«Արտաքին քաղաքականութեան նպատակը յոյսի կամ ցասումի մեր սեփական զգացումներու համար ելք ապահովելը չէ. այլ ան պէտք է ձեւաւորէ իրական իրադարձութիւնները` իրական աշխարհին մէջ»
ՃՈՆ ՔԵՆԵՏԻ Քենետի (1917-1963)
Կրկին յապաղած ենք: Ուշ ենք… մի՛շտ ուշ:
Պէտք էր, որ հայրենի ղեկավարութիւնը (այս պարագային` դիւանագիտութիւնը) շատոնց այս ուղին բռնէր:
Քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ ճիշդ դիրքորոշում չճշդելու, երբեմն նոյնիսկ քանի մը ժամուան կամ նոյնիսկ ակնթարթային ուշացումն ու թերացումը պատճառ կը դառնան տեղին գործածուած «շատոնց»-ին, որ իր ժամանակագրական իմաստով կրնայ նոյնիսկ ներկայ նկատուիլ եւ դեռ… ապառնիին հետ ալ շփոթուիլ:
Արագօրէն ընթացող փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելով` վաղուց պէտք էր, որ հայրենի դիւանագիտութիւնը, փոխանակ հեռաւոր արեւմտեան մայրաքաղաքները դեգերելու, ուղղուէր մօտակայ, չըսելու համար «իր քիթին տակ» գտնուող հարաւի սահմանակից դրացի Իրան: Եւ այդ մէկը նոյնիսկ` նախքան որ Թեհրան ահազանգ հնչեցնէր, յատկապէս` Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու Որոտան բնակավայրին մօտ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Որոտանի շրջանի հատուածին մէջ, երբ ազերի ոստիկանութիւնը հետզհետէ աւելի դժուարութիւններ ստեղծեց` ստուգելով իրանեան բեռնատարներու վարորդներուն փաստաթուղթերը:
Այս տուգանքային դէպքերը երկրորդական էին` համեմատած միեւնոյն օրերուն կատարուած թուրք-ազրպէյճանական ռազմափորձերուն եւ հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն նկատուող իսրայէլեան ներկայութեան, որոնց պատճառով կովկասեան այս ահազանգային թնճուկին մէջ մուտք գործեց Թեհրանը` իր կարգին կատարելով ռազմափորձեր, քանի մը շաբաթ առաջ թուրք-ազերիներու կատարած Բերձորի շրջանէն ոչ շատ հեռու: Այս լայնածաւալ փորձերուն կողքին, Թեհրան պաշտօնապէս տեղեակ պահած է Պաքուն, որ ցնոր տնօրինութիւն այս վերջինին դրօշը կրող պատերազմական օդանաւերու Իրանի օդային տարածքով թռիչքները արգիլուած են:
Ի վերջոյ, այս դէպքերու լոյսին տակ հայրենի դիւանագիտութիւնը, փոխանակ արեւմուտք մեկնելու, ուղղուեցաւ հարաւ, եւ Թեհրանի մէջ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ մամլոյ ասուլիս:
Յստակ էր, որ Իրան մտահոգ էր Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող Մեղրիի միջանցքով եւ վստահաբար շատ աւելի` քան Երեւանը: Արեւելքէն արեւմուտք ընթացող այս միջանցքին փոխարէն, Թեհրանի համար հարաւէն հիւսիս` Պարսից ծոցէն Սեւ ծով միջազգային երթեւեկի միջանցք ստեղծելն է կարեւորը: Վստահաբար այդ ուղղահայեաց անցքին մէկ մասնիկն է Գորիս-Կապան ճամբու այլընտրանք հանդիսացող ուղիի կառուցումը:
… Եւ այսպէս, հեռաւոր արեւմտեան երազներէն հեռու, ինչե՜ր կարելի էր իրագործել մօտակայ հարաւ մեկնելով: Եթէ հայրենի դիւանագիտութիւնը անաչառօրէն եւ ամենայն հմտութեամբ գործած ըլլար, այս դժնդակ կացութիւնը ստեղծուած չէր ըլլար: Նոյնիսկ պատերազմը այս ահաւոր պարտութիւնով աւարտած կրնար չըլլալ:
Հուսկ, Քենետիին վերոյիշեալ հաստատումը պէտք է շարունակ ի մտի ունենալ, միշտ ալ գերադասելով իրական իրադարձութիւնները` սեփական զգացումներէն: