Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դրական Ճանապարհը

October 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Կեանքի մէջ, դրականին կողքին, միշտ ժխտականը ներկայ է, բոլոր տեսակի յաջողութիւններու ժամանակ անկասկած ժխտական կողմն ալ կ՛ընկերակցի: Եթէ կ՛ուզենք ուրախ կեանք ապրիլ, մարզենք մենք մեզ, որ կարողանանք դրականը տեսնել, նոյնիսկ եթէ ժխտականին ներկայութիւնը գերազանցող է:

Արդէն երկու տարի անցած է Լիբանանի ապրած տագնապալի վիճակին եւ «Քորոնա» համաճարակին յայտնուելէն, որոնց պատճառով արձանագրուեցան մարդկային, նիւթական եւ տնտեսական հսկայական վնասներ: Բոլորս ալ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով վնասներ կրեցինք ամբողջ աշխարհի տարածքին: Դժբախտաբար մարդոց մեծամասնութիւնը տակաւին կառչած կը մնայ կեանքի այդ ցաւալի փուլին` աւելի խոր հոգեկան վնասներ պատճառելով ինքնիրեն եւ շրջապատին: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրը իր անձնական ձեւը կրնայ որդեգրել, որպէսզի կարողանայ դուրս գալ  ժխտականէն եւ նոյնիսկ առիթ ընծայէ իր անմիջական ընտանիքի անդամներուն, որպէսզի նմանօրինակ քայլերու դիմեն:

Նկատի ունենալով Լիբանանի բազմաթիւ հարցերը, մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, անկարելի կը նկատենք այսօրուան մեր անմարդկային վիճակէն դուրս գալը: Բայց իրականութիւնը այդպէս չէ. այսօր կրնամ ըսել, որ Լիբանանի մէջ անտուն եւ անօթի մարդոց թիւը համեմատաբար շատ աւելի նուազ է, քան` հզօր երկիրներու մէջ ապրողներունը: Մարդասիրական գործող բազմատեսակ միութիւններ կրցած են հասնիլ բոլորին անխտիր: Կրնամ հաստատել, որ արտասահման գտնուող լիբանանցիներուն ջանքերով եւ օժանդակութեամբ կարելի կը դառնայ կանգուն հիմերու վրայ պահել Լիբանանը:

Այո՛, դժուար օրեր են, այո՛, ապագան մութ է, այո՛, գաղթողներու թիւը հսկայական է: Բայց մէկ բան հաստատ է, որ պատմութիւնը միշտ գրած է Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ տիրող նոյնանման դժուարութիւններու մասին, որոնք, ժխտականին կողքին, ունեցած են որոշ չափով դրական ազդեցութիւն, նաեւ գրած է վերածնունդի եւ զարթօնքի փուլերուն մասին, որոնք եկած են չէզոքացնելու ժխտականին մեծ մասը, թափ տալու դրականին եւ թեւակոխելու նոր փուլ մը:

Մնանք յոյսով եւ կառչինք դրական երեւոյթներուն, որքան ալ դժուար ըլլայ, որպէսզի զոհը չդառնանք ժամանակաւոր նեղութեան եւ կարենանք նուազագոյն վնասներով դուրս գալ այս բոլորէն:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Դժուար Հարցերու Կարգաւորման Թնճուկը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.