Յօդուածներ

Լուսաւոր Եւ Լոյս Սփռող Մասթըր Կարոյին Հետ

Ստեփանակերտի Մէջ Մեծ Վարպետ Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մարզական Միջոցառում

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ «Կարօ Քեպապճեան տիտղոսակիր հայ է, սրտաբեկ հայ է, մարտարուեստի Մեծ վարպետ է, մեծ մարդասէր է», հաստատած է նախարար Լուսինէ Ղարախանեան: 9 հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի` Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ մարզական ձեռնարկ մը` լիբանանահայ հասարակական գործիչ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Ի՞նչն Է Որ Ցնորուն Միտքերը (Wandering Thoughts) Կը Վերածէ Աւելի Վատ Բանի - Merck-ը FDA-ի Թոյլտուութեան Կը Սպասէ «Քորոնա»-ի Բուժման Առաջին Դեղահատի Համար - Որոշ Պատուաստանիւթերու Ազդեցութիւնը Ամբողջ Կեանք Մը Կը Տեւէ. Ահա Թէ Ինչո՛ւ «Քորոնա»-ի Պատուաստները Այդպէս Չեն Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ի՞նչն Է Որ Ցնորուն Միտքերը (Wandering Thoughts) Կը Վերածէ Աւելի Վատ Բանի Համաճարակի բոլոր արգելափակումներով եւ ֆիզիքական հեռաւորութեամբ,...

Բագրատունի. «Կառավարութեան  Պիտի Մասնակցինք  Մեր Նախարարով` Համապատասխան  Կառավարութեան Թիւին»

Ոչ Ոքի Արտօնուած Է Խաղալ Լիբանանցիին Ճակատագիրին Հետ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Տառապանքի եւ տագնապի մէջ խեղդուող լիբանանցին անգամ մը եւս հինգշաբթի օր վճարեց արեան գին, եւ հազիւ յոյսի նշաններով օրօրուող քաղաքացին դարձեալ վերադարձաւ յուսախաբութեան եւ յուսալքումի: Տնտեսական, քաղաքական անկայունութեան վրայ աւելցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դատաքննութեան ձեւի, խորքի եւ համապատասխան հեղինակութեան իրաւունքի սահմանադրական վէճը: Տակաւին նոր կազմուած կառավարութիւնը, որ ցարդ ոչինչ կրցաւ իրականացնել, արդէն իսկ անդամալուծուեցաւ ու անճռկած վիճակի մատնուելով...

ՀՅ Դաշնակցութեան Կազմակերպական Կառոյցին Առանձնայատկութիւնը

ՀՅ Դաշնակցութեան Կազմակերպական Կառոյցին Առանձնայատկութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 1915-1918 թթ. դէպքերը, հայութեան տեղաշարժերը, գաղթականութիւնը փաստօրէն կազմալուծեցին Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին մաս կազմող մարմինները: Կազմակերպական քաոսին վերջ դրաւ 1919 թ. աշնան Երեւանի մէջ գումարուած Թ. Ընդհանուր ժողովը: Թ. Ընդհանուր ժողովը կը գումարուի իբրեւ պետական դարձած կուսակցութեան ժողով: Այս ժողովով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նուիրագործէ պետութիւն կերտող եւ պետութիւն կառավարող կուսակցութեան իր նոր հանգամանքը: Այս պայմաններուն մէջ երբեմնի երկու (նոյնիսկ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Իսրայէլի Դերակատարութիւնը 44-Օրեայ Պատերազմի Օրերին Եւ Ոչ Միայն

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Իսրայէլի Դերակատարութիւնը 44-Օրեայ Պատերազմի Օրերին Եւ Ոչ Միայն

Արցախի դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակման օրերին Ազրպէյճանին Թուրքիային  իսլամ ծայրայեղականների աջակցութեան հետ յաճախ էր շրջանառւում Իսրայէլի աշխուժ դերակատարութեան հարցը: Համացանցի էջերում յայտնւում էին լուսանկարներ Թել Աւիւից Պաքու եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռնատար ինքնաթիռների չդադարող թռիչքներից: Միջազգային օդանաւորդութեան կազմակերպութեան եւ այլ աղբիւրների արձանագրած տեղեկութիւններից բացի` հաւաստի տեղեկատուութիւնը ամէն օր տարածւում էր ճակատային գծից ստացուող լուրերի հետ, թէ իսրայէլական արտադրութեան ժամանակակից ռազմական ինչ...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի 10-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի 10-րդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի հոկտեմբերի թիւը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին մերօրեայ հիմնահարցերը,  44-օրեայ պատերազմն ու անոր լոյսին տակ շրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւններ, ընթացք առած ու հաւանական զարգացումներու թեմաները: Նոր թիւի «Առաջնորդող»-ը կ՛անդրադառնայ արցախեան վերջին պատերազմին Իսրայէլի դերակատարութեան եւ առհասարակ Ազրպէյճան-Իսրայէլ ռազմական եւ ռազմավարական գործակցութեան ծալքերուն, իսկ միւս կողմէ` իրանագէտ Լիանա Պետրոսեանն ու Արտեոմ Տօնոյեան կը քննեն Իրան-Ազրպէյճան փոխյարաբերութիւններուն...

«Հայ Մամուլի Օր»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Մամուլը իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ    հասարակութեան համար նկատուած է անոր անբաժան մասնիկը: Եւ որքան հասարակութիւնը ազատ ըլլայ, այնքան ալ իր մամուլը ազատօրէն կրնայ «շնչել» ու մեծ դեր խաղալ եւ ստանձնել անոր կեանքին մէջ: Արդ, այս կարճ յառաջաբանէս ետք, քիչ մըն ալ պատմութիւն: 1512-ին Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտը, լոյս ընծայելով հայատառ գիրք` «Ուրբաթագիրքը»-ը, առաջին անգամ ըլլալով հայ տպագրութեան հիմը կը...

Վարսենիկ Ճանսըզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով.  Հաւատաւոր ԼՕԽ-ական

Վարսենիկ Ճանսըզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Հաւատաւոր ԼՕԽ-ական

Տերեւաթափը կը շարունակուի, այո՛, տերեւաթափ, որուն նորագոյն «տերեւներէն» կամ «զոհերէն» է երկարամեայ ԼՕԽ-ական Վարսենիկ Ճանսըզեանը: Փաստօրէն, Լիբանանի վերջին ամիսները, եթէ ոչ` տարիները, իրենց ցաւալի դէպքերով ու անոնց դառն հետեւանքներով, գերանդիի նման «հնձեցին» (ու դեռ կը շարունակեն...) լիբանանցիներու  եւ լիբանանահայութեան ազնիւ ու ընտիր զաւակները: Աւելին. 2019-ի «հոկտեմբերեան» շարժումէն ազդուողները, 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի «օգոստոսեան» պայթումէն վնասուողները, «Քորոնա» համավարակի մահասփիւռ հարուածներէն խուսափողները, արեւու...

ՀՅ Դաշնակցութեան Կազմակերպական Կառոյցին Առանձնայատկութիւնը

ՀՅ Դաշնակցութեան Կազմակերպական Կառոյցին Առանձնայատկութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդրանիկ Ընդհանուր ժողովը (Թիֆլիս, 1892) իր մշակած ծրագրին կցած է կանոնագրային բնոյթ ունեցող սեղմ բաժին մը` «Կազմակերպութիւն» խորագրով: Կուսակցութիւնը գաղափարական որոշակի տեսլական ունեցող եւ որոշակի գործելակերպով գործող կենդանի հաւաքականութիւն է: Անոր կանոնները կը հպատակին կազմակերպական ընդհանուր կառոյցի մը, որ իր կարգին կը բխի կուսակցութեան գաղափարաբանութենէն: Ժողովները, մարմինները եւ անհատները շաղկապող կանոնները ինքնանպատակ չեն. անոնք կը...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները Իր Դռները  Կը Բանայ Աշակերտներուն Դիմաց

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները Իր Դռները Կը Բանայ Աշակերտներուն Դիմաց

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտին առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Նանոր Գոչունեան-Թաշճեանի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Տէր Խաչատուրեան-Պաստաճեանի, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Նախապէս տարբեր առիթներով «Ազդակ»-ի մէջ անդրադարձանք նախորդ փուլի ձեր աշխատանքներուն, այս հարցազրոյցով անդրադառնանք ներկային, առցանց դրութենէն...

Գրամեքենան Տակաւին Կը Ծաղկի…

Գրամեքենան Տակաւին Կը Ծաղկի…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հնդկաստանի որոշ  խանդավառ անձերու համար անցեալի որակաւոր գրամեքենաները հինցած  սարքեր  չեն, այլ` գործնական  եւ նուիրական ունեցուածք: Հետաքրքրական է,  որ արհեստագիտական նորարարութիւններու այս  ժամանակաշրջանին, երբ  օրական բազմաթիւ սարքեր կը հնարուին, մարդիկ  տակաւին  հաճոյքով կ՛ուզեն գործածել գրամեքենաները: Աշխարհին մէջ, ուր մեքենաներու  արհեստագիտութիւնը շատոնց արդէն փոխարինուած է թուայինով, եւ ուր դիւրին փոխադրուող համակարգիչները եւ  նոյնիսկ պլանշետները այժմ աւելի մատչելի են, քան երբեւէ,...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Ժամանակը Չէ՞ Եկած Խօսելու Նաեւ Սփիւռքի Լինելութեան Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Կը թուի  թէ միջոցներու կատարելագործումը եւ առաջադրանքներու շփոթը մեր գլխաւոր խնդիրն են» ԱԼՊԵՐ ԱՅՆՇԹԱՅՆ Գիտնական, Ի. դար Սփիւռքը համացանցի եւ ընկերային ցանցերու խճողումին եւ անիշխանութեան մէջ կրնա՞յ խեղդուիլ, երբ հայկական ընկերութիւն(ներ)ը ինքզինք կը դատապարտէ մանրուելու: Այս մտահոգութենէն թելադրուած է այս արագ վերլուծական փորձը, որպէսզի կատարուած իրողութիւններու ճահիճին մէջ չխեղդուինք: Երեսուն տարիէ ի վեր դադրած ենք, գրեթէ, սփիւռքի լինելութիւնը...

Լոյս Տեսաւ Վարդան Մատթէոսեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անուանելու Քաղաքականութիւնը» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Վարդան Մատթէոսեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անուանելու Քաղաքականութիւնը» Հատորը

Լոնտոնի Bloomsbury Publishing ընկերութեան ճիւղերէն մէկը` I. B. Tauris հրատարակչատունը, վերջերս լոյս ընծայեց հայագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի անգլերէն աշխատասիրութիւնը` The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and «Medz Yeghern» («Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանելու քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ «Մեծ Եղեռն»), որ հրատարակչատան նոր` «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշարին առաջին հատորը կը կազմէ: Տասնամեակի մը տքնաջան ուսումնասիրութեան արդիւնք...

Ակնարկ.  Արդարադատութեան Տեսութիւնը  Եւ Քաղաքական Առաջադրանքները

Ակնարկ. Արդարադատութեան Տեսութիւնը Եւ Քաղաքական Առաջադրանքները

Առաջին լուրջ հարուածը ստացաւ գործող կառավարութիւնը: Ամէնէն կնճռոտ հարցը` նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան եւ պատասխանատուութիւններու ճշդումի ընթացակարգը գերքաղաքականացուած է արդէն, եւ իւրաքանչիւր կողմ քաղաքական հաշուեյարդարի  մօտեցումներ կը տեսնէ: Արդարադատութիւնը տեսականօրէն ապաքաղաքական է եւ անկախ` երկրի գործադիրէն ու օրէնսդիրէն: Տեսական բառը այս պարագային իր հեգնական երանգով պէտք է ընկալել, որովհետեւ անիկա չի վերաբերիր միայն Լիբանանին: Պատերազմական ոճիրներու հեղինակներ միջազգային ատեաններու կը յանձնուին...

Երգեհոնային Նուագոյթ

Երգեհոնային Նուագոյթ

Օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ՝ Գերշ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի. կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ: Պիտի մատուցուին Մակար Եկմալեանէ, Աղեքսանդր Յարութիւնեանէ, Սերգէյ Աղաջանեանէ, Դանիէլ Երաժիշտէ, Երուանդ Երկանեանէ եւ Պետրոս Շուժունեանէ ստեղծագործութիւններ: Երգեհոնահարն է Ֆիլիփ Գրոզիէ: Նուագոյթը Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին համաշխարհային սփռում պիտի ունենայ,  ամենուր՝ երեկոյեան 7.00-ին: Նուագոյթին հետեւիլ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Facebook-ի հարթակով՝ Eglise Armenienne SOURP HAGOP...

