Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարին Համար, Ազգին Համար (Փորձ` Սիմոն Զաւարեանի Կերպարին Ընդմէջէն Բնորոշելու Դաշնակցականն ու Դաշնակցութիւնը)

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

108 տարի առաջ, հոկտեմբեր ամսուն 27-ին, ճակատագիրը կտրեց կեանքի թելը ՀՅ Դաշնակցութեան խիղճի, բարոյականութեան եւ գաղափարական սկզբունքներու մարմնաւորումը հանդիսացող Սիմոն Զաւարեանին: Անոր, որուն բովանդակ կեանքը ամբողջական ընծայաբերում մը եղաւ իր ժողովուրդի ազատագրութեան դատին եւ կուսակցութեան յեղափոխական պայքարին:

Թիֆլիսէն Տրապիզոն, Մետեխի բանտէն մինչեւ Պեսարապիոյ իր աքսորավայրը, Ժընեւէն մինչեւ Պէյրութ ու Կիլիկիա եւ, տակաւին, Պոլիսէն մինչեւ Տարօն ու Սասուն, Զաւարեան եղաւ գործի՛ մարդ, հողի եւ աշխատանքի երկրպագու: «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» դաւանեցաւ ան եւ գործեց անվերջ: Իր կեանքը եղաւ տեւական մաշում, դանդաղ շիջում` իր ժողովուրդի ծառայութեան ճամբուն վրայ: «Էսպէ՛ս է. ով ուզում է լոյս տայ, պէտք է էրուի», գրեց իր մասին լոռեցի միւս մեծը` Յովհաննէս Թումանեանը, պարզ ու ճշմարիտ պատկերի մը մէջ խտացնելով Զաւարեանի կեանքին իմաստը:

Զաւարեան լոյս տուաւ: Լոյս եւ ոգի: Լոյս եւ խիղճ: Եւ դեռ, բարոյական անսակարկելի սկզբունքներ, որոնք իր օրով եւ իրմէ ետք դարձան իր կուսակցութեան նկարագրային բնորոշ յատկանիշները, դարձան զաւարեանական աւանդներ` իբրեւ Դաշնակցականութեան անգիր, բայց իրական չափանիշներ, իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական, քաղաքական եւ կազմակերպական արժէքներու շէնքը ամրացնող յեղափոխական-բարոյական անգնահատելի հարստութիւն:

Կը բաւէ վկայակոչել ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր Ժողովին իր իսկ ձեռքով գրուած եւ «Կարգապահական» մակագրուած այն բանաձեւը, որ ցուցանիշը կը հանդիսանայ մեծ յեղափոխականին բարոյական անբասիր էութեան:

«Նկատելով,– կ՛ըսէ Զաւարեան,- որ Հայ յեղափոխական շարժումը առօրեայ կռիւը տանելու հետ միասին հանդիսանում է եւ հայ ժողովրդի գիտակցութիւնը լայնացնող եւ նրա հոգեկան մակերեւոյթը բարձրացնող խոշոր հասարակական երեւոյթ,

«Նկատելով որ աշխատանքի շահերի պաշտպանութիւնը հանդիսանում է մեր նպատակի հիմնական կէտերից մէկը, իսկ անգործունէութիւնը տանում է մարդկանց անբարոյականութեան ու ապրուստի թեթեւ, բայց ծուռ միջոցների դիմելու, որ գցում է կազմակերպութեան վարկը,

«Որոշեց`

«ա) Որ ամէն մի դաշնակցական օժտուած է լինելու ազնիւ մարդին յատուկ եւ հայ յեղափոխականին վայել բարոյական ու յեղափոխական յատկութիւններով.

«բ) Որ ամէն մի դաշնակցական, ուր որ էլ նա գտնուի, տարածելու է իր գաղափարները քարոզով եւ մանաւանդ կոնկրետ գործերով, նայած իր ապրած վայրի պահանջներին,

«գ) Որ ամէն մի զինուոր կամ այլ կարգի յեղափոխական, արտասահմանում կամ երկրում, երբ նա ամբողջովին կազմակերպութեան տրամադրութեան տակ չէ, իր ապրուստը ապահովելու է իր ազնիւ աշխատանքով»:

Յեղափոխական-բարոյական մաքրամաքուր ըմբռնումի զաւարեանական այս բանաձեւումը, անկասկած, ուրուագծումն է դաշնակցական մարդու ազնիւ, անկաշառ եւ իտէալական տիպարին, որ հաւաքականութեան մէկ մասնիկն է, իսկ առանձին գործած ժամանակ` ամբողջ հաւաքականութիւնը, կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ: Մարդ, որ ունի անհատական նկարագիր, բայց որ կ՛առաջնորդուի, պէ՛տք է առաջնորդուի «հայ յեղափոխականին վայել բարոյական ու յեղափոխական յատկութիւններով»` մաքուր գաղափարապաշտութեամբ, ջինջ բարոյականութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով:

Դաշնակցութիւնը սովորական կեանք ունեցող մարդոց կուսակցութիւն մը չէ Զաւարեանի համար: Այդ կեանքը իմաստաւորուած է գործո՛վ, աւելի ճիշդը` գործով ու պայքարով` յանուն հայ մարդու, հայ հողի եւ հայ դատի իրաւունքներու պաշտպանութեան: Դաշնակցականը չի կրնար կրաւորական ըլլալ, այնքան ատեն որ ան կրողն է կուսակցութեան պատմական առաքելութեան եւ ազգային առաջադրանքներուն: Ան իր միտքն ու հոգին ամբողջութեամբ կը նուիրէ իր պատկանած կուսակցութեան, զինք ծնած ժողովուրդին, անոր հոգերուն եւ ապագային: Երդումով եւ Ծրագիր-Կանոնագիրով կուսակցութեան կապուած դաշնակցականէն կը պահանջուին «կոնկրետ գործեր»` կուսակցութեան առաջադրանքներուն եւ որոշումներուն գործադրութեան համար: Այլապէս, ան կը դառնայ դաշնակցական մտայնութեան տէր մարդ, բայց ոչ` դաշնակցական մարդ, արժանի` ընկեր կոչումին:

