Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հինի ու Նոր Հինի Բախումը Կը Շարունակուի

Օգոստոս 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը աւարտեցաւ ինչպէս սկսած էր: Առաջին հերթին ընտրուեցան Ազգային ժողովի նախագահը, երեք փոխնախագահները եւ տասներկու մնայուն յանձնաժողովներու նախագահները: Այս ձեւով ձեւաւորուեցաւ Ազգային ժողովի խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն նախագահը, փոխ նախագահները, մնայուն յանձնաժողովներու նախագահները եւ մէկական ներկայացուցիչ խորհրդարանական երեք խմբակցութիւններէն: Ընդհանուր` 19 հոգի: Խորհուրդը կը պատրաստէ Ազգային ժողովի նստաշրջաններու ու արտակարգ ժողովներու օրակարգը եւ կ՛ապահովէ Խորհրդարանին բնականոն աշխատանքը:

Առաջին նստաշրջանի յաջորդ պարտականութիւնը քննարկումն էր նորակազմ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրին: 105 էջերէ բաղկացած ծրագիրը պատգամաւորներուն տրամադրութեան տակ դրուած էր երեքշաբթի, 24 օգոստոսի նիստէն շաբաթ մը առաջ: Վարչապետը ծրագիրը Ազգային ժողովին ներկայացուց շուրջ երեք ժամ տեւած գրաւոր նախաբանով մը, ապա պատասխանեց պատգամաւորներու հարցումներուն: Հետեւեցան քննարկումի ելոյթները, որոնց մասնակցեցան շուրջ յիսուն պատգամաւորներ. խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու ելոյթներէն ետք, եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ապա տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն, որուն չմասնակցեցան երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները: Կառավարութեան ծրագիր ընդունուեցաւ 70 ձայնով:

Այս բոլորը ձեւական մասն է: Մէկդի դնելով երկու անգամ պատգամաւորներու միջեւ բախումները, արտայայտուած հայհոյանքները, նախագահին անտեղի միջամտութիւնները եւ պատժական տնօրինումները, փորձենք տեսնել, թէ ինչ էր երեք օր տեւած երկարատեւ նիստերու բովանդակութիւնը:

Դժուար չէր նկատել, որ կառավարութեան ծրագիրի պարունակութիւնը շատ քիչ կը հետաքրքրէր բանախօսները. բացի հազուագիւտ բովանդակային քննարկումներէն, մէկ ձեռքի մատներուն թիւէն ալ պակաս, խօսակցութիւնները կրկնեցին այն փոխադարձ մեղադրանքները, որոնք լսած էինք խորհուրդի կազմութեան առիթով. այսինքն` քննութեան ենթակայ նիւթէն դուրս: Տպաւորութիւն կար, որ պատգամաւորներէն շատեր, յատկապէս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն, նոյնիսկ չեն կարդացած ներկայացուած ծրագիրը. վարչապետը, ժողովուրդի ընտրած վարչապետը, ինչպէս սովոր են կրկնելու, կազմած է իր ծրագիրը, ուրեմն ատիկա լաւ է, յարմար է, նոյնիսկ իտէալական է: Խորհրդարանական վերահսկողութեան սահմանադրական իրաւունքէն այս զիջումը ժխտումն է նոյն սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովին վերապահուած դերակատարութեան եւ օրինականացումը մենիշխանութեան:

Խորհրդարանական ընդդիմութեան դերը կը կայանայ կառավարութեան ծրագրի քննադատութեան եւ այլընտրանքի առաջարկման մէջ: Եթէ ծրագրի այս կամ այն կէտին ուղղուած քննադատութեան պատասխանուի կը մօտենայ ոչ թէ այդ կէտը մեկնաբանելով ու անոր արդարացիութիւնը փաստելով, այլ քննադատողներուն ուղղուած մեղադրանքներով, վիրաւորանքներով եւ վարկաբեկումներով, ապա խորհրդարանը կը դադրի ժողովուրդին մեծամասնութեան ի նպաստ քուէարկողներու եւ փոքրամասնութեան ի նպաստ քուէարկողներու` ամբողջ ժողովուրդի ներկայացուցչական մարմինը ըլլալէ կը դառնայ հլու եւ հնազանդ արձանագրող, ճիշդը, սխալը ու կասկածելին ծափահարող հաւաքականութիւն:

Կրկնենք անգամ մը եւս որ ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ դատ ու դատաստան չի տեսներ: Դատն ու դատաստանը մեր երկիրը պատուհասած ծանրակշիռ հարցերուն առարկայական քննութեամբ կը կատարուի, հակասական փաստերու ներկայացմամբ ու անոնց մանրազննին քննարկմամբ: Ճշմարտութեան որոնումը ժողովրդային քուէարկութեամբ տեղի չ՛ունենար: Անշուշտ, ժողովրդային տրամադրութիւնը, որքան ալ զգայնական ըլլայ անիկա, կարելի չէ անտեսել, կարելի չէ նաեւ ճշմարտութեան ու արդարութեան ցուցիչ նկատել:

Կրկնուող այն գաղափարը, որ ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ դատաստան տեսած է ու որոշած է թէ ո՛վ էր ճիշդն ու արդարը եւ ո՛վ սխալն ու անարդարը` գռեհիկ ամբոխավարութիւն է: Այս մօտեցումը կապ չունի ժողովրդավարութեան հետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ազատ մտքի ու ազատ խօսքի կաշկանդումին:

Երբ պիտի դուրս գանք հին ու նոր նախկիններու կատարածին ու թերացածին մակերեսային, տգէտ ու անհաշուենկատ բախումներէն եւ լծուինք վտանգներով ու սպառնալիքներով լեցուն մեր ներկան կարգաւորելու ու մեր ապագան երաշխաւորելու գործին: Վարչապետը կ՛ըսէ, որ պատրաստ է համագործակցութեան, սակայն իր օգտագործման բառամթերքը եւ կասկածելի տրամախոհութեամբ խօսքը հակառակը կը նախանշեն: Մեղքը ուրիշին վրայ բարդելով, չես կրնար զայն գործակից դարձնել: Գործակցութիւնը չ՛ենթադրեր առժամեայ ուժեղին հետ համախոհութիւն ցուցադրել: Ժողովրդավարական հասկացողութեամբ, ճշմարտութիւնը կը ծնի բանավիճման միջոցով, ուրիշը լսելով, հակադրուողը յարգելով.

Սպասենք աւելի բարի ու խոստումնալից օրերու գալուստին:

 

 

Նախորդը

Յախուռն ու Անմիջական Հայը. Սերօ Խանզադեան – Բ.

Յաջորդը

Թուրքիա Արգիլած Է Հայկական Թռիչքները. Հայասատան Ինչո՞ւ Չի Փոխադարձեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?