— Դաւիթին քոյրը:
— Այո՛, Դաւիթ Յովհաննէսի:
— Հը՜մ, հասկանալի է:
Խանզադեանը, որ, ըստ իր սովորութեան, քիչ մը խմած կը թուէր ըլլալ, ըսել կ՛ուզէր, որ` «Լաւ կը ճանչնամ ձեր ընտանիքը»: Այդ օրերուն Դաւիթի ու Թամարի անունները հրապարակի վրայ էին` իբրեւ տարօրինակ բնաւորութեան տէր, սակայն տաղանդաւոր բանաստեղծ ու դերասանուհի: Մինչ վաճառողը «Գրական թերթ»-ի հին թիւերով կը փաթաթէր հաւկիթին տուփերը, ես առիթը յարմար նկատելով` Խանզադեանին դիմեցի.
— Շնորհակա՛լ եմ, ընկե՛ր Խանզադեան, եթէ դուք չօգնէիք, առանց ձուի պիտի մնայինք:
Ան դարձաւ ինծի ու ըսաւ.
— Տղա՛յ ջան, դու արդէն ունես մի զոյգ, Թամարը թող մտահոգուի…
Նման պարագաներուն Թամարը խօսքին տակը մնացողը չէր, ան անմիջապէս հակադարձեց.
— Ես մէկի փոխարէն երկու զոյգ ունեմ: Ամուսնացած եմ եւ մի հատ էլ տղամարդ երեխայ եմ ծնել:
Խանզադեանը կարծես թէ չէր սպասեր նման պատասխանի: Թամարին նայեցաւ, մեծահոգաբար ժպտեցաւ ու ինծի դառնալով` ըսաւ.
— Դու այստեղի մարդ չես երեւում, ուսանո՞ղ ես:
— Այո՛:
— Ո՞րտեղից, Պէյրութի՞ց:
— Ո՛չ, Այնճարից:
— Մի րոպէ, մի հատ անունդ հըլա ասա:
— Մովսէս:
— Հասկացայ, Մովսէ՛ս ջան, Համոն ու Հրանդը քո մասին խօսել են: Դու ինձ պէտք ես, բայց իմացիր՛, որ ես քեզ աւելի պէտք կը գամ, քան` դու ինձ: Սա է իմ համարը, կը զանգես, կը գաս: Կարող ես Թամարին էլ հետդ բերել:
Օրեր ետք հեռաձայնեցի ու գացի առանձին: Պարզուեցաւ, որ կ՛ապրի Նորք թաղամասի բարձունքներուն, բնութեան մէջ կառուցուած առանձնատան մը մէջ, զոր, համեմատած միւս գրողներուն, կարելի էր համարել շքեղ ու գրողի մը համար բոլոր յարմարութիւններով օժտուած: Երբ ան նկատեց, որ քիչ մը զարմացած եմ, դուրս հանեց զիս պատշգամ ու ցոյց տալով պարտէզը` ըսաւ.
— Ես եմ տնկել այս ծառերը, այստեղ ծովից ծով Հայաստանը ոտքիդ տակն ես զգում: Դու ես տէրն ու տիրակալը հայրենիքի: Նոյն տրամադրութեամբ էլ գրում եմ վէպերս: Դէ հիմի ներս առի…
Հիւրասիրութիւնը «դղեակին» վայել ճոխ էր: Առանց կարծիքս առնելու` քոնեաքը լեցուց: Անմիջապէս յիշեցի իր տղուն` Արարատի ըսածը ու խոհեմաբար լռեցի: Բաժակը վերցուց ու սկսաւ.
— Ես Նժդեհին հետ սեղան նստած մարդ եմ: Նա յաճախ էր լինում մեր տանը: Երեսուն եօթին հօրս տարան` իբրեւ ժողովուրդի թշնամիի: Չեմ թաքցնում, եղել եմ կոմունիստ, հիմի էլ կուսակցական եմ, սակայն գրել եմ «Նրանց» մասին, որպէսզի իրաւունք ձեռք բերեմ գրելու «Մերոնց» մասին: Բացի «Մխիթար Սպարապետից»` ես որոշ բաներ գրել եմ նաեւ Եղեռնի ու ազատագրական կռիւների մասին: Մեր օրերի աւելի հնարաւորութիւն ունենք արտայայտուելու: «Թագուհին Հայոց» գիրքը շատոնց սպառուել է, քեզ մի օրինակ կը տամ, անպայման կը կարդաս: Մի քանի օրինակ էլ կը ճարեմ` «Ձերոնց» կը տանես: Իմ գլուխ գործոցները առջեւում են: Ծրագրել եմ գրել Անդրանիկի ու Մուսայ Լերան մասին վէպեր: Այ, այստեղ ես պէտք ունեմ քո օգնութեան: Հիմա խմենք մեր ծանօթացման կենացը…
Չերկնցնեմ, իմ համբերատա՛ր ընթերցող, յանձն առի շուրջօրեայ սաստիկ գլխացաւս ու խմեցի… Այնճարի ու Պէյրութի մասին «հարցաքննելէ» ետք զիս, ցանկութիւն յայտնեց այցելելու Լիբանան, յատկապէս Այնճար, ինչ որ հետագային իրականացաւ, սակայն այս մասին` այլ առիթով… Ապա ան ըսաւ.
