ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ հայոց տրուած խոստումները` դէպի Անդրկովկաս արշաւանքի եւ Արցախի մէջ հայկական ինքնիշխան պետութեան կազմաւորման վերաբերեալ, ապահով ընթացքի մէջ էին:
Եկատերինա Բ. կայսրուհիին հաւաստիքները վճռական եւ անփոփոխելի կը թուէին եւ հայեր փայլուն յոյսերով կ՛օրօրուէին:
Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոս եւ Արցախի մելիքները կը հաւաստիացնէին, որ իրենք զօրքով պատրաստ են եւ ռուսերէն կը խնդրէին որքան կարելի է արագ սկսիլ արշաւանքը:
Գիւլիստանի մելիք Աբով իր կարգին առանձին նամակ գրեց ռուսերուն, հաւաստիացնելով որ իր երկիրը լի է բարիքներով եւ ռուսական արշաւող զօրքը որքան ալ մեծաթիւ ըլլայ, իրենք կրնան պարենաւորել զայն:
***
Արցախի մէջ ռուսական արբանեակ հայկական իշխանութիւն հաստատելու համար պէտք էր ոչնչացնել Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանը:
Բայց Իպրահիմ Խալիլ խան, Շուշիի բարձունքին թառած, ցեղախմբային կազմակերպուած ուժ ունէր եւ զայն տապալելը այնքան ալ դիւրին չէր:
Իպրահիմ Խալիլ խան գիտէր, որ վրաց Հերակլ Բ. թագաւոր կը պատրաստուի ռուսական հպատակութիւն ընդունիլ եւ շուտով ռուս զօրքեր պիտի յայտնուին Անդրկովկասի մէջ: Խանը նաեւ աղօտ տեղեկութիւններ ունէր ռուսերու հետ հայերու գաղտնի կապերու մասին: Ան լաւ կը հասկնար, որ այս բոլորը իր իշխանութեան կործանման վտանգ կը սպառնան:
Ռուսեր խոստացած էին օգնութիւն հասցնել հայերուն եւ վրացիներուն, բայց կ՛ուշանային:
Այդ օրերուն իշխան Գրիգորի Փոթեմքին զեկոյց ներկայացուց Եկատերինա Բ. կայսրուհիին, հարցնելով թէ «յարմար չըլլա՞ր այս անգամ շոյենք Իպրահիմ խանը, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային ան մեր ափին մէջ ըլլայ»:
Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին բանակցութիւններ կը վարէր հայերուն եւ վրացիներուն հետ, եւ միաժամանակ կապ հաստատեց Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ:
Իպրահիմ Խալիլ խան հասկցաւ, որ ռուսեր կը փորձեն իրեն հետ սակարկութեան մտնել, եւ եթէ ինք յօժարի հպատակութիւն յայտնելու Ռուսաստանի, Փոթեմքինի քրիստոնէասէր քաղաքականութիւնը լոկ խօսք կը դառնայ: Այժմ ամէն ինչ կախեալ էր իր ճարպիկութենէն եւ լարախաղացութենէն:
***
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան նամակ գրեց զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի, ուր կ՛ըսէր.
«Վաղուց ի վեր ես տրամադրութիւն ունիմ դառնալու համառուսական ամենաողորմած գահի եւ անհուն առատաձեռնութիւններով թագաւորող կայսրուհիի հաւատարիմ եւ ջերմեռանդ ստրուկը: Չունենալով ոչ կապեր, ինչպէ՞ս կրնայի վստահիլ եւ մտնել այն ճանապարհը, որ տանի դէպի այդպիսի մեծ երջանկութիւն: Սպասելով Բարձրեալի նախախնամութենէն յարմար առիթի մը, որ յայտնեմ իմ ջերմեռանդութիւնը, ես իմ հոգիիս մէջ վիշտի մէջ էի»:
Խանը նամակը պատուիրակի մը հետ ուղարկեց Փոթեմքինի:
Պատասխան նամակին մէջ զօրավար Փոթեմքին կը գրէր, որ խանին վիշտն ալ, ամօթխածութիւնն ալ աւելորդ էին, որովհետեւ մինչեւ հիմա չէ պատահած դէպք մը, որ Ռուսաստանի հովանաւորութիւնը խնդրողներէն մէկը մերժում ստանար: «Ռուսաստանի հովանաւորութեան դիմելը ամենալաւ միջոցն է պահպանելու բոլոր տիրապետական իրաւունքները», կը շեշտէր Փոթեմքին եւ իբրեւ օրինակ ցոյց կու տար Խրիմի Շահին Գիրէյ խանը:
***
Ռուսեր, անկախ Ղարաբաղի գաղափարը առաջ մղելով, հայերու միջոցով, առանց պատերազմի ձեռնարկելու, երկդիմի խաղով կը փորձէին ստիպել Իպրահիմ Խալիլ խանը ընդունելու ռուսական հպատակութիւն: Ռուսական արքունիքը նպատակ չունէր Խամսայի մելիքութիւններու հիմերուն վրայ վերականգնելու հայկական պետականութիւնը: Ռուսերուն համար լաւագոյն միջոցը այն էր, որ Իպրահիմ Խալիլ խան ռուսական հպատակութիւն ընդունի, այլ խօսքով` Ղարաբաղը միացնէ Ռուսաստանի:
