Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Հայ Դպրոցը

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Անցնող շաբաթը քաղաքական ու տնտեսական տեսակէտէն նման էր նախորդներուն: Տաղտկալի ու բուռն բանավէճերով յատկանշուած, անարդիւնք հակադրութիւններով թունաւոր, գործի տեղ վէճը բեմադրող ներկայացումներով բեռնաւոր: Կրկին անարդիւնաւէտ շաբաթ մը:

Պղտոր այս պատկերին յետնամասին սակայն լուսաւոր եղելութիւն մը եկաւ հրապարակ: Հայաստանի մէջ Ուսուցիչի տօնին յիշատակումին յաջորդեց Թարգմանչաց տօնը: Արդարեւ, կորստական վտանգներով լեցուն հայկական աշխարհին մէջ, լեզուի, գիրի, գրականութեան ու մշակոյթի պանծացումը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ նախապատիւ պաշտպանութեան կարիք ունեցող սրբութիւններ ունինք, մեր ինքնութիւնը սահմանող իրողութիւններ ունինք, որոնք կարիքը ունին ո՛չ միայն պահպանումի, այլ նաեւ զարգացումի, նորացումի, ստեղծագործական աւիւնի:

Հայկական ինքնութեան պահպանման, նորացման ու զարգացման ամրոցը հայ դպրոցն է: Հոն է, հայ դպրոցին մէջ է, որ կը կազմաւորուի վաղուան մեր մատեան գունդը, կարող` յաղթանակ կերտելու:

Կասկածէ դուրս է, որ գիտութիւնը որեւէ լեզուով աւանդուած ուսման միջոցով կարելի է իւրացնել: Նոյնիսկ բարոյական հասկացողութիւնները եւս որեւէ լեզուով ջամբուած կրթութեամբ կարելի է ընկալել: Հայ դպրոցին տուածը չի սահմանափակուիր գրականութեան, այլազան գիտութիւններու, բարոյական ըմբռնումներու ջամբումով միայն: Պելճիքացի բանաստեղծ Էմիլ Վերհարէն Կոստան Զարեանին թելադրած է հայերէն գրել, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը միայն մայրենի լեզուով ճշմարիտ, օշականեան տարազումով` իրաւ կը դառնայ: Ուրեմն, հարցը կը վերաբերի հայերէնի յատուկ նրբերանգներու գործածութեամբ մտածելու, համադրելու, գաղափարներ մշակելու, զգայնութիւններ վերարտադրելու ունակութեան: Լեզուն չի կրնար ապրիլ, եթէ այդ լեզուով նոր ժամանակներու յատուկ մտածողութիւն, նոր գիտութիւն, նոր գրականութիւն չ՛արտադրուիր: Կարճ` եթէ նոր ստեղծագործութիւն չի ստեղծուիր:

Այն օրէն, որ ստեղծուեր են ժամանակակից հասկացողութեամբ հայկական դպրոցները, բոլոր ժամանակներուն ու բոլոր վայրերուն մէջ, գտնուած են հայ մարդիկ, որոնք օտարներու դպրոցները նախընտրած են հայկականէն: Օտարի դպրոցը աւելի բարձր մակարդակ ունի, կ՛ըսեն անոնք: Մինչդեռ գիտական յագեցուածութեամբ, մանկավարժական ուղղուածութեամբ, կրթական ու դաստիարակչական կարելիութիւններով հայ դպրոցը չի զիջիր ոչ մէկ ուրիշին: Հայկական լաւ ու շատ լաւ դպրոցներ ունինք, կան նաեւ յարաբերաբար նուազ լաւերը: Օտարներու պարագային ալ նոյնն է. կան լաւ ու շատ լաւ օտար դպրոցներ, կան նաեւ նուազ լաւ բազմաթիւ դպրոցներ:

Օտար լաւ դպրոցին մէջ տրուած ուսումը տարբեր չէ հայկական լաւ դպրոցին տուածէն:

Տարբեր է սակայն անոր ջամբած կրթութիւնը, անոր ներշնչած ոգին, որ օտար է: Արժէքային տարբերութեան չի վերաբերիր մեր խօսքը: Պարզապէս, այդ ոգին տարբեր է, ուրիշ է, մերը չէ: Քանի որ հայկական չէ ջամբուած ոգին, ան չի կրնար մեր գոյութենական ընթացքին պահապանը ըլլալ, հայեցի մտածողութեան միջոցը ըլլալ: Իսկ մենք անհրաժեշտ կարիքը ունինք հայկական ոգիին, հայ ինքնութեան պաշտպանութեան:

Մեր պատմութիւնը կը վկայէ, որ քաղաքական անյաջողութեան ժամանակներուն, որոնք շատ են դժբախտաբար, տնտեսական անկումի ընթացքին հալածանքներու, զրկանքներու ատեն, գաղթի ճամբաներու վրայ, երբ զէնքը չէ կարողացած մեզ պաշտպանել, մենք կառչած ենք մտաւոր զէնքին` լեզուին, գիրին, մշակոյթին: Կառչած ենք դպրոցին, եկեղեցիին ու զանոնք վերածած ենք ոգեկան անառիկ կռուաններու:

Թարգմանչաց տօնը դարձնենք դժուար պայմաններու մէջ վերաբացուող մեր դպրոցներուն տօնին: Նեցուկ կանգնինք անոնց, օժանդակենք ինչով որ կրնանք: Դպրոցներու գոյութիւնն ու անոնց անխափան աշխատանքը ցուցանիշն են մեր ազգային կենդանութեան, մեր պայքարի յարատեւման, իբրեւ ազգ մեր գոյութեան վկայութեան:

 

 

Նախորդը

Գաղափարին Համար, Ազգին Համար (Փորձ` Սիմոն Զաւարեանի Կերպարին Ընդմէջէն Բնորոշելու Դաշնակցականն ու Դաշնակցութիւնը)

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?