— Անդրանիկի մասին բաւարար գրականութիւն ունեմ, սակայն Մուսայ Լերան մասին գրեթէ բան չկայ մօտս… Ինձ խանդավառել է «Յուշամատեան Մուսայ Լերան» մեծածաւալ հատորը: Սակայն դա ինձ չի հերիքում…
Ժամանակի ընթացքին ես կրցայ իրեն հասցնել «Ալեակներ խլեակներ»-ու, պատուելի Անրէասեանի յուշագրական բնոյթի գիրքերուն պատճէններն ու Յ. Պուրսալեանի հրատարակած գրքոյկը:
Ան հետագային Անդրանիկի ու նոյնի՛սկ Գարեգին Նժդեհի մասին գրեց, սակայն Մուսայ Լերան մասին` ոչ: Թէ ինչո՞ւ, ինծի ծանօթ չեն պատճառները:
……………………………………………………………………………………………………………………………………
Ծաղկաձոր, 1979, Աշուն
Դարձեալ «Թարգմանչաց տօներու» օրերն էին, որոնց ընթացքին զոյգ թամատա կ՛ունենայինք` յանձինս Սիվա Կապուտիկեանի ու Սերօ Խանզադեանի: Այդ օր քիչ մը աւելի համարձակ կարծիքներ յայտնուեցան, ու ներկաներու տարամադրութիւնները բարձր էին: Խանզադեան, խանդավառուած տիրող ազգանպաստ մթնոլորտէն, սկսաւ խորհրդայիններու հասցէին խիստ քննադատութիւններ հնչեցնել: Կապուտիկեանը, որ իր աջ կողմը նստած էր, ոտքի ելաւ եւ Խանզադեանի ականջին բաներ մը փսփսաց: Ան կարծես թէ ուշքի եկաւ, գլխով հաստատական նշան ըրաւ Կապուտիկեանի ու սկսաւ հայ կնոջ գովերգութիւնը, որոնց շարքին նաեւ իր կնոջ` Ժենիային, որ նստած էր Կապուտիկեանին աջ կողմը: Երբ տակաւին Խանզադեանը կը շարունակէր փառաբանել հայ կիներուն գեղեցկութիւնն ու նոյնիսկ կարգ մը բարեմասնութիւնները, յանկարծ Կապուտիկեանը ոտքի ելաւ ու յայտարարեց.
— Շատ մի՛ հաւատացէք, ժողովո՛ւրդ, Ժենիան ասում է, որ «արդէն նրա ձեռքից «բան» դուրս չի գալիս»:
Իսկ Խանզադեանը առանց ինքզինք կորսնցնելու, կնոջը դիմելով` բարձրաձայն ըսաւ.
— Իսկ այն, ինչ որ երէկ գիշեր արեցինք, այդ ի՞նչ էր, «բան» չէ՞ր… ուտող ուրացող:
Ներկաները հրհռացին, ու տիրող մթնոլորտը փոխուեցաւ: Կապուտիկեանի նպատակն ալ այդ կը թուէր ըլլալ:
………………………………………………………………………………………………………………………………..
Ո՛չ տարին կը յիշեմ եւ ո՛չ ալ ամիսը: Միայն գիտեմ, որ ձմեռ էր: Դասնըկերներէս Թադէւոսը, որուն Թադիկ կ՛ըսէինք կարճահասակ ըլլալուն համար, օր մը քովս եկաւ (այն ատեն «Լենինի Բ. հանրակացարանը կ՛ապրէի) ու առաջարկեց, որ Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ կազմակերպուած եւ Նայիրի Զարեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին երթանք: Ես առարկեցի.