Իսկ հայերու հարցով ռուսեր վստահ էին, որ սիրաշահելու միջոցով տեւաբար անոնց համակրանքը կը վայելեն: Եկատերինա Բ. կայսրուհի ըսաւ. «Միայն զէնքի ուժով չէ, որ կը յաղթեն ժողովուրդներուն, այլ պէտք է նուաճել անոնց վստահութիւնը, նուաճել սիրտերը, որուն համար պէտք է ամէն կերպով սիրաշահիլ եւ մեր կողմը գրաւել ժողովուրդի լաւագոյն մարդիկը»:
***
Եկատերինա Բ. կայսրուհի գրաւոր ուղեգիծ յանձնեց իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի, ուր կ՛ըսէր. «… Ինչ կը վերաբերի Իպրահիմ խանի, եթէ անոր ռուսական հպատակութեան մէջ ընդունելու նկատմամբ դժուարութիւն կամ կասկածի առիթ չկայ, կը թուի, թէ մենք կրնանք ուղեցոյց ընդունիլ այն, ինչ ըրած ենք Հերակլ թագաւորին հետ: Այս պարագային դուք պիտի յանձնարարէք զօրավար Փոթեմքինի Իպրահիմի հետ դաշինք կնքել, որուն հիմամբ ան պէտք է հպատակի ռուսաց կայսերական գահին եւ ճանչնայ իմ եւ իմ ժառանգորդներու բարձր իշխանութիւնը իր վրայ եւ իր ժառանգորդներուն վրայ: Այսպիսի պայմաններով կատարուած ընդունելութիւնը կրնայ դառնալ այստեղի (ռուսական) տիրապետութեան մեղմութեան ապացոյց եւ այնտեղի (Անդրկովկասի) մեր շատ հարեւանները կը դրդէ հետեւելու այս երկու տիրապետողներու օրինակին»:
Կայսրուհիի առաջադրութեան հիման վրայ իշխան Փոթեմքին ուղերձ յղեց Իպրահիմ Խալիլ խանի, յայտնելով, որ եթէ հաւատարիմ մնայ Ռուսաստանի եւ միշտ կատարէ կայսերական հրամանները, միայն այդ պարագային կ՛ընդունուի ռուսական հպատակութեան մէջ:
***
Իպրահիմ Խալիլ խան լաւ հասկցաւ, որ ռուսերուն համար հարկաւոր է իր հպատակութիւնը, հետեւաբար լարախաղացութիւններով ու շողոքորթութիւններով փորձեց նուազագոյնը զիջիլ եւ առաւելագոյնը շահիլ:
Ղարաբաղի խանը չշտապեց պատասխանելու հպատակութիւն յայտնելու պահանջին եւ սկսաւ ձգձգել ռուսերուն հետ բանակցութիւնները:
Միաժամանակ, ցոյց տալու համար որ ինք շատ ալ վախցող չէ, խանը սկսաւ ամրացնել Շուշիի բերդը եւ բերդաքաղաքի պարիսպները:
Շուշիի ամրացման աշխատանքներուն համար Իպրահիմ Խալիլ խան հայոց մելիքներէն աշխատուժ պահանջեց:
Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին պատգամ ուղղեց խանին, յայտնելով որ Շուշիի ամրութիւնները ռուսական զօրքին համար սարսափելի չեն, եւ պահանջեց որ ան անմիջապէս հնազանդութիւն յայտնէ:
Իպրահիմ Խալիլ խան այնպէս ցոյց տուաւ որ ինք մինչեւ հիմա խաբած է ռուսերը, եւ Ռուսաստանի հպատակ ըլլալը երբեք չէ համարած ոչ բախտ եւ ոչ նոյնիսկ ընդունելի իրականութիւն:
Իպրահիմ Խալիլ խան միաժամանակ խնդրագիր ուղղեց օսմանեան սուլթան Ապտիւլ Համիտ Ա.¬ի, ուր կ՛ըսէր. «Ամենապայծառափայլ բարձրեալիդ կը զեկուցեմ, որ զիս վսեմագոյն դրան պատուիրակ կը դարձնեմ, ուր հրեշտակները կ՛ապրին եւ անոնցմէ առատութիւնները կը յորդին աւելի անծայր քան ծովը: Ամբողջ իմ կեանքը, կարողութիւնը, հողերն ու ժողովուրդները ոտքի փոշին են մեր մեծ մարգարէի փոխանորդին: Ողորմագութ տէր, քեզմէ օգնութիւն կը սպասեմ եւ եթէ զօրացնենք մեզ, ապա մեր օրէնքի թշնամիները մենք գլխիվայր կը շրջենք»:
***
Ռուսական կառավարութիւնը, Իպրահիմ Խալիլ խանին հպատակութիւն պարտադրելու համար, որոշեց նոր թափով առաջ մղել անկախ Ղարաբաղի գաղափարը:
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին 19 մայիս 1783-ին գրաւոր հրահանգ ուղարկեց զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի, ուր կ՛ըսէր.
