Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Եւ Ինայի Երեւանեան Տարեդարձը

October 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Օգոստոսի վերջին կիրակին էր: Կէսօրէ ետք Էլպիս եւ Արմենակ եկան: Բերած էին մեր բաժին մասը:

Մակարուհիի սուրճէն եւ իր սովորութիւն դարձած` «Հայաստանը պիտի կորսնցնենք»-ի ահազանգէն առաջ, Արմենակ հեռատեսիլի խղճամիտ լրագրողի պէս պատմեց.

– Այսօր եկեղեցիին բակը արեւախանձ դէմքերով դիմակաւոր հաւատացեալներու բազմութիւն կար: Թագաժահրը մոռցուած էր, եւ մարդիկ զիրար կը հրմշտկէին` եկեղեցասէր տիկիններու կարկանդակներուն եւ սուրճին պատիւ ընելով:

– Հայը կը յարգէ իր եկեղեցին, որ առիթ կ՛ընծայէ զիրար տեսնելու, Հայաստանի մասին տիրական եւ սրտցաւ խօսքեր ըսելու: Այսօր մարդիկ ուխտաւորի պէս խմբուած էին Սերժ Ապրէսեանի հայաստանցի կնոջ Ինայի շուրջ, որ անոնցմէ է, որոնք կ՛ըսեն, թէ Հայաստան ապրուելիք տեղ չէ: Հոն ազգականներ ունի եւ լաւ քաղքենիի պէս արձակուրդ կը սիրէ: Օգոստոսին փոքրիկ Քեւինին եւ Ստելլային հետ Հայաստան գացած էր:

Մակարուհին հարցուց, թէ չէ՞ր վախցած վարակուելէ: Արմենակ շարունակեց.

– Ըսաւ, որ վախցող չկայ, դիմակ կրողներ քիչ են, ամէն առիթով կը խմբուին: Պատմեց, որ իր ընտանիքը, ազգականներ եւ ընկերներ, մեծ խումբով, իր տարեդարձը տօնած են շէնքերու առջեւ գտնուող պուրակին մէջ, նոյնիսկ Տի. Ճէյ. կանչած են, բարձրախօսներով երգած ու պարած: Դրացի շէնքերու բնակիչները փափաքած են միանալ ուրախութեան, որ մինչեւ օգոստոսի արեւի մայրամուտը շարունակուած է:

Մակարուհին հարցուց.

– Շուրջի շէնքերուն մէջ զոհուածներու մայր, տատիկ, կին եւ զաւակներ չկայի՞ն: Տի. ճէյ.-ի աղմկարարութեամբ գինովցողները չե՞ն մտածած այդ մասին:

– Ինայի մօտ կանգնած կին մը ըսաւ, որ մենք հոս կը սգանք, հոգեհանգիստ կ՛ընենք, հաշմանդամներուն օգնութիւն կը փորձենք հասցնել, դուք ինչպէ՞ս կրցեր էք ամբողջ թաղամասով, տի. ճէյ.-ով տարեդարձ տօնել փողոցը: Ինան ըսաւ, որ պատերազմը հեռու է, Երեւան կը սիրեն երգել, խմել, պարել: Անմոռանալի օր մըն էր:

Էլպիս շարունակեց.

– Ինան հանգիստի գացեր է: Ուրիշներ ալ գացին եւ եկան: Ոմանք խանդավառութեամբ, ոմանք տխրութեամբ, պատմեցին, որ ճաշարանները տեղ չկար, մարդիկ ուշ գիշերով փողոցներն էին, սրճարաններու մէջ կ՛աղմկէին: Հոն պարտութիւն եւ զոհեր անցեալ են:

Արմենակ լրացուց.

– Մի՛ զարմանաք: Լսեցէ՛ք լուրերը: Երեւելիներ, անոնց տիկինները եւ զաւակները, հանգստանալու կ՛երթան Փարիզ, Լոս, Սպանիա, քիչով գոհացողները` Սոչի եւ Պաթումի, եթէ արդէն երկրէն չեն հեռացած:

Մակարուհին քաղաքագէտի պէս ըսաւ.

– Եթէ պարտութիւն եւ զոհեր այսքան շուտ կը մոռնանք, վաղը եթէ վասն բարի դրացնութեան` Մեղրի, Վարդենիս, Գորիս, արդէն ազրպէյճաներէն Էյվազլի, Կէօքչայ եւ Էրիվան ալ առնեն, պէտք է իմաստուն ըլլանք, շարունակենք հանգստանալ:

Արմենակ գլուխը ճօճելով ըսաւ.

– Լեւոն Շանթի հերոս դժբախտութիւն եւ ոճիր դիմագրաւած Քեսունի իշխանը կ՛ըսէ. «Մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»: Հայաստանն ալ չըլլայ, կեանքը պիտի երթայ իր ճամբով: Ինաներու տարեդարձ պիտի տօնենք տի. ճէյ-ով:

Հայաստանով հիւանդ Մակարուհին Արմենակի փոխարէն ըսաւ.

– Մեծ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպին կ՛ըսէ, որ` «Ազգերը չեն մեռնիր, անձնասպան կ՛ըլլան»:

Էլպիս եւ Արմենակ անխօս գացին: Իրենց քունը փախցնելով Ինայի տօնը պիտի երազեն:

29 օգոստոս 2021

 

Նախորդը

Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայ Գիտնական Մը Ընտրուեցաւ Իրաքեան Քիւրտիստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատուաւոր Անդամ

Յաջորդը

Սթափելու Օրահրամանը…

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.