Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Զաւարեան ապրեցաւ «Աշխարհիկ սուրբ»-ի խստակրօն կեանքով: Ան բծախնդիր ու պահանջկոտ եղաւ նախ իր անձին, ապա` ուրիշներու նկատմամբ: Կուսակցութեան մէջ չհանդուրժեց թերացումներն ու բարոյական ընկրկումները: Մերժեց սուտն ու կեղծիքը: Խարազանեց ցուցամոլներն ու դասալիքները: Ատեց ճառախօսութիւնն ու ամբոխավարութիւնը` զանոնք նկատելով ժամանակաւոր եւ փուճ ոգեւորութիւն: Իր նկարագիրի յատկանիշներէն եղան խնայասիրութիւնն ու ժուժկալութիւնը, յատկապէս` կուսակցական եկամուտներու հանդէպ: Հանրային կեանքին մէջ ան նիւթը, դրամը նկարագիրի խաթարման պատճառ նկատեց. «Ուր դրամը շատ է, այնտեղ տիրում է անմաքրութիւնը. ընդհակառակն, այնտեղ ուր քիչ դրամ կայ, տիրում է մաքրութիւն, անձնուիրութիւն: Մեր գործունէութիւնը կարող է առաջ գնալ եւ յաջողութեամբ պսակուել այն ժամանակ, երբ խիստ ներդաշնակութիւն կը լինի բոլոր ճիւղերի` դրամականի, բարոյականի եւ զինականի միջեւ», պատգամեց ան:
Զաւարեան միակն էր, որ անձամբ այցելեց իրեն այնքան ծանօթ հայկական գաւառներն ու շրջանները, շրջեցաւ պատմական Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա (սահմանադրական ազատութենէն իսկ առաջ, համիտեան բռնապետութեան ամէնէն դաժան օրերուն), ուսումնասիրեց իր ժողովուրդին վիճակը եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր ազգային-քաղաքական, կրթական-տնտեսական հարցերուն: Աշխատեցաւ ժողովուրդին մէջ, ժողովուրդին համար: Եղաւ ընկերային արդարութեան մնայուն ջատագով: Եղաւ հո՛ն, ուր տառապանքը ներկայ էր: Հոն, ուր զրկանք եւ յետադիմութիւն կար: Ապրեցաւ տառապանքը, բաժնեկցեցաւ զրկանքը եւ յետադիմութիւնը յառաջդիմութեան վերածելու համար, ՀՅԴ Արեւելեան ռայոնական ժողովի ամպիոնէն, 1906-ին, պատգամեց. «Մեր ժողովուրդը պատմական անբարեյաջող պայմաններից ցեխոտուել է, խաբեբայ, ստրուկ է դառել. պէտք է դրանից մաքրել նրան. իսկ հայ ժողովուրդը մաքրելու, բարձրացնելու համար նրա առաջ դնելու է մի այնպիսի նպատակ, որը կարողանար ոտքի կանգնեցնել նրա մեծ մասը: Այդպիսի նպատակ կարող է լինել միայն ազգային կատարեալ հաւասարութեան եւ Թրքահայաստանի հարցը»:
Զաւարեան պաշտամունքի աստիճան սէր ունեցաւ հայ գիւղացիին եւ հայ հողին հանդէպ, այդ պատճառով ալ ան մինչեւ վերջ պայքարեցաւ «կատարեալ հաւասարութեան» ձեռքբերման եւ «Թրքահայաստանի հարց»-ին լուծման ի խնդիր: «Լոռիի լռին զաւակը», այսպէս, իր կեանքի օրինակով յետնորդ սերունդներուն սորվեցուց լուռ ու յարատեւ աշխատանքի եւ աննահանջ պայքարի արուեստը: Սորվեցուց, թէ միջավայրի մը մէջ գործելու նպատակը ունեցող կուսակցութիւն մը ինչպէ՛ս կրնայ ծանօթանալ այդ միջավայրի պայմաններուն, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական վիճակին: Սորվեցուց մանաւա՛նդ կուսակցական համոզումները ինչպէ՛ս ներդաշնակել ազգային ու համամարդկային տենչանքներու հետ:
Շատ բան գրուած է Զաւարեանի առինքնող կերպարին մասին: Իսկ իրմէ մեզի հասած բազմաթիւ գրութիւններէն կամ գրութեան վերածուած բանաւոր արտայայտութիւններէն ամէնէն ուշագրաւը, անկասկած, Դաշնակցութեան կենսունակութեան գաղտնիքը բնորոշող անոր պատմական մէկ ելոյթն է ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովի փակման նիստին, ուր ան կը հաստատէ. «Նրա [Դաշնակցութեան] կենսունակութեան եւ բարոյական բարձրութեան հիմքը ես երեք բանի մէջ եմ տեսնում.
