Տեսակէտ. Ի՞նչ Կրնանք Սորվիլ Լիթուանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարներէն
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Վերջին շրջանին միջազգային լրատուամիջոցներ կամ ընկերային ցանցերու էջեր յաճախ կ՛անդրադառնան, որ Եւրոպական Միութեան անդամ Լիթուանիան կը դիմագրաւէ գաղթականներու հարց` Լիթուանիա-Պիելոռուսիա սահմանին վրայ: Գաղթականներուն մեծամասնութիւնը գաղթած է միջինարեւելեան եւ ափրիկեան երկիրներէ, անոնք փախուստ տուած են իրենց ծննդավայրերուն մէջ յամեցող դաժան պատերազմներէն (ըստ լիթուանական աղբիւրներուն, 7 օգոստոս 2021-ին Լիթուանիա-Պիելոռուսիա սահմանին վրայ հաւաքուած գաղթականներուն թիւը հասած էր 4112 հոգիի): Լիթուանիան, որուն...



