— Թադի՛կ ջան, այդ մարդը լաւ անուն չի թողել, ինչո՞ւ համար մենք ներկայ պիտի լինենք ու մասնակցենք նրա մեծարմանը:
— Հէնց դրա համար, հետաքրքրական կը լինի, տեսնենք` ովքե՞ր, ո՞նց են արդարացնելու ու մեծարելու նրան:
Գացինք, մուտքին հանդիպեցանք Ռազմիկ Դաւոյեանին, որ նոյնպէս նոյն նպատակով ուզած էր գալ եւ ներկայ ըլլալ: Մտանք: Պարզուեցաւ, որ քիչ մը ուշացած ենք, աջ կողմը պատին տակ նստարան մը տրամադրուեցաւ մեզի: Բեմին վրայ, ձախ կողմը նստած էին Գէորգ Էմինը` իբրեւ հանդիսավար, Սիլվա Կապուտիկեանը, գեղանկարիչ Էդ. Իսաբեկեանը եւ քանի մը այլ դէմքեր, որոնց անունները վրիպած են յիշողութենէս: Ընթացքին, բեմին աջ կողմը «Տրամաթիքական թատրոն»-էն դերասանուհի մը` Մարի անունով, բանաստեղծութիւն մը կ՛արտասանէր մեծարեալէն: Յանկարծ այն նոյն դռնէն,ուրկէ մենք մտած էինք, զիրար գրկած` հարբած վիճակի մէջ ներս մտան Սերօ Խանզադեանն ու չարենցագէտ Հրանդ Թամրազեանը: Դահլիճը բոլորովին լեցուն էր, ներկաներէն շատեր ոտքի վրայ մնացած էին, սակայն երբ այս երկու յայտնի անձնաւորութիւնները ներս մտան, դահլիճը իրար անցաւ: Ռազմիկը Թամրազեանին համար մեր քովը տեղ մը ապահովեց, իսկ Խանզադեանին համար ալ երիտասարդ մը իր տեղը տրամադրեց, որ եօթը կամ ութերորդ շարքի վրայ ճիշդ կեդրոնն էր: Ասմունքէն ետք ամպիոնը տրամադրուեցաւ էդ. Իսաբեկեանին: Ան սկսաւ յուշեր պատմել Նայիրի Զարեանէն` ցոյց տալու համար անոր մարդասիրական խառնուածքը, եւ երբ համեստօրէն կ՛ըսէր, որ` «Այն ատեն ես տակաւին իբրեւ արուեստագէտ մի բան չէի», յանկարծ մեր քովէն Թամրազեանը գոռաց.
— Տօ՛, հիմա ալ մի բան չես, ինչե՞ր ես դուրս տալիս, եթէ նա մարդասէր էր, ապա թող Չարենցին խնայէր:
Անմիջապէս դահլիճի կեդրոնէն Խանզադեանը արձագանգեց.
— Էդ ո՞վ ա, որ համարձակւում է Չարենցի խաթրին կպնել…
Դահլիճը հրհռաց, ետեւէն երիտասարդներէն ոմանք սկսան սուլել, եւ Էմին հազիւ կրցաւ սրահը հանդարտեցնել, իսկ ամպիոնը տրամադրուեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանին: Հոս պէտք նշել, որ Կապուտիկեան, առանց ուրանալու, Նայիրի Զարեանի յանցանքները փորձեց մեղմացնել եւ որոշ չափով արդարացնել զայն` նշելով, որ ան ալ, իր հերթին, մեղադրուած էր իբրեւ յանցագործ, ու սկսաւ թուել զանոնք, որոնցմէ կը յիշեմ երկուքը: Առաջինը այն էր, որ մասնակցած էր Սարդարապատի ճակատամարտին, իսկ երկրորդը, որ առաջարկած էր Անդրանիկի մասին ժապաւէն նկարահանել: Տակաւին խօսքը չվերջացուցած` յանկարծ դարձեալ մեր քովէն Թամրազեանը ոտքի ելաւ ու պոռաց.
— Տօ՛, Ցեկայի* պոռնիկ, տակը պառկել եւ դրա համար էլ գովո՞ւմ ես…
Այս անգամ Խանզադեանը ոտքի ելաւ, իր հսկայ մարմնով կանգնեցաւ սրահի կեդրոնը ու իր հերթին գոռաց.
— Հրա՜նդ…էդ ո՞վ ո՛ւմ տակն է պառկում….
Այս անգամ դահլիճը ուղղակի թնդաց, սուլոցներ, բացագանչութիւներ, անվայել խօսքեր ու նոյնիսկ հայհոյանքներ հնչեցին: Ձեռնարկը խանգարուեցաւ, ներկաները զիրար հրմշտկելով դուրս ելան, ուր շարունակուեցան թէ՛ մեղադրական հայհոյանքները, եւ թէ «տակը պառկած» ըլլալու քննարկումները…
Օրեր ետք Թադիկը բերաւ «Գրական թերթը», ուր յաւուր պատշաճի թղթակցութիւն մը կար Նայիրի Զարեանի նուիրուած ձեռնարկին մասին:
Այսպէս էր Խանզադեանը, յախուռն, անմիջական ու, չես գիտեր` ինչո՞ւ, Ուիլիըմ Սարոյանը կը յիշեցնէր ինծի, որուն մէջ կ՛ենթադրեմ, որ բնաւորութենէն աւելի` իր «թափթփած» պեխերը եւս իրենց դերը ունէին:
Օգոստոս 2021, Այնճար
* Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէ: