Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձօն Իմ Հրաշք Հօրս` Վահէ-Վահեանի Մեհեանին (Մահուան 23-րդ Տարելիցին Առիթով)

Օգոստոս 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԷՅԼԱ ԱՊՏԱԼԵԱՆ

Շատեր ճանչցեր էին զինք` իբրեւ բանաստեղծ, քննադատ, գրական ու հասարակական գործիչ, Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկի տնօրէն, ուսուցիչ, աշխատակից, բարեկամ եւ կամ ազգական: Սակայն ես բախտաւորուած էի ունենալ զինք իբրեւ հայր, որ եղաւ նաեւ ինծի համար մարդ արարածի ամենափայլուն տիպարը:

Կարգ մը անձերու մօտ հսկայական տարբերութիւններ կը նկատուին իրենց դուրսի աշխարհի եւ մտերմիկ` ընտանեկան կեանքին միջեւ: Հայրս նոյն փափկասուն, համբերատար, հոգատար ու սիրալիր անձն էր, միայն այն տարբերութեամբ, որ երբ կարեկից անձեր քովը գային` աշխատանքի, ընտանեկան, ուսման կամ կրթաթոշակի օժանդակութեան առնչութեամբ, ինք իր առաւելագոյնը կ՛ընէր անոնց օգնելու համար: Սակայն, երբ իր անձին եւ կամ տան անդամի մը գար հարցը, կը վարանէր, քանզի իր հպարտութեան զգացումը ամէն բանէ վեր էր:

Իր նկարագիրի արտակարգ գիծերուն մասին յիշելով` չեմ կրնար մոռնալ քանի մը մտերմիկ ծանօթներու վկայութիւնը, երբ մեծ յարգանքով կը պատմէին, թէ ինչպէ՛ս ինք մերժած էր իրեն առաջարկուած ոսկէ առիթը` աշխատելու իբրեւ դասախօս ամերիկեան համալսարանին մէջ` յետ իր բարձր գնահատանքով ստանալուն արուեստի եւ գիտութեան ճարտարապետութեան վկայականը: Ան իր շահաբեր պաշտօնը փոխանցած էր իր կարեկից ընկերոջ ու ինք նուիրած իր կեանքը` հայ գիրին, դպրոցին ու գաղութին:

Իր զոհաբերութեան աստիճանը սահման չունեցաւ. երբ Սպիտակի երկրաշարժը պատահեցաւ, հակառակ իր համեստ ուսուցիչի պաշտօնին` մասնակցեցաւ օգնութեան իր ուժերէն շատ աւելի բարձր չափերով, երբ մեր շրջանակի մեծահարուստներէն շատեր նման նուիրատուութիւն չկատարեցին:

Մարդ արարածին ո՛վ ըլլալը կը փաստուի տարիներու ընթացքին անոր կատարած ընտրութիւններէն, տուած որոշումներէն եւ  դրսեւորած կեցուածքէն: Ոմանք կեանքի ընթացքին շահամոլութեան պատճառով իրենց սկզբունքները կը խախտեն, սակայն ինք միշտ զօրաւոր մնաց իր համոզումներուն վրայ: Իր հայրենասիրութեան աստիճանը գագաթնակէտին հասցուցած էր ու ամէն ձեւով փորձած` «ոսկի կամուրջ» ստեղծել Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ, փորձել յայտնաբերել գրողներ եւ արուեստագէտներ` ընծայելով անոնց լայնածիր ճանաչման միջոցներ: Իր «Անի» գրական ու արուեստի ամսաթերթին նպատակը ճիշդ ա՛յդ էր: Թէեւ եղան ոմանք, որոնք շփոթեցին իր հայրենասիրութեան տենչը ու անարդարօրէն դատապարտեցին զինք իբրեւ գործակից «անբաղձալի» պետութեան հետ:

Խօսք մը կայ կ՛ըսէ. «Երբ տունիդ մէջ ունիս պարտէզ եւ գրադարան, ապա ոչինչ կը պակսի քու երջանկութեանդ համար»: Մեր տունը օժտուած էր պարտէզով. հայրս բնութիւն պաշտող անձ ըլլալուն, իբրեւ իր ամէնէն սիրելի ժամանցը, ընտրած էր պարտիզպանութիւնը:

Մեր տունը «հարուստ» էր նաեւ իր գիրքերով, թերթերով, փաստաթուղթերով, արխիւներով` սկսեալ 1800-ական թուականներէն: Տարբեր գաղութներու թերթեր 1920-ականներէն դիզուած էին մեր քով: Հօրս մեծ սփոփանքներն էին` կարդալ, գրել ու վերլուծել: Կարելի է ըսել, թէ չկար որեւէ գիրք սփիւռքի մէջ, որ տպուելէ առաջ ղրկուած չըլլար հօրս խմբագրման ու սրբագրութեան համար:

Երբ վերայցելեմ իմ անցեալի յուշերու քարուսելը, մղձաւանջ մը կը պատէ զիս: Ճաշասեղանին շուրջ մեր համախմբուիլը անգամ ունէր իր ծէսը: Միշտ ճշդապահ ժամուն կը նստէինք սեղան, ուր հայրս ունէր իր յատուկ աթոռը: Մայրս կամ հօրս մօրաքոյրը կը հրամցնէին մեր աւանդական ճաշերը` միշտ սկսելով հօրս պնակէն, ու մենք բոլորս կը սպասէինք, որ հայրս իր առաջին պատառը առնէ, որպէսզի մենք ալ մերը սկսէինք: Մեծ խանդավառութիւն էր հաւաքուիլ սեղանին շուրջ` օգտակար խօսակցութիւններով ու հետաքրքրական գիտելիքներով լեցնելով մեր ժամանակը: Ամէն անգամ ճաշի վերջաւորութեան հայրս սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնէր մօրս եւ իր մօրաքրոջ` անոնց պատրաստած համեղ ճաշերուն համար ու իր պնակը խոհանոց կը տանէր: Ապա, առ ի գնահատանք իրենց աշխատանքին, ինք կը փափաքէր, որ սուրճը իր ձեռամբ պատրաստէր ու մեզի հրամցնէր:

Շատ երջանիկ ու բախտաւոր էի ապրելով տան մը մէջ, ուր կային յարգալիր փոխյարաբերութիւններ, զոհաբերութիւն ու սէր: Նոյնիսկ եթէ ըլլային փոքր անհամաձայնութիւններ, անոնք միշտ քաղաքավարութեամբ կը լուծուէին: Հօրս փափկանկատութեան աստիճանը նկատելի էր իր ամենափոքր արարքէն: Մանկութեան օրերուն, երբ ես տակաւին իրենց ննջասենեակը կը քնանայի, հայրս կ՛արթննար առտուան հինգին` հասցնելու թէ՛ իր տպարանի եւ թէ՛ դպրոցական աշխատանքներն ու պարտականութիւնները: Ան նախորդ գիշերուընէ որոշած կ՛ըլլար իր հագուելիքը ու լուռ ու մունջ կը շարժէր, որպէսզի մեզ յանկարծ չխանգարէր:

Հօրս բարձր հոգի ըլլալու փաստը ունեցանք, երբ վաղաժամ  կորսնցուցինք մեր շատ սիրելի Վահրամը` զոհ ինքնաշարժի արկածի: Երբ անոր աշխատած ընկերութիւնը ուզեց հօրս փոխանցել գումար մը, հայրս խստօրէն մերժեց` ըսելով, որ իր տղուն արեան գինին ինք չի կրնար դպչիլ ու ստեղծեց «Վահրամ Ապտալեան» կրթական հիմնադրամը, որ օգտակար պիտի դառնար հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մէջ մասնագիտացող աշակերտներու ուսման աջակցութեան:

Լիբանանի երկարամեայ պատերազմի ընթացքին, երբ շատեր կը գաղթէին դէպի աւելի բարգաւաճ երկիրներ, ինք կը քաջալերէր, որ մեր գաղութը չկորսնցնենք, չսուզուինք ու չձուլուինք օտար ափեր երթալով:

Հայրս իր բնաւորութեամբ շատ հեզ, ճկուն ու ընտելացող անձ էր, սակայն միաժամանակ` յանդգնօրէն ճշմարտախօս: Երբ շատ առաքինի ըլլաս, պտղատու ծառի նման յաճախ կը քարկոծուիս. սակայն հայրս վրէժխնդրութիւն եւ ատելութիւն պահել չունէր: Ան կը հաւատար կարողանալ ներելու հզօր ուժին ու կ՛ըսէր, որ բարկութիւնը, եթէ ներսդ պահես, կ՛ուտէ քեզ որդի նման: Այլ ոսկի խօսքն մըն ալ ունէր, որ կ՛ըսէր. «Կը նախընտրեմ խաբուիլ իմ սիրելիներէս, քան` կասկածիլ անոնց անկեղծութեան վրայ»: Ես օղ ըրած եմ իր այս պատգամները ու յաճախ իմ կեանքի դժուարագոյն օրերուս կը հետեւիմ իր խորհուրդին:

Ընդհանրապէս արուեստագէտներուն մօտ «մուսաները» ուշ գիշերը ծիլ կ՛առնեն: Կը յիշեմ իրմէ հեռու նստած զինք դիտելս, երբ մենախօսութեամբ կը սրբագրէր իր նոր գրած ճառերն ու բանաստեղծութիւնները: Ան շատ յաճախ մայրս իր մօտ կը կանչէր, որ լսէ ու իր կարծիքը տայ: Իմ իտէալապաշտ հայրս շատ խիստ էր իր անձին հանդէպ ու իր ստեղծագործական աշխատանքը` ըլլային անոնք դասախօսութիւններ, թերթի տրուելիք գրութիւններ, թարգմանութիւններ կամ բանաստեղծութիւններ, կրկին ու կրկին կը վերամշակէր:

Տպաւորիչ այլ երեւոյթ մըն էր ականատես ըլլալ գրաւորներու իր սրբագրութեան: Ան ժամեր կը դնէր` փորձել հասկնալու, թէ սխալ պատասխանող աշակերտին տկարութիւնը ինչի մէջ կը կայանար: Գրաւորի թուղթին սիւնակին մէջ կարմիր գիրերով ճիշդը կը գրէր: Ներքին պատերազմ կ՛ունենար այս սրբագրութեան միջոցին: Քանզի ինք լաւագոյնը կը սպասէր իր աշակերտներէն: Ու տարիներ ետք, դպրոցէն շրջանաւարտ աշակերտներուն յաջողութեան մասին երբ լսէր, այնքան կը հրճուէր, կարծէք իր որդիներէն մէկը ըլլային: Ան մեծ հաւատք ունէր իրեն տրուած կոչումին նկատմամբ, թէ պէտք էր կերտել ու պատրաստել յաջորդական հայ սերունդներ, որոնք պիտի ըլլային պաշտպանը հայոց լեզուին, գրականութեան ու հայրենիքին:

Իմ զգայուն հայրիկս օր մը, երբ նորածին աղջիկս կու լար, մօտեցաւ ինծի ու խնդրեց, որ չձգեմ, որ լայ: «Չեմ դիմանար երեխայի լացն ու կոծին: Որովհետեւ այդ ինծի կը յիշեցնէ իմ փոքր եղբօրս լացը գաղթի ժամանակ, երբ ան լալով անօթի մահացաւ, քանի որ, հակառակ մեր խոտ ուտելուն, մօրս կաթը կեցաւ…»:

Շատ կը փափաքէի իրեն հետ խօսիլ անցեալէն, սակայն, ինք փախուստ կու տար: Խնդրեր էի, որ գրի առնէր իր դառն յուշերը, սակայն իր ուժերէն վեր ըլլալով` չկարողացաւ իր հոգեցնցում պատճառած անցեալը վերապրիլ:

Մեծ յուզմունքով կը յիշեմ այն մտերմիկ հաւաքոյթները, որոնք մեր տան մէջ կը կազմակերպուէին, երբ Հայաստանէն կու գային` բարձրաստիճան մարդիկ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ,  գիտնականներ ու քաղաքական գործիչներ: Խրախճանքներ կը սարքէինք մինչեւ ուշ գիշերներ. կ՛ուտէինք, կը խմէինք, կ՛երգէինք, իրարու կենաց կը բարձրացնէինք ու նոյնիսկ եղած են առիթներ, երբ մեր տունը եղած էր օթեւան իրենց համար: Շատ անգամ քաղաքական որոշումներու առնչութեամբ հօրս կարծիքը կ՛առնէին` նկատի ունենալով իր տրամաբանութիւնը, հմուտ միտքը եւ փորձառութիւնը: Ներկայիս, երբ հօրս քաղաքական դիրքաւորումը վերյիշեմ, կը նկատեմ` որքա՜ն հեռուն մտածող ու ճշգրիտ մեկնաբանող անձ էր ան:

Կարօտ եմ մնացեր հօրս թաւշային ձայնին, մանաւանդ երբ ան զիս կը կանչէր «հոգիս» կամ «հոգեակ»:

Մանկութիւն չտեսած հայրս կեանքի ընթացքին շատ տառապանքներէ անցաւ` կորսնցնելով իր տունը, ծնողքը, եղբայրներն ու քոյրը, կինն ու զաւակը, սակայն պինդ մնաց կեանքին ու տուաւ իր լաւագոյնը` կարեկցողին:

Կան հայրեր, որոնք հսկայական նիւթական ժառանգ կը թողուն իրենց զաւակներուն, սակայն ինք տուաւ այն, ինչ կարելի չէ խլել քեզմէ: Փա՛ռք ու պատիւ անոր թողած գրական վաստակին: Թող անոր ստեղծագործական միտքի ժառանգութիւնը շարունակուի սերունդէ սերունդ: Այնքան ատեն որ Վահէ-Վահեան առեղծուածը յիշուի, ան կը մնայ յաւերժապէս ողջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, իմ անգի՛ն հայր:

Պէյրութ, 20 օգոստոս 2021

Նախորդը

Բոլորս` Սխալ Աստղի Տակ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?