Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթափելու Օրահրամանը…

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Սկսինք դրուագով մը` յունական պատմութենէն:

Սպարապետը յաղթական պատերազմէն վերադարձին շքախումբովը կը ներկայանայ իր թագաւորին ու` «յաղթեցինք թշնամիին եւ անոնց երկիրը գրաւեցինք» կը ծանուցէ պարծանքով:

Արքան հարց կու տայ, թէ այդ յաղթանակը ի՞նչ գին արժեց իրենց` յունական կողմին: Սպարապետը միշտ հպարտ, այլեւ ձայնը մեղմացնելով` կը պատասխանէ. «Մեր զինուորներու համրանքին միայն կէսը կորսնցուցինք…»: Թագաւորը մտմտուքի մէջ կ՛իյնայ եւ բարձրաձայն կը խորհրդածէ. «Այո՛, յաղթե՜ր ենք… Այս գնով եւ այսպիսի երկրորդ յաղթանակ մը եւս` արդէն զօրքին մնացած միւս կէսն ալ կը կորսնցնենք եւ ո՛չ բանակ կը մնայ, ո՛չ պետութիւն եւ ո՛չ ալ թագաւորութիւն…»:

Այս դրուագին թելադրականութիւնը թերեւս պատշաճի Ալիեւին` զգուշացնելով անոր, որ յաղթանակէն գոռոզացած ու գինով` նոր յաղթանակի մը արկածախնդրութեան մէջ եթէ մտնէ, իր երկիրը իւրայատկութիւնը պիտի կորսնցնէ, ամբողջութեամբ պիտի յանձնուի, անձնատուր պիտի ըլլայ Փութինին կամ Էրտողանին, թերեւս` Իրանին… Բայց թողունք Ալիեւը իր գոռոզ գինովութեան մէջ եւ շրջելով դրուագին պատգամը` շեշտակի ահազանգենք մեր ազգի ներքին ճակատին, որ` ռազմաքաղաքական թէ դիւանագիտական նոր պարտութիւն, անպայման որ մեզի պիտի վերապահէ չարագուշակ ապագայ մը… Սա անխուսափելի  է եւ բոլորին կողմէ գիտակցուած,  նախատեսելի: Բայց…

Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, ի՞նչ կ՛ընենք մենք: Ի՞նչ կ՛ընէ մանաւանդ մեր քաղաքական ղեկավարութիւնը: Անհաշտ կողմերու վերածուած, իրարու որոգայթ լարելու հետամուտ, երկար ատենէ եւ հետզհետէ սաստկացող թափով թաղուած է հիներու-նորերու անշահ, անհամ, պիտի ըսէի` նաեւ անճաշակ պայքարի մը թակարդին մէջ` հոն ընկղմելու վտանգով:

Մեր  պարտութենէն ահա տարի մը անցաւ, եւ դեռ ազգային-համաձայնուած ռազմավարութեան մը գէթ տեսլականը բանաձեւելու, ներկայ պայմաններու մէջ նոր ուղիի մը փնտռտուքին համար ազգի «ղեկավար տարրը» քով-քովի չեկաւ: Մեր տկարութիւնները, պարտութեան պատճառները միասնաբար հետաքննելու եւ ստուգելու փոխարէն` այդ տարրին երկու կողմերէն իւրաքանչիւրը, շերլոքհոմսեան  երեւակայութեամբ ենթադրական եզրակացութիւններու կը յանգի եւ այդ հիմունքով ալ պարտութեան ամբողջ մեղքը կը բարդէ միւսին վրայ` յուսալով, որ  քաղաքացիներու համոզումը կը փոխէ ու կը սիրաշահի զանոնք: Ա՜խ, այս աթոռ ըսուածը ու քուէն…

Ազգի բարոյահոգեբանական համատարած յուսաբեկութիւնը ինքնավստահութեան չի փոխակերպուիր պարզապէս անոր համար, որ կան անձեր, որոնք, փորձառուի հանգամանքին յենած, Հայաստանի չարագուշակ  ապագան փրկելու իրենց յաւակնոտութիւնը կը  բարձրաձայնեն, կամ հայրենիքին համար խաղաղութեան ու բարգաւաճման դարաշրջան բանալու մարգարէաշունչ ու սին խոստումներ կու տան: Յուսաբեկութիւնը ինքնավստահութեան կը փոխակերպուի, եւ ժողովուրդին յոյս կը ներշնչուի այն պարագային, երբ  ղեկավար տարրը  օրինակը տայ, որ յանուն հայրենիքի ապագային ինք առժամաբար երկրորդական կը դասէ բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները, կ՛առկախէ հին ու նոր ոխերը եւ ձեռք-ձեռքի տուած` կ՛աշխատի, որ մէկտեղէ ազգի բոլոր ուժերը: Սա քրիստոնեայ քարոզիչի բարոյախօսութիւն չէ, այլ մեր պարզած ներկայ կացութենէն բխող անհրաժեշտ ՕՐԱՀՐԱՄԱՆՆ Է:

Հասած ենք տեղ մը, ուր շատցած են քաղաքական այրեր ու վերլուծող գրիչներ, որոնք, անորոշ ապագայի մղձաւանջէն տագնապահար, Հայաստանի անվտանգութեան ապաւէնը կը տեսնեն օտարին` Ռուսիոյ, Ամերիկային, Ֆրանսային, Իրանին, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ: Առնուազն զարմանալի է տակաւին օտարին մեր կառչածութիւնը: Մեր պատմութեան երկայնքին այնքան շատ օտարին յոյս կապած եւ ամէն անգամուն ալ այնքա՜ն մեծ յուսախաբութիւն կրած ենք, որ կը կարծուէր,  թէ այլեւս մեր յոյսը պիտի փնտռենք ու գտնենք միա՛յն մեր մէջ,  միա՛յն մեր ազգային ուժականութեան մէջ: Կ՛անգիտանանք, որ օտարը  կը յարգէ արժանաւո՛րը, թերեւս նաեւ ի հարկին նեցուկ կ՛ըլլայ անոր: Բայց երբ ի յառաջագունէ անոր  ապաւէնը փնտռես, արդէն  արժանաւորութիւնդ կորսնցուցած ես: Կ՛ըսուի, չէ՞, թէ մուրացիկը կ՛առնէ այն, ինչ որ տրուի իրեն: Դարերու իմաստութիւն կը խտացնէ-կը ցոլացնէ «եղունգ ունիս գլուխդ քերէ» ժողովրդային ասոյթը…

Հասած ենք տեղ մը, ուր չի բացառուիր նաեւ Ռուսիոյ հետ միութիւն կազմելու օրակարգ քննարկելը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անկախութիւնը սակարկելի է, բացարձակ արժէք չէ: Հապա՞..

Կրկնենք. ռազմաքաղաքական թէ դիւանագիտական նոր պարտութիւն մը  «շնորհի հարուած»-ի մը պէս շա՜տ, շա՛տ սուղ կրնայ արժել Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան համար:

Սթափինք` ազգովին: Ուշացած ենք  արդէն

Աթէնք, 4 հոկտեմբեր 2021

Նախորդը

Կեդրոնականցին Եւ Ինայի Երեւանեան Տարեդարձը

Յաջորդը

Քանի Մը Տող` Կուկունեանի Արշաւանքին Մասին

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?