Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Հողն Կորսնցնէք…

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարօրինակ նախազգացում մը կ՛ունենամ` կարդալով հիները: Կը սքանչանամ` տեսնելով անոնց այժմէականութիւնը, նոյնիսկ եթէ գրուած ըլլան աւելի քան դար մը առաջ: Ու հայրենիքի ներկայ իրավիճակը տեսնելով չեմ կրնար չյիշել Խրիմեան Հայրիկի 1894 թուականին հրատարակած «Պապիկ Եւ Թոռնիկ» հատորի հետեւեալ տողը. «Երբ հողն կորսնցնէք, ձեր կեանքն ալ հողին հետ կը կորսուի»: Եւ այսօր բոլորս հայրենիքի հետ միատեղ մեր կենաց եւ մահու պայքարն է որ կը մղենք. պայքար, որ մեզ կրնայ աւելիով դրդել ձուլման, մինչեւ իսկ` կորուստի:

Եւ որքան այժմէական կը նկատեմ, որ այսօր ամէ՛ն տեղ` դպրոցներուն, նախարարական եւ կամ պետական նիստերուն, եկեղեցիներուն, ակումբներուն մէջ, բարձրաձայնուի Խրիմեան Հայրիկի հետեւեալ խօսքերը.

«Այսպէս, Թոռնիկ, հողն պէտք է կենաց եւ մահու օր. սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ գրկես զհողն. չթողուս, որ ուրիշներ ձեռքէդ յափշտակեն, դու անհող մնաս, ստրուկ լինիս, երթաս ուրիշի դռներ վարձկան մշակ դառնաս, եւ էն ժամանակ ձեր վերա կատարուի Պապկի կախարդ գուշակութիւն. եւ դու խելաբերելով յիշես, աւա՜ղ, ես տանուտէր էի, նահապետ Պապկիս խրատներուն մտիկ չարի, այժմ անառակ որդւոյն պէս` վարձկան մշակ եղայ, թողլով իմ ոչխարաց հօտ, ուրիշներու նախիր կ՛արածեմ…» («Պապիկ եւ թոռնիկ» Մկրտիչ Խրիմեան, 1894):

Այսօր այդ թոռնիկը դուն ես, այդ թոռնիկը ես եմ եւ բոլո՛րս ենք եւ կամաց-կամաց կը կորսնցնենք մեր պապիկին` նախահայրերուն մեզի ժառանգած հողը, որ շահուած է արեան գնով: Մեր տանուտէրութիւնը արդէն իսկ կամաց կամաց կը վերածուի վարձկանութեան, եւ մենք մերը տալով ուրիշին` մեր իսկ հողերուն վրայ կը դառնանք «օտար»:

Խրիմեան Հայրիկ միայն մէկ տեղ չէ՛, որ կը խօսի հողի կորուստին մասին, այլ գրեթէ ամէն տողի մէջ կը շեշտէ այդ մէկը` ըսելով. «Իսկ եթէ հողն մեռնի, էն ժամանակ բոլոր Պապկի տանն ընտանիք ի միասին կը մեռնին», ու մենք հիմա արդէն կ՛ուղղուինք դէպի մեր հայրենիքի գողգոթան:

Շահան Շահնուր 1921-ին հրատարակած իր «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան մէջ կը տրտնջար ու կը դժգոհէր` ըսելով. «Կը նահանջեն` ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն` բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք` բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»: Եթէ այսքան մեծ մեղա՜յ կը կարդացուի 92 տարիներ առաջ, ապա որքա՜ն աւելիով մեղա՜յ պէտք է կարդացուի հայ ազգի ներկայ վիճակին համար, որուն մեծ հաւանականութեամբ պիտի շարունակէ հոգեհանգստեան արարողութիւնը…

Հարցը կարծուածէն շա՛տ աւելի վտանգաւոր է. հարցը նիկոլական, քոչարեանական, իմքայլական կամ դաշնակցական ըլլալու հարցը չէ՛, հարցը ի՛մ կամ քո՛ւ ղեկավարի պաշտօնին տիրանալն ու չտիրանալը չէ: Պաշտօնները, անունները, դիրքերը, պարգեւներն ու մրցանակները կ՛անցնին ու կ՛անհետին. միայն պատմութեան լա՛ւ ու վատ էջերն են, որ յաւիտեան կը մնան: Մեր պայքարը հիմա Քոչարեանին, Նիկոլին, Ծառուկեանին կամ այլ անձերու «յաղթել»-ը կամ «չյաղթել»-ը չէ՛, այլ հայրենիքը խաչելութեան տանելու կամ չտանելու պայքա՛ր է: Արդ, անձնական շահերէ մղուելով չ՛առաջնորդուինք, այլ ըլլանք միակամ, որովհետեւ «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն կործանի, եւ տուն բաժանեալ յանձն աւերի»:

Լոնտոնի մէջ հրատարակուած «Հնչակ» թերթը, իր 24 սեպտեմբեր 1896 թիւի էջ 4-ին մէջ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Զէյթունի ապստամբութիւնը. «Այս ամբողջ պատերազմի միջոցին թրքական զինուորները երբեք դուրս չբերին իրենց գլուխները զուլաներու ծակերու ետեւէն. թէպէտ այս ծակերէն ալ քաջ զէյթունցիները իրենց սուր նշանառութեամբ այդ օր ալ ծակեցին մի քանի հարիւր զինուորներու ճակատները իրենց գնդակներով… »:

Նման եւ ա՛լ աւելի յաղթական լուրեր առնելու յոյսով պայքարինք մի՛միայն հայրենիքի փրկութեան համար, դարձեալ չերգելու համար «Անտունի…»:

 

 

Նախորդը

Մեծապետական Շահերու Սարդոստայնը Մոսկուայի Մէջ Եւ Մեր Յաղթանակի Բանալին

Յաջորդը

Գաղափարին Համար, Ազգին Համար (Փորձ` Սիմոն Զաւարեանի Կերպարին Ընդմէջէն Բնորոշելու Դաշնակցականն ու Դաշնակցութիւնը)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?