Սպարտակ Ղարաբաղցեան. «Ես Մասնակցել Եմ Գերիների Փոխանակման Գործողութիւններին Ու Տեսել Եմ, Թէ Ինչպէ՛ս Երբ Իրենք Բերում Էին Մեր Դիակը Յանձնելու, Գլուխ Էին Խոնարհում Եւ Ասում, Որ` «Հերոս Տղայ Էր»»

Սպարտակ Ղարաբաղցեան. «Ես Մասնակցել Եմ Գերիների Փոխանակման Գործողութիւններին Ու Տեսել Եմ, Թէ Ինչպէ՛ս Երբ Իրենք Բերում Էին Մեր Դիակը Յանձնելու, Գլուխ Էին Խոնարհում Եւ Ասում, Որ` «Հերոս Տղայ Էր»»

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ «Փոս-Փարիզ» է Սպարտակ Ղարաբաղցեանի նոր գիրքին վերնագիրը: 3 հոկտեմբեր 2021-ին գրագէտ, հրապարակախօս, մշակոյթի նուիրեալ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի ծննդեան 70-րդ տարեդարձին օրը տեղի ունեցաւ նաեւ «Փոս-Փարիզ»-ի շնորհահանդէսը: Երեւանի «Art Bridge» սրճարանին մէջ հաւաքուած փոքրաթիւ հարազատներ, ընկերներ եւ մշակութասէրներ լսեցին բազմաթիւ հարցերու մասին Սպարտակ Ղարաբաղցեանի կարծիքը եւ ծանօթացան նոր գիրքին: Յառաջաբանին մէջ գրականագէտ Ֆելիքս Բաղչինեան արդարօրէն ընդգծած է. «Սպարտակ...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

«Երդիք»` Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր

Արեւմտահայերէնով նոր եւ բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ մանուկներու համար: Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»-ի կայքին վրայ (www.yertik.com) կամ` YouTube-ի (Երդիք): Երգերու, պատմութիւններու եւ խաղերու ընդմէջէն, խամաճիկներու, հանելուկներու եւ կարճ թատերախաղերու միջոցով, «Երդիք»-ը կը ստեղծէ զուարճալի եւ հանգիստ միջավայր մը, ուր մինչեւ 12 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ կրնան զուարճանալ ու նոյն...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մեր Զաւակներն Ալ Գողցան…

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այո՛, այդպէս է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն տան մէջ արտագաղթի նիւթը արծարծելէ, այդ մասին մտածելէ կամ նման բան առաջարկելէ առաջ տասը անգամ կը մտմտայինք: Յաճախ այդ մասին կը մտածէինք, բայց քաջութիւնը չէինք ունենար մեր ծնողներուն առջեւ այս նիւթը արծարծելու: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ընդհանրապէս Լիբանանը լքելն ու Լիբանանէն հեռանալը` մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ, քիչ կ՛արծարծուէր: Աւելի լաւ պայմաններ ունեցող...

Ափսո՜ս…

Ափսո՜ս…

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ Ահաւասիկ տարուէ տարի մենք հետեւողական կերպով կը նշենք Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, առանց դոյզն չափով իսկ անդրադառնալու, որ այսօր հայ գիրքը անտեսուած է եւ հետզհետէ կ՛անարգուի մեր ներկայ սերունդէն... Ժամանակին չկար աւանդական տուն մը, որ չունենար իր հայկական գիրքերու ճոխ գրադարանը, Խորենացիէն ու Նարեկացիէն սկսեալ` Աբովեան, Րաֆֆի, Չարենց եւ Մեծարենց: Մարդիկ ժամանակ կը տրամադրէին հայ գիրքերու ընթերցանութեան, հաճոյք կար...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Թեմակալ Երեք Առաջնորդներու Ժողով Չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբերին Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս, Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոս Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեցին ժողով մը` ի հետեւումն 2021-ի սկիզբը  առցանց հանդիպումի իրենց որոշումին: Բացման աղօթքէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոսը Zoom-ի միջոցով միացաւ թեմակալ առաջնորդներուն: Վեհափառը...

Page 391 of 1112 1 … 390 391 392 … 1,112

Արխիւներ