«Շուշիի Իպրահիմ խանի հնազանդութեան եւ հպատակութեան մասին անոր խնդրանքը աւելորդ կը դարձնեն անոր հեռացումը: Ձերդ գերազանցութիւն, առանց իրականացնելու նախորդ հրահանգը անոր տապալման մասին, հաղորդեցէք անոր միայն, որ պայմանը, որ ռուսական թագուհին կը բարեհաճի յարգել, հաւատարմութիւնն է: Եւ այդպէս, եթէ ան աներեր մնայ դաշինքի մէջ եւ միշտ պատրաստ ըլլայ կատարելու գերագոյն հրամանները, ապա այդպիսի պայմաններու մէջ կրնայ յուսալ հպատակութեան մէջ ընդունուիլ:
… Հաճեցէք փաղաքշել հայերը եւ անոնց մէջ պահպանել բարի տրամադրութիւն դէպի Ռուսաստանը, որպէսզի զանոնք միշտ ջանադիր եւ պատրաստ ունենանք օգտագործելու այն ձեռնարկումներու համար, որոնք հանգամանքները եւ մեր գործերու շահերը կը պահանջեն»:
Նոյն օրը, մայիս 19-ին իշխան Գրիգորի Փոթեմքին զեկուցագիր յղեց Եկատերինա Բ. կայսրուհիին, ուր կ՛ըսէր.
«Տակաւին չունենալով ձերդ կայսերական մեծութեան հրամանը ես կարգադրութիւն ըրի զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի Շուշիի Իպրահիմ խանի մասին, որ զայն հնազանդութեան կը մօտեցնէ: Այստեղ հարկ է նախատեսել, որպէսզի յարմար առիթով անոր նահանգը, որ բաղկացած է հայ ժողովուրդէն, տրուի ազգային կառավարման եւ այդ ձեւով իսկ Ասիոյ մէջ վերականգնի քրիստոնէական պետութիւն, ձեր գերագոյն կայսերական մեծութեան խոստումներուն համաձայն` տրուած իմ միջոցով հայ մելիքներուն»:
***
Ղուկաս Ա., Կարնեցի կաթողիկոս, շարունակելով իր ուսուցիչ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի քաղաքականութիւնը, վերահասու եղաւ վերահաստատելու Եկատերինա Բ. կայսրուհիի հրովարտակը առ Սիմէոն Ա.: Այդ հրովարտակով կը սահմանուէր ռուսահայոց հոգեւոր կեանքի կանոնակարգը, որուն համաձայն Ռուսիոյ հայերը եկեղեցականօրէն կ՛ենթարկուէին միայն ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի խնդրանքով կաթողիկոսը Ռուսաստանի տարբեր վայրերու կառավարիչներուն նամակներ ուղարկեց, խնդրելով հետեւիլ կայսրուհիէն հաստատուած կանոնակարգին եւ առանց Էջմիածնի հայրապետի կարմիր կնիքով թուղթին ու հրամանին ոչ մէկ հայ հոգեւորականի թոյլ տալ գործելու իրենց տարածքներու սահմաններէն ներս:
Կաթողիկոսը նաեւ քայլեր ձեռնարկեց հոգեւոր կեանքի ներքին կարգ ու կանոնի հաստատման ուղղութեամբ:
Արդարեւ, հոգեւորականներ կամ նուիրակի կարգավիճակ չունեցողներ երբեմն հեռաւոր վայրեր կ՛երթային եւ հոգեւոր գործունէութեամբ կը զբաղէին: Կաթողիկոսը եկեղեցական գործիչներուն կոչ ուղղեց չզբաղելու կողմնակի գործունէութեամբ:
Կաթողիկոսի հոգեւոր գործունէութեան մաս կը կազմէր նաեւ պայքարը կասկածելի կարգ մը աշխարհականներու դէմ, որոնք կը փորձէին ժողովուրդէն հոգեւոր հասոյթ հաւաքել եւ աղանդներ տարածել:
Հայաստանի ազատագրութեան հարցով Ղուկաս կաթողիկոս համաձայն չէր արկածախնդրական քայլերու դիմելու եւ ամբողջ ազգը ընդհանուր պատասխանատուութեան ենթարկելու: Տեղական բնոյթ կրող երբեմն յախուռն ձգտումներ եւ յանդուգն ձեռնարկներ կրնային ներուիլ: Բայց պաշտօնական դիրք եւ հանրային շահը պէտք չէր վտանգել: