Միասնական Ուղղագրութիւնը` Անհրաժեշտ
ՆԱՆՕՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Աշխարհի վրայ չկայ ազգ մը, որ սրբացուցած ըլլայ իր թարգմանիչները եւ յատուկ ազգային եկեղեցական տօն մը նշանակած ըլլայ անոնց համար, բացի` Հայ եկեղեցիէն: Ահա թէ ինչո՛վ կը տարբերի հայ ազգն ու հայկական եկեղեցին այլ եկեղեցիներէ: 1600 տարի շարունակ հայ ազգը չէ մոռցած երախտապարտ ըլլալ իր առաջին ուսուցիչին` Մեսրոպ Մաշտոցին եւ անոր աշակերտներուն` Կորիւնին, Եղիշէին, Մովսէս Խորենացիին եւ այլոց...

















