Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի Մը Տող` Կուկունեանի Արշաւանքին Մասին

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը  բռնութեան եւ դաժան փորձութեան հետեւանք էր:  Նախախնամութիւնը Յայտնութեան օրէն ի վեր կայսրութիւններու միջեւ կռուախնձորի  ճակատագիր սահմանած էր մեր հայրենիքը: Ապրեցանք եւ պիտի գոյատեւենք  մարդկային  քաղաքակրթութեան ամենվայրագ ցեղին դրացնութեամբ: Ցեղ, որուն տարերքը եղած են  սպանդն ու քանդումը:

«Յեղափոխութիւններու դար»-ը եւրոպական ցամաքամասէն ծիլեր արձակեց  Օսմանեան կայսրութեան ուղղութեամբ:  Միքայէլ  Նալպանտեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Րաֆֆիի, Խրիմեան Հայրիկի, Գրիգոր Արծրունիի  նման  նշանաւոր գաղափարախօսներ  հայրենասիրութեան  հուր վառեցին ազատատենչ հայորդիներու հոգիներուն մէջ: Վերատեսութեան ենթարկուեցան մեր ժողովուրդին իրավիճակը, գոյութիւնը, իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Հայութիւնը  վերածնունդ ապրեցաւ Պոլիսէն Վան, Թիֆլիսէն Կարս ու Երեւան:

Հորիզոնի վրայ յայտնուեցան մեր քաղաքական կուսակցութիւնները: Յաջորդեցին հայ  ազատագրական շարժումի ինքնաբուխ պոռթկումները` ուղղուած օսմանեան  բռնակալութեան դէմ: Իմացեալ մահուան  ճամբան բռնել ուխտեցին գաղափարի  հազարաւոր հայորդիներ: Բոլորին իտէալը`  հայրենիքի ազատութիւնը:

Ազգային ազատագրական պայքարի էջերը  թերթելու միջոցին բաւական խորթ եւ անհասկնալի գտած եմ տառապող հայութեան  պոռթկումը նսեմացնելու միտող կամ  մեր ժողովուրդին ազատագրական շարժումը արժեւորելու գնահատականներուն մէջ հատուածական, յաճախ ալ հեգնական մեկնաբանութիւնները: Այդպիսի դժգոհութիւն  զգացած եմ  Սարգիս Կուկունեան մարդուն եւ գործիչին տրուած գնահատականներու հանդիպելով:

Կուկունեանը իր ժամանակաշրջանի  յեղափոխաշունչ երիտասարդութեան տիպարն էր:

Կուկունեանը (իսկական մականունը` Աւետիսեան)  ծնած է  23 յունուար  1863-ին, Նախու գաւառի Նիժ գիւղին մէջ, ներկայիս` Ազրպէյճան: Չքաւոր   ընտանիքի զաւակ: Էջմիածնի  Գէորգեան  ճեմարանէն վտարուելով` Թիֆլիսի զինուորական  դպրոցին մէջ կը փորձէ բախտը: Ըմբոստ պատանին դարձեալ կը մերժուի: Ի վերջոյ, հնար մը գտնելով, ազգանունը կը փոխէ եւ իբրեւ Սարգիս Կուկունեան կ՛աւարտէ Թիֆլիսի  Ներսիսեան վարժարանը:

Կուկունեան իր ապրուստը ուսուցչութեամբ կը հոգար: Ուսման  ծարաւը Ս. Փեթերսպուրկ կը  տանի զինք: Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ նախ ընկերային նիւթերու կը հետեւի, ապա` արեւելեան  լեզուներու: Թարգմանութիւններ կը  կատարէ պալքանեան ազգերու ազատագրական պայքարէն: Նիւթական ծանր պայմաններու մէջ կը պահպանէ  իր գոյութիւնը: Այդ  միջոցին կը ծանօթանայ լեհ եւ պուլկար յեղափոխական  ուսանողներու, կը տեղեկանայ անոնց  երկիրներուն ազգային պայքարին: Կը  թրծուի  յեղափոխական-ազատական գաղափարներով: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը մասնակցի ուսանողական ցոյցերուն` կեանքի մեծագոյն նպատակ ունենալով Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութիւնը:

Կուկունեանի մէջ հետզհետէ կը զարգանայ   դէպի  Արեւմտեան Հայաստան արշաւ կատարելու  գաղափարը` օգնութեան հասնելու   օսմանեան  հայաջինջ բռնատիրութեան տակ  հիւծող իր  հայրենակիցներուն:

Կովկաս վերադառնալով` կը  լծուի Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան շարժումին: Ծանօթութիւն կը հաստատէ հայ  մամուլի երախտաւոր, ազգային գործիչ Գրիգոր Արծրունիի հետ: Տեսնելով թիֆլիսահայ  երիտասարդութեան ոգեւորութիւնը, հարիւրէ աւելի զինեալներու ջոկատ մը կազմելով` կը փորձէ Կարսի ճանապարհով անցնիլ Արեւմտահայաստան, յարձակումներ գործել թրքական հաստատութիւններու վրայ: Կուկունեան կը  միտէր աղմուկ բարձրացնել  եւ  Հայկական հարցին վրայ բեւեռել  միջազգային  հանրութեան  ուշադրութիւնը:

Կուկունեան կը յարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Զինամթերքի  հայթայթումը կը ստանձնէ նոր կազմաւորուած  Հայ յեղափոխական  դաշնակցութիւնը: Նորաստեղծ կուսակցութեան ղեկավարները, գնահատելով հանդերձ Կուկունեանի ծրագիրը, կը  փափաքէին տարի մը  յետաձգել արշաւանքը` աւելի հանգամանալից կազմակերպելու  մտահոգութեամբ: Կուկունեան կը մնայ անդրդուելի:

24-ամեայ ուսանող Կուկունեան կը մոռնար, որ  ցարական ոստիկանութիւնը  լրտեսներ ունէր: Անոնք իրազեկ կը մնային Կուկունեանի  գործունէութեան  ծրագիրին:

Ռուս սահմանապահներ քաջատեղեակ  ըլլալով  անոր խումբին քայլերուն եւ գործակցելով թուրքերու հետ` ծուղակ կը լարեն: Կուկունեանի  հետեւորդները անփորձ էին եւ անծանօթ` սահմանային տարածութիւններու ճամբաներուն:

Ռուս, թուրք եւ քիւրտ զինեալ ջոկատներու դէմ բախումներ ունենալով` Կուկունեան կը նահանջէ ոուսական սահման, ուր կը ձերբակալուի: Անհաւասար կռիւի մէջ, Կուկունեանի խումբին անդամներէն ոմանք կը յաջողին  ճեղքել պաշարումին շղթան եւ  հեռանալ: Սակայն խումբին  հիմնական մասը` 43  զինեալ, կը ձերբակալուի: Կուկունեանը  փախուստ տալու  կարելիութիւն ունենալով հանդերձ, կը մնայ իր ընկերներուն հետ: Կ՛արժէ նշել, որ Կուկունեանը իր յեղափոխական գործունէութեան միջոցին երեք առիթներով բանտերէն փախուստ տալու առիթ ունեցած է` ընկերներուն միջնորդութեամբ: Բոլորն ալ` մերժած:

Ռուսերը թշնամական դիրք կը բռնեն Կուկունեանի արշաւախումբին դէմ: Զայն կը դատապարտեն  քսան տարուան  բանտարկութեան: Կ՛աքսորուի Սախալին, Սիպերիա:

Ռուս-ճափոնական պատերազմի ընթացքին կամաւոր կ՛արձանագրուի ռուսական բանակին: Ցուցաբերած խիզախութեան համար ազատ կ՛արձակուի բանտարկութենէն:

1905-ին ներում ստանալով` կը վերադառնայ ծննդավայրը, ապա` Թիֆլիս: Ըմբոստ նկարագիրի  տէր անձնաւորութիւն` կը սկսի պայքարիլ  ի խնդիր կեղքուող հայ ժողովուրդի  իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Դաշնակցութեան դէմ յարուցուած  հալածանքներուն ընթացքին դարձեալ կը ձերբակալուի եւ կը դատապարտուի 15 տարուան տաժանակիր աշխատանքի: Թոքախտը կը զգետնէ զինք: Կուկունեան կը մահանայ  1913-ին, Օրիոլի բանտին մէջ, Ռուսիա:

Կարելի էր աւելի խոր անդրադառնալ  Կուկունեանի անձին եւ անոր արշաւանքին մանրամասնութիւններուն: Տողերս գրողին զարմանք պատճառած են անոր հասցէին տրուած աժան եւ ոչ լիարժէք գնահատականները: Սարգիս Կուկունեանը «մանր պուրժուա» մը չէր, ոչ ալ` «մեծ պուրժուա», կամ արկածախնդիր մը: Անիկա ապագայի փայլուն հեռանկարներով, իր ժողովուրդին ճակատագիրով մտահոգ հայորդի մըն էր պարզապէս:

Սարգիս Կուկունեանի արշաւանքը իր մէջ կը խտացնէ  հայ ազատագրական պայքարի եւ  յեղափոխական ոգիի հարազատ արտայայտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Սթափելու Օրահրամանը…

Յաջորդը

Մեծապետական Շահերու Սարդոստայնը Մոսկուայի Մէջ Եւ Մեր Յաղթանակի Բանալին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?