«ա) Նրա անդամների մեծագոյն մասը նպատակ է ունեցել հայ աշխատաւոր ժողովուրդի շահերը պաշտպանել, որի վրայ եւ նա յենուել է գլխաւորապէս:
«բ) Որ նա միշտ կարողացել է ըմբռնել մոմենտը եւ ժամանակի ու տեղի պայմաններին յարմարուել:
«գ) Մեր բարոյական տիսցիպլինան: Թէպէտ մեր սիստեմը եղել է ապակենտրոնացում, բայց եւ դրա հետ միասին եղել է խիստ տիսցիպլինա, այսինքն որքան էլ մասնաւոր կարծիքների տարբերութիւններ են եղել անհատների մէջ, բայց ամէնքն էլ պարտաւորութիւն են զգացել ենթարկուել ընդհանուր որոշումներին եւ սկզբունքներին. եւ այդ վերաբերմունքն է, որ ուժ է տուել մեր կազմակերպութեան եւ ամրապնդել նրան»:
Ահա՛, Զաւարեանական բացատրութեամբ, ուժին եւ մեծութեան աղբիւրը այն կուսակցութեան, որ անցնող 131 տարիներուն հետամուտ եղաւ «մշակ, բանուոր, ռենչպեր ախպէր»-ներու շահերու պաշտպանութեան, մերժելով կեղեքման, շահագործման, իրաւազրկման ամէն փորձ, խորապէս համոզուած, որ այդ երեւոյթներուն դէմ պայքարը կ՛ենթադրէ քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւններու ձգտում` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ, եւ այդ երկու ճակատներու գոյութեան գիտակցութիւնը եւ անոնց համագործակցութիւնն է, որ կրնայ ապահովել անհատի, ընկերութեան եւ մարդկութեան ազատագրութիւնն ու բարօրութիւնը:
Ահա՛ նաեւ յարատեւման եւ հզօրութեան գաղտնիքը այն կուսակցութեան, որ անցնող 131 տարիներուն մնայուն ներկայ մը եղաւ հայ կեանքի բոլոր բեմերուն վրայ (Երկիր, Անդրկովկաս, սփիւռք) եւ պատմական բոլոր «մոմենտ»-ներուն (յեղափոխութիւն, Հայ դատի պայքար, Հայաստանի վերանկախացում, Արցախի ազատագրում, քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներ…), կուսակցական իր գործունէութիւնը հմտօրէն պատշաճեցնելով յարափոփոխ վայրերու եւ պայմաններու պահանջներուն հետ, տեղ մը հանդէս գալով ժողովրդային ինքնապաշտպանութեամբ, այլուր` քաղաքական-դիւանագիտական պայքարով, մէկ ուրիշ տեղ` հայապահպանման եւ գաղութներու կազմակերպման պարտականութեամբ, միշտ եւ ամէնուր, սակայն, յանձնառու մնալով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման եւ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք կերտելու պատմական անհրաժեշտութեան:
Վերջապէս, ահա՛ 131-ամեայ կուսակցութեան մը կազմակերպական կառոյցը կուռ եւ միաձոյլ պահող ամրապինդ այն շաղախը, որ ծանօթ է զաւարեանական «խիստ տիսցիպլինա»` խիստ կարգապահութիւն բացատրութեամբ: Կարգապահութիւնը հիմնական պայման է որեւէ հաւաքականութեան յաջողութեան համար: Կարգապահութիւնը կը կայանայ տուեալ կառոյցի մը կամ հաւաքականութեան մը անդամներէն իւրաքանչիւրին իրեն վստահուած պարտականութիւնը լրիւ եւ անշեղ կատարելուն մէջ` յօգուտ ամբողջութեան եւ գործին:
Այդպէս է, որ նորագիր մը իր երդումը կատարած պահէն կը դառնայ Դաշնակցութեան դրօշին զինուորեալ` իր կեանքին գնով հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ: Ան կը դադրի սոսկ անհատ մը ըլլալէ: Ազգային-քաղաքական անձնական նախասիրութիւնները կը վերապահէ իրեն եւ կը գործէ կուսակցութեան Ծրագիր-Կանոնագիրին եւ Ընդհանուր ժողովներու որոշումներով միայն: Մինչեւ որոշումի մը կայացումը ան կրնայ ազատօրէն ընդդիմանալ անոր, սակայն կայացումէն ետք իրեն կը մնայ «ամէն ջանք ի գործ դնել» որոշումին յաջողութեան համար: Շատ պարզ ու յստա՛կ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կազմակերպական իր ապակեդրոնացման հետ միասին ունի բարոյական եւ գաղափարական կեդրոնացում, ուրկէ կը բխին կուսակցութեան մարտունակ նկարագիրին պահանջած այս խստութիւնը եւ կարգապահութիւնը` կուսակցական բոլոր ձեւի աշխատանքներուն մէջ:
Ու կը մնայ հաստատել, որ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն իւրաքանչիւրը, դաշնակցականի ընդհանուր եւ հասարակաց յատկութիւններէն վեր ու անկախ, ինքզինք բնորոշող յատկութեամբ մը զանազանուեցաւ մնացեալներէն: Սիմոն Զաւարեան եղաւ բիւրեղացած առաքինութիւն մը: Յեղափոխական թէ հասարակական գործիչ, գիւղատնտես թէ կրթական գործիչ, հալածուած կամ աքսորուած, ՀՅԴ Բիւրոյի թէ Լեռնավայրի Պատասխանատու մարմինի անդամ` ան մնաց նոյնը, դաշնակցականի հարազատ տիպարով ու բարոյական անբասիր դիմագիծով, հասաւ ամէն տեղ եւ ամէնուն, գաղափարի՛ն համար, ազգի՛ն համար, բոլոր մարդոց համար անխտի՛ր, իր շունչն ու դրոշմը դնելով ամբողջ ժամանակաշրջանի մը, ամբողջ կուսակցութեան մը եւ ամբողջ սերունդներու վրայ:
(Շար. 2 եւ վերջ)