Դաշնակցական ընկերը, Զաւարեանի համար, կոչուած է հանդիսանալու հանրային ուղղամտութեան, անշահախնդրութեան եւ նիւթական պարկեշտութեան օրինակ: Ան պարտաւոր է ապրիլ «ազնիւ աշխատանքով», հեռու` փարթամ կեանքի շուայտ վայելքներէն: Եթէ երջանիկ ապրիլը լաւ բան է, իսկ հակառակը ո՛չ ոք կրնայ պնդել, երջանկութիւն պէտք է ապահովուի բոլորին եւ, ուրեմն, պէտք է ապրիլ ու գործել բոլորին համար, կը գրէ Զաւարեան առիթով մը եւ ընկերվարական շեշտուած տրամադրութիւններով կը հաստատէ. «Ամէն մարդ իր քրտինքով պիտի աշխատի իր կերած հացը, որ` հաւասար աշխատանքի հետ անհատը պիտի ունենայ նոյնպէս հաւասար իրաւունք կեանքից օգտուելու»:

Ի հարկէ Զաւարեանին բազմաթիւ առիթներ ներկայացան «կեանքից օգտուելու»: Իր մասնագիտութեամբ եւ վկայականով (ան փայլուն գիւղատնտես էր, Մոսկուայի նշանաւոր «Փեթրովկա» ճեմարանը առաջին կարգի մրցանակով աւարտած էր եւ` նոյն հաստատութեան մէջ դասախօսելու հրաւիրուած), մտաւոր զարգացումով եւ գիտնականի հակումներով, ան կրնար բարձր դիրքեր եւ պաշտօններ գրաւել, մեծ տիտղոսներու եւ գումարներու տիրանալ, սակայն այդ բոլորը չհրապուրեցին զինք, որովհետեւ քրիստոնէական առաքեալի նուիրումով ան սիրե՛ց իր ժողովուրդը եւ կրթական գործի ճամբով ծառայե՛ց անոր ամէնէն տառապեալ, իրաւազուրկ եւ ընչազուրկ խաւերուն, խորապէս համոզուած, որ` «Մեր հաւասարութեան, մեր գոյութեան միակ զէնքը կրթութիւնն ու լուսաւորութիւնն է»:

Զաւարեան ունեցաւ կրթութեան իր ուրոյն ըմբռնումները, որոնց համար ան ճշդեց օրին յեղափոխական թուացող, իսկ մեր օրերուն այնքա՜ն այժմէական հնչող չափորոշիչներ. «Զարգացնել անհատի գիտակցութիւնը, քննադատական ընդունակութիւնները, անհատականութիւնը` ամենալայն եւ ամենաազատ կերպով»: Չքաշուել այդ քննադատութիւնից առաջ եկող երեւոյթին «անցանկալի» հետեւանքներէ», որովհետեւ` «Հայրենիքի եւ մարդկութեան լայն շահերի տեսակէտից աւելի լաւ է ունենալ զարգացած, ուղղամիտ եւ ազնիւ հակառակորդ, քան թէ` անկամք, երկդիմի ու թութականման հետեւորդ»:

Դաշնակցութիւնը ունեցաւ գաղափարի բազմաթիւ առաքեալներ, բայց Զաւարեան զատորոշուեցաւ բոլորէն: «Գաղափարի տերվիշ»-ի բարոյական իր հմայքով ու հեղինակութեամբ, հազուադէպ անկեղծութեամբ եւ ժողովրդասիրութեամբ, ան սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ ընկերութեան բոլոր խաւերէն, նոյնիսկ` քաղաքական իր հակառակորդներէն, որոնք կրնային տարակարծիք ըլլալ հետը, բայց չէին կրնար չխոնարհիլ իր բարոյական ուժին եւ հոգիի մաքրութեան դիմաց, որովհետեւ` «Սիմոն Զաւարեան դաշնակցական գործիչ մը ըլլալէ աւելի` պայծառ ու անապակ իտէալի մարդն էր, անձնուէր, անկեղծ, անշահախնդիր», Երուանդ Օտեանի բնորոշումով:

Կռուի ճակատին վրայ չինկաւ Զաւարեան: Ո՛չ ալ ֆետայի, զինուոր կամ ահաբեկիչ եղաւ: Ան ընտրեց ամէնօրեայ կենդանի նահատակութեան ուղին, երբ կեանքի հեւքն ու շունչը սպառեց իր բազմաչարչար ժողովուրդին ընկերային ու ազգային ազատագրութեան ի խնդիր` դառնալով իր ժամանակի «Ընկերային Նազովրեցին»: Նազովրեցին աշխարհ եկաւ մարդկութեան փրկութեան համար, զայն խաչեցին, ու ան օրինակ դարձաւ: Զաւարեան ծնաւ ու ապրեցաւ հայութեան իտէալներով, մեռաւ պարտականութեան ճամբուն վրայ, «Ազատամարտ»-ի խմբագրատուն մեկնած ժամանակ, Պոլսոյ Աշխատանքի տան առջեւ, կեանքով ու մահով օրինակ դառնալով յաջորդական սերունդներու:

 (Շար. 1)

 

 

Նախորդը

Երբ Հողն Կորսնցնէք…

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Հայ Դպրոցը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?