Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 8 հոկտեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արժանաւորապէս նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը եւ անգամ մը եւս պանծացուեցաւ Հայ գիրերու գիւտը:

Մեր ապրած ներկային մէջ հայոց մայրենի լեզուի դիմագրաւած մարտահրաւէրները օրէ-օր կը ստանան ծանրակշիռ տարողութիւն: Սփիւռքեան այլասերող եւ օտարացնող միջավայրին մէջ արդէն իսկ հայ լեզուի պահպանումը դարձած է գերխնդիր ու մղձաւանջ եւ անոր արձանագրած նահանջը անհրաժեշտ է, որ մտահոգէ բոլորս: Եթէ մինչեւ մօտիկ անցեալ այս վտանգը չէր թակեր միջինարեւելեան համայնքներու դռները, այսօր առարկայական ու ենթակայական շատ մը գործօններու պատճառով արդէն իսկ լիբանանահայութիւնը ենթակայ է այս վտանգին: Բնական է, որ այս տագնապի շրջանցումը դէմ յանդիման կը կանգնի կարգ մը անյաղթահարելի պայմաններու, որոնք կը դժուարացնեն մեր աշխատանքը, եւ  սակայն` այս առիթով արժէ կարգ մը մտահոգութիւններ արձանագրել, որոնց մասին կարելի է հաւաքաբար խորհրդածել եւ կարելի միջոցներով հասնիլ արդիւնքի.

Ա.- Զանազան պատճառներով հայկական վարժարան չյաճախելու երեւոյթը անխուսափելիօրէն նորահաս սերունդին մօտ կը ստեղծէ հայոց լեզուի ճանաչողութեան եւ օգտագործման նահանջ: Անշուշտ ասոր կողքին պէտք է նկատի ունենալ խառն ամուսնութիւններու պարագան եւ ընդհանրապէս ընտանեկան օճախներու եւ այլ միջավայրերու մէջ հայոց լեզուի գործածութեան նահանջը:

Բ.- Հայկական վարժարաններու կրթական քաղաքականութեան ճշդորոշման ու կիրարկման ընթացքին,   պետական ծրագիրներու ծանրաբեռնուածութիւնը պատճառաբանելով, շատ յաճախ մեծ թիւով վարժարաններու կողմէ տեղի կ՛ունենայ հայերէնագիտական նիւթերու դասապահերու եւ ծրագիրներու կրճատում, ինչ որ պատանիին մօտ կը ստեղծէ հայոց լեզուի հանդէպ անտարբերութիւն եւ անբաւաւար իմացութիւն:

Գ.- Ընկերային եւ հաղորդակցական ցանցերու միջոցով յարաբերութիւններու ընթացքին ակներեւ է լատինատառ հայերէնի օգտագործումը, եւ ասիկա անշուշտ ծանր հարուած կը հասցնէ հայոց լեզուի զարգացման, գոյատեւման ու յառաջընթացին:

Դ.- Հայերէնի ընթերցանութեան նահանջը եւ անոր փոխարինող ներկայ արհեստագիտական աշխարհի ընձեռած կարելիութիւններն ու շռայլանքը պատանիին մօտ ստեղծած են ուրիշ աշխարհ, ուր բացակայ են հայ գիրը եւ լեզուն, եւ հոն արդէն ամէն ինչ կ՛ընթանայ օտարալեզու դրոյթով:

Ե.- Կա՛յ նաեւ այլ երեւոյթ մը, երբ օտար ժապաւէններու եւ այլ օտարալեզու խաղերու ճամբով նորահաս սերունդը կը հմտանայ յատկապէս անգլերէնով եւ այդ իմաստով հայերէնով նոյնիսկ իր խօսակցական ոճը եւ լեզուամտածողութիւնը կ՛այլանդակուին եւ թարգմանական մօտեցումով կ՛օգտագործէ մեր մայրենին:

Արդար ըլլալու համար հայկական ֆիլմաշխարհը եւ հայկական հեռատեսիլի յայտագիրները այսօր չեն գոհացներ նորահաս սերունդի ճաշակն ու ակնկալութիւնները, որովհետեւ անոնք համահունչ չեն ընթանար այսօրուան աշխարհի իրագործումներուն ու ստեղծագործութիւններուն հետ, հետեւաբար հայ պատանին ու երիտասարդը հեռու կը մնան այդ բոլորը հայոց լեզուով ըմբոշխնելէ ու հայկական միջավայրի մէջ կազմաւորուելէ:

Այս յստակ տեսանելի ու տակաւին առկայ այլ մտահոգութիւնները եւս կը պատուհասեն  մեր ապագայ գոյերթը, եւ օտարացումը կ՛ընդարձակէ իր ազդեցութեան տարածքը հայ կեանքին մէջ եւ նորահաս սերունդը կը հեռանայ հայ մշակոյթէն, գրականութենէն եւ ընդհանրապէս հայ հոգեմտաւոր արժէքներէն:

Թարգմանչաց տօնին առիթով պարտաւոր ենք բոլորս անհատապէս եւ նաեւ հաւաքաբար մտածելու այս հիմնախնդիրին մասին, եւ իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ իր անհատական ճիգի դրսեւորումով պէտք է, որ գործնական աշխատանքով ձգտի դրական քայլ մը ապահովել մեր լեզուի պահպանման երթին մէջ:

Անշուշտ այս ակնարկի եւ խորհրդածութիւններու նեղ սահմաններուն մէջ կարելի չէ գիտական ուսումնասիրութիւն եւ վերլուծում կատարել, սակայն արժէ արձանագրել, որ արդէն արեւմտահայ լեզուի եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի ու գրականութեան պաշտպանութեան ու զարգացման համար հայկական միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ նաեւ հայկական ֆոնտերու կողմէ կը մշակուին մեծ թիւով ծրագիրներ, որոնք հիմնականօրէն կ՛առաջադրեն ժամանակի կարելիութիւններով օժտել հայոց լեզուի օգտագործումը: Այս բոլոր խորապէս ողջունելի եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւններուն կողքին, վերեւ նշուած մտահոգութիւններու յաղթահարման համար կարելի է անհատական ու հաւաքական համեստ ճիգերու համատեղումով նաեւ հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու եւ հայոց լեզուի ու յատկապէս արեւմտահայերէնի  գոյապահպանման եւ նաե՛ւ զարգացման հրամայականը վերածել ժողովրդային հրատապ օրակարգի եւ գերխնդիրի:

Անհրաժեշտը այս բոլորին մէջ հայկականութեան պահպանման համար հայոց լեզուի կարեւորութեան գիտակցական ընկալումն եւ ամրապնդումն է, որ այս պարագային Թարգմանչաց տօնին առիթով իբրեւ պատգամ եւ հրաւէր կը դրուի մեր բոլորին դիմաց:

Բոլո՛րս ընելիք ունինք:

 

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Հայ Դպրոցը

Յաջորդը

Իտալական Բարձր Մակարդակի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?